Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Անդրադարձ. «Ազատամարտ» Ակումբը` 50 Տարիներ Առաջ, Նաեւ` Իբրեւ Մշակոյթի Կեդրոն Եւ Էսդրատային Երաժշտութեան Օրրան

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Ազատամարտ» ակումբը կառուցուած է 1952-1953 (1, 2), Պէյրութի հայահոծ Էշրեֆիէ թաղամասին մէջ, բառին իսկական իմաստով ժողովրդային տուն էր շրջանի հայութեան համար: Յատկապէս այդ օրերուն միակ սեփական ակումբն էր, որ նաեւ օժտուած էր շուրջ 200 հոգինոց պատշգամաւոր սրահով, բեմով եւ զանազան ձեռնարկներու յարմարութիւններով: ՀՅԴ Պալաքեան կոմիտէութեան յարկին տակ կը գործէր նաեւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը (ԼՕԽ) իր «Միհրան Տէր Մելքոնեան» դարմանատունով եւ արծուիկներով, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Բ. խումբը` գայլիկներով, սկաուտներով ու երէցներով, եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը` իր գլխաւոր միաւորներով` «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ եւ «Քնար» երգի ու պարի խումբ, եւ վերջապէս, ընթերցասէր ժողովուրդին համար կար ակումբին հանրային գրադարանը` աւելի քան 2500 գիրքերով (1): Ակումբին ճիշդ դիմացը կը գտնուի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին եւ այդ օրերու Ազգային Եփրեմեան վարժարանը (հետագային` Չաթալպաշեան երկրորդական վարժարան, այժմ` փակ): Ահա քով-քովի ազգապահպանման անփոխարինելի երրորդութիւնը` դպրոց-եկեղեցի-ակումբ:

Յետադարձ ակնարկով կարելի է հաստատել, որ այդ օրերուն Էշրեֆիէն  բացարձակ մեծամասնութեամբ հայերով բնակուած էր: Այն ժամանակ, երբ իբրեւ  սկաուտներ ՀՄԸՄ-ի օրացոյց կը վաճառէինք, մեր շրջանը կը համարուէր հիւսիսէն, Արմենիա փողոցի (հանրակառքի գիծ) Երկաթէ կամուրջէն մինչեւ Աքքաուի` երկու կողմերով, ներառեալ` Մար Մըխայէլ շրջանը, հասնելով արեւմուտք` Սուրսոք շրջանի Պուսթրոս փողոց (տարի մը մինչեւ Սոտեքօ), հասնելով հարաւ` Յունական Հիւանդանոցի շրջան, Ռըմէյլ, Ժեհթաուի եւ Ճերմակ տուներ, իսկ արեւելքէն` շոգեկառքի գիծը: Շատ լաւ գիտէինք, թէ ո՛ր շէնքերուն մէջ եւ ո՞ր յարկերը հայեր չէին բնակեր: Մօտակայ հայահոծ Հայաշէնը եւ շրջակայքը նաեւ Էշրեֆիէ շրջանին մաս կը կազմեն, սակայն հոն կար, եւ կայ ՀՅԴ «Մուրատ» ակումբը իր միաւորներով:

Աններելի յանցագործութիւն կը համարեմ, պատմական կոչուած, բայց անհարազատ եւ ոչ ամբողջական, կամ ընտրովի գրութիւնները` գիտակցաբար զանց առնելով կարգ մը իրականութիւններ: Իսկ յուշերու պարագային, որոշ չափով կը մեղմանան կանոնները, սակայն գրուածը պէտք է ըլլայ ճշգրիտ, եթէ նոյնիսկ ոչ ամբողջական` հիմնուելով միայն յիշողութեան վրայ:

Ահա ոչ այդքան սուր յիշողութեանս վրայ հիմնուելով` պիտի փորձեմ ներկայացնել 1961-1967 տարիներու «Ազատամարտ» ակումբի էսդրատային ժամանակաշրջանը եւ անոր շարժառիթը ծառայող` նախորդող հանգրուանը: Այդ օրերուն Պէյրութը տակաւին կը համարուէր Միջին Արեւելքի Փարիզը, յատկապէս իր գիշերային զբօսավայրերու` քապարէ  եւ ճաշարաններու բազմազանութեամբ, եւ հոն ելոյթ ունեցող աշխարհահռչակ նուագախումբերու ու երգիչ-երգչուհիներուն պատճառով:

1950 թուականի վերջերուն Անգլիոյ մէջ յառաջացած «Շետոզ» խումբը երգիչ` Քլիֆ Ռիչըրտի հետ, յատկապէս էլեքթրիք կիթառի (Հենք Մարվին, սոլօ) եւ երաժշտութեան նոր ոճ մը սկսելով` հմայած էր ամբողջ երիտասարդութիւնը: Շատերս անգլիական Պի.Պի.Սի ռատիոկայանի «Թափ թուէնթի» յայտագիրը կ՛ունկնդրէինք, ուր կը ներկայացուէր շաբթուան ամենաշատ վաճառուած 20 ձայնասկաւառակները: Էշրէֆիէի մեր տան տանիքը մեծ սենեակ մը ունէինք, որուն մուտքը տան մէջէն էր` տիւփլեքսի ձեւով, որ վերածուած էր երաժշտական հաւաքավայրի եւ աշխատանոցի: Երէց եղբայրներս` Սուրէնը եւ Վազգէնը, սիրողական կիթառ նուագողներ, գործի անցան` աքուսթիք էլեքթրիք կիթառ շինելու, 1958-1959թ.: Առաջին փորձը յաջողեցաւ, տան «Սապա» ձայնասփիւռը վերափոխելով բարձրախօսի եւ նոյնիսկ այդ տան մէջ պատրաստուած գործիքներով լիբանանեան հեռատեսիլի ֆրանսական թիւ 9 կայանի Փիեռ Ժետէոնի նշանաւոր «Փել Մել»  երաժշտական յայտագիրէն ելոյթ ունեցան:

Վերջապէս, տարի մը անց, Պապ Իտրիս գտնուող երաժշտական խանութ մը բերած էր սպասուած էլեքթրիք կիթառը եւ բարձրախօսը, սակայն անոր գինը անմատչելի էր տակաւին: Ուրեմն այսպէս, երկրորդ հանգրուանը սկսաւ, եւ եղբայրներս որոշեցին ու շինեցին «Շետոզ» խումբին գործածած կիթառներուն օրինակով էլեքթրիք երկու կիթառ` սոլօ եւ պաս, մինչ երրորդին փայտէ մարմինը տակաւին կը մնայ քովս: Յատկանշական է, որ այդ օրերուն շուկան կը գտնուէր կիթառ շինելու գրեթէ բոլոր բաղադրիչ տարրերը` պրկոց, պղինձէ գազ, մետաղեայ լար ու կարեւորագոյնը` լարերուն թրթռացումը ձայնի վերածող ելեկտրոնային սարքը: Սուրէնը, ելեկտրոնային փորձագէտ, շինեց աւելի ուժեղ կիթառի բարձրախօս մը` էմփլիֆայըր, հետեւելով օրուան ելեկտրոնային ամսաթերթերու մէջ լոյս տեսած ուրուագիծերու յարմարագոյն օրինակին:

Վազգէն Չէքիճեան, Վարուժ Պասթաճեան, Վարդան, Պերճ

Վազգէն Չէքիճեան, Վարուժ Պասթաճեան, Վարդան, Պերճ

Անաւարտ կիթառը

Անաւարտ կիթառը

Այսպիսով սկսաւ սիրողական արդի նուագախումբը, որ ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ կէս արհեստավարժ «Տը ճեզ փիլկրիմզ»  նուագախումբին: Տարբեր ժամանակներ նուագախումբին մաս կազմած են` Վարուժան Պասթաճեան` փող (թրամփեթ), Սուրէն Չէքիճեան` պաս կիթառ եւ թաւ ջութակ, Պերճ` արհեստավարժ սաքսոֆոնիստ, Վարդան` արհեստավարժ թմբկահար, Վազգէն Չէքիճեան` սոլօ եւ ռիթմ  կիթառ, Գասպար Իսրայէլեան` մասնագէտ դաշնակահար երաժիշտ, Փոլ Ներսէսեան` թրոմպոն եւ ձեռնադաշնակ, Հրայր Մովսէսեան` ռիթմ կիթառ եւ հարմոնիքա, Ներսէս Ֆստքճեան` կիթառ, ճեզ երգչուհիներ` Արսինէ Նարկիզեան, Շուշիկ Սարգիսեան եւ երգիչ Փիթըր Նիկողոսեան, յատկապէս` Քլիֆ Ռիչըրտի երգացանկով: Կը յիշեմ այսքանը միայն:

Գասպար Իսրայէլեան (ետին), Վարուժ Պասթաճեան, Փոլ Ներսէսեան (ետին) ,Վարդան, Պերճ, Սուրէն Չեքիճեան, «Ճեզ փիլկրիմզ», «Ազատամարտ» ակումբ

Գասպար Իսրայէլեան (ետին), Վարուժ Պասթաճեան, Փոլ Ներսէսեան (ետին) ,Վարդան, Պերճ, Սուրէն Չեքիճեան, «Ճեզ փիլկրիմզ», «Ազատամարտ» ակումբ

«Ազատամարտ» ակումբի կոմիտէն 1961 թուականին, ընկերային ձեռնարկի մը առթիւ, հրաւիրեց նուագախումբը, որ սիրայօժար կերպով ելոյթ ունեցաւ` արձանագրելով արտակարգ յաջողութիւն: Կոմիտէն տեսնելով այս երիտասարդական յաջող ձեռնարկը` որոշեց մնայուն յայտագիր մը սկսիլ, արեւմտեան եւ հայկական արդի երաժշտութեան յատուկ, հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու եւ նոր տաղանդներ յայտնաբերելու ծրագիրով մը, որ կոչուեցաւ «Թէաթր ա 6 էօր»: Այս ձեռնարկին բոլոր մասնակիցները, արհեստավարժ կամ ոչ, առանց նիւթական ակնկալութեան ելոյթ կ՛ունենային:

Բացառիկ յաջողութիւն գտած այս ձեռնարկը տեղի կ՛ունենար ակումբի սրահին մէջ, ամիսը անգամ մը, մուտքի գին` 1 լ.ո., կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին, սկիզբը աթոռներով, սակայն հետագային` առանց աթոռի, առաւելագոյն թիւով շուրջ 500 հանդիսատես ընդունելու համար 200 հոգինոց սրահին եւ դուրսի անցքերուն մէջ: Սիրողական (ամաթէօր) երգիչ-երգչուհի թեկնածուներ կը մասնակցէին հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն երգերով: Անոնց շարքին էր, օրինակ, սկսնակ Ատիս Հարմանտեանը, որ եթէ չեմ սխալիր, իր առաջի՛ն բեմական ելոյթը ունեցաւ այս սրահին մէջ, ճերմակ տարազ հագած: Յատկանշական է, որ այս երգիչները նուագախումբին հետ ընդհանրապէս առանց նախապէս փորձ կատարած ըլլալու, ուղղակի բեմին վրայ նուագողները յարմար երաժշտական բանալիով եւ ամանակով կը հետեւէին անոնց: Յայտագիրը կը ներկայացնէին հաղորդավարներ Յարութ Հապէշեանը եւ Ժոզեֆ Հաժժարը` զայն համեմելով զուարճախօսութեամբ:

Այս ձեռնարկին համբաւը ժամը վեցէն շատ առաջ ակումբ կը բերէր բազմահարիւր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ` Լիբանանի բոլոր շրջաններէն, որոնց շարքերը կը հասնէին մինչեւ փողոց: Երիտասարդութեան այս «հոսքը» զսպելու համար ակումբի արտաքին երկաթէ դուռը շղթայով կը փակուէր` դուրս ձգելով հարիւրաւոր երիտասարդներ, «գլխու պտոյտ» պատճառելով կիշէին, ակումբի հայրիկ ընկեր Արամին, եւ հետագային` ընկեր Խաչիկին եւ անոնց օգնականներուն: Դադարին կարճ զաւեշտներ կը ներկայացուէին «Էտվան» կամ «Տօնիկեան» հրատարակչատուներու պաշարէն, ինչպէս` «Երեք քաջեր», «Երկու ծայրայեղները», «Արեւելեան ատամնաբուժը» եւ այլն: Ժամանակի ընթացքին ակումբի ելեկտրական հոսանքը սկսաւ անբաւարար ըլլալ, յաւելեալ լուսաւորումի եւ երաժշտական սարքերուն համար, որուն «հրաշք» լուծումը գտած էր Ալեքը:

Այս ծրագիրէն քաջալերուած` հետզհետէ լիբանանահայ գաղութին մէջ կազմաւորուեցան արեւմտեան եւ հայկական երաժշտութեան տասէ աւելի նուագախումբեր, որոնցմէ շատերը իրենց առաջին ելոյթը ունեցան այս յայտագիրի ընդմէջէն: Լեւոն Գաթրճեան եւ Արա Կիրակոսեան, իբրեւ հիւր երգիչներ, նոյնպէս ելոյթ ունեցած են այս յայտագրէն:

Սուրէն Չեքիճեան, Յարութ Հապէշեան, Հրայր Աշճեան, Յարութ Չեքիճեան, Յովհաննէս Մարտիրոսեան, «Երկու ծայրայեղները», զաւեշտ, յունուար 1966

Սուրէն Չեքիճեան, Յարութ Հապէշեան, Հրայր Աշճեան, Յարութ Չեքիճեան, Յովհաննէս Մարտիրոսեան, «Երկու ծայրայեղները», զաւեշտ, յունուար 1966

Ազատամարտ ակումբի մշակութային այս սրահը եւ սենեակները գերխճողուած ժամանակացոյցով մը դասաւորուած էին: Շաբթուան բոլոր օրերը, գործի ժամէն ետք, նոյնիսկ վայրկեան մը վատնուած չէր: «Քնար» երգչախումբի եւ պարախումբի փորձեր, նուագախումբերու փորձեր, «Գասպար Իփէկեան» եւ այլ թատերախումբերու փորձեր, երբեմն` «իրար հրմշտկող»  ժամանակացոյցով մը: Մշակութայինէն անկախ, մարզական վարժութիւններ ալ տեղի կ՛ունենային սրահին մէջ` մարտարուեստի, մարմնամարզի եւ նոյնիսկ հեծանիւի փորձեր, եւ բնականաբար` ժողովներ, դասախօսութիւններ, հանդիսութիւններ եւ այլազան ձեռնարկներ:

Վստահ եմ, որ այդ տարիներուն մեր երկրորդ տունը նկատուող «Ազատամարտ» ակումբ  յաճախողներէն շատեր ունին պատանեկութեան եւ երիտասարդական տարիներու անհամար յուշեր եւ դրուագներ: Իրողապէս, սակայն, «Ազատամարտ» ակումբի 1960-ական տարիները մշակութային «ոսկեայ» ժամանակաշրջան էին, նոյնիսկ լիբանանեան մակարդակով, իր ազգային եւ մշակութային աւանդական ծրագիրներու կողքին, գործնական կերպով սատարելով հայկական եւ էսդրատային նուագախումբերու կազմաւորման ծննդոցին:

17 նոյեմբեր 2015

1.- Սուրէն Անթոյեան, «Ինքնակերտումի ճամբով», 2006: Ըստ հեղինակին, ակումբին բացումը կատարուած է 1953-ին:
2.- Հայկազուն Եափուճեան, «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ», Բ. տպագրութիւն 2015: Ըստ հեղինակին, ակումբի բացումը կատարուած է 1952-ին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>