Սպասեցինք… Գիտէինք գալիքը, հրաշքի մը յոյսն ու ակնկալութիւնը ունէինք. բայց աւա՜ղ, որքա՜ն արագ ընթացաւ կեանքիդ անիւին թաւալումը… Անողոք քաղցկեղը գործեց իր ոճիրը ու տապալեց քե՛զ. եւ ահաւասիկ վերջալոյսը… Վերջաբանը` ցաւերուն, տանջանքներուն եւ հոգեմաշման: Արդեօք լա՞ւ է այսպէս, հաւատացեալներ ըլլալնուս պիտի ընդունինք, որ բարձրերէն` զերթ մի հրեշտակ կը դիտես մեզ ու կը հսկես մեր վրայ, սակայն մեզի բոլորիս համար որքա՜ն դժուար է յաւերժական բաժանումն ա՛յս քեզմէ… Շնորհալի դէմքդ, ժպիտդ` բարի, անկեղծ ու անմեղ պիտի ուղեկցին մեզի մեր կեանքերուն ամբո՛ղջ տեւողութեան:
Ազնուական, վե՛հ, ազգասէր, ծառայասէր. համեստ այլ պարզ, սիրելին էիր բոլորին` հարազատին թէ օտարին: Ուղիդ պայքարներու իրերայաջորդ օղակներ եղաւ, մին միւսէն դժուար ու բարդ, յաղթահարեցի՛ր խոչընդոտները բոլոր եւ յաջողեցա՛ր աննկուն կամքիդ, ուժեղ նկարագրիդ եւ յարատեւ աշխատանքիդ որպէս արդիւնք:
Եւ արդէն չէ՞ որ Թէքէեանի բառերով.
«Հաշուեյարդար. ի՞նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ի՛նչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ ա՛յն միայն.
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ` անիմաց
Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն»:
Տուի՛ր, տուիր անսակարկ խանդաղատանք ու սէր:
Երիտասարդ կեանք մը ամբողջ նուիրեցիր ողբացեալ, անդամալոյծ ամուսնոյդ եւ միեւնոյն ատեն հետեւեցար զաւակներուդ` Ճոնիին եւ Սիրունիկին դաստիարակութեան` իրենց մակարդակի համապատասխան հաստատութիւններու մէջ. ընտրուեցար «Տարուան մայր», որքա՜ն արժան էր ա՛յդ եւ իրաւ:
Հապա եղբա՞յրդ, քոյրիկնե՞րդ, գերդաստանը մեր ամբողջ, որքա՜ն մօտ էին բոլորը սրտիդ եւ փոխադարձաբար… Փաստը` Լիբանանի, Լոս Անճելըսի, Նիւ Ճըրզիի, Մոնրէալի, Քեպեքի, Դամասկոսի եւ անշուշտ Թորոնթոյի հարազատներուդ եւ բարեկամներուդ հոյլի ներկայութիւնը այստե՛ղ ահա, խոնարհաբար իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցանելու քեզի:
Մեծ սիրով եւ անհուն զոհողութեամբ ծառայեցիր կուսակցութեանդ եւ անոր յարակից միութիւններուն, յաճախ որպէս ատենադպրուհի. ծնողներուդ` Գրիգոր եւ Սիրուն Թելեաններու տուած ազգանուէր ու տոհմային դաստիարակութիւնը տարբեր չէր կրնար ըլլալ: Թրիփոլիի բերդավայրի կոմիտէութիւնն ու Օգնութեան խաչը վկա՛յ:
Ինը տարիներ առաջ հաստատուեցար Քանատա եւ սիրեցիր ու յարգեցիր այս օրհնաբեր երկիրը` որքա՜ն…
Ա՛յս անգամ խօսքը պիտի տամ Դուրեանին` ըսելու համար.
«Իսկ աննշան եթէ մնայ,
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն ի՛մ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի՛
Ա՜խ, այն ատեն, ես կը մեռնիմ»:
Ներկայ պիտի ըլլաս մեր մէջ ու մեզի հետ, յաւերժ, Մարօ ճա՛ն:
Այժմ` երթաս բարով:
ՍԵԴԱ ԹԵԼԵԱՆ