Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Թումանեանական Հեքիաթի Օր» Տիկնիկային Թատրոններու Միջազգային Փառատօն
Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «ԵՈՒՆԻՄԱ- Հայաստանի» (Տիկնիկային արուեստի գործիչներու միջազգային միութեան հայկական կեդրոն) նախաձեռնութեամբ, 9-15 սեպտեմբեր, Հայաստանի Լոռիի, Շիրակի մարզերուն եւ մայրաքաղաքին մէջ կայացաւ «Թումանեանական հեքիաթի օր» տիկնիկային թատրոններու միջազգային 11-րդ փառատօնը:
7 սեպտեմբերին «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ «Թումանեանական հեքիաթի օր» տիկնիկային թատրոններու միջազգային 11-րդ փառատօնին նուիրուած մամլոյ ասուլիս տուած են Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի ժամանակակից արուեստի վարչութեան նախագահ Արմէնուհի Ղազարեանը եւ «ԵՈՒՆԻՄԱ-Հայաստան» տիկնիկային արուեստի գործիչներու միջազգային միութեան նախագահ Արմէն Սաֆարեանը:
Փառատօնը նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին: Անոր նպատակը եղած է նպաստել Հայաստանի մարզերու, Արցախի եւ Ջաւախքի մշակութային կեանքի աշխուժացման, ինչպէս նաեւ` ծառայել մատաղ սերունդի գեղագիտական դաստիարակութեան ու ապագայ քաղաքացիի կազմաւորման:
Փառատօնին մասնակցած են տիկնիկային թատրոններ` Արցախէն եւ Հայաստանի տարբեր մարզերէն, Վրաստանէն, Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Իտալիայէն, Հունգարիայէն եւ այլ երկիրներէ: Աւանդութեան համաձայն, փառատօնը սկսած է Լոռիի Դսեղ գիւղէն, 9 սեպտեմբերին, Յ. Թումանեանի յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակի զետեղման արարողութեամբ:
Դսեղի մէջ փառատօնի մասնակիցները դիտած են Յ. Թումանեանի «Շունն ու կատուն» տիկնիկային ներկայացումը` նուիրուած անոր 130-ամեակին: Փառատօնին հանդիսաւոր բացումը կատարուած է 10 սեպտեմբերին, Գիւմրիի «Թռչունեան տուն» մանկատան մէջ: Փառատօնին մասնակցած են 58 դերասաններ, 7 թատերախումբեր, եւ ներկայացուած են 22 բեմադրութիւններ:
Փառատօնին ծրագիրը ներառած է «Երեկոյեան ակումբ», որուն ընթացքին կատարուած են քննարկումներ, միտքերու փոխանակում, հանրայայտ տիկնիկային գործիչներու կողմէ` «Տիկնիկները յանուն խաղաղութեան», «Տիկնիկային արուեստը եւ փոքրիկներու ազատ ժամանցի կազմակերպումը», «Երջանիկ մանկութիւն` երջանիկ ապագայ» եւ այլ նիւթերով` վարպետութեան դասեր:
Պոլսահայ «Մարալ» Միութեան Համոյթը Հայաստանի Մէջ Ներկայացուց «Արա Եւ Շամիրամ»-ը
13 սեպտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրին մէջ Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ բեմականացուեցաւ Պոլսոյ «Մարալ» երգի ու պարի միութեան համոյթի «Արա եւ Շամիրամ» դիցաբանութեան երաժշտական-պարային ներկայացումը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը սփիւռքի նախարարութեան ոսկի մետալով պարգեւատրեց «Մարալ» երգի ու պարի միութիւնը:
Տնտեսագիտական Համալսարանին Մէջ` Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուած Հերոսներուն Նուիրուած Լսարան
Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած հերոսներուն նուիրուած լսարանին: Համալսարանի Ուսանողական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ պատրաստուած լսարանին մէջ տեղադրուած էին զոհուած բոլոր զինուորներուն նկարները «Բարձունքը մերն է, տղերքը չկան, տղերքն աւելի բարձրում մնացին…» գրութեամբ, ինչպէս նաեւ` սահմանագծի զինուորներուն, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ազգային հերոսներուն եւ ապրիլեան պատերազմին ընթացքին վերաբերող նկարներ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սէյրան Օհանեան այս առիթով նշած է, որ Հայաստան ունի այնպիսի հերոսներ, որոնց սխրանքին, թափած արեան շնորհիւ կարելի եղած է ապահովել հայ ժողովուրդին խաղաղ առաւօտը: «Մենք ցանկացած իրականութեան մէջ ձեռք կը բերենք արժէքներ, որոնք պէտք է հասանելի ըլլան ո՛չ միայն տուեալ համալսարանին, այլեւ` ամբողջ ժողովուրդին: Այսպիսի լսարաններու բացումը կը նշանակէ` այդ արժէքներուն պատշաճ կերպով փոխանցումը մեր ժողովուրդին եւ յատկապէս` մատաղ սերունդին, որ անոնց օրինակով պէտք է ոգեւորուի եւ դաստիարակուի, համապատասխան հետեւութիւններ կատարելով` ձեռք բերէ տարբեր հմտութիւններ, որոնցմէ է ռազմականը, որպէսզի հետագային, անհրաժեշտութեան պարագային, աւելի բարձր մակարդակի, առանց թերութիւններու կարողանանք իրականացնել մեր պաշտպանութիւնը: Հայաստանի պաշտպանական քաղաքականութիւնը միայն զինուորական ծառայութիւն չէ, անոր մէկ մասն են` երկրի տնտեսութիւնը, ազգաբնակչութեան հայրենասիրական դաստիարակութիւնը, գաղափարական պատրաստութեան մակարդակը, մասով ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը եւ այլն», յայտնած է Սէյրան Օհանեան:
Լսարանի բացման արարողութենէն ետք Սէյրան Օհանեան հանդիպում ունեցած է ուսանողներուն հետ, որոնցմէ քանի մը հատին շնորհուած են պարգեւներ:
Տնտեսագիտական համալսարանի նախագահ Կորիւն Աթոյեան ըսած է, որ ապրիլեան պատերազմին զոհուած զինուորներու շարքին չկային տնտեսագիտական համալսարանի ուսանողներ, սակայն կային վիրաւորներ, որոնք արդէն ապաքինած են:
«Մեր համալսարանին եւ բանակին յարաբերութիւնները շատ սերտ են: Այս լսարանի բացումն ալ պատահականութիւն չէ: Մեր ուսանողները յաճախակիօրէն կը գտնուին զօրամասերու մէջ, այնտեղ կը գիշերեն, զինուորներուն հետ օրեր կ՛անցընեն: Կարելիութեան պարագային, նիւթական օժանդակութիւն կը ցուցաբերենք, նշեմ, որ ապրիլեան պատերազմէն ետք 10 միլիոն դրամ փոխանցած ենք յատուկ հաշուեհամարին», ըսած է Աթոյեան:
«Արցախ Էթնոֆեսթ» Առաջին Միջազգային Փառատօնը Արցախի Մէջ
Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը մշակութային ինքնութեան պահպանման, ազգային եւ աւանդական արժէքներու վերարտադրութեան ու հանրութեան ներկայացման, ինչպէս նաեւ միջազգային համագործակցութեան խթանման քաղաքականութեան ծիրին մէջ իրականացաւ միջազգային նոր նախաձեռնութիւն մը` «Արցախ Էթնոֆեսթ» խորագիրով:
Նախարարութենէն կը յայտնեն, որ «Արցախ Էթնոֆեսթ»-ը միջազգային փառատօն մըն է, որ նախատեսուած է իրականացնել տարին մէկ անգամ, Արցախի մէջ, տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Իւրաքանչիւր փառատօն պիտի ունենայ իր խորագիրը եւ պիտի ներկայացնէ ազգային մշակոյթի մէկ ուղղութիւն:
«Արցախ Էթնոֆեսթ»-ի առաջին փառատօնը կայացաւ 15-17 սեպտեմբերին` «Երկրի համը» խորագրով եւ ներկայացուցին տարբեր երկիրներու ազգային խոհանոցները: Փառատօնին մասնակցած էին հմուտ խոհարարներ, ինչպէս նաեւ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձեր` Ֆրանսայէն, Ռումանիայէն, Մոլտովայէն, Հարաւային Քորէայէն, Սուրիայէն, Վրաստանէն եւ, բնականաբար, Արցախէն ու Հայաստանէն: Անոնք պիտի պատրաստեն եւ հիւրերուն հրամցնեն իրենց ազգային ուտեստեղէնն ու ճաշատեսակները:
Յայտնենք, որ 16 սեպտեմբերին փառատօնը տեղի ունեցաւ Շուշիի «Իսահակի աղբիւր» ճաշարանային համալիրին մէջ: Օտար մասնակիցներուն համար կազմակերպուեցաւ ժենգեալով հացի թխման վարպետութեան դաս եւ մրցում:
Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Կառավարութեան Տրամադրած Է 7 Միլիոն Եւրօ
Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսական եւ քաղաքային զարգացման աջակցելու նպատակով Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի կառավարութեան տրամադրած է 7 միլիոն եւրօ: Այս մասին տեղեկութիւն տուած են Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակէն:
Եւրոպական Միութիւնը 2014-ի դեկտեմբերին հաստատած է գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական համայնքներու զարգացման նպատակով Հայաստանի կառավարութեան 25 միլիոն եւրոյի տրամադրումը, որ իրականութիւն կը դառնայ «Եւրոպական հարեւանութեան գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական համայնքներու զարգացման ծրագիր»-ի ծիրին մէջ: Անոր իրականացման տեւողութիւնը 3 տարի է, որուն ընթացքին 20 միլիոն եւրօ պիւտճէական աջակցութիւն պիտի տրամադրուի Հայաստանի կառավարութեան` գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական համայնքներու կայուն ու համապարփակ զարգացման համար: Նոյն ատեն 5 միլիոն եւրօ արժողութեամբ օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերուի Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան` Հայաստանի մէջ ագարակապաններու եւ գիւղական մթերքներու արժէքային շղթաներու բարելաւման համար: Պիւտճէական աջակցութիւնը կը տրամադրուի երեք տարուան ընթացքին:
2016 թուականին համար նախատեսուած գումարը` 7 միլիոն եւրոյի վճարումը արդէն կատարուած է Հայաստանի կառավարութեան: Հաստատելով այս տեղեկութիւնը` Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փէոթըր Սվիտալսքի ըսած է. «Ես մեծապէս կ՛ողջունեմ այն յառաջընթացը, որ կայ ծրագրի իրականացման առնչութեամբ, ներառեալ` այն կարեւոր դերը, որ կը կատարէ յաւելեալ աջակցութիւնը: Ես կ՛ուզեմ նաեւ շնորհաւորել Հայաստանի կառավարութիւնը, մասնաւորապէս Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը` այս աջակցութեան պարունակին մէջ ունեցած ձեռքբերումներուն համար»:
Այս ծրագիրը համահունչ է Եւրոպական Միութեան աջակցութեան առաջնահերթութիւններուն եւ ուղղակիօրէն պիտի նպաստէ Արեւելեան գործընկերութեան հիմնական նպատակին հասնելուն, այն ալ` տնտեսական ու ընկերային անհաւասարութիւններու նուազեցման: Անգործութեան բարձր ցուցանիշներուն եւ ապրուստի համար անհրաժեշտ ցած եկամուտներուն պատճառով աղքատութեան մակարդակը Հայաստանի եւ յատկապէս գիւղական վայրերու մէջ կը շարունակէ մնալ բարձր: Միւս կողմէ` գիւղատնտեսական գործունէութիւնը եւ բնատնտեսութիւնը լայն կարելիութիւններ կը ստեղծեն պարէնային անվտանգութեան եւ ոչ պաշտօնական աշխատանք ապահովելու համար: Գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական համայնքներու զարգացումը կը դառնայ խիստ անհրաժեշտութիւն, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ գիւղատնտեսական կառոյցները բարելաւելու, ագարակապաններու միութիւններուն ու համագործակցականներուն կարողութիւնները ուժեղացնելու, մատչելի եւ որակեալ սնունդի հասանելիութիւն ապահովելու եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ համատարած հաշուարկում իրականացնելու միջոցով:
Բիւրականի Աստղադիտարանը Վերջին Տարիներուն Օժտուած Է Նոր Սարքաւորումներով
Վերջերս նշուեցաւ Բիւրականի աստղադիտարանին 70-ամեակը: Աստղադիտարանի տնօրէն Հայկ Յարութիւնեանը եւ փոխտնօրէն եւ աւագ գիտաշխատող Արեգ Միքայէլեանը 7 սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին խօսած են աստղադիտարանին արձանագրած յաջողութիւններուն մասին:
«2013 թուականին Բիւրականի աստղադիտարանը հռչակուեցաւ Ազգային գիտական կեդրոն: Ֆինանսաւորման շնորհիւ` կարելի դարձաւ նոր սարքաւորումներ ձեռք բերել, կարգի բերուած են մեր ունեցած դիտակները, փոխուած է կառավարման համակարգը, վերանորոգուած է աստղադիտարանին տարածքը: Եթէ նախապէս մարդիկ աստղադիտարանի ետեւի մուտքէն կ՛օգտուէին, ապա այժմ կրնան դիմացի` հիմնական մուտքէն ներս մտնել», յայտնած է Հայկ Յարութիւնեան:
Ըստ Արեգ Միքայէլեանի, աստղագէտներուն նուիրուածութեան, պետական աջակցութեան եւ միջազգային կառոյցներուն հետ համագործակցութեան շնորհիւ` աստղադիտարանը վերջին տարիներուն դրական զարգացում արձանագրած է: «Մեր ամենամեծ ձեռքբերումը այն էր, որ անցեալ տարի Բիւրականի աստղադիտարանը Միջազգային աստղադիտական միութեան կողմէ տարածաշրջանային կեդրոն յայտարարուեցաւ: Աշխարհի մէջ ութ այդպիսի կեդրոն կայ, որոնք կը համակարգեն աստղագիտութեան զարգացումը մեծ տարածաշրջաններու մէջ: Մեր տարածաշրջանը կը կոչուի «Հարաւարեւմտեան եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջան», ըսած է փոխտնօրէնը:
Խօսելով ապագայի ծրագիրներուն մասին` Հայկ Յարութիւնեան ըսած է, որ պիտի կազմակերպուին բազմաթիւ դասընթացքներ, որոնց կրնան մասնակցիլ թէ՛ հայաստանաբնակ եւ թէ՛ օտար երկիրներէ Հայաստան եկած երիտասարդ բնագէտներ: Դասախօսութիւնները պիտի ներկայացնեն նշանաւոր մասնագէտներ:
Հայաստան պիտի հիւրընկալէ ոլորտի մասնագէտներ` Իրանէն, Թուրքիայէն, Ուքրանիայէն եւ Ռուսիայէն: Հայկ Յարութիւնեանի համաձայն, 19 սեպտեմբերին Ազգային ակադեմիայի նախագահական կլոր դահլիճին մէջ կայացաւ հանդիսաւոր նիստ, որուն մասնակցեցան գիտնականներ` տարբեր երկիրներէ:
Նախաձեռնութիւններու կարգին նախատեսուած է նաեւ կայացնել միջազգային համաժողով, ուր պիտի քննարկուին աստղագիտութեան ոլորտին վերաբերող տարաբնոյթ նիւթեր: 18 սեպտեմբերին` Վիքթոր Համբարձումեանի ծննդեան օրը, տեղի ունեցած են հետաքրքրական ձեռնարկներ: Թանգարանային գիշերուան առիթով հանրութեան առջեւ բաց մնացած են նաեւ Բիւրականի աստղադիտարանի դռները:
Միացեալ Նահանգներ 450 Հազար Տոլար Յատկացուցած Են Մեղրիի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Պահպանութեան
Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մ. Միլս Կրտսերը եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Յասմիկ Պօղոսեան սեպտեմբեր 16-ին ստորագրած են յուշագիր մը, որով պէտք է իրականացուի Մեղրիի Ս. Սարգիս միջնադարեան եկեղեցւոյ պահպանութիւնը, ինչպէս նաեւ` իւրայատուկ եւ բացառիկ որմնանկարներու վերականգնման աշխատանքները:
«Մեր կողմէ տրամադրուող գումարները այն արժէքներու պահպանման համար են, որոնք անգին ժառանգութիւն են ո՛չ միայն տուեալ երկրին, այլեւ ամբողջ մարդկութեան համար: Պահպանութեան, վերականգնման աշխատանքներու իրականացման համար Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յատկացնէ 450 հազար տոլար», նշած է դեսպան Միլսը:
Մեղրիի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին 17-րդ դարու ինքնատիպ կառոյց էր` Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի մէջ որմնանկարներու եզակիութեամբ առանձնացող:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն կը յայտնեն, որ ֆինանսաւորումը կ՛իրականացուի Միացեալ Նահանգներու դեսպանին մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամին կողմէ (AFCP):
Հաղորդենք, որ այս 2005 թուականէն ի վեր 10-րդ եւ ամէնէն մեծ դրամաշնորհային ծրագիրն է: