Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Պահե՛լ Հարիսայի «Աւանդ»-ը

$
0
0

ՍԻԼՎԱ  ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
(Անդամ լրագրողներու միջազգային դաշնակցութեան, IFJ)

2e078b6732a5b1377c7704fc6be96567_92116f

Արդէն իսկ քառորդ դար անցած է արդի հայոց պատմութեան նորագոյն մէկ փայլուն էջէն` 21 սեպտեմբեր 1991-ի պատմական իրագործումէն: Իրագործում, որ կիզակէտը դարձաւ  հայութեան հրճուանքին ու խանդավառութեան` համահայկական տարողութեամբ: Իրագործում, որ սփիւռքահայութեան մէկ կարեւոր հատուածին համար շիջացած երազի մը վերակենդանացումն էր, կամ` իրարմէ բաժնուած երկուորեակ քոյրերու վերամիացումը: Այո՛, մեծ էր խանդավառութիւնը, որովհետեւ ամէնէն աւելի այդ հատուածը իրազեկ էր եւ է «սեպտեմբերեան անկախութեան» այդ իրագործումի պատմական ենթահողին եւ այդ ուղիով կատարուած զոհողութեանց տարողութեան:

Արդարեւ, մայիս 1921-ին, իր իսկ կերտած անկախութեան հարազատ բնօրրանէն «անառակ որդի»-ի նման վտարուած հայութեան  այդ կարեւոր  հատուածը 21 սեպտեմբեր 1991-ին ամէնէն աւելի ի՛նք ցնծութեան մէջ էր: Արդարեւ, եօթանասուն տարուան «պանդխտութենէ» ետք ի վերջոյ կ՛իրականանար «Մայիսեան» անկախութեան վերջին վարչապետ ու հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի նախագահ Սիմոն Վրացեանի մարգարէութիւնը, թէ վարչակարգերը կու գան ու կ՛երթան, էականը հայրենի հողն է, այն խոր հաւատքով, որ «Մայիսեան» անկախութեան հայրենիքին պարտադրուած` հայու ազատատենչ ոգիին ու հերոսական դիմագիծին խոտոր համեմատող վարչակարգը ուշ կամ կանուխ տեղի պիտի տայ աւելի ազատ ու ինքնիշխան պետութեան հաստատման ու ամրագրման: Անիկա վերամիացած ու վերընձիւղուած էր 2 դեկտեմբեր 1920-ին բաժնուած, իր երկուորեակ քրոջ` ժամանակակից հայոց պատմութեան առաջին հանրապետութեան, 28 մայիս 1918-ի անկախութեան: Անկախութիւն, որ 28 մայիս 1918-ին արգասիքն էր հայ ազգային ազատագրական աւելի քան երեսնամեայ պայքարին, երբեմնի ստրուկ կոչուած հայու վերազարթնած հերոսական տիպարի սխրագործութեանց:

Այսօր, փակագիծ մը բանալով եւ բաղդատական մը ընելով, կը նկատենք, թէ պատմութիւնը գրեթէ ինքզինք կը կրկնէ: Արտաքին ճակատի վրայ Արցախի դարպասներուն, թէ Հայաստանի դրան սեմին ազրպէյճանական թէ թուրք գայլերու արիւնռուշտ վոհմակները կազմ ու պատրաստ կը սպասեն` յարմար առիթին կրկին կուլ տալ փորձելու հայու պատմական բնօրրանին մնացորդացը: Աւելի՛ն. հակառակ թապուներու վերացման ու ժողովրդավարական վարչակարգի  բեմականութեանց` թուրք ոսոխին կեցուածքը տակաւին նոյնն է հայութեան նկատմամբ: Թարմ է տակաւին յունուար 2016-ին պոլսահայ ազատատենչ մտաւորական Հրանդ Տինքի սպանութեան իններորդ տարելիցին առթիւ «ազափ էրմէնիէ» («ստրուկ հայ») յորջորջումները պոլսահայ կառոյցի մը ցանկապատին վրայ: Աւելի սահմռկեցուցիչ է թուրք ղեկավարի մը այն խօսքը թէ, 1915-ին պատահածը շատ լաւ քայլ էր, հարկ է կրկնել»: Թրքական այս եւ նման ատելավառ արտայայտութիւններուն շարքը կ՛երկարի` դեկտեմբեր 1988-ին Հայաստանի երկրաշարժին առիթով երբեմնի «դրացի ու եղբայր» կոչուած ազրպէյճանցիներու շնորհաւորական քարտերէն մինչեւ թուրքերուն այն սպառնալիքները, թէ «1915-ին դասերնիդ չառիք, պէտք է կրկնենք զայն» եւ այլն:

Նմանապէս, այսօր գրեթէ նոյնքան ոչ նախանձելի վիճակ կը պարզէ Հայաստանի անկախ պետութեան ներքին իրավիճակը, ուր տակաւին կայք հաստատած են արցախեան հերոսամարտի գաղթականներ, (թէեւ նուազ տարողութեամբ, քան` 1915-ի Եղեռնով յառաջացած գաղթականներու հոսանքը): Անգործութիւնը, տնտեսական սուր տագնապը,  քննադատութեան եւ դասալքութեան տրամադրութիւնները այսօր ալ կը «կրծեն» նորանկախ ու մատղաշ հայրենիքի սրընթաց վերելքի կարելիութիւնները:

Հետագայ դարերի հայ մարդը պիտի զարմանայ այն սերունդի վրայ, որ օրհասի տարիներին հերոսական վճռակամութեամբ տէր կանգնեց իր անտէր հայրենիքին եւ իր անվարժ ու թոյլ ձեռքով, բայց եւ անվեհեր հոգով կարողացաւ աւերակների եւ սովի միջից նոր Հայաստան ստեղծել:

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

Ոչ ոք կ՛ուրանայ 28 մայիս 1918-ի պատմական իրագործումի անփոխարինելի կարեւորութիւնը` արդի հայոց պատմութեան ուրուագծումին մէջ:  Արդարեւ, 1045-ին Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն ու 1375-ին Կիլիկեան հարստութեան կորուստէն ու անոնց հետեւած` հայութեան  դարաւոր ստրկացման ու իրաւազրկման տաժանելի պայմաններէն ետք, հայութիւնը, յանձինս իր անձնուրաց ազգասէրներուն, յաջողած էր վերակերտել հայու հերոսական տիպարը` ծառանալով ամէն տեսակ բռնութեանց ու ստրկացման փորձերուն դէմ, տէ՛ր կանգնելով հազարամեակներու մեր բնօրրանին: Անգին աւանդ մը` վերակենդանացած հարիւր հազարներու եւ հետագային մէկուկէս միլիոն նահատակներու արեամբ կերտուած անկախութիւն…

Պատմական այս զոյգ անկախութեանց վերընձիւղման իրագործումէն քսանհինգ տարիներ ետք, Հայաստան կը շարունակէ գոյատեւել: Գարնանային թէ աշնանային համահայկական հաւաքները, միութենական նիստերը կու գան լիցքաւորելու զայն ազգային կարօտախառն խանդավառութեամբ: Աշխարհի չորս ծագերէն հայրենիք փութացող աշխարհացրիւ հայերու դէպի հայրենի բնօրրանի հողատարածքի մէկ հատուածին կատարուած ու կատարուող ուխտագնացութիւն յիշեցնող այս «երթը» կու գայ ճոխացնելու եւ ամրագրելու հայրենիքի ազգային, հայկական դիմագիծը: «Դէպի Երկիր» տարեկան հերթականութեամբ կատարուող այս «ուխտագնացութիւնը» իր տնտեսական, բարգաւաճման ու մարդուժի ներուժով անխուսափելի կը դարձնէ այս երեւոյթի գաղտնիքին փնտռտուքը, թէ `ո՞ւր է գաղտնիքը վերածնուած այս հայրենիքին նկատմամբ ցուցաբերուող «հոգածութեան»: Այս հարցադրումը իր կարգին դուռ կը բանայ այլ, բայց նոյնքան էական այլ հարցումի, թէ` ո՞ւր է կամ ինչի՞ մէջ կը կայանայ հայութեան հազարամեակներու գոյատեւման գաղտնիքը, այն միջոցին, երբ հայու ճակատագրակից ժողովուրդներ այսօր գրեթէ չկան մարդկութեան խճանկարին մէջ:  Հայաստանը նուաճած երբեմնի հզօր կայսրութիւններ կերտած ժողովուրդներու մնացորդացը կայ միայն այսօր: Արդ, ի՞նչ է կամ ո՞ւր է Արտաշիսեան ու Տիգրան Մեծի կերտած հայկական կայսրութեամբ ամրագրուած ու դարերու ընթացքին եկուոր թէ մերձակայ ժողովուրդներու ծաւալապաշտ ախորժակներուն զոհ գացած հայութեան գոյատեւման գաղտնիքը: Պատասխանը նոյնինքն հո՛ն է, հայրենի բնօրրանի ներշնչած ազգակերտ աւիշին մէջ է: Այն աւիշին, որուն սրսկումով դիմադրեցին Վարդանանց հերոսները` հասնելով մինչեւ 19-րդ դարու հայ ազգային ազատագրական պայքարի յեղափոխական սերունդի սխրանքները:

Այդ աւիշը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` դարերու խորքերէն, սերունդէ սերունդ մեզի փոխանցուած հայկական աւանդական «հարիսա»-ն յիշեցնող Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»-ի աւանդը: Օրին Հայրիկը երկաթէ շերեփին պատգամը փոխանցած էր` ակնարկելով ազատութեան միջազգային կաթսայի հարիսային, ուրկէ միայն «երկաթէ շերեփ» ունեցողները, զօրաւորները կրնային ազատութիւն ձեռք ձգել: Իսկ հիմա որ հայկական «հարիսան» պատրաստ է, իր շուրջ երեսուն հազար քառ. քմ տարածութեամբ` կը մնայ ամրագրել ու պահել հայկական հարիսայի «աւանդը»: Իսկ այդ մէկը կարելի է` զարկ տալով  «հարիսայի համեմելուն»: Փաստօրէն հարիսայի աւանդին ու զայն ընկալելու կոչուած շերեփի զօրացման իրագործումը կը շարունակուի` շնորհիւ հայու գրեթէ ամէնօրեայ նուաճումներուն: Արդարեւ, աշխարհի չորս ծագերուն հայու արձանագրած իւրաքանչիւր իրագործում կու գայ «համեմելու» հայկական հարիսան: Բոլոր մարզերուն` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական թէ մարզական բնագաւառներու մէջ արձանագրուող հայկական նուաճումները «համեմելով» հայկական հարիսան` կ՛ամրագրեն անոր գոյատեւումը ընդդէմ դարերու տմարդի հարուածներուն:

Այդ հարիսային հարազատ տէրերը դուք էք, մեր անգին բալիկներ: Դէ,՛ շո՛ւտ ըրէք, մեծացէ՛ք, որ ձեր արդար ժառանգութեան տէր դառնաք եւ մեզ ազատէք այդ լուրջ վտանգէն: Բայց մի՛ մոռանաք ձեր մեծ եղբօրը խնդիրքը` չմոռնալ անցեալը, մանաւանդ թափուած արեան արժէքը, եւ արժանի յաջորդները լինել այն սերնդին, որ ձեզ այսպիսի մեծ ժառանգութիւն թողուց:

ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕ

Ահա ա՛յդ դիտանկիւնէն պէտք է ընկալել Արցախի մերօրեայ հերոսներուն նուաճումները եւ սահմանապահ հայ զինուորներու խիզախութիւնները: Նո՛յն դիտանկիւնէն պէտք է հետեւիլ հայ մարզիկներու արձանագրած նուաճումներուն, ոսկեայ թէ արծաթեայ մետալներու ձեռքբերման մէջ: Աւելի՛ն. դարերու տառապանքէն, երկունքէն ու տուայտանքէն ծնած այս վերանկախ ու «Մայիսեան անկախութեան» վերընձիւղուած այս հայրենիքի հզօրանքը պէտք ունի ներքին ու արտաքին կրկնակի զօրաշարժի, որպէսզի կարելի ըլլայ պահե՛լ  «հարիսայի աւանդը»: Ներքին զօրաշարժ` թօթափելով եսակեդրոն շեփորումները եւ լրջօրէն լծուելով  հայրենի հայութեան կարիքներու հոգացման ու հատուցման, հայրենիքի ծաղկումին ու ժողովրդավարութեան ամրագրման:

«Մենք գաղութների մէջ պիտի դառնանք ամրապնդման եւ զօրացման մէկ-մէկ ազդակներ մեր հայրենիքի համար, որ կայ Արարատեան աշխարհի մէջ: Գիտցի՛ր, հա՛յ ժողովուրդ, որ արժէք ես դու եւ խօսք ունես ասելու այս նամարդ աշխարհին»:

ԱՒԵՏԻՍ  ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

Արտաքին ճակատի վրայ եւս, սփիւռքի տարողութեամբ, հրամայական անհրաժեշտութիւն է համահայկական զօրաշարժը` ի խնդիր հայրենիքի ծաղկումին ու բարգաւաճման: Ի՞նչ օգուտ ունի այն սփիւռքահայը, որ համայն աշխարհի վարկն ու գնահատանքը կը վայելէ, բայց զերծ է իր հարազատ բնօրրանի վարկէն ու յարգանքէն, չունի որեւէ լումայի ներդրում:

«Նայեցէ՛ք մեր երիտասարդներու աչքերուն: Արցունք պիտի չգտնէք այլեւս այնտեղ, բայց անպայման պիտի գտնէք եռագոյն ծիածաններ` երէկի մեր արցունքի կաթիլներէն բռնկած: Նայեցէ՛ք անոնց աղուոր, խո՛ր աչքերուն:  Հաշտուածութեան եւ անտարբերութեան նշաններ պիտի չնշմարէք հոն, այլ` իրաւունքի գիտակցութեան եւ ոտնակոխուած Արդարութիւնը ամէն գնով վերահաստատելու անխորտակելի՛ վճռակամութիւն»:

ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ

Ա՛յս տեսլականներով կերտեցին ու գործեցին նորանկախ հայրենիքին ծնունդ տուած երէկի   Մայիսեան անկախութեան կերտիչները: Վա՛ռ պահենք անոնց տեսլականները, մեզի փոխանցած անոնց «հարիսայի աւանդը»: Տէ՛ր կանգնինք անոնց ազգային, ազգակերտ իղձերուն, որոնք նաեւ մե՛րն են:

Այժմ մեզի պակսողը այլեւս Հայաստանը չէ, այլ ամբողջական Հայաստանն է, այլեւս մեր փնտռածը հայութիւնը չէ, այլ հայութեան ամբողջացումն է: Այսօր այլեւս չենք մտածեր հայութիւնը կազմակերպելու, այլ կը մտածենք հայութիւնը համախմբելու մասին:

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

Մեր բազմապիսի ունակութիւններով ու կարողութիւններով «համեմենք» ու պահպանենք Խրիմեան Հայրիկի հարիսայի աւանդը, թէեւ` առանց մտահան ընելու, որ այդ համեմներուն ամէնէն էականը` «աղը» կը պակսի` սպասելով տակաւին բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան ու միացեալ ու ազատ, անկախ Հայաստանի կերտումին: Քայլ մը, որ ուշ կամ կանուխ պիտի իրականանայ` շնորհիւ հայկական հարիսան համտեսած ու անոր աւանդը պահպանելու յանձնառու հայ երիտասարդութեան, «Լոս Անճելըսի հինգ»-երուն, «Լիզպոնի հինգ»-երուն, Վիգէն Զաքարեանի, Մհեր Ջուլհաճեանի, «Օթաուայի երեք»-ին եւ անոնց նման մերօրեայ «խենթ» հերոսներուն…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>