Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Յունահայութիւնը Հանդիսաւորապէս Տօնակատարեց Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25-Ամեակը

$
0
0

sept-21-19-9-2016

Յունահայութիւնը սեպտեմբերի երրորդ շաբաթավերջը նուիրեց Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց 25-ամեակի տօնակատարութեանց:

Շաբաթ, 17 սեպտեմբերին երեկոյեան Քոմոթինիի մէջ Հիւսիսային Յունաստանի հայութիւնը, իսկ կիրակի, 18 սեպտեմբերի երեկոյեան Այոս Սոսթիի մէջ աթենահայութիւնը ընդառաջեցին ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած եւ հայկական զոյգ հանրապետութեանց հիմնադրութեան 25-ամեակին նուիրուած հանդիսութեանց:

sept-21-komotini-19-9-2016

Զոյգ հանդիսութեանց ընթացքին օրուան պատգամը տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի  եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, որ իր խօսքը կեդրոնացուց հայրենի հողի վրայ ազատ ու անկախ ապրելու հայ ժողովուրդի անկապտելի իրաւունքին եւ անխորտակելի կամքին վրայ, որոնց փառահեղ վկայութիւնը կը հանդիսանայ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութեանց նուաճած անկախութեան 25-ամեայ ուղին` իր յաղթահարած երէկի դժուարութիւններով եւ ներկայիս դիմագրաւած մարտահրաւէրներով:

Տօնակատարութիւնները ունեցան գեղարուեստական բաժին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>