Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Շերլի Աւետեան Հայալեզու Մամլոյ Ներկայացուցիչներուն Բացատրութիւններ Կու Տայ Ատրպատականի Հայկական Եկեղեցիներուն Մասին

$
0
0

sourp-sdepanos_92016Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ Իրան գտնուող աշխարհասփիւռ հայալեզու մամլոյ ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը այցելութիւն մը տուած է Ատրպատականի հայոց թեմ: Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը գտնուած է պատմական եւ հոգեւոր մեծ արժէք ունեցող վայրեր, ինչպէս` Հովիւի մատուռ, Ս. Ստեփանոսի եւ Ս. Թադէոսի վանքեր, որոնց մասին պատուիրակութեան անդամներուն բացատրութիւններ տուած է Շերլի Աւետեան` Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոնին տնօրէնը:

Ս. Ստեփանոս նախավկայի վանքը կը գտնուի Ատրպատականի հայոց թեմի հոգեւոր իշխանութեան տակ, Ճուլֆայէն 16 քմ դէպի արեւմուտք եւ ծովու մակերեսէն 890 մ բարձրութեան վրայ, Դարաշամբ շրջանին մէջ, ուր նաեւ կը գտնուի համանուն հայկական գիւղը: Եկեղեցւոյ անունը, որ նաեւ վանքին անունն է, կնքուած է ի յիշատակ քրիստոնէութեան համար նահատակուած Ս. Ստեփանոս նախավկային: Վանքի հիմնադրութեան մասին կան տարբեր կարծիքներ: Հայ պատմիչներէն շատեր կ՛ըսեն, թէ անիկա հիմնուած է Քրիստոսի 12 առաքեալներէն  Ս. Բարթողիմէոսի կողմէ, Ա. դարուն, Քրիստոսի յարութենէն ետք, երբ աշակերտները սկսած են քարոզել Աւետարանը: Եկեղեցին ունի երեք մաս` զանգակատունը, բուն եկեղեցին եւ նախկին Ս. Պօղոս-Պետրոս մատուռ: Վանքը պաշտպանուած է բարձր պարիսպներով, որոնք ունին նաեւ եօթը աշտարակ: Դարպասը կը գտնուի արեւմտեան կողմը, իսկ դպրեվանքը` շրջափակին մէջ, ուրկէ աւարտած շրջանաւարտները կը ծառայեն եկեղեցւոյ` իբրեւ հոգեւորականներ: Ամէն տարի Ս. Ստեփանոսի տօնին եւ վանքի անուանակոչութեան առիթով թեմի առաջնորդը հոգեւորականութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին հետ կ՛այցելեն վանք, ուր կը մատուցուի Ս. պատարագ` ի յիշատակ քրիստոնէութեան առաջին մարտիրոս Ս. Ստեփանոս նախավկային:

Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոնի տնօրէնը հայալեզու մամլոյ ներկայացուցիչներուն բացատրութիւն տալով ըսած է, թէ Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, որ կը պատկանի Սեֆեան դարաշրջանին, 500-400 տարուան անցեալ ունի: Վերջերս պարզուած է, որ Ս. Ստեփանոսի մէջ աշխատող վարպետը, երբ տեղափոխուած է Նոր Ջուլա, Սպահան, աշխատած է որոշ եկեղեցիներու մէջ, ուր կարելի է տեսնել նոյն բարձրաքանդակները եւ նոյն մանրանկարչութիւնները: Իւրայատուկ է Դարաշամբի գիւղի գմբէթը: Աշխարհի վրայ նման բան գոյութիւն չունի, որովհետեւ թէ՛ մզկիթաձեւ է եւ թէ՛ եկեղեցաձեւ:

Շերլի Աւետեան յայտնած է, որ Ս. Ստեփանոս եւ Ս. Թադէոս վանքերը, Դարաշամբ գիւղը, Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Հովիւի մատուռը եւ Ձորձորի Ս. Աստուածածին եկեղեցին 2008 թուականին ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ: Թղթածրարին վերնագիրը եղած է «Ատրպատական նահանգի պատմական եկեղեցիները»: Քեպեքի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ժողովին ընթացքին ազրպէյճանական խումբի ներկայացուցիչները բողոքած են, թէ ինչո՛ւ Ազրպէյճան բառը նշուած է թղթածրարին վրայ: Քննարկումէն ետք ի վնաս ազրպէյճանցիներուն կ՛աւարտի քննարկումը, որովհետեւ թղթածրարը կը կոչուի «Իրանի պատմական եկեղեցիներ»: Հիմա որեւէ եկեղեցի կրնայ նոյն ցանկին մէջ մտնել առանց կարգի սպասելու: Ներկայիս Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի թղթածրարը կը պատրաստուի:

Շ. Աւետեան ըսած է. «ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ ընդգրկուիլը նիւթական օժանդակութիւն չ՛ենթադրեր. կազմակերպութիւնը կը հետեւի մեր բոլոր քայլերուն, իսկ մեզի համար վերահսկումը շատ կարեւոր է. օրինակ` մենք պարտաւոր ենք իրենց տարեկան ծրագիր ներկայացնել: Ծրագիրները, նախագիծերը իրենց հաստատումով պիտի ըլլան, մենք որեւէ նախագիծ, որ պիտի կատարենք, նախ պէտք է Իրանի մասնագէտներուն հաստատումը ստանանք, ապա` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հաստատումը:

«Ցանկագրուած կառոյցները փաստօրէն պահուած են տեղական վերահսկողութեան տրամադրութիւն ունեցող  որեւէ միջամտութենէ:

«Կազմակերպութիւնը շատ օգտակար կը դառնայ մեզի: Ինչ կը վերաբերի մասնագէտներու եւ ճարտարապետներու, զանոնք կ՛ուղարկեն, երբ որ խնդրենք: Պատմական այս կառոյցները այցելած են Իտալիայէն երկու խումբ, Ֆրանսայէն հիւրեր եւ տուած իրենց տեսակէտները: Այս ուղղութեամբ մենք երկկողմանի ջերմ յարաբերութեան մէջ ենք Հայաստանի մասնագէտներուն հետ»:

Ինչ կը վերաբերի պատմական տուեալներուն եւ տեղեկութիւններուն, Շերլի Աւետեան նշած էր, որ վանքը վերջին չորս դարերուն ընթացքին քանի մը անգամ միայն վերանորոգման ենթարկուած է: Անիկա 82 տարի առաջ շատ ուժեղ երկրաշարժէ մը լուրջ վնասներ կրած է, որմէ ետք ամբողջութեամբ վերանորոգուած է եկեղեցին եւ տակաւին կը շարունակուի վերանորոգման աշխատանքը: Այս պահուն կը վերանորոգուին պատկերները եւ որմնանկարները: Կը նախատեսուի նորոգութիւնը աւարտել յառաջիկայ տարի:

Որմնանկարներ եւ մանրանկարներ վերանորոգելու առումով Իրանի մէջ ունինք շատ լաւ մասնագէտներ, որոնք օգտակար կը դառնան մեզի:

Որմնանկարներու վերականգնման աշխատանքին համար ունինք նաեւ Հայաստանի վարպետներուն խորհուրդները եւ տեսակէտները: Յայտնենք, որ 15 օրէն բացումը պիտի կատարուի ազգագրական եւ հոգեւոր թանգարանին` սրբազան հօր կողմէ, բարձրաստիճան պետական հիւրերու մասնակցութեամբ: Թանգարանի բացման նոյն օրը պիտի լուսաւորուի նաեւ եկեղեցին:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն պարտադրած է պահպանել եկեղեցւոյ շինութեան նախնական ձեւը: Նորոգութիւնը կը կատարուի հին շինութեան հիման վրայ: Միայն զանգակատունը ամբողջութեամբ վար առնուած է, որովհետեւ վտանգուած վիճակի մէջ եղած է, ապա վերակառուցուած է եւ 2014-ին վերաօծուած:

Ս. Ստեփանոս վանքը ունի ութ հեկտար  տարածք, որ կը պատկանի Ատրպատականի թեմին: Տարին երկու պատարագ կը մատուցուի այնտեղ, ինչպէս նաեւ պսակի եւ մկրտութեան արարողութիւններ կը կատարուին:

Ինչ կը վերաբերի Ս. Թադէի վանքին, Շերլի Աւետեան նկատել տուած է, որ 2008 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ ընդգրկուած թղթածրարին հիմնական կոթողը Թադէի վանքն էր, որ Թադէոս առաքեալի թաղման վայրը կը նկատուի: 66 թուականին Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալները այս շրջանը կու գան: Թադէոս առաքեալ կը փորձէ քրիստոնեայ դարձնել տարածքի ժողովուրդը եւ կը նահատակուի Սանդուխտ կոյսին հետ: Թաղման վայրը հետագային դարձեր է եկեղեցի: Եկեղեցւոյ կից ունինք քանի մը մատուռներ: Առաջինը Սանդուխտ կոյսի թաղման վայրը եղած է: Տապանաքարը, որ 20 տարի առաջ գոյութիւն ունէր, ցաւօք այսօր ջախջախուած է: Իսկ բլուրին վրայ կան երեք փոքրիկ մատուռներ:

Շ. Աւետեան կ՛ըսէ, թէ Թադէի վանքին մասին տեղեկութիւնները կու գան 6-րդ դարէն: 10-րդ դարուն կառուցուած է սեւ քարերով հատուածը, որմէ ստացած է Ղարաքիլիսա անուանումը: Իսկ սպիտակ հատուածը, որ հետագային աւելցած է, 13-րդ դարու մոնկոլական արշաւանքէն ետք ամբողջութեամբ աւերակ դարձած է, նոյնիսկ զանգակատունը կիսաւարտ մնացած է: 14-րդ դարու երկրաշարժը ամբողջութեամբ կը կործանէ եկեղեցին: Զաքարիա եպիսկոպոսը, որ նաեւ Ձորձորի վանքը կառուցած է, կը վերականգնէ Թադէի վանքը ամբողջութեամբ:

«Ուրմիայէն ետք Սալմաստի, Խոյի, Թադէի տարածքին եւ Մակուի մէջ ունեցած ենք 350 հայկական գիւղեր: Համագործակցելով Սամուէլ Կարապետեանի հետ  այցելած ենք բազմաթիւ գիւղեր: Վեց արշաւ կազմակերպած ենք: Այս տարի այցելած ենք 95 հայկական գիւղ միայն Ուրմիոյ շրջանին մէջ եւ չենք աւարտած: 18 հազար տապանաքար լուսանկարած եւ չափագրած ենք», ընդգծած է Շերլի Աւետեան:

Շ. Աւետեան յայտնած է, որ Ձորձորը Մակու քաղաքէն 30-40 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: Ձորձորի Ս. Աստուածածին վանքային համալիրէն մնացած է միայն Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ  14-րդ դարերուն կառուցուած է Զաքարիա եպիսկոպոսին միջոցով: Հետագային մոնկոլներու արշաւանքներուն ժամանակ վանքը ամբողջութեամբ լքուած է եւ մնացած է միայն եկեղեցին, որ մօտաւորապէս 29 տարի առաջ կառուցուելիք ջրամբարին պատճառով բարձրացուած է 110 մեթր, բլուրի մը վրայ: Շատ արագ կատարուած է աշխատանքը. 25 օրուան ընթացքին Հայաստանէն հրաւիրուած մասնագէտներու օժանդակութեամբ եւ յանձինս Վարուժան Առաքելեանի նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ եկեղեցին նախկին տեղէն մօտաւորապէս 600 մեթր տարածութեան վրայ կը կանգնեցուի: Եկեղեցիէն բացի տարածքին մէջ գոյութիւն ունեցած գիւղը ներկայիս ամբողջութեամբ ազրպէյճանական է:

Խոյ շրջանին մէջ ունինք հայկական մէկ եկեղեցի, որ բաւական լաւ վիճակի մէջ է, վերանորոգուած է եւ կը ծրագրուի, որ անիկա դառնայ թանգարան: Մակուի պարագային միայն Մակու բերդին մէջ կայ ժայռափոր խորան մը: Տապանաքարերով եւ խաչքարերով հարուստ շրջան է Խոյը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>