Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 7-էն 8-ի լուսցող գիշերը, 44 տարի առաջ, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ հայ գրականութեան երախտաւորներէն Նշան Պէշիկթաշլեան, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ յաւերժ պիտի ապրի իբրեւ հայկական երգիծանքի վերջին իշխանը:
Միայն երգիծագիր չէ Նշան Պէշիկթաշլեան, նաեւ բանաստեղծութեանց, վէպերու եւ թատերախաղերու հեղինակ է:
Իր կեանքի վերջալոյսին ան հռչակուեցաւ նաեւ իբրեւ հմուտ թատերագէտ` հայ գրականութեան կտակելով շուրջ 1200 էջերէ բաղկացած «Թատերական դէմքեր» կոթողական աշխատասիրութիւնը, որ արժանացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին ու հրատարակութեան:
Արեւմտահայերէնի գեղեցկութեան եւ կատարելութեան անվիճելի վարպետներէն է Նշան Պէշիկթաշլեան, որ իր գրիչին գեղեցիկ պարզութեան միացուց պատկերաւոր արտայայտութեան եւ սրատես մտածողութեան վաւերական դրոշմը: Իր այդ արժանիքներուն շնորհիւ` երգիծանքի իր ուրոյն ոճն ու դպրոցը ստեղծեց. բնաւ հեգնող ու քինախնդիր չեղաւ, այլ իր ամէնէն սուր խայթոցներուն մէջ անգամ մնաց… յարգալիր:
Պէշիկթաշլեանի երգիծական իւրայատուկ այդ ոճին խօսուն վկայութիւններէն է, օրինակի համար, հռչակաւոր կեսարացի հայերուն վերաբերեալ իր դիպուկ բնութագրումը (Նշան Պէշիկթաշլեան, «Հայ աղբրտիք»).
«Քար մը դրէք ակնցիին ափը, ան այդ քարէն աղբիւր մը կը հանէ: Նոյն այդ քարը դրէք վանեցիին ձեռքը, ան ալ քարէն իր հացը կը հանէ: Այդ քամուած քարը յանձնեցէք կեսարացիին, ան կը բռնէ քարը, ու յանկարծ քարը ոսկի կը կտրի:
«Կեսարացիին համար կեանքի մէջ ամէնէն խոր բանը նաւթահորն է, ամէնէն ընդարձակ բանը` գորգը, ու ամէնէն նուրբ բանը` ապուխտը: Իսկ ամէնէն բարձր, օրինակելի, հանճարեղ մարդը Գալուստ Կիւլպէնկեանն է:
«Կեսարացիին դաւանանքը առուտուրն է, տաճարը` շուկան, խորանը` խանութը: Իր աստուածը` ոսկի հորթը, սուրբը` արծաթը ու սրբուհին կամ սիրուհին` գոհարեղէնը:
«Կեսարացին իր կրօնքին ու պետութեան զօրութեամբ պատերազմի մէջ է խաղաղութեան ատեն, ինչպէս խաղաղութեան մէջ է պատերազմի ժամանակ»:
Իր այդ ոճին պատճառով ալ Նշան Պէշիկթաշլեան սիրուեցաւ ընթերցող լայն հասարակութեան կողմէ, որ անհամբեր սպասումով «լափեց» հայ մամուլի էջերուն հրամցուած անոր գրեթէ ամէնօրեայ տոմսերը, որոնք ինքնաքննարկման, քննադատութեան եւ ինքնաքննադատութեան առումով հարազատ հայելին դարձան հաւաքական մեր կեանքին` սփիւռքի բոլոր ափերուն:
Անխոնջ աշխատող մը եւ ներշնչումի անսպառ աղբիւր մը եղաւ Պէշիկթաշլեան, որ աւելի քան քսան հատորով հրատարակուած իր գործերու կողքին, ժառանգ ձգեց նաեւ անտիպ գործերու ամբողջ հարստութիւն մը:
Նշան Պէշիկթաշլեան ծնած էր 1898-ին, Պոլիս, ուր Բերայի նախակրթարաններուն մէջ տարրական իր ուսումը ստանալէ ետք, 12 տարեկանէն նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ եւ ինքնաշխատութեամբ կատարելագործեց ոչ միայն իր մայրենին ու գրելու տաղանդը, այլեւ` հայ մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան մասին գիտական իր այնքա՜ն լայն պաշարը:
Սկսաւ ստեղծագործել պատանի տարիքէն` պոլսահայ մամուլի էջերուն քերթուածներ եւ պատմուածքներ հրատարակելով: Միայն կարճ ժամանակ մը զբաղեցաւ հայերէնի ուսուցչութեամբ, որմէ ետք ամբողջ կեանքը նուիրեց գրական ստեղծագործութեան:
Եղեռնէն վերապրած պոլսահայ գրողներէն շատերու պէս, Պէշիկթաշլեան ինք եւս նախ ձեռնամուխ եղաւ յետեղեռնեան պոլսահայ գրական կեանքի վերաշխուժացումին, ապա, 1922-ի Զմիւռնիոյ մեծ աղէտէն ետք, անցաւ Յունաստան, կարճ ժամանակ մը նուիրուեցաւ Քերքիրայի որբանոցները հաւաքուած հայ մանուկներու հայեցի դաստիարակութեան:
Այնուհետեւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր ամբողջ կէս դար իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերաւ արեւմտահայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հոգեմտաւոր ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման նուիրական պայքարին: Մնայուն եւ փնտռուած աշխատակիցը դարձաւ ատենի հայ մամուլին` օրաթերթային տոմսեր հասցնելով Փարիզի «Յառաջ»-էն ու Պոսթընի «Հայրենիք»-էն մինչեւ Աթէնքի «Ազատ Օր»-ին ու Պէյրութի «Ազդակ»-ին եւ «Սփիւռք»-ին: Իսկ գրական իր ստեղծագործութիւններով մնայուն ներկայութիւն եղաւ նախ «Հայրենիք Ամսագիր»-ի եւ ապա` «Բագին»-ի էջերուն: Յատուկ կանոնաւորութեամբ աշխատակցութիւն բերաւ յատկապէս «Բժիշկ» ամսագրին:
Պէշիկթաշլեան անձուկ պայմաններու մէջ ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց, բայց բնաւ վար չդրաւ գրիչը. ապրուստի դժուարութեանց եւ հիւանդութեան դէմ շարունակ պայքարեցաւ, բայց բարութիւնն ու լաւատեսութիւնը բնաւ չկորսնցուց: Ընդհակառակն, ժպիտը վերածեց կեանքի փիլիսոփայութեան եւ այդ պատգամով ոգեւորեց մեր սերունդները` «ժպիտը» խորագրով գրելով.
«Ժպիտը շնորհաց շնորհն է, Աստուծմէ առաքուած` միմիայն մարդ արարածին: Մարդը պարտի գործածել ու փայլեցնել այդ շնորհը: Երեսը կախ մարդը կը մեղանչէ Արարիչին, արարածներուն եւ մանաւանդ իր շուրջիններուն դէմ:
«Գիտէ՞ք, թէ ինչո՛ւ Երկնաւոր Հայրը ժպտելու շնորհը միայն մարդ էակին տուաւ: Ատով ան ըսել ուզեց.
«Ա՜յ մարդ, աշխարհի վրայ, բոլոր շնչաւորներուն մէջ, դուն ես, որ ամէն միջոց ու պատճառ ունիս երջանկանալու: Դուն ես, որ կրնաս խնդալ` վայելելով առատաձեռն մայր բնութեան բարութիւնները:
«Մարդը երջանկացա՞ւ, խնդա՞ց: Ո՛չ: Մարդը չխնդաց ու չխնդացուց: Իր երջանկութիւնը, ամէն դարերու մէջ, իր ձեռքով խեղդեց:
«Հիմա պէտք է մարդկութիւնը ժպտիլ սորվի վերագտնելու համար կորուսեալ դրախտը:
«Ու երգիծաբանը, այս բարի սատանան, հարկ է ներբողեան հիւսէ ժպիտին համար:
«Ժպիտը անթառամ ոսկեշուշան մըն է` զուարթուններու խումբի մը կողմէ յանձնուած մարդուն:
«Ժպիտը աստղն է հոգիին: Ու ճառագայթը` մարմնոյն: Բարերար է աստղը ու կենսատու է այդ ճառագայթը: Երանեալ է ան, որ այդ բարի աստղին տակն է միշտ: Գովեալ է ան, որ այդ ճառագայթին ազդեցութեան ներքեւ է:
«Ժպիտը կը պարգեւէ մեզի ներքին ծափեր: Կ՛ընծայէ մկանային շարժումներ: Կու տայ արեան ալիք, կարմիր գնդիկներուն հրճուանք, մեր յօրինուածքին կենսահոսանք: Անով կը վերանորոգուի արիւնը, կ՛արագանայ շրջանը:
«Մարդ կ՛երիտասարդանայ ժպտելով:
«Մտածումը կ՛ոսկեջրուի, երազը կը բուրումնաւէտուի եւ յոյսը կը մտնէ լուսեղէն ոլորտի մէջ:
«Ժպիտը լոյսն է գոհունակութեան, եւ գոհունակութիւնը աստուածահաճոյ է: Ժպտիլը, ուրեմն, քրիստոնէական է: Ժպտողին գլխուն շուրջը կարծես լուսապսակ կայ»:
Որքա՜ն դիպուկ է հայկական երգիծանքի վերջին իշխանին նուիրուած Մինաս Թէօլէօլեանի այն արժեւորումը, թէ` «Պէշիկթաշլեան բնաւ «չէ ծաղրած, այլ երգիծած է, չէ խնդացած, այլ ժպտած է: Երգիծողը հոն է, ուր մարդը կրնայ ճապաղիլ, կոպտանալ: Ու Պէշիկթաշլեան առ հասարակ կրցած է նուրբ երգիծանքին վարպետը մնալ»:
«Նուրբ երգիծանք»-ի այդ ոճին մասին կը վկայէ Արշակ Չօպանեանին նուիրուած Պէշիկթաշլեանի «դիմաստուեր»-ին հետեւեալ պատկերը.
«Երբ ծնած է Արշակ Չօպանեան, իր դայեակը սարսափէն գետին ինկած, մարած է:
«Հայրն ու մայրը, վերցնելով այդ գլուխը, խանթարը զարկած են ու կշռած: Կապար` 3500 տիրեմ:
«Բժիշկ մը վրայ հասնելով` կը յայտարարէ.
«Վախու բան չկայ: Ընդհակառակն, ուրախացէ՛ք, քանզի ծնաւ նոր արքայ, ի Պէշիկթաշ քաղաքի: Գլուխ մը` մեր անգլուխ ազգին համար:
«Անուշիկ մայրը կ՛առարկէ.
«Տոքթո՛ր էֆենտիս, սա ամէնը աղէկ, ամմա՛, ասանկ անմարմին ինտո՞ր պիտ որ ապրի իմ մինուճար զաւակը…»:
«Կնի՛կ, ըսի քեզի, որ ազգը անգլուխ է ու զաւակդ ալ գլուխ է: Բռնէ զաւակդ ու ազգին վիզը անցուր»:
Իր կեանքի վերջին տարիներուն Պէշիկթաշլեանի առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացաւ: Անկողնոյ ծառայեց երկար տարիներ, բայց դարձեալ շարունակեց թափով ստեղծագործել, մինչեւ որ 1972-ին, սեպտեմբեր 7-էն 8-ի լուսցող գիշերը առյաւէտ փակեց բարութեամբ զեղուն իր աչքերը:
Յուշատետրի այս տարուան վկայութիւնը կ’արժէ ամփոփել Նշան Պէշիկթաշլեանի գլուխ-գործոցներէն «Հայը» խորագրով անմահ տոմսէն քաղուած հետեւեալ սլաքներով.
«Աստուած հայը հրեշտակ է ստեղծած. վերջը զղջացած է ու սատանայի է վերածած: Յետոյ ջնջած է անոր սատանայութիւնն ալ: Հայը, սակայն, երկու էակներէն մէյ մէկ բան պահած է իր մէջ:
«Աստուած հայը երկիր ղրկած է` իբրեւ ֆենոմեն:
«Հայը մարդ չկրցաւ ըլլալ աշխարհի մէջ:
«Զինքը մեռցնելու միակ միջոցը իրեն նպաստ տալն է:
«Հայուն մէջ երկու հոգի կայ` վախկոտ մը եւ քաջ մը, կամ` ստրուկ մը եւ հերոս մը: Ամէն ազգի մէջ վախկոտը կը կծկուի քաջին ետեւը. ընդհակառակն է հայուն մէջ. քաջը կը գտնուի վախկոտին տակը: Ամէն բռնակալ կրնայ իր առաջին հոգին հանել: Հանե՞ց. սոսկալի է հրաշքը: Կը ցցուի պահեստի հոգին` խենթի նման: Ու կը զարնէ: Եւ իր հարուածը անսխալական է® Պապին պէս:
«Երբ վտանգի օրերը անցնին, հայը կը մեռցնէ իր մէջի հերոսը ու վախկոտին հետ քաջաբար շուկայ կ’իջնէ գրաւելու համար Ոսկեբերդ մը»:
«Հայը, երբ կուսակցական է, կը ճառէ ազատութենէ, երբ չէզոք է, կը խօսի միութենէ: Իբրեւ մարդ` անիշխանական է, իբրեւ հայ` ազգայնական: Անգամ մը որ տիրանայ իր հայրենիքին, կրկին անիշխանական կը դառնայ:
«Քաղաքական կեանքի մէջ գործազուրկ է, ու գործազրկութեան նպաստ չի տրուիր իրեն: Հայասէրներու բարոյական լումաներով կը կառուցէ սպանական դղեակներ եւ, անոնց մէջ նստած, կարկանդակներ կ’որոճայ:
«Եթէ տարագրուի կամ աղքատանայ կամ երբ աշխարհի հեռաւոր մէկ անկիւնը իյնայ, շուտով կը գտնէ հացի ճամբան: Փորձէ իրեն նպաստ տալ` այն ժամանակ կը ծուլանայ, մոլութենէ մոլութիւն կը գլտորի:
«Կարելի չէ ո՛չ սուրով, ո՛չ հուրով սպաննել զինքը: Զինքը մեռցնելու միակ միջոցը իրեն նպաստ տալն է:
«Կրօնաւորները լաւ գիտեն այս գաղտնիքը ու հայուն վրայ կը վազեն աղէտներէ վերջը` տանելով նպաստի, կաթոլիկութեան կամ բողոքականութեան սնտուկներ եւ պարկեր: Հայը լերան մը վրայ կանգնած ըլլայ, ու միսիոնարը լերան ստորոտը` պարկը բացած, հայը ահագին բարձրութենէն, մէկ ոստումով, ամբողջ գլուխովը կը մտնէ պարկին մէջ:
«Գիտունները կը փնտռեն յաւիտենական շարժումը: Հայը կը խնդայ անոնց վրայ ու կ’ըսէ իւրովի. «Ե՛ս եմ յաւիտենական շարժումը, եւ ինծի է, որ կը փնտռեն»: Ինքն ալ, սակայն, բան մը կը փնտռէ` Անկախութիւնը, ու զայն գտնելու համար օտարին դռները ափ կ’առնէ: Կ’ըսես իրեն. «Անկախութիւնը դուն պիտի յայտարարես»: Այս անգամ կը չէզոքանայ` անկախ հռչակուելու համար»: