ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Միշտ բողոքած ենք, որ մեր մտաւորականութիւնը կրաւորական է, լուսանցքի վրայ կանգնած` կը հետեւի ազգային իրադարձութեանց եւ իր ծանրակշիռ ձայնը կը զլանայ բարձրացնել համազգային նշանակութեամբ խնդիրներու վերաբերեալ:
Նաեւ ափսոսանք արտայայտած ենք, որ մտաւորականները, նոյնիսկ` անոնց ամէնէն վաւերականները, նոյն իրենց կրաւորականութեան պատճառով կորսնցուցած են իրենց վարկն ու հեղինակութիւնը եւ զրկած են մեզ բարոյական կարեւոր կողմնորոշիչներէ:
Չորեքշաբթի Երեւանէն խրախուսական ձայներ հնչեցին` ազդարարելով մտաւորականներու խումբի մը նախաձեռնութիւնը` Վահան Տէրեանի մէկ գրութեան` «Հոգեւոր Հայաստան»-ի վերնագիրը օգտագործելով իբրեւ բնաբան (Տես ստորեւ):
Այս նախաձեռնութիւնը շարժումի կը վերածուի՞, թէ՞ ոչ, կախեալ պիտի ըլլայ մտաւորական աւելի լայն շրջանակի մը վերաբերումէն: Նախաձեռնութեան առաւել ուժ ու ոգի կրնան ներշնչել սփիւռքեան արձագանգները:
Երեւանէն հնչած ահազանգը տարբեր սաստկութեամբ շարունակ հասած է սփիւռք, եւ ի բացակայութիւն խօսքէն անդին գործի անցնելու լրջութեան` մոռցուած է, առաւել բեկում յառաջացնելով շարժումի մը սպասող շրջանակներուն մէջ:
«Հոգեւոր Հայաստան»-ին ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ` չենք կրնար գուշակել: Յայտնելով մեր ցանկութիւնը` յանձնառու մտաւորականութեան շարժը տեսնելու կապակցութեամբ, այստեղ կը ներկայացնենք Վահան Տէրեանի 1914-ին ստորագրած գրութեան եզրակացութիւնը` իբրեւ ներշնչման աղբիւր.
«… Եթէ, իրաւ, այդպէս է, ապա իր աչքերը Հայաստանի դաշտերին ու սարերին յառած հայութիւնը պիտի ներշնչուի մի նոր ու առաւել բարձր տենչանքով, մի պարզ ու խորին գիտակցութեամբ, մի անսասան բաղձանքով կենդանութիւն ներշնչելու մեր կիսամեռ Հոգեւոր Հայրենիքին, մեր աւերուող ու անդարձ անհետացող Հոգեւոր Հայաստանին: Չէ՞ որ նիւթական կորուստները մի՛շտ կարելի է վերադարձնել, իսկ հոգեւոր կորուստն անդառնալի է:
Չպէտք է մատնանիշ անել արտաքին արգելքներն ու խոչընդոտները` դրանք միշտ կան, եւ դրանց դէմ, այո՛, պէտք է կռուել:
Բայց նախ պէտք է ներքին կամք, ներքին հաւատ, անխախտ գիտակցութիւն. առանց այդ` աւելորդ է եւ արտաքին արգելքների դէմ կռուելը, աւելորդ է այդ պատնէշները ջնջելը, քանի որ, երբ ընկնեն այդ պատնէշները, յանկարծ պիտի տեսնէք դուք, որ զուր էին ձեր ջանքերը, ձեր զոհաբերումները, ձեր կռիւը. այդ բոլորը դուք արել էք մի անկենդան դիակի համար:
Ահա՛ այդպիսի մի ներքին հաւատ, մի խոր գիտակցութիւն է հարկաւոր հայ մտաւորականութեանը:
Հարկաւոր է, եթէ նա իրաւ սիրում է մեր ժողովուրդը, մեր երկիրը:
Իսկ երբ դա լինի, ես հաւատում եմ, կը լինի եւ Հոգեւոր Հայաստանը, կենդանի կը լինի մեր Հայրենիքը, ուրեմն` կենդանի կը լինի եւ ա՛յն Հայաստանը, որի համար մեր ժողովուրդը թափում է այսօր իր արիւնը»:
————————–
Մտաւորականները Կը Համախմբուին «Հոգեւոր Հայաստան»-ին Շուրջ Եւ Ահազանգ Կը Հնչեցնեն
7 սեպտեմբերին «Կոմպոզիտորների միութեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Հոգեւոր Հայաստան» համահայկական հիմնադիր համաժողովը, որ ո՛չ կուսակցութիւն է, ո՛չ նախաձեռնութիւն, այլ` 8 մտաւորականներէ բաղկացած խումբ, որ ահազանգ կը հնչեցնէ` աչքի առջեւ ունենալով Վահան Տէրեանի «Հոգեւոր Հայաստան» պատմափիլիսոփայական հայեցակարգը», աւելի ճշգրիտ` այն միտքը, որ շատ են մտաւորականութեան մեղքերը, բայց այսօրուան մեղքը կրնայ վերջինը ըլլալ, եւ որ մտաւորականները պէտք է համախմբուին:
«Մենք ոչ մի ղեկավարական կամ այլ մեխանիզմներ չունենք, մենք ուղղակի հնչեցնում ենք զանգը, որ կայ սպառնալիք, աշխարհը կլոպալ փոփոխութիւնների շեմին է, եւ ինչպէս շատ անսպասելի սկսուեց Ա. Համաշխարհային պատերազմը, ընդամէնը մէկ սպանութեամբ, չի բացառւում, որ մեր տարածաշրջանում կարող է ամէն վայրկեան ինչ-որ նոր փոթորիկներ լինեն, իսկ մենք էսպէս թռի-վռի մի ճպուռի կեանքով ապրելու կամ էսպէս գոյատեւելու իրաւունքը չունենք: Եւ մենք հնչեցնում ենք զանգը», այս հաւաքի ստեղծման նպատակը ներկայացնելով ըսած է «Հոգեւոր Հայաստան»-ի նախաձեռնող խումբի անդամ, երաժիշտ Եղիշէ Պետրոսեանը:
Թատրերգակ Խաչիկ Չալիկեանի համաձայն, այս համաժողովին նպատակն է յայտարարել յայտնութիւնը նոր մտաւորականութեան, որ տէր կը կանգնի իր խօսքին:
Մայեսթրօ Տիգրան Մանսուրեան, որ հրաւիրեալներուն կարգին էր, յայտնած է, որ այս հաւաքն ու անոր ծրագիրը իր սրտին շատ մօտ են: «Մենք յաճախ անցնում ենք ընդվզումների միջով, լուրջ ցաւերի միջով, Աստծոյ տուած չարչարանքից աւելի ցաւի միջով, եւ ինչքա՜ն շատ են դրանք մեր շուրջ: Երբեմն, դրա հետ ու արդիւնքում գոյանում է չարութիւնը, որն իմ խորին համոզմամբ, հազիւ թէ մեզ իսկապէս առաջնորդող հանդիսանայ, քանի որ մենք` հայերս, աստուածատուր ժողովուրդ ենք, եւ մեր ճակատագիրն ու ճանապարհն անցել են խոնարհումով, համբերութեամբ, եւ երբ այդ հիմքի վրայ գոյանում է «Հոգեւոր Հայաստան» արտայայտութիւնը, ես ասում եմ` այո՛, սրա անհրաժեշտութիւնը կայ: Մենք պէտք է իրար շատ սիրենք, որովհետեւ ամէն մէկս մի տեսակի կրողն ենք, նոյն տեսակից երեք հայ չկայ, մի հայ կայ, եթէ մէկին վնասենք, տեսակն է վերանում: Պէտք է սիրենք իրար», ըսած է Մանսուրեան:
«Հոգեւոր Հայաստան» հիմնադիր համաժողովին ներկայացուած է նաեւ հայ օփերային երգչուհի Յասմիկ Պապեանի նախապէս ձայնագրուած խօսքը: «Անցած 25 տարում մենք եղել ենք խորը թմբիրի մէջ, վատնել ենք այդ տարիները եւ կառավարման լծակները փրփուրներին յանձնելով` ամայացրել ենք մեր հայրենիքի այս փոքրիկ եւ վերջին հատուածը», ըսած է ան եւ` նշած, որ այսօր մենք կանգնած ենք գոյութենական խնդիրի դէմ յանդիման:
«Թւում էր, թէ ապրիլեան դէպքերը պէտք էր զարթուցիչի դեր կատարէին, սակայն դա աւելի ցցուն դարձրեց այն ախտերը, որոնք առկայ են մեր երկրում եւ հասարակութիւնում, «Սասնայ ծռեր»-ի գործունէութիւնը եկաւ առաւել ընդգծելու երկրում առկայ մեծ դժգոհութեան ալիքը», ըսած է ան եւ` նշած, որ ժողովուրդին համախմբումը իսկական անհրաժեշտութիւն է: Յասմիկ Պապեանի համաձայն, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները ճակատագրական պիտի ըլլան:
«Ժամանակն է ո՛չ միայն յաղթելու եւ վերապրելու, այլ` իրեն սպառած այս համակարգը նոր արժանապատիւ եւ ազգային պետութեամբ փոխարինելու: Սրանք ճակատագրական ժամանակներ են, իսկ այդ ժամանակներում սխալուելու իրաւունք չկայ: Սթափուենք, համախմբուենք եւ յաղթենք», հաստատած է Պապեան:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան հասկցած է, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հոգեւոր հայրենիքը:
«Երբ փորձում եմ գնահատական տալ մեր անցած ուղուն, զգում եմ, թէ որքան սխալներ ենք մենք թոյլ տուել պատմական զանազան իրադարձութիւններ մեկնաբանելիս եւ միշտ սխալ մեկնաբանել ենք շրջադարձային իրադարձութիւնները` գնահատելով որպէս սկուտեղի վրայ մատուցուած պարգեւներ», յայտարարած է Աշոտ Մելքոնեան:
Ազգագրագէտ Հրանուշ Խառատեանն ալ «Հոգեւոր Հայաստան» նախաձեռնութեան հիմնադիր համաժողովին արտասանած իր խօսքին մէջ նշած է, որ հոգեւոր դաստիարակութիւն ըսելով` միայն կ՛ընկալուի կրօնականը, «ուստի հիմա պէտք է հոգեւոր բառը փրկել»:
«Խնդիրը նոյնականացւում է, երեւոյթներ կան, որոնք ուղղակիօրէն պէտք չէ լինեն, եւ դա նշանակում է մեր կեանքի ու ապագայի հետ խնդիր ունենք», ըսած է ան` հարց տալով, թէ դահլիճին մէջ բաւական լուսաւոր մարդիկ կան, արդեօք անոնցմէ մէկը չի՞ կրնար ձեւակերպել, թէ երկրի յառաջիկայ 10 տարուան հեռանկարային ծրագիրը ի՛նչ է:
«Իբրեւ մտահոգուող խնդիր է քննարկւում միայն, բայց ոչ մի ծրագիր չկայ ժողովրդագրական ծրագրերի առումով, էլ չեմ ասում աւելի լուրջ խնդրի մասին, Հայաստանի ապագայի մասին», ըսած է ան եւ` նշած, որ հիմա թէ՛ ժողովուրդը, թէ՛ իշխանութիւնը փախուստ կու տան խնդիրներու ճշդումէն ու արտաքին մարտահրաւէրէն: «Սա մարտահրաւէր է, որի շուրջ մենք լուրջ դիրքորոշում պէտք է ունենանք», ըսած է Խառատեան:
«Հոգեւոր Հայաստան»-ը կը նախատեսէ հոկտեմբերի աւարտին գումարել առաջին համահայկական համաժողովը: