ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«Այս օրերուն բոլորին աչքերը գամուած են իրենց հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ` հետեւելու համար Ողիմպիական խաղերուն: Հպարտ ենք մեր մարզիկներով, հպարտ ենք մեր մետալներով, հպարտ ենք մեր յաջողութիւններով: Յարակարծաբար կը մոռնանք, որ աւելի հեռուն երթալու համար առաջի՛ն քայլը ճիշդ պէտք է առնել` ունենալ կեանքի ամուր խարիսխ մը. առողջարար սննդառութիւն մը, հարազատներու նեցուկը, նպատակայարմար գործիքները` մարզուելու համար»:
Կարծեցիք, որ հա՞յ մըն է այս տողերը գրողը, հայաստանցի՞ մը… Չեմ զարմանար: Բայց կը սխալիք: Վերեւի պարբերութեան մէջ «բոլորին աչքերը» բառակապակցութեան տեղ գրուած է «քեպեքցիներու եւ քանատացիներու բոլոր աչքերը»: Այդպէս կը սկսի Սիլվի Ռոշեթի այն յօդուածը, որ լոյս տեսաւ «Լը Տէօվուար» օրաթերթի 19 օգոստոսի թիւին մէջ` «Ողիմպիականներէն ետք` վերամուտը…» խորագրուած: Յօդուածագիրը մտահոգ է, որ երկիրը բաւարար ուշադրութիւն դարձուցած չունի իր նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ առողջութեան, այդ պատճառով ալ չկրցաւ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել: Իրա՞ւ: Բայց Քանատան այս խաղերուն խլեց 4 ոսկի, 3 արծաթ ու 15 պրոնզ մետալներ, ինչ որ կրնայ շատ պատուաբեր նկատուիլ: Սակայն փաստօրէն Ռոշեթ աւելի մե՛ծ ակնկալութիւններ ունէր, եւ կը թուի, թէ ունի տակաւին:
Ինչպէ՞ս կը բաղդատուի քանատացիներու նուաճումը հայերու ձեռքբերումին հետ: Եթէ նկատի առնենք երկու երկիրներու միայն բնակչութեան թիւերը, այսինքն պաշտօնապէս յայտարարուած թիւերը` շուրջ 36,4 միլիոն քանատաբնակներ եւ 3,1 միլիոն հայաստանաբնակներ, ապա Հայաստանի մէկ ոսկի մետալին դիմաց Քանատան ձեռք ձգած պիտի ըլլար գրեթէ 12 մետալ, ընդհանուր 4 (1 ոսկի եւ 3 արծաթ) մետալին դիմաց` 22-ի փոխարէն 48 մետալ…
Իրաւունք չունի՞ տիկին Ռոշեթ: Բայց մենք իրե՛ն ձգենք Քանատայի ու Քեպեքի թերացումներով մտահոգուելու պարտականութիւնը ու դառնանք նայինք` մե՛ր պարտէզը ինչպէս կրնանք աւելի լաւ ծաղկեցնել:
Անկասկած մենք ալ «հպարտ ենք մեր մարզիկներով, հպարտ ենք մեր մետալներով, հպարտ ենք մեր յաջողութիւններով»: Այդ հպարտութիւնը ա՛լ աւելի պիտի բարձրանայ, եթէ երկու ուրիշ բաղդատութիւններ ալ ընենք: Փաստօրէն, Ռիօ-2016 Ողիմպիականներու յաղթական երկիրը Միացեալ Նահանգներն է` իր արժանացած մետալներու թիւով` 46 ոսկի, 37 արծաթ, 38 պրոնզ, ընդհանուր` 121: Իսկ ի՞նչ բնակչութեան աւազանի մը մէջ: 2014-ի տուեալներով, գրեթէ 319 միլիոն: Այսինքն` Հայաստանի 100 անգամը: Ուրեմն, համեմատաբար, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է ձեռք ձգած ըլլային 100 ոսկի եւ ընդհանուրը 400 մետալ. անշուշտ` բոլոր այլ պայմանները անտեսելով (սնունդ, բժշկական խնամք, մարզուելու յարմարութիւններ եւ այլն): Կը նշանակէ՞ ասիկա, որ Հայաստանը 4 անգամ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգեց, քան` աշխարհի հզօրագոյն երկիրը…
Միւս բաղդատութիւնը մասնակցող մարզիկներու թիւին կը վերաբերի: Հայաստանը ունէր 33 մարզիկ (թէեւ կ՛երեւի մէկ մարզիկ չկարողացաւ մասնակցիլ): Յիշեցնենք, որ Ողիմպիականներու մասնակցելու իրաւունք ունենալը ինքնին յաղթանակ մըն է, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարզիկ նախապէս այլ մրցոյթներու պէտք է ախոյեան դարձած ըլլայ, որ այդ իրաւունքը շնորհուի իրեն Ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ միջազգային մարմինին կողմէ: Միշտ բնակչութեան թիւերու բաղդատութեամբ, Միացեալ Նահանգներն ալ ունենալու էր 3300 մարզիկ: Բայց ի՞նչ էր իրապէս մասնակցողներուն թիւը. 555 միայն… այսինքն համեմատաբար շուրջ 6 անգամ նուազ, քան` Հայաստանի մարզիկները…
Այս բաղդատութիւնները կարելի է շարունակել տարբեր ձեւերով, տարբեր երկիրներու արդիւնքներն ու մարզիկներու թիւերը բաղդատելով, նոյնիսկ նկատի առնելով մետալներու կամ մարզիկներու իսկ մասնակցութեան բացակայութիւնը 2016-ի Ողիմպիականներուն` երկիրներու կողմէ, որոնք մեզմէ շատ աւելի բազմամարդ են, մեզմէ շատ աւելի երկար ժամանակ արդէն իսկ անկախ երկիրներ են, կամ մեզմէ շատ աւելի յառաջացած կը նկատուին: Եթէ հայկական եռագոյնը չորս անգամ բարձրացաւ Ողիմպիական կայմին վրայ, ու «Մեր հայրենիք»-ը հնչեց ոչ միայն Քորքովատօ լերան կատարին թեւաբաց Փրկիչ Յիսուսի բարձրադիր արձանին հայեացքին առջեւ, այլեւ խաղերուն հետեւող միլիոնաւոր, թերեւս երկիլիոնաւոր պաստառներու վրայ, ուրիշ երկիրներու դրօշակները բնա՛ւ չբարձրացան, ուրիշ երկիրներու օրհներգները բնա՛ւ չլսուեցան:
Հպարտանալու այլ պատճառներ ալ ունեցանք:
Հայ մարզիկներու համեստ ու ազնուական կեցուածքները յաղթանակի պահուն իսկ, անոնց գիտակցութիւնը, որ իրենք ոչ միայն պարզապէս մարզիկ են, այլ Հայ դատի զինուորեալներ (Արցախի նահատակ ազատամարտիկի նկարը իրենց կուրծքին), այլ երկիրներու քաղաքացի հայ մարզիկներու մասնակցութիւնը եւ յաղթանակները այդ երկիրներու կողմէ, կամ նոյնիսկ Հայաստանի՛ կողմէ, օտար խումբերու մարզիչներուն մէջ եւս հայերու ներկայութիւնը, ուրեմն նաեւ նպաստը` անոնց յաղթանակներուն եւ այլն:
Այս բոլորը Ողիմպիականներու հետզհետէ խաթարման` իրենց առաքելութենէն շեղման, առեւտրականացման, խարդախութիւններու, յատկապէս խթանիչներու գործածութեան, իրաւարարներու կողմնակալութեան, նոյնիսկ ղեկավար տարրերու կաշառակերութեան ու ձերբակալման յաճախ յուսահատեցուցիչ երեւոյթներուն դէմ-յանդիման:
Նպատակս, սակայն, մեր հպարտութիւնը սնապարծութեան վերածել չէ:
Պահենք մեր իրաւացի ու արդար հպարտութիւնը, բայց ինչպէս ըսի, մտածենք աւելի՛ն իրականացնելու մասին:
***
Այսպէս ուրեմն, չորս հայ մարզիկներ, Հայաստանէն, արժանացան Ողիմպիական մետալներու, նոյնպէս ուրիշ վեց հայեր (հինգ մարզիկ ու մէկ մարզիչ) ալ` սփիւռքէն: Ասիկա աւելի քան պատուաբեր ներկայութիւն էր մեզի համար 2016-ի Ողիմպիականներուն:
Բայց մեր դափնիներուն վրայ պէտք չէ քնանանք, ինչպէս կ՛ըսուի: Կրնա՛նք աւելի լաւ ըլլալ, աւելի՛ լաւ արդիւնքներ խլել: Ինչպէ՞ս. հայրենիք ու սփիւռք միասին մտածելով, միասին ծրագրելով ու միասին գործելով:
Ճիշդ է, երկու տարբեր իրողութիւններ ենք, տարբեր պայմաններով, տարբեր կարելիութիւններով ու միջոցներով, այլեւ` տարբեր պարտաւորութիւններով, սակայն կասկած չկայ, որ մեր ազգի արժանապատւութիւնը բարձր պահելու համար մեր ներուժը ի մի բերելով` կրնանք… շա՛տ բան կրնանք:
Այնպէս կը թուի, թէ հայրենի իշխանութիւնները կը գիտակցին, որ միջազգային բեմերու վրայ, մա՛նաւանդ մարզական դաշտերու վրայ արձանագրուած յաջողութիւնները քաղաքակա՛ն գետնի վրայ նուաճուած յաղթանակներ կը հանդիսանան: Կը հաւատամ նաեւ, որ մե՛նք չէ, դուրսէն, այնտեղ ապրողները մեզմէ աւելի լաւ կրնան արծարծել այս հարցերը, որ պիտի մատնանշենք. մեր երկրին մէջ առկայ թերութիւններն ու թերացումները այս մարզին մէջ, ատոնք ըլլայ դպրոցական տարիքէն խոստմնալից մարզիկները ջոկելու աշխատանքի, մարզումի մարդուժի կամ ֆիզիքական յարմարութիւններու տեսակէտէն, ըլլայ մեր ներուժը հայրենիքի մէջ պահել կարենալու պայմանները ստեղծելու տեսակէտէն: Նաեւ միջազգային համբաւի հասնող, օտար խումբերու մաս կազմող հայ մարզիկները Հայաստանի ազգային խումբերուն մէջ ներգրաւելու տեսակէտէն, ինչ որ արդէն որոշ չափով ընթացքի մէջ է, կ՛ենթադրեմ:
Ի՞նչ կրնանք ընել մե՛նք այս առնչութեամբ` հայրենի իրավիճակի բարելաւման ի խնդիր: Շա՛տ բան: Իսկ երբ կ՛ըսեմ «մենք», հասկնալ սփիւռքահայութիւնը` իր մարզական կազմակերպութիւններով, բայց ոչ միայն մարզական, այլեւ` քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական կազմակերպութիւններով թէ կրթական հաստատութիւններով:
Առաջին հերթին ու անմիջապէ՛ս, տաքը տաքին, հրաւիրելով, պատուելո՛վ մեր ախոյեանները նաեւ սփիւռքի մէջ: Հայաստան վերադարձի օրը այնտեղ գտած իրենց ջերմ վերաբերմունքը թող մեր այլազան գաղութներուն մէջ եւս վայելեն անոնք` ա՛լ աւելի ուժեղ կերպով զգալու համար իրենց յաղթանակին կարեւորութիւնը համազգայի՛ն առումով: Թող սփիւռքի երիտասարդները անձամբ տեսնեն, ներշնչուին, հպա՛րտ զգան մեր նորօրեայ դիւցազուններով` Սասունցի Դաւիթներով…: Թող անոնք զգան, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ ունի ազգը իրենցմէ: Թող այցելեն մեր վարժարանները, թող ըլլա՛ն մեր մարզիկ-մարզիկուհիներուն եւ արի-արենուշներուն հետ, նոյնիսկ դասախօսութիւններ տան, մարզումներ կատարեն եւ մասամբ նորին: Անոնց ախոյեանական լուսանկարները թող զարդարեն մեր դպրոցներու եւ ակումբներու պատերը. անոնց եւ անոնց արժանաւոր բազում նախորդներունն ալ, որոնք, աւա՜ղ, մոռացութեան են մատնուեր կարծես…
Ապա մտածենք, որ կրնանք կրթաթոշակներ հաստատել մեր հայրենի խոստմնալից երիտասարդներուն համար, որ գան ու արտասահմանի լաւագոյն մարզիչներու ձեռքին տակ դասընթացքներու հետեւին:
Մտածենք, որ սփիւռքի մեծատուները, մանաւանդ Ռուսիա ապրող ու աշխարհի ամէնէն հարուստ անհատներու կարգին դասուող մեր հայրենակիցները, Հայաստանի ու Արցախի մէջ եկեղեցիներ կանգնեցնելէ, ճանապարհներ շինելէ ու հետզհետէ բազմացող այլ բարերարութիւններ ընելէ զատ ու անդին, նաեւ մասնաւոր ու մեծագումար ներդրումներ կատարեն թէ՛ մարզարաններու ու յարակից յարմարութիւններու շինարարութեան մէջ, թէ՛ ալ ընդհանուր առմամբ կրթութեան ու առողջապահութեան մարզերուն մէջ, որոնց զարգացումը շատ կարեւոր է… միջազգային առումով փայլելու համար ոչ միայն մարմնամարզի, այլեւ բոլո՛ր ոլորտներուն մէջ` մշակութային, գիտական եւ այլն:
Բայց նման աշխատանքներ ունինք կատարելիք եւս` աշխարհասփի՛ւռ մեր ազգի ներուժը զարգացնելու տեսակէտէն:
Մեր բոլոր վարժարաններուն մէջ աւելի՛ կարեւորութիւն ընծայել մարզական դաստիարակութեան:
Հայ թէ օտար վարժարան յաճախող աշակերտներուն մէջ որոնել, գտնել ու քաջալերել մարզական կարողութիւններ ցուցաբերող աշակերտները:
Կրթաթոշակներ հաստատել այս մարզին համար եւս:
Մղել, որ մեր լաւագոյն ուժերը մրցին միջազգային մակարդակներու վրայ, նիւթապէս ու բարոյապէս զօրավի՛գ կանգնիլ անոնց:
Տակաւին աւելի՛ն. երբ անոնք լաւագոյն արդիւնքներ ձեռք ձգեն, մղել զիրենք, որ Հայաստանի՛ անունով սկսին ներկայանալ աշխարհի առջեւ, ինչպէս եղաւ մէկ սքանչելի մարզիկուհիի` Հուրիի պարագային, Ռիոյի մէջ:
Հայ պատանիին ու երիտասարդին մէջ մշակել գերազանցմա՛ն ձգտումը եւ ո՛չ սնափառութիւնը, հպարտութի՛ւնը եւ ո՛չ պարծենկոտութիւնը, եւ ասիկա` ըլլա՛յ մարմնամարզի, ըլլա՛յ կրթութեան, թէ ապագայ ասպարէզի ոլորտներուն մէջ. բայց ատիկա արդէն այլ մտորումներու նիւթ դառնալու է:
Մտածումներու այս շարքը փակելու համար կ՛ուզեմ մէկ այլ առաջարկ եւս ընել:
Մարզական աշխարհը պէտք չէ դուրս մնայ Հայ դատի անմիջական ուշադրութենէն: Բացառիկ առիթներ կրնան ստեղծուիլ միջազգային խաղերու կամ մրցոյթներու ատեն, երբ մեր չսպասած մէկ պահուն մեր իրաւունքներուն տէր կանգնելու, մեր խօսքը աշխարհին լսելի դարձնելու առիթը կը ներկայանայ: Ինչպէս եղաւ Ռիոյի մէջ, սակայն հոն չէինք…
Մեծ եղեռնի զոհ, հայ մարմնամարզական շարժումի գլխաւոր հիմնադիր մեծն Շաւարշ Քրիսեան աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ այս բաները կը փորձէր սորվեցնել մեզի: Ի վերջոյ պիտի լսե՞նք զինք: Պիտի քաղե՞նք մեր դասերը: