Կեանքի մէջ, թէեւ հազուագիւտ, բայց անպայման կը հանդիպինք անհատականութիւններու, որոնք ո՛չ միայն իրենց ողջուց քեզի կը պարգեւեն օրհնաբեր ներկայութիւն, այլ նաեւ` իրենց բացակայութեան: Դէպի անդենական ճամբորդութեան ընթացքին անոնք քեզի հետ կ՛ըլլան, կ՛ապրին ու կը շնչեն գրեթէ ամէնօրեայ հետեւողութեամբ` ժառանգ թողած ըլլալով հիւլէ մը իրենց ազնիւ հոգիէն, մասունք մը` պայծառ մտքէն եւ բիւրեղացած ներաշխարհ մը` էութենէն:
Սիրելի՛ մեծ մայր, նման մտորումներ ունեցայ քառասուն օրեր առաջ, երբ թաղմանդ օրը եկեղեցւոյ մէջ լուսափայլ դագաղիդ շուրջ հաւաքուած էր խուռներամ բազմութիւն մը: Անոնք` ընտանեկան պարագաներ, հարազատներ, հայ թէ օտար բարեկամներ, մէկ խօսքով քեզ մօտէն ճանչցողներ եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու, աղօթելու, վերջին անգամ հաղորդուելու քու ֆիզիքական լո՜ւռ օրհնութենէդ եւ հոգեկան գոհունակութեամբ քեզի մաղթելու աստուածահաճոյ խաղաղութեամբ յագեցած բարի ճանապարհ դէպի մարդկայնութեան ակունքներ, դէպի լուսազարդ երկինքի արքայութիւն:
Յայտնեմ նաեւ, որ, հակառակ դառնակսկիծ պահու ազդած ճնշումին եւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուելուդ գաղափարին, զարմանալիօրէն մեր հոգիներուն խորը կ՛առկայծէր ներքին խաղաղ զգացողութիւն մը, որով համակած էիր մեզ եւ ամբողջ շրջապատ մը քու աղօթարարի, եկեղեցասէրի կերպարիդ ընդմէջէն:
Եւ այդ խորհրդաւոր արարողութեան պահուն մեր մտքի պաստառին վրայ մէկ առ մէկ տողանցեցին ազնուասիրտի, քաջալերողի, գորովագութի եւ մարդակերտի այն բոլոր խօսքերդ, մտածումներդ եւ մաղթանքներդ, որոնք տարիներու ընթացքին եւ տարբեր առիթներով արձանագրած էիր քու իսկ ձեռակերտ բացիկներուդ մէջ եւ զանոնք նուիրած սիրելիներուդ` յանուն հայաշունչ ապրումներու բոցավառումին, բայց մանաւանդ` քրիստոնէաւանդ դաստիարակութեան առաւել ամրագրումին:
Կը յիշե՞ս, սիրելի՛ մեծ մայր, թէ երեք իրերայաջորդ տարիներու ընթացքին հայ մամուլի էջերէն քեզի նուիրած էի քանի մը համեստ գրութիւն, մայրերու տօնին առիթով, առանց յիշատակելու անունդ (երկուքի պարագային), պարզապէս չվիրաւորելու համեստութիւնդ եւ միշտ վառ պահելու առաքինի կերպարիդ բարեմասնութիւնները:
Շատ լաւ կը յիշեմ, թէ նշեալ գրութիւններուն մէջ յայտնապէս շեշտած էի հայ մօր կերպարին տոկունութեան, անսահման նուիրումին, տիրական ներկայութեան, ազնուական դիմագիծին, հրաշալի սիրոյն եւ լայնախոհ խոհերուն մասին: Աւելի՛ն. երբ զուգահեռներ կը գծէի մօտիկ անցեալի եւ մեր օրերու հայ մօր պարտաւորութիւններուն միջեւ, առանց երկմտանքի լոյսին կը բերէի հեզահամբոյր նկարագիրիդ եւ բարեպաշտ խառնուածքիդ իւրայատկութիւնները, ընդգծելու ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, թէ բոլոր ժամանակներուն ալ հայ մօր կերպարին պահուածքը նոյնն է եղած, հակառակ կեանքի թաւալքին ու պարտադրանքներուն:
Իսկ երբ ուզէի լոյսին բերել հայ մօր վերապահուած դաստիարակիչի եւ ուսուցողի կերպարը, կը վերակենդանացնէի այն պահերը, երբ ժուժկալ, հանդարտ քայլերով, սակայն յարգանք պարտադրողի ներկայութեամբ կը շէնցնէիր դասախօսական երեկոյ մը, հայ թէ օտար լեզուով մատուցուած:
Փաստօրէն, լո՜ւռ եւ ուշադիր հետեւելէ ետք դասախօսին յայտնած միտքերուն, ինքնազարգացումի հրայրքը դէմքիդ կը հեռանայիր սրահէն, երախտագիտական զգացումդ յայտնելէ ետք:
Իսկ մենք` քեզ մօտէն ճանչցողներս, քու ազգային ու մարդկային ապրումներուդ ցոլքերովն կը հանդիպէինք տարբեր առիթներով եւ միջավայրերու մէջ: Հոն, ուր կար քրիստոնէական ուսուցմունքի խայտանք` ներկայ էիր` ո՛չ միայն իբրեւ հանդիսատես կամ ունկնդիր այլ նաեւ` որպէս զրուցակից, հաղորդակից եւ բազում անգամ դասախօսական ներկայացումներով:
Ի դէպ, ձեռակերտ ու երփներանգ բացիկներդ կը մարմնաւորէին ամբողջ ներաշխարհդ, մտաւորականի հայեացքներդ եւ եկեղեցասէրի հոգեկերտուածքդ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր եզակի թեմա եւ կ՛ընդգրկէր սուրբգրային խօսքեր, խորհուրդներ եւ թելադրանքներ:
Աւելի՛ն. նրբաճաշակ, գեղագէտի եւ ձեռային յատկութիւններով օժտեալ բացիկներդ արտացոլացումն էին պայծառամիտի ու յստակատեսի յատկութիւններդ, որոնց ընթերցումով մենք առաջին հերթին կը հիանայինք ոճիդ, մաքուր ու պերճ լեզուիդ, մատուցած նիւթիդ եւ մաղթանքներուդ, ապա կը համակուէինք անոնց պարգեւած խորհուրդներուն մեծութեամբ:
Սիրելի՛ մեծ մայր, առաքինութեամբ յագեցած մօր կերպարին ամէնէն իմաստալից արտայայտութիւններուն կենդանի օրինակն էիր ամբողջ շրջապատի մը համար: Աստուածահաճոյ նկարագրային բարեմասնութիւններուդ լաւագոյն ապացոյցը անսահման սիրոյ եւ անմնացորդ խանդաղատանքի արժանիքներդ էին:
Տիեզերական գոհունակութեամբ շեշտը կը դնէիր զաւակներու եւ թոռներու հանդէպ սիրով լեցուելու ունակութեան վրայ: Եւ շնորհիւ այս պահուածքիդ, կրցեր էիր ստեղծել հայաբոյր եւ քրիստոնէաշունչ ընտանիք, դաստիարակել զաւակներ եւ թոռներ, որոնք իրենց կարգին լծուած են հայ կեանքի մէջ ունենալու ե՛ւ ազգային, ե՛ւ մարդկային առաքելութիւն, կրթական, ակադեմական թէ քրիստոնէական շունչի ու ոգիի տարածման մէջ:
Ի տարբերութիւն այլոց, կը յատկանշուէիր երկու հիմնական արժանիքներու հանդէպ ցուցաբերած հաւատամքի զօրութեամբ` յամառ ընթերցասիրութիւն եւ իւրօրինակ աստուածասիրութիւն:
Յայտնապէս այս երկու արժանիքներու ծաղկաւէտ եւ շնորհակալ արտայայտութիւնները կը տողանցէին գրութիւններուդ մէջ, երբ առանց վարանումի եւ ինքնաճանաչողութեամբ արձանագրած կ՛ըլլայիր Սուրբ գիրքէ առնուած սաղմոս, խորհուրդ թէ իմաստուն խօսք մը, պարզապէս շեշտադրելու այն ճշմարտութիւնը, որ մարդ արարածին միտքն ու հոգին կը սնանին գերազանցապէս մարդկայնութեամբ, քրիստոնէաշունչ մտածումներու առատութեամբ եւ ներկայութեամբ:
Այո՛, հեզահամբոյր յանձնառութեամբ եւ ամէն պատեհ առիթի լոյսին կը բերէիր քրիստոնէաւանդ դաստիարակութեան կարեւորութիւնն ու թելադրականութիւնը` իբրեւ նշաձող ինքնահաստատման եւ բարեպաշտ կեանքի մը հունաւորումին:
Այլապէս ալ իբրեւ լայնախոհ եւ զարգացման հակամէտ մեծ մայր, ամէն քայլափոխի մեծ խանդաղատանքով կ՛արձագանգէիր դիմացինին մարդկային արժանիքներուն ու կարողութիւններուն: Գերազանցապէս օրինակելի եւ հոգեգրաւ էին այն բոլոր քաջալեր խօսքերդ եւ ազնուասիրտ մտածումներդ, զորս կ՛արտայայտէիր գրուած յօդուածի, ներկայացուած դասախօսութեան, թէ կրթական աշխատանքի մը յաջողութեան առիթով, որովհետեւ քաջ հաւատացողն էիր մարդկային քաղաքակրթական վերելքին ու սերունդներու զարգացման:
Սիրելի՛ մեծ մայր, վերջերս երբ կրկին կը թղթատէի եւ կը շոյէի իւրաքանչիւր բացիկ, զոր ուղարկած էիր տարբեր առիթներու, նկատեցի, որ վերեւ յիշուած արժանիքներուդ առընթեր, տողերուդ եւ ընտրած նիւթերուդ մէջ առկայ են խոհական-իմաստասիրական մտածումներ, որոնք վստահաբար արգասիքն էին ընթերցանութեան ծարաւիդ եւ ներհուն մտածողի կերպարիդ:
Պարտք կը զգամ յայտնելու, որ Աստուածաշունչի առընթեր, հայ մամուլի հաւատաւոր ընթերցող մըն էիր: Եւ հակառակ ութսունամեայ պատկառելի տարիքիդ, գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւէիր հայ մամուլին եւ մօտէն կ՛առնչուէիր հայ կեանքի ամէն մանրամասնութեան:
Աւելի՛ն. յանձնառու ընթերցողի կերպարիդ հաւատարիմ, երբ կ՛ընթերցէիր ծանօթ յօդուած մը, անպայման որ կ՛արձագանգէիր եւ սրտաբուխ, անանձնական եւ օրհնաբեր մաղթանքներով կը պարուրէիր խօսակցութիւնդ:
Այսօր, երբ արդէն ֆիզիքապէս հեռու ես մեզմէ, մենք կ՛ապրինք ու կը շնչենք քու ներկայութիւնդ, կը զգանք սրտի տրոփներդ, կ՛ըմբոշխնենք մայրական օրհնութիւնդ, կը յիշենք կենսուրախ ու բարի ժպիտդ, կը լսենք հեզահամբոյր խօսքերդ, մաքրամաքուր ու անկեղծ մաղթանքներդ:
Իսկ այս ապրումներուն խթանն ու մղիչ ուժը քու իսկ ձեռամբ ստեղծած բացիկներուդ թովչանքն են, անոնց թողած գեղարուեստի ու հմայքի կենարար ազդուութիւնը:
Սիրելի՛ մեծ մայր Նուէր Հայտոսթեան, դուն աստուածահաճոյ նուէր մըն էիր ընտանիքիդ, հարազատներուդ եւ շրջապատիդ: Ամբողջ կեանք մը ապրեցար արժանահաւատօրէն եւ զատորոշուեցար շրջապատէդ` ներհուն աղօթարարի եւ օրհնաբաշխի առանձնայատկութեամբ:
Իբրեւ ծաղկեփունջ պայծառ շիրիմիդ, փոխ կ՛առնեմ 14 նոյեմբեր 2013 թուակիր ուղարկած բացիկիդ մէջ արձանագրած սա սրտակից միտքը, որ կ՛ըսէ. «Երբ տարեց մը մահանայ կը նմանի այրող փոքր գրադարանի մը, բայց… լոյս տուող գրադարանի»:
Դուն լուսաւորեցիր սերունդներու ուղին, միտքն ու հոգին:
Հանգիստ ննջէ, սիրելի՛ մեծ մայր:
Յարգանք վաստակիդ:
Կարօտով`
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ