Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Անդրադարձ. Զինուորական Ծառայութիւն Եւ Դրօշակի Արարողութիւն

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

1958-ի լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն ետք որոշուեցաւ դպրոցական 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարանի, կամ համալսարանի առաջին տարուան «ֆրեշմէն»` 12-րդ դասարան չունեցող դպրոցներու պարագային, լիբանանահպատակ աշակերտ-ուսանողներուն պարտադիր եռամեայ զինուորական մարզում-պատրաստութիւն կատարել` իբրեւ պահեստի զինուորներու, որ միաժամանակ Լիբանանի զանազան համայնքներուն պատկանող երիտասարդները իրարու մօտեցնելու նպատակին կը ծառայէր:

Առաջին տարին, 1965-ին, Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի (ԿԲՎ) աշակերտներս չորեքշաբթի օրերը, կէսօրէ ետք, 3 ժամ վարժարանի բակին մէջ կը կատարէինք նախնական կարգապահական վարժութիւններ` շարուիլ, տողանցել, աջդարձ, ձախդարձ, ետդարձ եւ այլն, ինչպէս նաեւ կը սորվէինք բանակին նուիրապետական կարգերը, աստիճանները, հիմնական օրէնքներ, կանոններ եւ այլն, մարզիչ ունենալով հանրածանօթ Ստեփան Օգնայեանը եւ անոր օգնական զղարթացի Սարգիսը:

1965 ԿԲՎ-ի բակը 10-րդ դասարանի 1966 չարքաշ մարզում Շամունի մարզաւան «զինուորները» մարզիչ Սարգիսի շուրջը

1965 ԿԲՎ-ի բակը 10-րդ դասարանի 1966 չարքաշ մարզում Շամունի մարզաւան «զինուորները» մարզիչ Սարգիսի շուրջը

1966 չարքաշ մարզում Շամունի մարզաւան

1966 չարքաշ մարզում Շամունի մարզաւան

Յաջորդ տարի` 1966-ին, մեր վարժութիւնները ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենային Ք. Շամունի անուան մարզաւանի շրջափակին, կամ մարզասրահներէն մէկուն մէջ, որուն համար դպրոցէն պէտք էր իջնէինք Էշրեֆիէի հարիւրաւոր աստիճաններէն դէպի Արմենիա փողոց, քանի որ երկու կողմը նստարան տեղադրուած զինուորական հսկայ բեռնակառքը, որ մեզի դաշտ պիտի փոխադրէր, դժուարութիւն կ՛ունենար նեղ փողոցներէն դպրոց հասնելու:

Այս երկրորդ տարին աւելի «չարքաշ» մարզանքներով ու վարժութիւններով կը մարզուէինք` Ա. Աշխարհամարտէն մնացած ֆրանսական «Պերթիէ-Քարպին» հրացանով տողանցել, բարեւել, հրացանով սողալով յառաջանալ, հրացանը ընկերոջ փոխանցել, երեք հրացանով գետնին վրայ «բուրգ» կազմել, հրացանը քակել, մաքրել եւ վերակազմել եւ այլն, ֆրանսական «Հոչքիս» բազմազարկ հրազէնին միա՛յն ծանօթանալ, իսկ դպրոցական տարուան ամբողջ ընթացքին հրացանով միա՛յն 5 փամփուշտով նշանառութիւն կատարել:

Զինավարժութիւն Շամունի մարզաւան

Զինավարժութիւն Շամունի մարզաւան

Բուրգ Շամունի մարզաւան

Բուրգ Շամունի մարզաւան

Զինուորական իսկական փորձառութիւնը, սակայն, տեղի կ՛ունենար երկրորդ եւ երրորդ տարիներու ամրան` երեք շաբաթ տեւողութեամբ բանակումի ընթացքին: 1966-ի կիզիչ օգոստոսին էր, աւարտական 11-րդ դասարանի առաջին բանակումը` Պէյթէտտին պատմական աւանի քարքարուտ, փոշոտ, անջրդի ու լերկ բլուրի մը վրայ գտնուող վրանային բանակավայրին մէջ:

Առաւօտեան ժամը 5-ին, Արմենիա փողոցի սովորական վայրէն, ամերիկեան «ՌԻՕ Մ-35» տիպի հսկայ զինուորական բեռնակառքը հաւաքեց մեր դասարանի 11 աշակերտներէն եօթն. միւս չորսը յաջորդ հանգրուանին պիտի մասնակցէին, իսկ ճամբուն վրայ տեղական այլ վարժարանէ մը աշակերտներ հաւաքելով` հասանք բանակավայր: Ուղեւորութեան ընթացքին տեղացի երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը տխուր, դժգոհ ու յոռետես էին, եւ բանակումի մասին տարօրինակ ըսի-ըսաւներով զիրար աւելի կ՛անհանգստացնէին, բացի մեր տղոց մեծամասնութենէն, որոնցմէ ես ու Հայկը ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ էինք ու մեզի համար հաճելի արձակուրդ մը կը համարէինք այս բանակումը:

Բանակավայր հասնելուն անմիջապէս յաջորդեց վրաններու բաժանումը: Մասնակից շուրջ 900 երիտասարդ` շարուեցանք կեդրոնական հաւաքավայրին մէջ, ուր կարդացուեցան մեր անունները, վրանին թիւը ու պատասխանատու բանակային տասնապետին անունը, որուն գլխաւորութեամբ 7-9 մարզուող պիտի բնակէին իւրաքանչիւր վրանի մէջ: Մեր դասարանէն Յակոբը եւ ես նոյն վրանի բնակիչ դարձանք 4 տեղացիներու կողքին, իսկ երկու անձերու բանակումէն բացակայութեան պատճառով մեր կեցութիւնը աւելի հանգստաւէտ դարձաւ: Անուանացանկէն յայտնի դարձաւ, որ 8 հայեր եւս ներկայ էին` Ճեմարանէն, Հայ աւետարանական քոլեճէն ու օտար վարժարանէ մը, հայ մասնակիցներուն թիւը հասցնելով 15-ի, իսկ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուս թիւը` չորսի:

Մեր պայուսակները վրանին մէջ տեղաւորելէ ետք, վրան առ վրան ներկայացանք մատակարարման կեդրոնը` ստանձնելու համար զինուորական մեր համազգեստը եւ կօշիկը: Ընդհանրապէս ոեւէ մէկը իր չափին տարազ չունեցաւ. տարազները մեծ չափի էին, եւ այնպէս` ինչպէս անոնք դիզուած էին, յաջորդաբար յանձնուեցաւ ներկայացողին` առանց նկատի առնելու մարզուողին չափն ու տղոց գանգատները: Իմ տարազս երեք-չորս չափ մեծ էր, բայց կօշիկը` յարմար, իսկ Շահէին, որ մեր մէջ ամէնէն գիրուկն էր ու հասակաւորը, տարազն ալ երկու չափ մեծ էր… Այդ առաջին օրը անցաւ դասաւորումներով ու ծանօթացումներով:

Մեր վրանը տասնապետը Յակոբ ոմն եւ Յարութ

Մեր վրանը տասնապետը
Յակոբ ոմն եւ Յարութ

Հայ հնգեակ մը «Ֆետայական» դիրքով

Հայ հնգեակ մը
«Ֆետայական» դիրքով

Ամէն «առաւօտ», լուսաբացէն առաջ կը սկսէր մեր օրը. ժամը 4-ին էր զարթնումը… Առաջին առաւօտը արթնցան անոնք, որոնք կրցած էին քնանալ, ու սկսանք մարզանքի` առանց լուացուելու, կատարելով շուէտական մարզանք, վազք ու քայլարշաւ  մինչեւ ժամը եօթը: Որմէ ետք պէտք էր լուացուէինք, համազգեստը հագնէինք ու նախաճաշի երթայինք ժամը ութին` հսկայական վրան-ճաշարանին մէջ:

Իբրեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտ` արարողակարգի թերութիւն նկատեցի առանց դրօշակի արարողութիւն կատարելու նախաճաշելը` կարծելով, որ նախաճաշէն ետք պիտի կատարէինք դրօշակի արարողութիւնը: Սակայն նախաճաշէն ետք անցանք օրուան դաստիարակչական յայտագիրին` առանց դրօշակի արարողութեան… Դադարէ մը ետք, ամենայն պարզութեամբ, մեր տասնապետին հարցուցի, թէ ե՞րբ պիտի կատարէինք դրօշակի արարողութիւնը: Տասնապետին դէմքը տարօրինակ արտայայտութիւն մը ստացաւ, ու պահանջեց, որ կրկնեմ հարցումս, եւ երբ կրկնեցի հարցումս, նուիրապետական կարգով տարաւ զիս պատասխանատուէ պատասխանատուի, մինչեւ հազարապետին մօտ, եւ կրկին կրկնել տալէ ետք հարցումս, հազարապետը իր կարգին տարաւ զիս բանակավայրի ընդհանուր հրամանատարին` ըսելով, թէ այս զինուորը հարցում մը ունի: Այս միջոցին, հակառակ բացարձակ ինքնավստահութեանս, քիչ մը շուարեցայ ու սկսայ մտածել, թէ սխալ ընթացքի մէ՞ջ էի արդեօք, սակայն ամենայն ինքնավստահութեամբ կրկնեցի հարցումս… Հրամանատարը հպարտութեամբ եւ ուրախութեան բացագանչութեամբ քովի օգնականներուն ըսաւ` «Ահա այս է իսկական լիբանանցին ու զինուորը», ու ինծի գնահատական ապրի՛սով մը ազատ կացուցեց:

Յաջորդ առաւօտ, նախաճաշէն առաջ, հրահանգուեցաւ ընդհանուր հաւաք բանակավայրին կեդրոնը: Կարգապահական հանգիստ-պատրաստէն ետք, ընդհանուր հրամանատարը անունս տալով` հրահանգեց ներկայանալ առաջին շարքին առջեւը, կեդրոն, ու սկսաւ հայրենասիրութեան ու դրօշակի խորհուրդին մասին պատգամ մը փոխանցել` քանի մը անգամ ակնարկելով օրինակելի այս կեցուածքին ու շեշտելով լիբանանահայուն հայրենասիրութիւնը, միեւնոյն ժամանակ անուղղակիօրէն քննադատելով միւս յարանուանութիւններուն պատկանող երիտասարդները, որոնք միայն դժգոհութիւն կը յայտնէին բանակումի պայմաններուն, վրաններուն, փոշիին, ճաշերուն մասին… եւ այլն:

Սակայն այդ առաւօտ, եւ մինչեւ բանակումին աւարտը, դրօշակի արարողութիւն տեղի չունեցաւ… ըստ երեւոյթին, այդ մէկը բանակումի ծրագիրին մաս չէր կազմեր:

Այս դէպքը հանրածանօթ դարձուց զիս, մանաւանդ` աւագանիին մօտ, անհանգստացնելու աստիճան. օրինակ` խմբային մրցումներու ընթացքին մեր գնդապետը միշտ իր յորդորներով կը փորձէր, որ յաղթական դառնամ, մանաւանդ «Հոչքիս»-ով նշանառութեան ժամանակ ետիս կանգնելով ու ցուցմունքներ տալով` աւելի խանգարեց կեդրոնացումս, թէեւ պատուաբեր արդիւնք կրցայ բերել:

Ճաշի ժամ ճշդուած էր ժամը 12-ը, որմէ ետք, մինչեւ ժամը 16 դադար ու հանգիստի պահ էր: Հակառակ տիրող տարաձայնութիւններուն, բոլոր ճաշերը բացառիկ համեղ էին եւ առատ, ու սպաները նոյն վրանին տակ, մեզի հետ, մեզի նման նոյն կերակուրը կը ճաշակէին: Իւրաքանչիւր վրանին համար չորս հոգիով կը ներկայանայինք խոհանոց, ուր կոնաձեւ, մետաղեայ փայլուն մեծկակ ամանները կը լեցնէին օրուան ճաշով: Մնայուն ճաշացուցակը կը բաղկանար` առաջինը` շերտուած ֆրանսական թարմ հաց, երկրորդը` բրինձէ եղինձ (փիլաւ), երրորդը` լիբանանեան աղցան` թարմ լոլիկ, վարունգ ու հազար, իսկ չորրորդը` օրուան ճաշը, որ անպայման մսեղէն կ՛ըլլար: Դժբախտաբար հսկայ ճաշարան-վրանին կէսը թափուր կ՛ըլլար, ու այդ բացակաները կ՛երթային բանակավայրի ցանկապատին շուրջը հաւաքուած փերեզակներէն կարկանդակ, տուրմ եւ այլն կը գնէին…

Մեր վրանէն Յակոբին հետ առանձին կը մնայինք հսկայ ճաշարանին մէջ ու յատկապէս կը փորձէինք դանդաղօրէն այդ համեղ ու առատ ճաշերով մեր մեծ չափի համազգեստները լեցնել… Իսկ ճաշէն ետք մեր սեղանը ու շրջակայքը կը մաքրէինք: Այս մէկը նաեւ չվրիպեցաւ պատասխանատուներու ուշադրութենէն: Նախ խոհանոցի պատասխանատուները կ՛ուրախանային, որ իրենց ճաշը գնահատողներ կային, իսկ երկրորդ` իրենց պարտականութիւնն էր մաքրութիւնը, որուն կամաւոր կերպով կը մասնակցէինք մենք: Սակայն մենք ուրիշ ընելիք չունենալով, մեր ժամանակը անցընելու համար, իբրեւ զբաղում, շարունակեցինք առօրեայ այս մաքրութիւնը երեք ժումերէն ետք:

Առաւօտ մը, ընդհանուր հաւաքին, հրամանատարը անդրադառնալով մեր կուշտ ու կուռ ճաշելուն ու մաքրասիրութեան, կրկին վեր առաւ այս վարքագիծը` պախարակելով ու յանդիմանելով բոլոր անոնք, որոնք ճաշը կը թափէին ու փերեզակներուն վատառողջ ուտելիքներով կը «սնանէին»:

Բանակումի վերջին օրերուն գլխաւոր մարզանքը կը համարուէր շուրջ 10+10 քմ երթուդարձի քայլարշաւը դէպի Այն Պարուք: Հազարապետը որոշեց, որ շեփորովս (թրոմփեթ) պիտի առաջնորդէի ու գլխաւորէի մեր «բանակը»: Երբ յայտնեցի, որ միայն հայկական ու արեւմտեան եղանակներ կրնայի նուագել, ըսաւ, որ ուզածս նուագեմ` համաձայն գտնուելով նաեւ, որ բոլոր հայ տղաքը առջեւէն քալէին: Այսպէս, բոլորս հայկական, ազգային-յեղափոխական ու սկաուտական երգեր երգելով ու, հազարապետին հրահանգով, ընդհանուրը բացագանչութիւններով կը մասնակցէին մեր երգերուն, եւ մերթ-ընդ-մերթ վազելով` հասանք Այն Պարուքի ճաշարաններէն մէկը: Այս միջոցին, եթէ հայեր անցնէին մեր ճամբայէն, պիտի հպարտանային հայկական այս բանակով, կամ պիտի կարծէին որ լիբանանեան բանակը հայերէն երգեր սորված է:

Բանակումի հայ զինուորներէն խումբ մը Աջին 6-ը ԿԲՎ

Բանակումի հայ զինուորներէն խումբ մը
Աջին 6-ը ԿԲՎ

Այն Պարուքի ճաշարանը 3 տասնապետերու հետ քայլարշաւի կէսին

Այն Պարուքի ճաշարանը 3 տասնապետերու հետ
քայլարշաւի կէսին

Օգտակար ու կարեւոր էր զինուորական այս ծրագիրը լիբանանցի երիտասարդներուն համար, որ ուսումի կողքին, նոյն հայրենիքի պատկանելիութեան զգացումը կ՛արթնցնէր, զանազան համայնքներու զաւակներուն մէջ, իրարօգնութեան, չարքաշ կեանքի ու կուռ նկարագրի կերտումին կը սատարէր: Հետագային ծրագիրը վերածուեցաւ «Դրօշակի ծառայութիւն» անուանումով պարտադիր ծառայութեան, որ 1983-2004 միամեայ էր, 2004-ին փոխուելով վեցամսեայ դրութեան, իսկ ափսոս որ 2007-ին բոլորովին դադրեցաւ (*):

Յոյսով ենք, որ Լիբանանի բոլոր երիտասարդներուն հայրենասիրութիւնն ու կարգապահութիւնը մեր տիպար բանակին կողքին, պիտի ապահովէ երկրին ապահովութիւնը, համերաշխ գոյակցութիւնը` աւելի կայուն ու բարգաւաճ ապագայ մը խոստանալով:

6 սեպտեմբեր 2016

(*) ( https://www.lebarmy.gov.lb/en/content/military-service )

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>