Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Արցախը Մեր Արեւելեան Դարպասն Է (Իսկ Որեւէ Դարպաս Ամուր Կը Պահուի)

$
0
0

VATCHE-PROUDIAN1-fՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Անցնող ապրիլ ամսուն, Թալիշի խրամատներէն մէկուն մէջ, հեռադիտակով ինծի ցոյց տուին դիմացը բլուրի մը վրայ գտնուող գիւղ մը, որուն ծայրը` կարմիր տանիքով տուն մը: «Դա Շահէն Մեղրեանի բնակարանն է», ըսին:

«Դիմացը» ըսուածը Արցախի Շահումեան շրջանն էր, իսկ գիւղը` Շահէն Մեղրեանի ծննդավայր Գիւլիստանը: Շահումեանի շրջանը այսօր կը մնայ բռնագրաւուած` Ազրպէյճանի կողմէ:

Արցախի անկախութեան հռչակումով, 25 տարի առաջ, հայութեան արդար իրաւունքներու վերատիրացման հարցը մտաւ նոր փուլ` հողահաւաքի գործընթացով:

Անցնող դարու վերջին քառորդին արդէն հայ քաղաքական միտքը (յատկապէս` ՀՅ Դաշնակցութեան ճամբով) մշակած եւ զարգացուցած էր հայահաւաքի եւ հողահաւաքի ոչ միայն գաղափարները, այլեւ` զանոնք գործնականացնելու միջոցները: Բոլորս ալ շատ լաւ կը գիտակցէինք, թէ հողը չի տրուիր: Հողին կարելի է վերատիրանալ: Եւ կարելի է վերատիրանալ միայն արիւնով:

Այդ արեան գինը վճարուեցաւ Արցախի ազատագրումին համար: Իսկ այս ազատագրումին ամենակարեւոր քաղաքական փուլերէն մէկը Արցախի անկախութեան հռչակումն էր, 2 սեպտեմբեր 1991-ին: Օրին այս քայլը առնուեցաւ ամբողջովին համահունչ Խ. Միութեան օրէնսդրութեան: Տարբեր խօսքով, Արցախի անկախութեան հռչակումը կ՛ամբողջացնէ այն օրինական պայմանը, որ կ՛ամրապնդէ մեր իրաւունքներու պաշտպանութիւնը` քաղաքական բնագաւառէն ներս:

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը անգամ մը եւս մեզի ցոյց տուաւ այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ արդէն գիտէինք. հողը կը պաշտպանուի զէնք-զինամթերքով, կռիւով, արիւնով:

1994-էն ի վեր շարունակուող դիւանագիտական բանակցութիւնները անցան բազմաթիւ փուլերէ: Բազմաթիւ անգամներ, աշխարհի ճակատագիրը տնօրինող մեծերը շատ յաճախ անձա՛մբ փորձեցին ճնշում բանեցնել հայկական կողմին վրայ (Քի Ուեսթ եւ այլն)` «հող` խաղաղութեան դիմաց» տարազը պարտադրելու համար:

Այս բոլոր փորձերը ձախողութեան մատնուեցան այն պարզ պատճառով, որ հայութեան համար հողը ենթակայ չէ սակարկութեան: Հողը, հողամասը, տարածքը, ի՛նչ անուն կ՛ուզէք` տուէք, ասոնք հայրենիքին մաս կը կազմեն, անոր մասնիկն են:

Ապրիլեան պատերազմէն ետք, երբ ա՛լ աւելի ցայտուն կերպով երեւան եկան Հայաստանը կառավարող համակարգին թերութիւններն ու թերացումները, հող «տալ-չտալու» խնդիրը սկսաւ անլրջանալու: Բազմաթիւ միջավայրերէ ու յատկապէս ընկերային ցանցերէ ներս սկսան լսուելու հողային հարցով «անզիջողութեան» ձայներ` ոչ թէ հայկական դիւանագիտութեան դիրքերը ամրապնդելու, այլ սոսկ ՀՀ վարչակարգը քննադատելու տրամաբանութեամբ: Ժողովրդային լեզուով, ըսուածին «ամբոխային տրամաբանութիւնը» այն էր, որ` «հասէ՛ք ժողովուրդ, ասոնք հողերը պիտի տան, արդէն համաձայնելու վրայ են, մէջտեղ իջէք, որ արգելք ըլլանք»: Եւ սա վտանգաւոր երեւոյթ է, որովհետեւ Հայաստանի ու հայութեան ապահովութեան խնդիրը դուրս կը հանէ իր լրջութեան բուն շրջագիծէն ու զայն կը վերածէ ներքին քաղաքական պայքարի զէնքի, շահագործումի խաղաքարտի: Երբ մեր երկրի ապահովութեան խնդիրը կը վերածենք ներքին պայքարի դրամագլուխի, կը նշանակէ, թէ կը հարուածենք նոյնինքն այդ ապահովութեան խարիսխը:

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան 1 սեպտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ յայտարարեց, թէ Արցախի «անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը բացառիկ արժէքներ են եւ ենթակայ չեն շահարկումների ու սակարկութեան: Մեզ համար չկայ վերադարձ անցեալին: Իւրաքանչիւր նման փորձ յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով եւ դատապարտուած է ձախողման»:

Փաստաբանական ամէնէն փայլուն, կամ ամէնէն իտէալական կարողութիւնները պէտք է ունենալ ՀՀ քաղաքական կառավարման  այս 25-ամեայ համակարգը պաշտպանել կարենալու համար: Գրեթէ անկարելի առաքելութիւն մը… Սա` իր կարգին: Բայց կարելի չէ Հայաստանի համար ռազմավարական, ապահովական ու մահու կենաց խնդիր մը հակաիշխանական պայքարի շահագործման խաղաքարտի վերածել, անկախ անկէ, թէ իշխանութիւնները ի՛նչ որակ կը ներկայացնեն:

Քաղաքական հասունութեան ցուցանիշը պիտի ըլլայ այն, որ իշխանութիւններու համակիրներ կամ ընդդիմադիրներ, բոլո՛րս, հայութեան բոլոր հատուածներն ու հոսանքները, մէկ բան միահամուռ կերպով, ներառեալ` ժողովրդային մակարդակի վրայ, պարտաւոր ենք յստակացնելու մեր թշնամիներուն, որ

– Առաջին. Արցախի կապակցութեամբ կը մերժենք որեւէ հողային զիջում, որովհետեւ այդ հողերը մեր հայրենիքին մաս կը կազմեն, հետեւաբար սակարկելի չեն:

– Երկրորդ. ժողովրդային այս կեցուածքով ամրապնդել հայկական դիւանագիտութեան դիրքերը Արցախի հարցով բանակցութիւններուն ընթացքին, մանաւանդ` այն տրամաբանութեամբ, որ հարցը սոսկ «հողային» չէ, այլ հայութեան հայրենիք Հայաստանի ֆիզիքական ապահովութեան եւ գոյութեան երաշխիքի խնդիրն է: Եւ այդ երաշխիքին տնօրինումը միա՛յն հայութեան կը պատկանի:

– Երրորդ. անդադար յիշեցնել Ազրպէյճանին, որ ինք տակաւին բռնագրաւած կը պահէ հայապատկան Շահումեանի շրջանը, ի շարս այլ տարածքներու, որոնք Հայաստանի գոյատեւումին ու ապահովութեան համար բանալի կարեւորութիւն կը ներկայացնեն: Այս կէտը լաւ ըմբռնելու համար անպայման կարիք չկայ Թալիշի խրամատներէն հեռադիտակով հանդիպակաց կողմը նայելու:

Հիմնականին մէջ այս երեք կէտերուն մէջ կը խտանայ այն հանգամանքը, որ Արցախը հայկական պետութեան արեւելեան դարպասն է: Եւ ինչպէս որեւէ դարպաս, զայն պարտաւոր ենք պահելու անառիկ, անկախ մեր երկրի քաղաքական ղեկավարութեան որակէն:

Լոս Անճելըս, 1 սեպտեմբեր 2016

vproodian@gmail.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>