Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Բանակցային Գործընթացի Նախապայմանը

$
0
0

0221garoarmenian1ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Արցախի անկախ պետականութեան 25-ամեակը վճռական հանգրուան մը պէտք է ըլլայ Արցախի հարցի կարգաւորման միջազգային բանակցութիւններու ապագայ ընթացքը ճշդելու տեսակէտէն: Այսօր հրապարակուած ՀՅ Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը յստակօրէն կը սահմանէ կարգաւորման սկզբունքները եւ կը գծէ ճանապարհը, որմով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու գլխաւորած բանակցային գործընթացը կրնայ յաջողութեամբ պսակուիլ եւ տարածաշրջանը առաջնորդել խաղաղ եւ արդիւնաւէտ համակեցութեան` ի շահ բոլոր շահագրգռուած կողմերուն:

Եւ սակայն…

Գոյութիւն ունի հիմնական նախապայմանը, որ կրկին ու կրկին պէտք է շեշտել: Բանակցային գործընթացի տարրական կանոնն է բանակցութիւնը` ի՛նք: Բանակցային գործընթացը կ՛ենթադրէ լիովին յարգել զինադադարի պայմանագրի տառն ու ոգին: Ան կ՛ենթադրէ զինեալ գործողութիւններու ամբողջական դադարեցումը եւ ամբողջական խաղաղութեան պայմաններու մէջ բանակցային գործընթացի անկաշկանդ հետապնդումը:

Ցաւալի իրողութիւնը այն է, որ Ազրպէյճան երբեք կանգ չէ առած պատերազմելէ: Ան երբեք չէ դադրեցուցած իր ոտնձգութիւնները ամբողջ շփման գծի երկայնքով: Ան խլած է բազմաթիւ զոհեր` սահմանագծի գիւղերու բնակչութեան շարքերէն, մշտական անապահովութեան մատնելով շրջանի բնակավայրերու առօրեան: Ազրպէյճան չէ դադրած հրապարակաւ ծանուցելէ իր պատերազմական դիտաւորութիւնները եւ բանակցութիւններու սեղանին ներկայացած է միայն վերջնագրերով: Ան երբեք չէ եղած բանակցող կողմ: Ան միշտ ինքզինք համարած է պատերազմող կողմ եւ բանակցային գործընթացը վերածած` զաւեշտի: Եւ առաւել ցաւալին եղած է այն, որ միջազգային կողմերը ցարդ հանդուրժած են Ազրպէյճանի եւ անոր նախագահին ամէնօրեայ օրինախախտումները:

Հետեւաբար իսկական բանակցային գործընթացը դեռ շատ հեռու է իրականութիւն ըլլալէ: Համանախագահող երկիրները ցարդ չեն յաջողած զսպել Ազրպէյճանի ապօրինութիւնները եւ կասեցնել անոր ոճրային գործունէութիւնը: Գործընթացը իրողապէս սառած է վաղուց: Ազրպէյճան եւ Թուրքիա զայն վաղուց առեւանգած են եւ պարպած` իր էութենէ՛ն: Ժամանակն է, որ այս խախուտ փոխյարաբերութեան վերջ տրուի: Ժամանակն է, որ բուն հարցը դրուի սեղանի վրայ յստակ ու մեկին: Ազրպէյճան պարտաւոր է հայկական կողմին հայթայթելու խաղաղութեան անշրջանցելի երաշխիքներ: Ամէն այլ նախաձեռնութենէ առաջ ան պարտաւոր է ստորագրելու միջազգայնօրէն երաշխաւորուած ոչ յարձակման ուխտագիր (non-aggression pact) մը եւ տալու ապացոյցը այդ ուխտագրի  փաստացի կիրարկման, որպէսզի բանակցային գործընթացը փաստացիօրէն սկիզբ առնէ` հետապնդելով երկուստեք ընդունելի համաձայնութեան այն փաթեթը, որուն սահմանումը կ՛ընէ Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը, եւ որ կոչուած է արմատական լուծում բերելու ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանի անվտանգութեան մեծ խնդրին:

Սեպտեմբեր 2, 2016
Ուաշինկթըն


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>