ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Անկասկած որ արուեստի զարգացման եւ տարածման համար անհրաժեշտ է արուեստագէտի հեղինակային իրաւունքի գնահատումն ու պաշպանութիւնը: Ունինք բազմաթիւ արուեստագէտներ (ըլլան անոնք գրողներ, երաժիշտներ, գեղանկարիչներ, թէ այլ տեսակի), որոնց իրաւունքները միշտ չէ, որ յարգուած ու պաշտպանուած են:
![Պերճ Չաքեճեանի ստեղծագործութիւնը Ֆրանսական գիրքի մը կողքին Երուանդ Քոչարի մէկ գլուխ գործոցը` զետեղուած ՆՓԱԿ-ի դիմաց](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/09/Berdj_Kochari_90516.jpg?resize=640%2C477)
Պերճ Չաքեճեանի ստեղծագործութիւնը Ֆրանսական գիրքի մը կողքին -Երուանդ Քոչարի մէկ գլուխ գործոցը` զետեղուած ՆՓԱԿ-ի դիմաց
Հեղինակային իրաւունքները պաշտօնականացնելու եւ պաշտպանելու համար հարկաւոր են մշակուած օրէնքներ ու համապատասխան գործադիր կառոյցներ: Թէեւ արեւմտեան երկիրները այս հարցով նախանձախնդիր կը թուին ըլլալ, սակայն հոն եւս չեն պակսիր խախտումներ, ուր երբեմն այլոց շարքին կը տուժեն նաեւ հայեր: Օրինակի համար, տարիներ առաջ Փարիզի «Պելֆոր» հրատարակչատունը հրատարակած էր երկու գիրք, որոնց կողքերուն վրայ տպած` քանատահայ յայտնի գեղանկարիչ Պերճ Չաքեճեանի գործերէն մէկական նմուշ մը, առանց հեղինակին արտօնութիւնը ունենալու: Պերճ Չաքեճեանի իրաւական բողոքի նամակէն ետք միայն անոր հեղինակային իրաւունքը վերականգնուեցաւ, ու համապատասխան գումարը փոխանցուեցաւ իրեն` իբրեւ վնասուց հատուցում: Իսկ անցեալ տարի, դարձեալ Փարիզի մէջ, աճուրդի դրուեցաւ Երուանդ Քոչարի մէկ քանդակը, որ ձուլուած էր` առանց ձուլելու իրաւունք ունենալու: Ժառանգորդներու բողոքին վրայ խնդրոյ առարկայ արուեստի գործը (իբրեւ ապօրէն ստեղծագործութիւն) անմիջապէս հանուեցաւ աճուրդէն: Լիբանանի պարագային, թէեւ արուեստագէտներու իրաւունքները պաշտպանող օրէնքներ կան, սակայն օրէնքի խախտումները բազմաթիւ են: Տանք կարգ մը օրինակներ. Եղեռնի յիսնամեակի առիթով Զաւէն Խտըշեանի կողմէ կերտուած եւ Պիքֆայայի բարձունքին զետեղուած յուշարձանին լուսանկարը բազմիցս օգտագործուած է տարբեր հրատարակութիւններու մէջ: Սակայն (արուեստագէտին իսկ վկայութեամբ) չափազանց քիչ պարագաներու միայն յիշուած է իր անունը: Այլ առիթով մը հանդիպած ենք օրացոյցի մը, որուն վրայ հրատարակուած էր հնչակեան հերոս Փարամազի կիսանդրիի մէկ լուսանկարը, որուն տակը դրուած էր լուսանկարիչին անունը, իսկ արժանաւոր քանդակագործի անունը` ո՛չ: Ուրիշ պարագայ մը. Լիբանանի արաբերէն լեզուի եւ գրականութեան Թ. դասարանի դասագիրքի մը մէջ հրատարակուած է Վահրամ Դաւթեանի մէկ ստեղծագործութիւնը` վերլուծման եւ մեկնաբանման համար. թէեւ հեղինակի անունը յիշուած է, սակայն հրատարակելու համար արտօնութիւն առած են ո՛չ հեղինակէն, ո՛չ ալ զինք ներկայացնող ցուցասրահէն: Իսկ վերջերս Փոլ Կիրակոսեանի մէկ կեղծ գեղանկարը ի յայտ եկաւ աճուրդի կազմակերպութեան մը քով եւ աճուրդէն հանուեցաւ իրաւական բողոքէ ետք միայն:
![Ռումելեանի պատկերագիրքի կողքը բնօրինակ - Լիբանանեան Պրովէյի արաբերէն լեզուի դասագիրքէն էջ մը](http://i2.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/09/Vahan_Roumelian_90516.jpg?resize=640%2C426)
Ռումելեանի պատկերագիրքի կողքը բնօրինակ – Լիբանանեան Պրովէյի արաբերէն լեզուի դասագիրքէն էջ մը
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, հոն կան սերտուած ու յստակ օրէնքներ, որոնք կը գնահատեն ու կը պաշտպանեն հեղինակային իրաւունքները: Սակայն, հակառակ այս իրողութեան, հոն եւս երբեմն կը պատահին խախտումներ. օրինակ` տարիներ առաջ հանդիպեցանք Երեւանի ՆՓԱԿ ցուցասրահի դիմաց զետեղուած Երուանդ Քոչարի պրոնզաձոյլ մէկ գլուխ գործոցին, որուն պատուանդանին վրայ փորագրուած էր ձուլագործին անունը, իսկ հեղինակինը` ոչ: Իսկ վերջերս պատահմամբ մեր ձեռքը անցաւ Վահան Ռումելեանի պատկերագիրքէն զեղծուած օրինակ մը, որմէ ի յայտ եկաւ, որ Երեւանի ցուցասրահներէն մէկուն տէրն ու տնօրէնը իր նուէր ստացած երկու հարիւր գիրքերու վրայէն ջնջած է հրատարակիչին, խմբագիրին եւ այլ վեց հիմնարկներու եւ մասնագէտներու անունները եւ անոնց փոխարէն` դրած է ի՛ր անունը, ի՛ր ծանուցումն ու իր հասցէն:
![Աղեքսանդրիոյ Պատմական Փարոսը](http://i1.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/09/Badmagan-paros_90516-1.jpg?resize=600%2C450)
Աղեքսանդրիոյ Պատմական Փարոսը
Այնուամենայնիւ հեղինակային իրաւունքներու ոտնահարումը նորութիւն չէ արուեստի պատմութեան մէջ: Միքէլանժելոյի կենսագիրները կը պատմեն, թէ օր մը ան կը նշմարէ, որ Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ դրուած իր մէկ գլուխ գործոցը`«Ողբը», կը վերագրեն այլ քանդակագործի մը` Տոնաթելլոյին: Միքէլանժելօ գիշերով կը մտնէ տաճար եւ գլխարկին վրայ շարած մոմի լոյսի տակ, Տիրամօր կուրծքին ցուցականօրէն կը փորագրէ իր անունը: Իսկ պատմական Աղեքսանդրիոյ նշանաւոր փարոսի ճարտարապետը իր հեղինակային իրաւունքը պահպանելու համար իր անունը` Սոսթրաթուս փորագրելէ ետք պատուանդանի վրայ, յատուկ քարի տպաւորութիւն ձգող նիւթով մը կը ծածկէ զայն եւ ապա միայն անոր վրայ կը փորագրէ իր ժամանակի կայսեր Պտղոմէոս Բ.ի անունը: Շնորհիւ հեղինակի այս խորամանկութեան` այսօր մենք գիտենք, թէ ո՛վ է եղած այդ փարոսին հեղինակը: Պատահած է նաեւ հակառակը. Քրիստոսէ առաջ Ը. դարուն կառուցուած եւ հին Յունաստանի եօթը հրաշալիքներէն մէկուն` Արտեմիսի տաճարի ճարտարապետներուն եւ կերպարուեստագէտներուն անունները չէ, որ յստակ գիտենք , սակայն յայտնի է մեզի տաճարը աւերողին անունը` յոյն ձկնավաճառ մը` Հերոստրատ, որ Քրիստոսէ առաջ 356-ի յուլիս 21-ին հրկիզեց Արտեմիսի տաճարը` պարզապէս իր անունը անմահացնելու համար եւ յաջողեցաւ:
![Արտեմիսի տաճարը](http://i2.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/09/ardemis_90516.jpg?resize=600%2C450)
Արտեմիսի տաճարը
Հին աշխարհի մէջ ընդունուած օրէնք էր, որ հեղինակներու փոխարէն` յիշուէին յուշարձանի կառուցման պատուիրատուներուն անուները, որոնք ընդհանրապէս թագաւորներ, իշխաններ, ազնուականներ եւ կամ ալ կղերականներ կ’ըլլային: Անոնց անուններու յիշատակումը չէ հարցը, այլ հեղինակներու անուններու անտեսումն է անընդունելին: Այս չգրուած օրէնքը գործադրուած է նաեւ հայ իրականութեան մէջ: Թէեւ միջնադարուն երբեմն յիշուած են հայ ճարտարապետներու եւ մանրանկարիչներու անուններ, սակայն կան բազմաթիւ եկեղեցիներ կամ նկարազարդուած մատեաններ, որոնց հեղինակները դեռեւս անյայտ կը մնան:
Յամենայն դէպս մեզ աւելի հետաքրքրողը մեր ժամանակներուն կառուցուած եկեղեցիներու կամ յուշարձաններու հեղինակային իրաւունքներու հարցն է: Արդար է, որ յիշատակուին կղերականներու եւ մեկենասներու անունները, որոնք մեր պատմութեան ողջ ընթացքին մեծ դեր կատարած են հայ մշակոյթի զարգացման ու տարածման շնորհակալ գործին մէջ: Մեր առարկութիւնը կը վերաբերի արուեստագէտներու հեղինակային իրաւունքներու անտեսման կամ նսեմացման: Թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի տարածքին կան օրինակներ, որոնք կը վկայեն մեր հաստատումներուն մասին: Դժբախտաբար նորակերտ կարգ մը եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու պարագային, լիարժէք տեղ եւ վարկ տրամադրուած չէ ճարտարապետներուն եւ կերպարուեստագէտներուն:
Խնդիրը այն է, որ արուեստագէտներէն շատեր գիտեն, որ հեղինակային իրաւունքներ գոյութիւն ունին, սակայն յստակօրէն չեն գիտեր, որ այդ հեղինակային իրաւունքները ի՞նչ են, ո՞ւր կը սկսին եւ ո՞ւր կը վերջանան. եւ կամ` իրաւունքներու կողքին ի՞նչ են իրենց պարտաւորութիւնները:
Իսկ ցուցասրահի տէրերը, արուեստասէրներն ու առհասարակ ժողովուրդը, իրենց հերթին, յաճախ չգիտութեան, երբեմն նաեւ անազնուութեան պատճառով կը թերանան իրենց պարտականութեանց մէջ եւ ակամայ չեն գնահատեր ու յարգեր արուեստագէտներու հեղինակային իրաւունքները:
Որպէսզի թիւրիմացութիւններ եւ անախորժ դէպքեր չպատահին, լաւ պիտի ըլլար, որ սեղանի վրայ դրուէին եւ մասնագէտներու կողմէ հրապարակաւ քննարկուէին հեղինակային իրաւունքներու հարցերը` հանրութեան (յատկապէս` տուժող կողմերու) սեփականութիւնը դարձնելու համար զանոնք: