Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 6 նոյեմբերին: Արդէն իսկ բեմին վրայ եռուզեռ է: Դերակատարներն ու յուշարարները լաւ պատրաստուած են եւ կը ներկայացնեն իրենցմէ պահանջուածը, որ, ըստ երեւոյթին, ամէն բան է… բացարձակապէս ամէն բան, զուրկ` փափկանկատութենէ, պատշաճութենէ, նոյնիսկ բարոյականութենէ: Երբ ընդհանուր արժէքներու եւ չափանիշներու անկումին մէջն ենք, անշուշտ պէտք չէ զարմանանք ի տես այս երեւոյթներուն: Մրցակից թեկնածուներուն խումբերը կը ճգնին զիրար գերազանցել քարոզչական եւ հակաքարոզչական գիւտերով, որոնցմէ մէկը թեկնածուի մը մասին վերջերս պատրաստուած հետազօտութիւն մըն է, որուն երկու տարբեր յօդուածագիրներ անդրադարձած են «Ինտիփենտընթ» թերթին մէջ: Իսկ «Էն.Պի. Սի», «Էյ.Էֆ.Փի» եւ «Կարտիըն» նոյն հարցին անդրադարձած են այլ հրապարակումներով: Վայելեցէ՛ք հատուածներ:
Ն.
Թրամփ` Հոգեկան Խանգարում Ունեցող Քաղաքական Գործիչներու Շարքին
Հանրապետական կուսակցութենէն Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի թեկնածու Տոնալտ Թրամփ աւելի շատ հոգեկան խանգարման գիծեր ունի, քան` նացիական Գերմանիոյ առաջնորդ Ատոլֆ Հիթլերը, այս մասին կը նշուի Օքսֆորտ համալսարանի նոր հետազօտութեան մը մէջ:
Կը հաղորդուի, որ հետազօտութիւնը կատարած է համալսարանի դասախօսներէն տքթ. Քեւին Տաթոն` օգտագործելով անհատի հոգեկան երեւոյթներու ծագումը չափող եւ գնահատող մեթոտները:
Տաթոն հարցումներու ցանկ մը տուած է մասնագէտներուն, որոնք պատասխանած են հարցումներուն` հիմնուելով պատմական այս կամ այն կերպարներու տեսակէտներուն եւ յայտարարութիւններուն վրայ:
Հետազօտութեան արդիւնքներով` Տաթոն կազմած է հոգեկան խանգարման նշաններով առաջնորդներու վարկանշային ցանկ:
Առաջին տեղը գրաւած է Իրաքի նախկին բռնապետ Սատտամ Հիւսէյն` ստանալով 189 կէտ:
Թրամփ ստացած է 171 կէտ, որուն «շնորհիւ» ապահոված է չորրորդ դիրքը` գերազանցելով Հիթլերը, որ ստացած է 169 կէտ: Դեմոկրատական կուսակցութենէն Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն ստացած է 152 կէտ` նոյնպէս յայտնուելով բարձրագոյն քսաններուն ցանկին մէջ:
Մասնագէտներու գնահատմամբ, երկու թեկնածուներն ալ բազմաթիւ կէտեր ստացած են` ե՛ւ դրական, ե՛ւ ժխտական: Այսպիսով, Թրամփ գերազանցած է Հիթլերը հասարակութեան վրայ ազդեցութեան եւ անվախութեան ցուցանիշներով:
Անհատի հոգեկան երեւոյթներու ծագումը չափող եւ գնահատող մեթոտը կը հիմնուի անձի մը բնաւորութեան ութ գիծերու վրայ, որոնց շարքին են` խիզախութիւնը, ճնշուածութենէ զերծ ըլլալը եւ անտարբեր, սառնասիրտ ըլլալը: Հետազօտութեան հեղինակ տոքթ. Քեւին Տաթոն կ՛ըսէ.«Թէ՛ մեծ, թէ՛ սարսափելի ղեկավարները հոգեկան խանգարման գիծերու աւելի բարձր կէտեր կ՛արձանագրեն, քան` ընդհանուր բնակչութիւնը, բայց ատիկա այն գիծերուն խառնուրդն է, որ կ՛որոշէ յաջողութիւնը:
Օրինակ` մէկը, որ շատ կէտեր կը ստանայ ազդեցիկ, անվախ ու անտարբեր, սառնասիրտ հոգիով ըլլալուն համար, կրնայ ըլլալ վճռորոշ ղեկավար, որ ատակ է տալու անաչառ որոշումներ: Եթէ այդ գիծերուն կ՛ընկերանայ բարձր բարձր նիշ(կէտ) ուրիշները մեղադրելու մէջ, ան կրնայ ըլլալ ցեղասպան, ամբոխավար, անսկզբունք քաղաքական ղեկավար մը»:
Ըստ Օքսֆորտ Համալսարանի Նոր Հետազօտութեան Հոգեկան Խանգարումով Ղեկավարներու Հնգեակը
- Սատտամ Հիւսէյն (Իրաք) 189 կէտ
- Հենրի Է. թագաւոր (Անգլիա) 178
- Իտի Ամին (Ուկանտա) 176
- Տոնալտ Թրամփ (ՄՆ) 171
- Ատոլֆ Հիթլեր (Գերմանիա) 169
Յայտնապէս Թրամփ Հոգեկան Խանգարում Ունի, Բայց Որքանո՞վ Վաւերական Է «Հետազօտութիւնը»
Թերթերը ողողուած են Օքսֆորտ համալսարանի նոր հետազօտութեան հրապարակումով, ուր հեղինակը` տոքթ. Քեւին Տաթոն կը նշէ, թէ Հանրապետական կուսակցութենէն Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի թեկնածու Տոնալտ Թրամփ աւելի շատ հոգեկան խանգարման գիծեր ունի, քան` նացիական Գերմանիոյ առաջնորդ Ատոլֆ Հիթլերը:
Թրամփ շատ լաւ ժամանակ չանցուց վերջին շաբաթներուն, մանաւանդ երբ արուեստագէտ մը անոր մերկ, անճոռնի արձանը տեղադրեց Նիւ Եորքի կեդրոնական հրապարակին վրայ` անպատշաճ խորագիրով մը: Նոյնիսկ «Կարտիըն» թերթը ընդունեց, որ արուեստի այդ գործը մեծ, կամ ծիծաղելի չէր: Ամէն պարագայի, որեւէ բան, որ կը համարուի «գիտական հետազօտութիւն», կ՛արտաթորայ հեղինակութիւն մը:
Ես կը կասկածիմ, որ շատեր մտահոգուին Թրամփի նկարագիրին մասին այս հետազօտութեան բացայայտած փաստով: Բայց մենք պէտք չէ նման ուսումնասիրութեան գնդակով թաւալինք: Ատիկա ունի մեծ թերութիւն մը. Տոնալտ Թրամփ անձամբ չէ աւարտած ատիկա: Ի դէպ, «մասնագէտներ»-էն խնդրած են պատասխանել Թրամփի հոգեկան խանգարումներու մասին 56 անձնական հարցումներու: Թրամփ միակը չէ, որ այս միջոցներով կէտեր, նիշեր ստացած է: Ճորճ Ուաշինկթըն, Էլիզապեթ Ա. եւ Մահաթմա Կանտի իրենց բաժինը ստացած են: Նոյնիսկ Հիլըրի Քլինթըն գերազանցած է Հռոմի Ներոն կայսրը` «մաքիավելական եսակեդրոնութեան» առումով: Օ՜հ, հաճի՛ք:
Ասիկա հանրապետական թեկնածուի պաշտպանութիւն չէ, այլ` գիտութեան: Այն փաստը, որ Տոնալտ Թրամփ հոգեկան խանգարում ունի, միայն Տոնալտ Թրամփ կրնայ գիտնալ, եւ ոչ թէ` քաղաքական մեկնաբաններու խումբ մը: Այսպիսի խումբէ մը(քաղաքական մեկնաբաններու) խնդրել գնահատել մէկը անոր անհատականութեան հիման վրայ` կ՛ենթադրէ, որ այդ խումբի գիտելիքներուն դաշտը կը թարգմանուի հոգեբանական հասկացողութեան:
Որոշ հոգեբաններ նաեւ կը շեշտեն, որ անհատականութիւնը հիմնականին մէջ իրավիճակային է, այսինքն նկարագրային գիծերը, որոնք անհատը կը դրսեւորէ, յատուկ են իրենց միջավայրին: Օրինակ` մեզմէ ոմանք կրնան նկատել, թէ իրենք աւելի յարաբերական, արտայայտուող են հաւաքի մը ընթացքին, քան` տան մէջ: Անհատականութիւնը, որ Տոնալտ Թրամփ կը դրսեւորէ ընտրական իր քարոզարշաւի ընթացքին, շատ հաւանաբար տարբեր է, երբ ան առանձին է: Թէ ի՛նչ կ՛անցնի իր մտքէն, ի՛նչ կը կատարուի ներաշխարհին մէջ, ոչ մէկ մասնագէտ երբեւիցէ պիտի գիտնայ:
Հեգնականը այն է, որ եթէ Տոնալտ Թրամփ ունի բարձր քանակութեամբ հոգեկան խանգարումի գիծեր, ատիկա այդքան ալ գէշ բան մը պիտի չըլլայ: Տոքթ. Քեւին Տաթոնի կողմէ յաւելեալ հետազօտութիւններ ցոյց կու տան, որ ճիշդ զուգորդումներու պարագային, նման բնութագիրները կրնան հսկայական առաւելութիւններ ընձեռել որեւէ մրցակցային դաշտի մէջ` աշխատավայրէն մինչեւ քաղաքականութիւն: Բայց ատիկա չէ հարցը. միայն Թրամփ կրնայ գիտնալ, որ ինք հոգեկան հիւանդ է:
«Թրամփ ամէնէն առողջ նախագահը Միացեալ Նահանգներու պատմութեան ընթացքին»
Տոնալտ Թրամփի անձնական բժիշկը եզրակացութիւն ներկայացուցած է անոր առողջական վիճակին մասին, հինգ վայրկեանի ընթացքին:
Դոկտ. Կարոլտ Պորնշթէյն, որ Թրամփը բուժող բժիշկն է 35 տարիէ, հինգ վայրկեանի ընթացքին եզրակացութիւն կազմած է անոր առողջական վիճակին մասին:
Պորնշթէյն Թրամփը անուանած է ամէնէն առողջ նախագահը Միացեալ Նահանգներու պատմութեան ընթացքին, եթէ անշուշտ զայն ընտրեն այդ պաշտօնին:«Թրամփի առողջական վիճակը հոյակապ է, յատկապէս` մտային կարողութիւնները», գրած է դոկտ. Կարոլտ Պորնշթէյն:
Տոնալտ Թրամփի անձնական բժիշկը նաեւ գրած է. «Հակառակ անոր որ ես չեմ հետաքրքրուիր քաղաքականութեամբ, սակայն Թրամփի հանդէպ անձնական համակրանք ունիմ եւ ատիկա փոխադարձ է»:
Թրամփի Խօսքերէն Վիճելի Մէջբերումներ
ՏԱՀԷՇ-ի մասին
«Թեկնածուներէն ոմանք ներս գացին եւ չէին գիտեր, թէ օդափոխիչը խանգարուած է եւ քրտնեցան շուներու նման: Նաեւ չէին գիտեր, թէ սենեակը շատ խոշոր է, որովհետեւ ոչ ոք ունէին հոն: Անոնք ինչպէ՞ս պիտի յաղթեն ՏԱՀԷՇ-ի»:
Ներգաղթի մասին
«Ես խոշոր պատեր պիտի կառուցեմ(հաւատացէ՛ք ինծի, ոչ ոք կրնայ ինձմէ լաւ կառուցել), եւ ատոնք շատ սուղ պիտի կառուցեմ: Ես խոշոր, շա՛տ խոշոր պատ պիտի կառուցեմ մեր հարաւային սահմանին վրայ, եւ պիտի պարտադրեմ, որ Մեքսիքա ատոր համար վճարէ: Արձանագրեցէ՛ք խօսքերս»:
![Մեքսիք Մեքսիքացիները կը մարզուին Թրամփի պատին համար](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/09/Mexicans_90516.jpg?resize=500%2C605)
Մեքսիք. Մեքսիքացիները կը մարզուին Թրամփի պատին համար
Ազատ առեւտուրի մասին
«Ազատ առեւտուրը ահաւոր է: Ազատ առեւտուրը կրնայ սքանչելի ըլլալ, եթէ խելացի մարդիկ ունիս: Բայց մենք անխելք մարդիկ ունինք»:
Մեքսիքացիներու մասին
«Երբ Մեքսիքա իր ժողովուրդը կը ղրկէ, իր լաւագոյնը չի ղրկեր:Կը ղրկէ անոնք, որոնք բազմաթիւ խնդիրներ ունին: Անոնք թմրեցուցիչներ կը բերեն: Անոնք ոճիր կը բերեն: Անոնք բռնաբարողներ են»:
Չինաստանի մասին
«Ես վերջերս Չինաստանէն մէկու մը վաճառեցի յարկաբաժին մը 15 միլիոն տոլարի: Կ՛ենթադրուի որ ես պէտք չէ՞ սիրեմ զանոնք: Ես կը սիրեմ Չինաստանը:Աշխարհի ամէնէն մեծ դրամանատունը Չինաստանէն է: Գիտէ՞ք` Միացեալ Նահանգներու մէջ անոնց կեդրոնատեղին ո՛ւր կը գտնուի: Այս շէնքին մէջ.Թրամփի աշտարակ»:
Յաջողութեան մասին
«Յաղթողները պարտուածներէն բաժնողը այն է, որ անհատ մը ինչպէս կ՛արձագանգէ ճակատագրի իւրաքանչիւր գալարումին»:
Կեանքի մասին
«Կեանքի մէջ ամէն բան բախտ է»:
Ձգտումի մասին
«Ամէն պարագայի պիտի մտածես, ուրեմն ինչո՞ւ մեծ չմտածես»:
Պարաք Օպամայի մասին
«Օպամա դուրս պիտի ելլէ կոլֆ խաղալու: Ան կրնայ իմ դաշտերէս մէկուն վրայ գտնուիլ: Ես կրնամ հրաւիրել զինք: Ես կոլֆի լաւագոյն դաշտերը ունիմ աշխարհի մէջ: Դաշտ մը ունիմ ճիշդ Սպիտակ տան քովը»:
Իր մասին
«Սիրէք կամ ատէք զինք, Թրամփ մարդ մըն է, որ վստահ է, ի՛նչ կ՛ուզէ եւ կ՛ելլէ ատիկա անարգել առնելու: Կիները անմիջապէս կը գիտնան անոր ուժը եւ դրամը»:
Միացեալ Նահանգներու մասին
«Ամերիկեան երազը մեռած է: Բայց եթէ ես նախագահ ընտրուիմ, ես ատիկա ետ կը բերեմ աւելի մեծ, աւելի լաւ եւ աւելի ուժեղ, քան երբեւէ: Մենք Ամերիկան կրկին մեծ պիտի ընենք»: