Հզօ՛ր է Արցախը ու դեռ աւելի պիտի հզօրանայ:
Պիտի հզօրանայ այնքա՛ն, որ այլեւս թշնամին չհամարձակի նոյնիսկ մօտենալ անոր մատոյցներուն:
Այս աւելին մեզմէ կախեալ է, իւրաքանչիւրէ՛ս: Մենք ենք թշնամիին կողմէ հաշուի չառնուած բանակը, որ պիտի բազմապատկէ արցախցիին ուժը, անոր հարուածող բազուկը:
Մենք ենք, որ պիտի պահենք արցախցիին թիկունքը` անոր մատակարարելով նիւթական անհրաժեշտ միջոցներ ու բարոյական անսահման կորով:
Արցախը այսօր իր ուժերով, իր զաւակներով եւ Հայաստանով արդէն իսկ հզօր է:
Արցախը երիցս ապացուցած է, որ կրնայ կանգնիլ ամէնէն դաժան փորձութիւններուն դէմ, կրնայ ջարդել ամէնէն արդիական ու մահացու զէնքերով իր վրայ յարձակող բանակներ:
Մենք, մեր կարգին, ապացուցած ենք, որ պատրաստ ենք զօրակցելու Արցախին, պատրաստ ենք նպաստելու միջազգային ճանաչում ապահովելու անոր ճիգերուն, պատրաստ ենք մեր բաժինը բերելու Արցախի ռազմավարական նշանակութեան ենթակառոյցները ամրացնելու:
Բայց եւ այնպէս, տակաւին պէտք է ապացուցենք, որ պատրաստ ենք յաւելեալ յանձնառութիւններու, յաւելեալ զոհաբերութիւններու, որպէսզի որակական բեկում յառաջացնենք Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքներուն, տնտեսական վերելքին, պաշտպանութեան կառոյցներու ամրապնդման գործերուն մէջ:
Որակական բեկում ապահովելու համար մենք յաւելեալ պատասխանատուութիւն պիտի վստահինք մեր երիտասարդներուն, որոնք, համոզուած ենք, Արցախէն ստացած իրենց ներշնչումով, Արցախի ժողովուրդէն իրենց փոխանցուած հպարտութեամբ ու ինքնավստահութեամբ պատրաստ են հրաշքներ գործելու:
Քառորդդարեայ յոբելեանդ շնորհաւո՛ր, հզօ՛ր Արցախ: Այս առթիւ ընդունէ՛ մեր հաւատարմութեան երդումը` սահմաններդ անառիկ դարձնելու, երկինքիդ խաղաղութիւնը ամրապնդելու, զաւակներուդ երազները իրականացնելու անտեղիտալի մեր յանձնառութիւնը: