Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր, Ուրախացո՛ւր» Ձեռնարկը

$
0
0

IMG-20151126-WA0016

Հայ տարեցներու տան ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութեան եւ տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին տարեկան ծրագիրներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ «Ուրախացի՛ր, ուրախացո՛ւր» ձեռնարկը:

Տօնավաճառին բացումը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 26 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին:

Բարի գալուստի ջերմ խօսք ուղղեց ՔԱՀԼ-ի տնօրէն` պատ. Սեպուհ Թէրզեան: Ան նախ տեղեկութիւն տուաւ այս աւանդական ձեռնարկին մասին, ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց հաստատութեան խնամակալութեան, անոր օժանդակ տիկնանց յանձնախումբին, ՔԱՀԼ-ի անձնակազմին եւ յատկապէս խոհարարներուն: Ան նաեւ յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց այս ձեռնարկը հովանաւորող` Փոլին Գրոզեան-Քէչէճեանին` մաղթելով առողջութիւն եւ յաջողութիւն ապագայ ծրագիրներուն համար: Նոյնպէս խօսքը ուղղեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որովհետեւ միշտ նեցուկ եղած են հաստատութեան: Ապա պատուելին տեղեկութիւն տուաւ «Ծիրանի» Հայ տարեցներու տան խոհանոցի ծրագիրներուն մասին եւ քաջալերական խօսքերով սրտապնդեց հոն աշխատող փորձառու խոհարարները:

Պատ. Թէրզեան յիշեց, թէ այս բոլոր աշխատանքներուն մէջ խորին եւ մեծագոյն շնորհակալութիւնը կ՛ուղղուի Աստուծոյ, որմէ ետք վեր. Մսըրլեան մատուց աղօթք:

Տօնավաճառին իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին ՔԱՀԼ-ի խնամակալութեան ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Ֆարիտ Ճպրան եւ Ֆատի Ղազալ:

Բացումը կատարեցին օրուան հովանաւորող Փոլին Գրոզեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան:

Ձեռնարկը կը բաղկանար տօնավաճառէ (պազար): Այս տարի տօնավաճառին ներկայացուած աւանդական եւ համադամ ճաշերը, խմորեղէններն ու անուշեղէնները պատրաստուած էին ՔԱՀԼ-ի «Ծիրանի» խոհանոցին մէջ` փորձառու եւ երիտասարդ խոհարարներուն կողմէ: Ինչպէս նաեւ սեղաններու վրայ զետեղուած էին հայկական ընտիր գինիներ եւ այլ արտադրութիւններ, տուրմերու տեսակներ, տօնական զարդեղէններ եւ ձեռային  աշխատանքով պատրաստուած առարկաներ:

Այս ձեռնարկը մտերմիկ եւ ուրախ ժամեր պարգեւեց ներկաներուն, որոնք մօտէն ծանօթացան հաստատութեան գործունէութեան եւ նոյն պահուն այցելեցին սպասող հայ տարեցներ` անոնց պարգեւելով յոյս եւ ուրախութիւն:

Այս առիթով յայտարարուեցաւ, որ «Ծիրանի» Հայ տարեցներու տան խոհանոցը պատրաստ է ընդառաջելու հայորդիներու ճաշի բոլոր տեսակի ապսպրանքներուն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>