Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

$
0
0

11233076_10203779929893569_3409720949997852594_nՉթարգմանուած իղձ մը մարմնացնող յայտնութիւնը եղաւ Դաշնակցութիւնը հայ կեանքին մէջ, համատարած տագնապի մը բաղձալի լուծումը, ճակատագրի մը կոչը:

Երեւի այսպէս կը կազմուին պատմական անկիւնադարձները: Երեւի միշտ այսպէս կ՛ըլլայ ու խռովիչ կ՛ըլլայ երկարօրէն սպասուած ու յանկարծօրէն յայտնուած շարժումներուն հմայքը: Երեւի մարդոց արագ գինովութիւնը արդիւնք է երկարատեւ պապակներու յաջորդող մեծ պոռթկումներու:

Հայ կեանքին մէջ մութը առաւելագոյն խտութեամբ դիզուած էր այդ օրերուն ու լոյսի կարօտ կար ամէնուրեք: Բռնութիւնը հասած էր իր ծայրագոյն աստիճանին ու հոգիները կը տոչորէին ապրելու անզօր տենչերով, տագնապ կար ու պապակ մեր աշխարհի բոլոր խորշերուն ու հոգիներուն մէջ: Կամք մը պէտք էր, ձայն մը պէտք էր, բռունցք մը պէտք էր, ու եղաւ Դաշնակցութիւն, ու եղաւ բանաստեղծութիւն, եղաւ ֆետայի:

Հայ մարդուն խորագոյն էութիւնը պատած դարաւոր մառախուղը փարատող եւ անոր ճակատագիրը առաքելական հունի մը մէջ դնող շռայլ լոյսը եղաւ Դաշնակցութիւնը եւ հին փառք մը վերանորոգող հզօր շունչը:

Ու հայ մարդը իր կորսուած իրաւունքները վերագտնելու յոյսով, իր խոնարհամած ճակատը արեւին դարձնելու ուրախութեամբ, վիրաւորուած արժանապատուութիւնը դարմանելու հաւատքով փարեցաւ մարգարէաշունչ այդ ձայնին: Ու այդ փարումը եղաւ ամբողջական, անսակարկ, աննահանջ: Արժեց իրեն անկշռելի զոհողութիւններ: Տուաւ Դաշնակցութեան ինչ որ ունէր, ժամանակ, հանգիստ, տաղանդ: Արիւնը ու աւելի թանկագինը` զաւակը:

Չենք գիտեր, եղա՞ծ է արդեօք կուսակցութիւն մը, որ այսքան կարճ ժամանակի մը մէջ ջնջէ մարդոց բոլոր տարբերութիւնները, տարիքի տարբերութիւնները, սեռի տարբերութիւնները, մտքի, ինչքի ու դասակարգերու տարբերութիւնները  ու բոլորին տրամադրութիւնը, կամեցողութիւնն ու կամքը լարէ նոյն ուղղութեամբ, սխրալի դարձնէ ապրելու կամ մեռնելու նոյն ոճը: Այդպէս եղաւ, քով քովի եկան, դաշնակցեցան ու Դաշնակցութիւն կազմեցին մտաւորականը անուս մարդուն հետ, մշակը` մշակոյթի ներկայացուցիչին հետ, հարուստը` աղքատին հետ, զինուորականը` վարժապետին հետ, վանականը` անիշխանականին հետ, բանաստեղծը` անլեզու վիրաւորին հետ, ծերունին եկաւ` ցուպը ձեռին, կինը եկաւ` ամուսինը կռիւի ճամբելու ստիպումով, աղջիկը եկաւ` քնքուշ կեանքը ծանր համարելով իրեն, ամէնքը եկան թունդ-թունդ ելած սրտերով, վէրք տալ-ստանալու յանձնառութեամբ, հայրենիքի ազատութիւնը տեսնել ու մեռնելու պապակով:

Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ

 

NB_nigoghos-sarafian1_120315… Ոչ միայն ես, այլեւ շատեր ՀՅ դաշնակցութեան կը պարտին իրենց ազգային գիտակցութիւնը: Զայն ուրացողներն իսկ, եթէ ազնուութիւնն ու կարողութիւնը ունենան իջնելու մինչեւ իրենց մանկութիւնը, պիտի ըմբռնեն Դաշնակցութեան դերը իրենց կազմաւորման վրայ եւ պիտի ունենան երախտագիտական զգացում մը: Վարժարաններէն եւ եկեղեցիէն առաջ` հայ հոգին ճանչնայ Դաշնակցութեան ընթերցարաններուն մէջ, ուր կ՛երթայի, երբ տղայ էի տակաւին:

Պզտիկ քաղաքը, ուր ծնած եմ, հայրենիքէ հեռու, իր հայութիւնը կը պահէր շնորհիւ Դաշնակցութեան: Plaque-tournante մըն էր ան եկող ու գացող տարագիրներուն միջեւ: Ամէն գաղթականութիւն ձգած էր խաւ մը: Այդ բոլոր խաւերը միութիւն մը կը կազմէին, շնորհիւ եկող ու գացող գործիչներուն:

Գաղափարները կը յեղաշրջուին: Կարեւորը անոնց մեր ազգին տուած բարիքն է: Ու Դաշնակցութիւնը տուած է անհուն բարիք մը: Ո՞վ ըսաւ, թէ ան չի կրնար օգտակար ըլլալ տակաւին: Քաղաքականութիւնը անակնկալներ ունի միշտ: Լաւ կ՛ըլլայ, որ նայինք քիչ մը վեր սոփեստութիւններէն եւ թմրածութենէն:

Ն. ՍԱՐԱՖԵԱՆ

 

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով

109.- 11 յուլիս 1991-ին Հայ  յեղափոխական դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս կ՛արձանագրուի Հայաստանի մէջ: Այսպիսով 100-ամեայ հարուստ պատմութիւն ունեցող կուսակցութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ հայրենիքի մէջ:

110.- 21 օգոստոս 1991-ի ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով 16 հոկտեմբերի նախագահական ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը կ՛առաջադրէ Սօս Սարգսեանի թեկնածութիւնը:

111.- 1992-ի յունիսին Երեւանի մէջ կը սկսի ՀՅԴ 25-րդ Ընդհանուր ժողովը, որ սակայն կը խափանուի Հայաստանի օրուան նախագահին կողմէ: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեան նախագահական որոշումով կ՛արտաքսուի հայրենիքէն:

112.- 8 դեկտեմբեր 1994-ին Հայաստանի իշխանութեան ապազգային քաղաքականութեան ընդդիմացող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործունէութիւնը կ՛արգիլուի Հայաստանի մէջ, անոր կը յաջորդեն ղեկավար ընկերներու ձերբակալութիւններ եւ բանտարկութիւններ:

113.- Նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1995-ին Պէյրութի մէջ գումարուեցաւ 26-րդ Ընդհանուր ժողովը:

114.- 1996-ին ՀՅԴ-ն իբրեւ լիիրաւ անդամ կը վերամիանայ Ընկերվար միջազգայնականին: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանէն, Հայաստանէն Էդիկ Յարութիւնեանէն եւ Մարիօ Նալպանտեանէն բաղկացած ՀՅԴ պատուիրակութիւնը 9 – 11 սեպտեմբեր 1996-ին Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի շէնքին մէջ կը մասնակցին Միջազգայնականի համագումարին:

115.- 9 փետրուար 1998-ին` Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան որոշումով Հայաստանի մէջ կ՛արտօնուի Դաշնակցութեան գործունէութիւնը, ազատ կ՛արձակուին քաղաքական պատճառներով ձերբակալուած ՀՅԴ գործիչներ Հրանդ Մարգարեանն ու Վահան Յովհաննիսեանը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>