Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Յուլիս 19-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուորական պետական հարուածի ձախող փորձը եւ անոր հետեւանքները բազմատեսակ մեկնաբանութիւններու առիթ տուին, եւ դեռ այդպէս պիտի շարունակուի միջազգային այլապէս պղտոր կացութեան մէջ: Օրերը կ՛անցնին, բայց հակառակ ժամանակի հեռաւորութեան` խնդիրը կը պահէ իր այժմէականութիւնը, հարցականներ եւ վերաբերումներ:
Մուսթաֆա Քեմալի ստեղծած մասամբ ազատական եւ աշխարհիկ հանրապետութիւնը Թուրքիոյ մէջ խոր արմատներ ունի, սերունդներ այդպէս ապրած են, մանաւանդ` մեծ քաղաքներու մէջ, ուր արեւմտեան բարքերը աւելի ազատ մուտք գործած են, դարձած են կենցաղ, սովորութիւն: Ռեճեփ Էրտողանի չափաւոր յայտարարուած կրօնական-իսլամական իշխանական վարքագիծը պիտի անհանգստացնէր ժողովուրդի յառաջադէմ եւ զարգացած շրջանակները, մտաւորականները, լրագրողները, արուեստագէտները, առեւտրականները, Մուսթաֆա Քեմալի ժառանգութիւնը պահողները եւ բանակը: Այս վերջինը միշտ հանդիսացած է քեմալական հանրապետութեան պահակը եւ անհրաժեշտ համարած պահուն` միջամտած:
Ճիշդ է` այս անգամ ալ բանակին կը վերագրուի պետական հարուածի պատասխանատուութիւնը: Բայց դիտելով զանգուածային ձերբակալութիւնները` կը հասնինք այն եզրակացութեան, որ բազմաթիւ հոսանքներու ուղղակի կամ անուղղակի համագործակցութիւն կայ: Ռեճեփ Էրտողան կ՛ամբաստանէ իր նախկին գործակից Ֆեթհուլլա Կիւլենը, ան ալ, պահպանողական մահմետական, այսօր ինքզինք դասած կը թուի ըլլալ Արեւմուտքի ծիրին մէջ, Մուսթաֆա Քեմալի եւ նոյնիսկ զօրավար Քենան Էվրենի զինուորական իշխանութեան վարքագիծին հետեւորդները, որոնք ազգային արդիական պետութիւն մը կը ցանկան:
Բայց Ռեճեփ Էրտողանի այս բոլոր բաները շատ բան չեն նշանակեր: Ան կ՛ուզէ միահեծան իշխանութիւն հաստատել, եւ պատեհ առիթը ներակայացած է ճկելու ամէն կարգի ընդդիմութիւն: Հանրապետութեան հիմնադիր Քեմալի իրաւ կամ երեւակայական հետեւորդները պէտք է չէզոքացնել, որպէսզի օրէնք եւ սահմանադրութիւն փոխուին, որպէսզի իր նախագահական ժամանակը չսահմանափակուի, ինչպէս այդ կ՛ընէին կարգ մը երկիրներ, երբ գաղութարարական դրութենէն դուրս կու գային եւ անդադար կը վերընտրուէին կամ կ՛ըլլային ցկեանս նախագահ: Արդէն ան Անգարայի մէջ կը բնակի սուլթանական ապարանքի մէջ` 200.000 քառակուսի մեթր: Այս մէկն ալ կը կոչուի Սպիտակ պալատ: Մեծամոլիկութեան պատկեր մը:
Թուրքիան կը թեքի կրօնական-իսլամական պետական ձեւին, ինչ որ կը թուի ըլլալ Արեւելքի մէջ ընդհանուր շարժում մը: Եւրոպան կը խորհէր, խորհողներ ալ կան, որ Թուրքիան չի հետեւիր այդ հոսանքին, մինչդեռ իսլամ ծայրայեղականներու ծաւալած ահաբեկչական գործունէութեան հանդէպ կը ցուցաբերէր ուղղակի եւ կամ անուղղակի համակրանք` ընծայելով դիւրութիւններ: Տագնապը ստեղծուեցաւ, երբ «Ճումհուրրիյէթ» փաստեր հրապարակեց Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեանց (ՄԻԹ) կողմէ Իսլամական պետութեան տրամադրուելիք զէնք-զինամթերքի մասին:
15 յուլիսէն ի վեր, այսինքն` պետական հարուածի փորձէն ի վեր, Թուրքիոյ մէջ դադրած է գործելէ պետական օրինականութեան համակարգը (Etat de droit): Փակուած են` 45 թերթեր, հեռատեսիլի 16 եւ ձայնասփիւռի 26 կայաններ, մամուլի 3 գործակալութիւններ, 29 հրատարակչատուներ եւ 15 շաբաթաթերթեր: Այս բոլորին գումարը ենթադրել կու տայ դժգոհութեան ալիքին մեծութիւնը եւ իշխանութեան դէմ ծաւալած ոչ մասնակի շարժումը, որոնք կարելի չէ վերագրել դժգոհներու խմբակի մը:
Այս հալածանքին թիրախ եղած են, ի հարկէ, զինուորականներ. 150 զօրավարներ, 1099 սպաներ: 15.000 անձեր դատի յանձնուած են, եւ հազարաւոր ուսուցիչներ եւ դասախօսներ աշխատանքէ արձակուած են: Միջազգային հանրային կարծիքը, Եւրոպան եւ Ամերիկան, Ռուսիան եւ Չինաստանը, եւ միւսները, Թուրքիոյ նկատմամբ երբ վերաբերում կը ճշդեն, այս թիւերը պէտք է գումարեն եւ եզրակացնեն: Արդեօ՞ք իրենց լռութիւններով, մրցակցութիւններով եւ սիրաշահելու ճապկումներով նոր բռանտէրի յայտնութեան չեն նպաստեր, որուն դէմ յետոյ տարիներով պիտի պայքարին:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ. Թուրքիոյ մէջ կը հաստատուի նոր պետութիւն` կրօնական բնոյթով, որ միջինարեւելեան քաղաքական պատկերը արմատական փոփոխութեան կ՛ենթարկէ: Արեւմուտքի կապերը այնքան բազմազան են Թուրքիոյ հետ, որ խարխափումի շրջան մը պիտի սկսի աննախատեսելի հետեւանքներով: Եւ Թուրքիան, ինչպէս իր պատմութեան ընթացքին, իր կշիռքի երկու նժարներու վրայ խաղը պիտի վերսկսի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ (politique de bascule):
Ռեճեփ Էրտողան իր բիրտ եւ անսանձ հակազդեցութեամբ ցոյց տուաւ Թուրքիոյ իրաւ պատկերը, այն, որ ինք երբեք տրամադիր չէ հետեւելու Եւրոմիութեան արժէքներու համակարգին: Պա՛րզ. դէպքերը ցոյց տուին, որ Թուրքիան շատ հեռու է եւրոպական երկիր համարուելու վիճակէն: Երբ Եւրոպայի մէջ` Քէօլն կամ Սթրազպուրկ հազարաւոր թուրքերու մասնակցութեամբ ցոյցեր տեղի կ՛ունենան, Ռեճեփ Էրտողանի բռնութիւններուն զօրակցելու համար, ինչպէ՞ս կարելի է չմտածել, որ կրօնական ծայրայեղականութիւնը եւ թրքական նոր տեսակի նուաճողական քաղաքականութիւն մը հետապնդուի:
Յաճախ կը յիշեմ Ամերիկայի Մորկընթաու դեսպանին խօսքը, որ` «Թուրքիան քաղաքական աւազակ մըն է», նաեւ` իր ժողովուրդին դէմ: Վերեւ նշուած թիւերը նուազագոյն իրատեսութիւն ունեցողը ինչպէ՞ս չեն ցնցեր: Եւրոպայի մէջ իրարանցում կայ գաղթականութեան ներխուժման հարցով: Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն կնքուի, որ անոր քաղաքացիները ազատ ելք եւ մուտք ունենան Եւրոպա: Սթրազպուրկի եւ Քէօլնի ցուցարարները պիտի դառնա՞ն նոր տեսակի գրաւման բանակ:
Երբեմն պէտք է յիշել, որ մինչեւ Եւրոպայի սիրտը տարածուած օսմանեան տիրապետութիւնը կանգ առած էր Վիեննայի դռներուն առջեւ, 1683-ին, վերջ տալով քաղաքի երկրորդ պաշարման, որուն շնորհիւ սկսաւ օսմանեան նահանջը կեդրոնական Եւրոպայէն: Եթէ ուրիշներ չեն յիշեր, աւստրիացիներ կը յիշեն իրենց պատմութիւնը: Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարարը` Հանս Փիթըր Տոզքոզիլ, չի բաւարարուիր կրկնելով նորատեսակ մեծանուն կառոյցներու քաղաքական որձեւէգ բառապաշարը, գիտէ, հասկցած է, որ Թուրքիոյ մէջ արթնցած է սուլթանական մենատիրութեան եւ նուաճողականութեան երազը, որ Ռեճեփ Էրտողան նոր ինքնակալ մըն է: Եւ առանց զիկզակելու կ՛ըսէ, որ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն վերջ պէտք է տալ` առանց այդ երկրի ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու եւ պաշտպանելու մեր քաղաքակրթական սահմանները: Այս պարագային կը ծագի երկրորդ հարց մը. ինչո՞ւ Արեւմուտքը ինքնիրեն արտօնեց միջամտել Սուրիոյ մէջ, այժմ կ՛ուզէ պաշտպանել միայն իր սահմանները: Սուրիոյ մէջ արեւմտեան միջամտութիւնը Ռեճեփ Էրտողանի ծաւալապաշտական քաղաքականութեան հետապնդումը չէ՞ր ձեռք դնելու համար նաւթահորերու վրայ:
Նոյն այդ ծաւալապաշտութեան արտայայտութիւնն է Թուրքիոյ կողմէ ցուցաբերուած անթաքոյց օժանդակութիւնը Ազրպէյճանի, երբ կ՛ուզէ մասնակցիլ խաղաղութեան Մինսքի խմբակի ծիրէն ներս ընթացող բանակցութիւններուն:
Օգոստոս 10-ին, Սեւրի չգործադրուած խաղաղութեան դաշնագրի տարեդարձի օրը, Հայաստանի նախագահը Մոսկուա հրաւիրուած է: Որպէս իր ինքնութիւնը եւ իրաւունքները հետապնդող ազգի նախագահ, մեր ժողովուրդը իրաւազրկած նոր տեսակի Լոզանի դաշնագրով մը յուսամ չի վերադառնար: Որպէսզի այդ չըլլայ, ամառնային երջանկութիւնը, ծովափներու farniente-ն, մեզ ընդարմացած պէտք չէ պահէ:
Հաւատք թարմացնելու համար օգոստոսին թերեւս ուխտի պէտք է երթալ Փարիզի Փեր Լաշեզ գերեզմանատունը` լսելու համար Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած Աւետիս Ահարոնեանի անդրշիրիմեան պատգամը: Սեւրի դաշնագիր, որուն համար Թուրքիան ըսած էր «էօլիւմ» (մահ), եւ յաջորդած Լոզանի դաշնագրին համար` «հայաթ» (կեանք):
Ինչո՞ւ խորհրդակցութեան մը համար տեղ մը չեն հրաւիրեր Հանս Փիթըր Տոզքոզիլը…
Իսկ մինչեւ ե՞րբ կրնան շարունակուիլ ասդիէն-անդիէն հնչած անհետեւանք դատապարտութեան խօսքերը: Ռեճեփ Էրտողան նոր «նացի՞զմ» պիտի հաստատէ ճամբարներու մէջ դնելու համար մտաւորականները, ազատականները, քիւրտերը: Բայց չէ որ կ՛ըսեն, թէ քաղաքականութիւնը նախատեսելու արուեստն է:
Իսկ Արեւմուտքը, կրկին չեմ գիտեր, ի՛նչ զիջելով ինչեր փրկելու համար, կրկին «Միւնի՞խ» պիտի երթայ, ինչպէս որ ըրաւ Հիթլերի հետ…
Եւ եղաւ Բ. Համաշխարհային պատերազմը:
Վիեննայի պարիսպները փակուած էին: Բա՞ց պիտի ըլլան Պրիւքսէլի պարիսպները:
8 օգոստոս 2016, Նուազի-լը-Կրան