Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՅԴ Թեհրանի Պատանեկան Միութեան Անդամներու Բանակում Արցախի Եւ Հայաստանի Մէջ
Մայր հայրենիքի կարօտի կանչին հետեւելով` ՀՅԴ Թեհրանի «Քրիստափոր Միքայէլեան» պատանեկան միութեան պատանիները Արցախի մէջ մասնակցեցան իրենց համար կազմակերպուած բանակումին:
Բանակումի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը կայացած է Արցախի հերոս Բեկորի (Աշոտ Ղուլեան) յիշատակի օրը ու անոր յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ` ներկայութեամբ Թեհրանի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անդամներուն:
Ողջոյնի խօսքին մէջ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշած է, որ կարեւորը այն չէ, թէ հայը ո՛ւր կ՛ապրի` Թեհրան, Սպահան, Պէյրութ թէ Լոս Անճելոս, այլ կարեւոր է այն, որ մենք միասնական ենք, իսկ բոլորը միաւորողը ինքնին Դաշնակցութիւնն է:
Բանակումը պիտի տեւէ 8 օր, որուն երեք օրը` Արցախի մէջ: Պատանիները պիտի այցելեն պատմամշակութային վայրեր եւ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենան Ղարաբաղի մէջ: Այնուհետեւ բանակումը պիտի շարունակուի Երեւանի մէջ:
Յիշեցնենք, որ ասիկա ՀՅԴ Թեհրանի «Քրիստափոր Միքայէլեան» պատանեկան միութեան նախաձեռնած երկրորդ բանակումն է Արցախի մէջ:
ՀԵԴ-ականներ Արցախի Վերջին Նահատակներու Ընտանիքներուն Փոխանցած Են Դրամական Օգնութիւն
Ամերիկահայ Տիգրան Խոտանեան եւ Խաչիկ Չուխաճեանը պատասխանատու եւ կարեւոր առաքելութեամբ մը այցելած են Արցախի մէջ ապրիլեան պատերազմի օրերուն զոհուածներու ընտանիքներուն, փոխանցած դրամական օժանդակութիւն ու խօսքը սփիւռքահայ երիտասարդներուն, որոնք ուժ եւ համբերութիւն մաղթած են անոնց:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը 2013 թուականին նախաձեռնած է այս ծրագիրին: Նպատակը` արցախեան պատերազմի մասնակիցներուն օժանդակելն էր, սակայն ապրիլէն ետք որոշուեցաւ օգնել ապրիլեան պատերազմական գործողութիւններուն ատեն Արցախի պաշտպանութեան համար զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն:
«Ինծի համար շատ կարեւոր էր, որ այս զոհերուն մասին կարելի եղածին չափ ուսումնասիրեմ, որովհետեւ ամէն անձ իր նկարագիրը ունի, իր պատմութիւնը ունի, եւ բոլորը մեր ազգային հերոսներն են, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին Արցախին: Իրենց յիշատակը յաւերժ պիտի մնայ, եւ մեր պարտականութիւնն է, որ իրենց յիշատակը անմահ պահենք», նշած է Տիգրան:
Ինչպէս Տիգրանն ու Խաչիկը, այնպէս ալ ծրագիրին մասնակից միւս ընկերները գրի առած են զոհուածներուն մասին բոլոր պատմութիւնները եւ կենսագրութիւնները: Այդ նիւթերը պիտի հրապարակուին` նպատակ ունենալով սփիւռքահայ իրենց տարեկիցներուն ներկայացնել անոնց պատմութիւնները:
Երիտասարդներուն աջակցած են թէ՛ Դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական թեւի անդամները, եւ թէ Հայ օգնութեան միութեան անդամները:
«Ես կը սպասեմ այն օրուան, երբ մենք բոլորս միասին պիտի կերտենք Հայաստանը», ըսած է Խաչիկ:
«Դէպի Հայք» եւ «Դասաւանդիր հայրենիքում» ծրագիրներով Հայաստան եկած Խաչիկը 1 սեպտեմբերէն կը պատրաստուի հայոց պատմութիւն դասաւանդել Հայաստանի շրջաններէն մէկուն մէջ: Վստահ է, որ միա՛յն հայրենիքի մէջ ապրելով կրնանք յաղթահարել դժուարութիւնները եւ դէմ դնել մարտահրաւէրներուն: Տիգրանն ալ իր ուսումը աւարտելու համար կը հեռանայ հայրենիքէն` վստահեցնելով, որ պիտի վերադառնայ:
Ժասմեն Բունիաթեան-Ջառահեան Ծանօթացած Է «Սօսէ» Մանկապարտէզի Աշխատանքներուն
Հերթական այցելութեամբ Արցախ այցելած է Արցախի բարեկամ, Արցախի մէջ իրականացուած բազում բարեսիրական ծրագիրներու անմիջական մասնակից Ժասմեն Բունիաթեան-Ջառահեան:
Այցելութեան ծիրին մէջ ան այցելած է Արցախի շարք մը գիւղեր եւ սահմանագիծ:
17 օգոստոսին Ժասմեն Բունիաթեան-Ջառահեան Արցախի ՀՕՄ-ի մեկուսի միաւորի անդամներուն հետ այցելած է Ստեփանակերտի մէջ կառուցուող «Սօսէ» մանկապարտէզ, ծանօթացած իրականացուող աշխատանքներուն:
Նշենք, որ այս մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքներուն իր անմիջական մասնակցութիւնը կը բերէ ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանը:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը կեանքի կոչած է երեք հոգիէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն Վիքի Մարաշլեան, Սեդա Խոճայեան եւ Ժասմեն Բունիաթեան-Ջառահեան, որոնք, ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցի անդամներուն հետ համագործակցելով, կարելին եւ անկարելին կ՛ընեն մանկապարտէզի համար նախատեսուած գումարը ամբողջութեամբ հաւաքելու, որպէսզի խոստացուածին նման յառաջիկայ տարուան սեպտեմբերին Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզը իր դռները բանայ ստեփանակերտցի 130 փոքրիկներուն դիմաց:
«Մանկապարտէզի երրորդ յարկի աշխատանքները վերջացած են, տանիքը գրեթէ պատրաստ է: Ներկայ դրութեամբ գումարին մեծ մասը հայթայթուած է, սակայն ոչ ամբողջութեամբ` մենք դեռ գումարի կարիք ունինք եւ կը շարունակենք աշխատիլ մինչեւ հասնինք մեր նպատակին: Այս մանկապարտէզի շինարարութիւնը ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ բոլոր շրջաններու աշխատանքին արդիւնքն է: Մենք պատասխանատու ենք իւրաքանչիւր անհատի դիմաց, որ գումար նուիրած է մանկապարտէզին համար եւ մեր պարտքն է ցոյց տալ, թէ հանգանակուած իւրաքանչիւր լումայ ինչ աշխատանքներու համար կը ծախսուի», ըսած է Ժասմեն Բունիաթեան-Ջառահեան:
Ջուրը Կը Հասնի Դիրքապահներուն
Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան ընդունած է ռուսաբնակ բարերար Մնացական Առաքելեանը եւ զայն պարգեւատրած Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի յուշամետալով` Արցախի պաշտպանութեան ապահովման առնչուող անոր գործունէութեան ու ցուցաբերած օգնութեան համար:
Հանդիպումէն առաջ բարերարը մասնակցած է սահմանագիծի հարաւային զօրամասերէն մէկուն մարտական շարք մը դիրքերուն սպասարկող նորակառոյց ջրագիծի բացման արարողութեան:
Ա. Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է Մ. Առաքելեանին` սահմանագիծի ամրապնդման իմաստով անոր ցուցաբերած ուշադրութեան համար. «Այս ջրագիծը կարեւոր նշանակութիւն ունի սահմանապահներու կենցաղային պայմաններու բարելաւման իմաստով: Ուրախալի է, որ նմանատիպ աշխատանքներ կը կատարուին են կառավարութեան եւ բարերարներու համաֆինանսաւորմամբ, առաւել եւս, որ յատուկ դրամատնային հաշիւի գումարներէն ալ յատկացուցած են այս ծրագիրին:
«Յոյս ունիմ, որ ձեր եւ այլ նուիրեալներու օրինակը վարակիչ կը դառնայ շատերու համար, իսկ Արցախի իշխանութիւնները պատրաստ են կարելի եղածին չափ աջակցելու ընտրուած նախագիծերու իրագործման եւ ապահովել բարեգործական միջոցներու ծախսման առաւելագոյն թափանցիկութիւն», ըսած է Ա. Յարութիւնեան:
Հայ Հոգեւոր Երաժշտութեան «Շարական» Փառատօն` Տաթեւի Վանական Համալիրին Մէջ
Հայ հոգեւոր երաժշտութեան «Շարական» փառատօնը 14-16 սեպտեմբերին առաջին անգամն ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Տաթեւի վանական համալիրին մէջ: Այս մասին կը գրէ Լիլիթ Մուրադեանը:
«Շարական» փառատօնին նպատակն է պահպանել եւ խթանել հայ հոգեւոր երաժշտութեան ժառանգութիւնը: «Շարական» փառատօնը տարեկան փառատօն է, որ մնայուն կերպով կը զարգացնէ հայ հոգեւոր երաժշտութեան կարեւորութեան գաղափարը եւ ազդեցութիւնը ընդհանրապէս: Այս մասին նշուած է փառատօնի կազմակերպիչներուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Փառատօնը հայ երաժիշտներուն եւ հետաքրքրուած հանդիսատեսին պիտի տրամադրէ հարթակ մը` այս հարուստ եւ բազմաբովանդակ երաժշտութեան ու արուեստին աւելի խորունկ կերպով ծանօթանալու համար:
Փառատօնի կազմակերպիչներն են «Միուզիք աֆ Արմինիա»-ն եւ «Տաթեւի վերածնունդ» հիմնադրամը:
Երեւանի Քաղաքապետարանին Մէջ Տեղի Ունեցած Է «Դարաւոր Հայաստանի Նորանկախ Պետութիւնը» Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը
Երեւանի քաղաքապետարանին ճեմասրահին մէջ 23 օգոստոսին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսին` նուիրուած անկախութեան 25-ամեակին:
Հանդիսաւոր բացման ներկայ գտնուած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը:
Ըստ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան, Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ «Մենք» պետական եւ ազգային արժէքներու հանրահռչակման հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսին ներկայացուած են 1990-2016 թուականներու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած կարեւոր մշակութային, գիտական, քաղաքական, հասարակական, տնտեսական եւ այլ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ` Երեւանի զարգացման ժամանակագրութիւնը: 135 լուսանկարները ներկայացուած են փաստագրական, արխիւային եւ գեղարուեստական ձեւաչափով:
Շնորհաւորելով ցուցահանդէսի բացումը` քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան իր խօսքին մէջ յատկանշած է, որ ներկայացուած աշխատանքները կարեւոր ու պատմական են նաեւ մայրաքաղաքի կեանքին մէջ արձանագրուած զարգացումը լուսարձակի տակ առնելու առումով:
Ան նշած է. «Այս խորհրդանշական օրով կը սկսի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու շարքը: Մենք բախտաւոր սերունդ ենք, որովհետեւ մեր պապերուն երազած Հանրապետութեան պետականութեան ականատեսն ենք, մասնակիցը եւ անոր զարգացման ուղղուած քայլերու ձեռնարկողը: Ցուցադրուած նկարներուն մէջ մեր պետութեան անկումներն ու յաղթանակներն են: Այս առումով Երեւանի քաղաքապետարանը նախապատրաստած է շարք մը հետաքրքրական նախաձեռնութիւններ, որոնք տեղի պիտի ունենան մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանին մէջ: Կեցցե՛ն վաւերագրողները, որոնք լուսանկարներուն ընդմէջէն մեզի փոխանցած են ամբողջ պատմութիւն մը»:
«Մենք» պետական եւ ազգային արժէքներու հանրահռչակման հիմնադրամի հիմնադիր-տնօրէն Փաւել Սարգսեան շնորհակալութիւնը յայտնած է աջակցութեան համար` նկատել տալով, որ վերջին տարիներուն մայրաքաղաքի մշակութային առօրեան, յատկապէս ամրան յագեցած է հանդիսութիւններով, որոնք ա՛լ աւելի հետաքրքրական պիտի դարձնեն Երեւանի մշակութային կեանքը:
Ցուցահանդէսին ներկայ էին նաեւ տարբեր քաղաքական գործիչներ, լուսանկարիչներ, արուեստագէտներ եւ այլն:
Լուսանկարները բարձր մակարդակի են: Անոնք խօսուն են եւ բովանդակալից: Դիտելէ կը հասկնաս, որ յաճախ լուսանկարիչը ինքզինք վտանգի ենթարկած է ակնթարթը անմահացնելու համար: Համարձակութիւն կայ անոր մէջ: Ցանկալի է, որ հազարաւոր հայեր գան ու դիտեն մեր պատմութիւնը: Ես անգամ մը եւս կը փաստեմ, որ մեծ պատիւ եւ երջանկութիւն է ազատ եւ անկախ երկրի մէջ ապրիլը: Մենք սուղ գնով ձեռք բերած ենք անկախութիւնը եւ պէտք է բոլոր ձեւերով պահել զայն», ընդգծեց բեմադրիչ ու գրող Քրիստ Մանարեանը:
«Դարաւոր Հայաստանի նորանկախ պետութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 5 սեպտեմբեր, որմէ ետք անիկա պիտի ներկայացուի նաեւ Նիւ Եորքի եւ Կլենտէյլի մէջ, իսկ Հոկտեմբերին` Փարիզի եւ Մոսկուայի մէջ:
Մարտունի-Վարդենիկ Ճամբուն Նորոգութիւնը Շատ Կարեւոր Է
Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքը Վաղաշէն-Աստղաձոր-Վարդենիկ գիւղերուն կապող միջհամայնքային ճամբուն հիմնովին նորոգութիւնը, որ սկսած է այս տարուան յուլիսին, կենսական ու տնտեսական նշանակութիւն ունի վերոնշեալ 5 համայնքներու աւելի քան 40 հազար բնակիչներուն համար:
Ըստ Գեղարքունիքի մարզապետարանի աշխատակազմի քաղաքաշինութեան վարչութեան փոխադրութեան եւ ճամբու շինութեան բաժնի վարիչ Գէորգ Խաչատրեանին, նորոգուող ճամբուն երկարութիւնը կը կազմէ 10,5 քիլոմեթր, որուն շուրջ 8 քիլոմեթրը կ՛անցնի Մարտունի քաղաքի Մեասնիկեան փողոցի արեւելեան հատուածէն եւ Վաղաշէն, Աստղաձոր, Զոլաքար ու Վարդենիկ բնակավայրերուն մէջէն: Մեծ ու կենսական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս ծրագիրը կ՛իրականացուի համաշխարհային դրամատան միջոցներով` 1 միլիառ 942 միլիոն դրամի ներդրումով: Շինարարական աշխատանքները տեղի կ՛ունենան «Կապաւոր» ընկերութեան ճամբու շինարարներու կողմէ:
«Աւելի քան 1 ամսուան ընթացքին ճամբուն վրայ կատարուած են հողային հարթեցման եւ ջրահեռացման համակարգներու տեղադրման աշխատանքներ: Նախատեսուած է շինարարական աշխատանքները իրենց աւարտին հասցնել հոկտեմբեր 2017-ին: Շինարարութիւնը կ՛ընթանայ 2 բաժիններու մէջ: Ճամբան, որ զիրար կը կապէ 1 քաղաքային եւ 4 գիւղական մեծ բնակավայրեր, նորոգման չէր ենթարկուած աւելի քան 30 տարիէ եւ գրեթէ դարձած էր անանցանելի, իսկ բոլոր բնակավայրերու մէջ` դժուարանցանելի: Վերոնշեալ համայնքներուն բնակիչները իրարու հետ ճամբու փոխադրութեան հաղորդակցութիւնը ստիպուած էին կատարել Մարտունի-Վարդենիս մայրուղիին օգնութեամբ, որ ո՛չ միայն կ՛աւելցնէր ճամբուն երկարութիւնը, այլ նաեւ կը գերբեռնէր մայրուղիին երթեւեկութիւնը:
Ճամբուն շահագործումէն ետք ո՛չ միայն կ՛ապահովուի բարձրակարգ անցանելիութիւն եւ կը կրճատուի փոխադրական հաղորդակցութեան երկարութիւնը, այլ նաեւ մասամբ կը թեթեւնայ Երեւան-Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի խճողումը», նշեց Գէորգ Խաչատրեանը: Ճամբուն հիմնանորոգումը, որուն մարդիկ անհամբեր սպասած են տասնամեակներէ, խիստ կարեւոր կը նկատուի նաեւ վերոնշեալ համայնքներուն համար:
Կը Ծփայ Սեւանը…
28 օգոստոսը Սեւանայ լիճի օրն է: Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութիւնը տուած է որոշում մը, ըստ որուն, ամէն տարի օգոստոս ամսուան վերջին կիրակի օրը Հայաստանի մէջ կը նշուի Սեւանայ լիճի օր: Անիկա սկսած է նշուիլ 1999-էն:
Սեւանայ լիճի պահպանութեան ուղղութեամբ վերջին տարիներուն կ՛իրականացուին լայնածաւալ նախաձեռնութիւններ: Վերջին տարիներուն աւելի մեծ ուշադրութիւն սկսած է դարձուիլ յատկապէս լիճի կենսոլորտային մաքրութեան: Սեւանայ լիճի մակարդակը 31 դեկտեմբեր 2015-ի դրութեամբ կազմած է 1900,19մ, իսկ 2005-ի տուեալներով մակարդակը եղած է 1898,94մ: Սեւանայ լիճը տեղակայուած է 1900 մեթր բարձրութեան վրայ, մակերեւոյթը 1240քմ է, խորութիւնը` մինչեւ 83մ: Լիճ կը թափի 25 գետ, լիճէն սկիզբ կ՛առնէ Հրազդան գետը:
Սեւանայ լիճի նշանաւոր ձուկերէն են իշխանը իր 4 տեսակներով, կողակը, բեղաձուկը կամ բեղլուն: