ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Ա. 1970-ին երբ թուղթով, դրոշմաթուղթով ու պահարանով նամակագրութիւնը «յետամնացութիւն» չէր սեպուեր տակաւին, արտասահմանէն կարեւոր հարցի մը վերաբերեալ կարեւոր պատասխան-նամակի մը կը սպասէի: Օր մը, կէսօրուան մօտ, երբ դէպի տուն կ՛ուղղուէի, շուրջ յիսուն մեթր առջեւ նշմարեցի մեր գիրուկ նամակաբաշխը, որ, ձեռքին տրցակ մը նամակ, դանդաղօրէն կը յառաջանար: Որոշեցի արագ քայլերով հասնիլ անոր եւ հարցնել, թէ նամակ ունի՞մ արդեօք. այդ պահուն ձեռքէն նամակ մը ինկաւ գետին, ու վազելով հասայ ինկած նամակին` որ իրեն տամ, եւ ի՞նչ զարմանք ու զուգադիպութիւն… իմ սպասած նամակս էր այդ: Արդեօք քանի՞ կարեւոր նամակներ այս ձեւով կորսուած են…:
![Նամակ](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/08/%D5%86%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%AF_83016.jpg?resize=330%2C193)
Նամակ
![Հեռագիր](http://i2.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/08/%D5%80%D5%A5%D5%BC%D5%A1%D5%A3%D5%AB%D6%80_83016.jpg?resize=330%2C205)
Հեռագիր
Բ. Ճշգրիտ ու ամբողջական տեղեկութեան փոխանցումը եւ այդ տեղեկութեան ճիշդ ընկալումը իր յարաբերական պարունակին մէջ, կրնայ մահու եւ կենաց հարցի վերածուիլ: Տեղեկութիւն հաղորդողը այդ պահուն կրնայ, ըստ իր հայեցողութեան, փոխաբերական իմաստով հեգնական կամ լակոնական ըլլալ: Թելադրելի ու անհրաժեշտ է կարեւոր պարագաներու, քանի մը յարակից լրացուցիչ հարցումներով ամբողջական պատասխան ստանալ:
Լիբանանեան քաղաքացիական վերջին պատերազմի առաջին հինգ տարիներուն արդէն Յորդանան կը պաշտօնավարէի: Սակայն կանոնաւոր կերպով Պէյրութ ընտանիքիս այցելութիւնը, գրեթէ խանգարուեցաւ, պատերազմական ընդհանուր վիճակին կողքին, օդակայանէն տուն երթուդարձի անապահովութեան պատճառով: Հեռաձայնային կապը երկուստեք գրեթէ անկարելի էր, ու առօրեայ լուրերու միակ աղբիւրը «Մոնթէգարլօ» ձայնասփիւռի կայանն էր, ուստի Լիբանան երթալու համար կ՛ապաւինէի Պէյրութէն եկող տղոց յորդորին, ու ինքնաշարժովս ճամբայ կ՛ելլէի 5-8 ժամ տեւող այս ուղեւորութեան` ըստ սահմանային չորս անցքերուն խճողումին ու պաշտօնեաներուն քմահաճոյքին:
Հաւանաբար 1978-ին էր, որ երկար ժամանակ չէի կրցած Պէյրութ երթալ ու մտահոգ էի ընտանիքիս վիճակով: Լիբանանէն նոր ժամանած եւ պայմաններուս ծանօթ տղոց հարցուցի Պէյրութ երթալու յարմարութեան մասին, բոլորը ըսին: թէ ապահով է ու կրնայի երթալ: Թէեւ գիտէի, որ որեւէ պահու կացութիւնը կրնար վատթարանալ, սակայն ինքնակամ լաւատեսութեամբ յաջորդ առաւօտ ժամը 5:00-ին ճամբայ ելայ: Երբ Պէյրութի արուարձան Հազմիէ հասայ, արդէն շրջապատս ու փողոցները ամայացան, եւ գրեթէ առանձին հասայ Սին Էլ Ֆիլի հրապարակ, ուրկէ Էշրեֆիէ երթալու համար երկու կարելիութիւն ունէի` Պուրճ Համուտէն, կամ աւելի մօտը` Ժըսըր Ուաթիէն:
Սին Էլ Ֆիլի ամայի հրապարակը ահաւոր վիճակ մը կը ներկայացնէր, ուր ռմբակոծումներու իբրեւ հետեւանք, քարեր ու տնային առարկաներ
ցիրուցան եղած էին, դժուարացնելով ինքնաշարժ վարելը: Քիչ անդին, անսպասելիօրէն եւ այդ օրերուն պաշտօնի վրայ դժուար գտանելի ոստիկան մը կը քալէր. մտահոգութիւնս քիչ մը թեթեւնալով, ոստիկանին հարցուցի, թէ ո՞ր ուղղութեամբ աւելի յարմար էր Էշրեֆիէ երթալ, ու այդ պահուն իր «մըթըլ պա՛ատու» (իրարու նման է) պատասխանին հեգնական ըլլալը չհասկնալով ուղղուեցայ Ժըսըր Ուաթիի ճամբով: Քիչ ետք անդրադարձայ, որ երկու ուղիներն ալ «իրարու նման» ապահով չէին:
Բոլորովին ամայի ճամբաներով, առաւելագոյն արագութեամբ հասայ մեր շէնքը ու երրորդ յարկ բարձրանալու ընթացքիս ընտանիքս գտայ, ապահովական մտահոգութեամբ, երկրորդ յարկի դրացիին մօտ ապաստանած: Փոխանակ ուրախանալու, ընտանիքս բարկացաւ, թէ ինչո՛ւ եկած էի կրակներուն տակ…: Պարզուեցաւ, որ եկած ճամբուս վրայ եւ մեր տան բլուրին ստորոտը գտնուող «Քորնիշ Նահր»-ի տխրահռչակ «Մաթահին»-ի շրջակայքէն շուրջ մէկ ժամ տեւած ռմբակոծումը նոր դադրած էր…:
Գ. 1978-ին, երեկոյ մը, երբ օտարերկրացի բարեկամներով ուրախ մթնոլորտի մը մէջ ժամանակ անցընելէ ետք ճաշարանէ մը Ամմանի բնակարանս վերադարձայ, շէնքին գետնայարկը ու մուտքին գտնուող վաճառատան պաշտօնեաները իմ սովորական զուարթ բարեւիս տարօրինակ կերպով պատասխանեցին, նոյնպէս` շէնքին պահակը:
Շուրջ ժամ մը ետք ինծի աշխատակից ու ամէնէն մտերիմ դրացիս` Ղասսանը դուռս թակեց ու կրկին տխուր ոճով մը բարեւելէ ետք, ըսաւ, թէ ցաւով տխուր լուր մը պիտի փոխանցէր եւ հեռագիր մը յանձնեց ինծի… Ահաւոր էր պահը: Խեղճ անգլերէնով մը շարադրուած հեռագիրին բովանդակութիւնը կարդացի` առանց նկատելու հասցէագրումը ու ղրկող կողմը, որ կը տեղեկացնէր հօրս մահը: Քար լռութիւն տիրեց տան մէջ, ու պահ մը յուզումը կլանեց էութիւնս: Սակայն արագօրէն վերլուծումներ կատարելով` նախ զարմացայ, որ ինչո՞ւ հեռագիրը հարազատներուս ծանօթ, գործիս հանրածանօթ սովորական հասցէով չէր ղրկուած:
Երբ աւելի ուշադրութեամբ ու հանդարտօրէն կարդացի հեռագիրը, նկատեցի, որ նախ իմ անունիս չէր ղրկուած, եւ երկրորդ` ղրկողը անծանօթ մըն էր… զայրոյթով սաստեցի Ղասսանը, թէ այսքան ժամանակ է անունս չէ՞ր գիտեր տակաւին: Ղասսանը իրար անցած ըսաւ, թէ բոլոր օրը վաճառատան պաշտօնեաներ, պահակ ու դրացիներ իրար անցած են, թէ ո՞վ պիտի փոխանցէր գոյժը, եւ բովանդակութեան ազդեցութեան տակ ուշադրութիւն չէր դարձուցած անունին`, որ հայու մը անունն էր, իսկ հասցէն` միա՛յն Ժեպէլ Ամման, հինգերորդ բոլորակ…: Ըստ երեւոյթին, նամակատան համար հինգերորդ բոլորակի ամենայայտնի ու միակ հայը ես էի:
Հիմա որ ամէն ինչ պարզուեցաւ, նոր կացութիւն մը ստեղծուեցաւ, ու պարտականութեան զգացումը մղեց զիս շուտով գտնելու այս անձը եւ գոյժը փոխանցելու բուն տիրոջ, որ հաւանաբար պէտք էր շուտով վերադառնար Լիբանան: Հեռագիրէն յստակ էր, որ խնդրոյ առարկայ անձը ինծի անծանօթ, մեր ակումբը ցարդ չայցելած լիբանանահայ մըն էր, եւ Հինգերորդ բոլորակին շրջանը կը բնակէր: Բարեկամներուս ըսի, որ տանս մէջ մնան , մինչ ես շրջանին մէջ բնակող լիբանանահայը փնտռելու կ՛ելլեմ:
Բնակարանէս շուրջ 500 մեթր դէպի արեւմուտք կար նորակառոյց քառաձեւ չորս շէնքերու համալիր մը կար, ուր նկատած էի լիբանանեան թուահամարով ինքնաշարժներ: Որոշեցի պրպտումս սկսիլ ա՛յնտեղէն: Երբ հասայ համալիր, որոշեցի փնտռտուքի ձեռնարկել սկսելով երկրորդ շարքի աջ շէնքէն, վերելակը առնելով սկսիլ վերջին յարկէն ու յարկ-յարկ ստուգել: Եւ այսպէս, երբ վերելակէն դուրս ելայ, ի՜նչ զարմանք` առաջի՛ն դրան զանգին վրայ գրուած էր փնտռած անունս… Նախ ուրախացայ, որ հրաշքով մը գտած էի «անծանօթը», բայց ետքը գոյժ փոխանցելու պարտականութիւնը ոգեւորութիւնս կասեցուց, մանաւանդ երբ նկատեցի, որ դրան ետին խրախճանքի մը մթնոլորտ կը տիրէր:
«Փոքր աշխարհ»…, դուռը բացաւ եղբօրս դասընկերներէն Պարգեւը, որ ուրախութեամբ յայտարարեց կերուխումի մէջ եղող շուրջ քսան անձերուն, թէ Վազգէնին եղբայրը եկած է: Ներկաներուն մէջ կային ինծի ծանօթ ամմանահայեր, որոնցմէ կը յիշեմ Զօրավար Հրաչը…: Բոլորը միաբերան հրաւիրեցին զիս կերուխումին մասնակցելու, բայց ես մերժելով Պարգեւէն խնդրեցի կանչել հեռագիրին հասցէատէրը, որ իր եղբայրն էր: Խնդրեցի եղբօրմէն, որ դուրս գայ ու դուռը փակէ որպէսզի գոյժը փոխանցեմ:
Երբ հեռագիրը տուի անոր, խնդալով բացագանչեց. «Ասոնցմէ է մը նորէն»…: Ըստ երեւոյթին, հայրը մահացած էր ամիսներ առաջ, ու հեռագիրը ցաւակցութեան կարեկցութիւն էր եւ ոչ թէ գոյժ, որ անգլերէնի անբաւարար իմացութեամբ, զայն իբրեւ գոյժ շարադրած էին: Անսահման բարկութիւնս յայտնեցի` սխա՛լ հասցէով, սխա՛լ անձի, սխա՛լ շարադրութեամբ այս հեռագիրին համար, որ քանի մը ժամ տակնուվրայ ըրած էր էութիւնս, մինչ հեռագիրին տէրը կը խնդար…: Դժկամութեամբ` Հրաչին պահանջ-պնդումով ներս մտայ ու ալքոլի ազդեցութենէն թուլացած ներկաներուն օրուան «ոդիսականը» պատմեցի, ակամայ իրենց զուարճանքը գագաթնակէտին հասցնելով, իսկ բարկութիւնս… կրկնապատկելով:
24 օգոստոս 2016