Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Սոֆիա» Կամ Արմատներու Կանչը

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Ես շուարած մօրս աչքերուն ծովին դիմաց, կը զարմանայի, թէ այդ ծովը ինչպէ՛ս մնացած էր ծաւի ու չէր մթագնած: …Այդ աչքերը ինչե՜ր չէին տեսած, բայց մնացած էին երկնքի պէս մաքուր եւ ծովու մը չափ խոր ու հմայիչ»:

ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆ

siroun_62016Քիչ կը պատահի, որ գիրք մը մէկ շունչով կարդացուի: Նման հոգեվիճակի մը դէմ յանդիման գտնուեցայ, երբ վերջերս որոշեցի ընթերցել «Սոֆիա» գիրքը:

Մղումը կու գար ո՛չ թէ անոր փոքրածաւալ (140 էջ) ըլլալէն, այլ  հաւանաբար անոր գրաւիչ կարգ մը յատկութենէն` օտար անուն, կողքի հետաքրքրական լուսանկար, հեղինակի ծանօթութիւն, բայց մանաւանդ` կողքին վրայ գրուած երկտողէն, որով յստակ կը դառնար ընդհանրապէս հատորին նիւթը:

Միւս կողմէ, ճիշդ է, որ գիրքեր թիզուած են ու կը սպասեն յաւուր պատշաճի ընթերցման եւ վերլուծման, սակայն թէ ինչո՛ւ այս գիրքը մեր ուշադրութեան առանցքը հանդիսացաւ. պատասխանը կը թողունք հետագային արձանագրելիք մեր մտորումներուն հետեւութիւն ընելու:

Արդ, որեւէ գիրքի մասին գրախօսութիւն կատարել, կ՛ենթադրէ որոշ տիպի  ուղղութիւն եւ մօտեցում, որոնցմով վեր կ՛առնուին գրական-գեղարուեստական ու այլ արժանիքներ: Այս պարագային որոշեցինք շեղիլ եւ երկխօսութեան ճամբով ընդելուզուիլ գիրքին մատուցած աշխարհին հետ:

Փաստօրէն, առաջին իսկ էջով ընթերցողը ինքզինք անմիջապէս կը գտնէ ո՛չ միայն թուրքի գործած Ցեղասպանութեան արհաւիքին դէմ յանդիման, այլ նաեւ` այդ հրէշային կացութենէն վերապրած յոյն եօթնամեայ աղջնակի մը ոդիսականն ու հայաշունչ գերդաստան մը կազմելու անոր հրաշափառ կարողութեան, կամքին ու ազնուական հոգին:

Այո՛, Պոնտոսի, Սեւ ծովու ափերուն ծնած պատանի Սոֆիա Տաշօղլիին մասին է ամբողջ հատորին նիւթը, կառոյցը, գեղարուեստական շունչն ու ձեւաւորումը:

Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն ընթացող դժոխային պատկերներ կը յաջորդեն իրարու, երբ ընթերցողը կը սկսի կամաց-կամաց խորանալ եւ հետեւիլ հատորին մէջ արձանագրուած պատմութեան:

Պատմութիւն` որ չունի դերասաններ, այլ կենդանի նահատակներու ամբողջ հոյլ մը, ջարդերէ մազապուրծ ազատ իրական էակներու պատկերով:

Արդարեւ, երկու ճակատագրակից ազգեր (հայ եւ յոյն), կ՛ենթարկուին թուրք ցեղի բարբարոսութիւններու, տեղահանութեան եւ գազանային վերաբերումի, որուն իբրեւ հետեւանք խաղաղ, աշխատասէր ու խիզախ բնակչութիւն մը կը բռնէ դժոխքի ճամբան` կորսնցնելով ամէն ինչ, նոյնիսկ` թաղուելու իրաւունքը:

Պոնտոսի գեղեցիկ լեռներու լանջին ծնած եօթնամեայ Սոֆիա օր մը ինքզինք կը գտնէ  ահաւոր կացութիւններու մէջ (յանկարծակի տեղահանութիւն, սպանդ, աւեր, թուրքի եաթաղան, Տէր Զօր, հարազատներու չարչարալից կեանք, որբութիւն), մէկ խօսքով` ամբողջ հաւաքականութեան մը բնաջնջում եւ ինքնութեան կորուստ:

Եւ ահա ընթերցողին դիմաց կը յայտնուին այնպիսի ահաւոր եւ սարսափազդու պատկերներ, որոնք կը թափանցեն մարդու նեարդներէն ու յուզաշխարհէն ներս եւ կը սկսին մրճահարել մտքի տարածքը, բորբոքեցնել զգացումներն ու հոգիները:

Իսկ հակառակ նիւթի ահաւորութեան ու մարդկային անասելի տուայտանքին, շնորհիւ հեղինակին` Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի անշպար ու հոգեհարազատ գրելաոճին, մտերմութիւն մը կը ստեղծուի ընթերցողին եւ մատուցուած տիպարներուն միջեւ, երբ կը սկսիս մորթիդ վրայ զգալ Սոֆիային ապրած դառնակսկիծ ժամերն ու տարիները:

Իրերայաջորդ ահաւոր պատկերներու, հոգեվիճակներու, ճակատագիրի դառնութեան թէ գոյութենական մաքառումներու մղձաւանջի շղթայ մը ամբողջ, ընթերցողը կը սկսի ընտելանալ խորապէս ապրուած կեանքի մը պարզած վիճակին եւ իր կարգին կ՛ուզէ ըմբռնել ստեղծուած նման գողգոթայ կացութիւններու անհասկնալի պատճառը:

Հեղինակը զուսպ գրիչի, մաքուր լեզուի, պատկերաւոր ոճի եւ ընդհանրապէս գեղարուեստական շունչի մը առկայութեան, կը սկսի հատիկ առ հատիկ պատմել իր մօր ապրած գեհենային կեանքն ու հետագայ յարաբերաբար խաղաղ տարիներու հոլովոյթը:

Ու այսպէս, ան կը յաջողի մոռացութենէ փրկել իր յոյն մօր եւ հարազատ գերդաստանին պատմութիւնը` շեշտը դնելով յիշողութեան ձայնին ականջալուր մնալու գիտակցութեան վրայ:

Հարկ է լուսարձակի տակ առնել ուշագրաւ երեւոյթ մը, որ հեղինակը ամէն ճիգ ի գործ դրած է բովանդակութիւնը զերծ պահելու աւելորդ յուզականութենէ, անհիմն եւ անտեղի ինքնասիրութենէ, բառային թէ պատկերներու աւելորդաբանութենէ, դէպքերու խճողուածութենէ եւ բաւարարուած է անպաճոյճ նախադասութիւններու ու հարազատ ապրումներու ընդմէջէն ներկայացնել այն, ինչ որ կը հետաքրքրէ հայ ընթերցողը:

Ի դէպ, եթէ երբեք սոյն գիրքը թարգմանուի օտար լեզուներու, յայտնապէս յունարէնի, անիկա անպայման որ պիտի արժանանայ յոյն շրջանակներու գնահատանքին:

Ճիշդ է, որ ընթերցողը էապէս կը զգայ Սոֆիային դժոխային կեանքին իւրաքանչիւր փուլն ու տարողութիւնը, այդուամենայնիւ յիշատակելի կը մնան անոր վերապրելու կամքին հզօրութիւնն ու ազնուական հոգիին մեծութիւնը:

Հեղինակը իր հոգեկան պրիսմակէն անցընելէ ետք իր անուշիկ մօր տառապանքը, բացառիկ զգացողութեամբ  եւ բարեխղճօրէն լոյսին կը բերէ  մօր կենդանագիրը, չարչարուած ներաշխարհը, հարազատներու կարօտը, ստացած ցաւերուն տարողութիւնը, բայց մանաւանդ` անոր սէրն ու նուիրուածութիւնը հայ ամուսնոյն հանդէպ, այլապէս հայութեամբ վերամկրտուելու գիտակից կեցուածքն ու քաջարի տրամադրուածութիւնը:

Այո՛, Սոֆիա փոքր տարիքին կ՛ամուսնանայ իրմէ մեծ հայ ուսուցիչի մը հետ, եւ կ՛արժանանայ անոր ջերմ սիրոյն ու աջակցութեան, եւ իր կարգին անոր ու հայութեան կը պարգեւէ  պատկառելի թիւով հայ գերդաստան մը (7 զաւակ, 32 թոռ եւ 62 ծոռ), շնորհիւ իր աննման հոգատարութեան, աստուածային համբերութեան, բիւրեղ ու հրեշտակատիպ հոգիին:

Սոֆիա սիրեց հայն ու հայութիւնը եւ հայացաւ:

Միւս կողմէ, Սոֆիայի կենսագրութիւնը  պատուհան  մըն է ծանօթանալու դրացի ժողովուրդի մը կենցաղային յատկութիւններուն, Պոնտոսի բնութեան հրաշք  գեղեցկութեան ու ազգագրական որոշ իւրայատկութիւններու:

Յայտնապէս հեղինակի ուշադրութենէն չէ վրիպած իր մօր տածած ուժեղ սէրն ու կարօտի անյագ զգացումը իր ծնողքին եւ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին նկատմամբ: Ան մինչեւ իր խոր ծերութիւնը ցանկացած է տեսնել իր կորուսեալ եղբայրներն ու հարազատները, բայց ի զուր:

Հեղինակին իսկ խոստովանութեամբ, «կեանք մը ամբողջ ան սպասեց իր եղբայրներուն, չձանձրացաւ, երազեց, աղօթեց եւ հաւատաց, որ երանաւէտ օր մը պիտի գտնէ զանոնք»:

Ի վերուստ գեղեցկութեամբ օժտեալ կապուտաչեայ Սոֆիային համար, թուրքի վաւաշոտ նայուածքներէ, թրքացումէ եւ նոյնիսկ տգէտ միջավայրերէ փախուստի տարբեր ճանապարհներու որոնումը, զինք այլապէս փրկեց եւ պատճառ դարձաւ անոր վերապրումին:

Այս հատորով Պոնտոսի լեռներու յոյն աղջնակը` Սոֆիան, թէեւ կառչած մնաց իր արմատներու կանչին, կարօտին եւ երազին, սակայն կրցաւ վերապրիլ հայ ժողովուրդի ծոցին մէջ եւ վերակենդանացնել հայ մօր կերպարը:

Հեղինակին իսկ բնորոշ խօսքով` «…ան իր լռութեան մէջ խեղդեց ամէն խոչընդոտ, ու իր ներողամիտ մեծ հոգին սորվեցուց իր զաւակներուն սրբութիւնը պարտականութեան եւ տալու մեծ հաճոյքը, որ անփոխարինելի էր իր մօտ: Տալ իր չունեցածէն»:

Այո՛, թրքութեան արհաւիրքը ապրած Սոֆիա բաժնեկից դարձաւ հայութեան գողգոթային եւ իր զուլալ արիւնը շաղախեց հայ ժողովուրդի հոգիին եւ յաղթեց կեանքին: Դժոխքէ, տոկունութենէ եւ չյանձնուելու կամքէ ծնած յաղթանակ:

Յիշատակդ անթառամ, անո՛ւշիկ Սոֆիա, մեր բոլորին ազնուահոգի մաման:

Յայտնենք, որ գիրքը խմբագրած է վաստակաշատ մտաւորական Երուանդ Հ. Քասունի: Տպուած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին մէջ, 2016-ին, ունի գեղատիպ տեսք:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>