ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
Երեւանի մէջ 2015-ին հրատարակուած 166 էջ ծաւալով հատորը գունատիպ ու նկարազարդ` երկլեզու է (հայերէն եւ անգլերէն): Հրատարակութեան խմբագիրը` Եփրեմ արք. Թապագեան:
Անգլերէն թարգմանութեան հեղինակը` Սօսի Ղազարեան Գեւոնեան:
Առաջին էջին վրայ արձանագրուած Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկը թելադրութիւն մը կ՛ընէր մեզի.- երկրորդ էջը կը պարզէր հարցը.- «Հատորը կ՛ընդգրկէ 1915-1922թթ. ժամանակահատուածին Ցեղասպանութեան եւ գաղթականութեան պատմութեան դրուագներ:
«Հատորը պատրաստուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի աշխատակիցներուն եւ մասամբ ալ այլ հաստատութիւններու մէջ աշխատող մասնագէտներու գործակցութեամբ»:
Վստահ ենք, որ վերի հաստատումը օրագրողին արժէքէն ոչինչ կը պակսեցնէ: Ընդհակառակը` արժանացած է լուրջ վերաբերմունքի:
«Սրտի խօսք» խորագիրին տակ գիրքը ունի յառաջաբան, զոր ստորագրած է գրողին հարազատ թոռնուհին` Սօսի Ղազարեան Գեւոնեանը, որ ըսած է. «Հայրս շատ հաճելի պատմող էր: Դէպքերու ժամանակ ան եղած է 12 տարեկան: Ան բաւական ճշգրտօրէն կը յիշէր մանրամասնութիւնները… Հայրս նաեւ կը պատմէր մեծ հօրս տառապանքներէն, բայց ես զինք կը պատկերացնէի իբրեւ ամենազօրեղ մարդ, որուն առջեւ բոլոր դռները բաց էին: Վերջը անշուշտ աւելի տեղեակ եղայ հայ ժողովուրդին կրած չարչարանքներուն եւ տառապանքներուն մասին: Օր մը, սակայն, երբ պատահմամբ ձեռքս անցաւ մեծ հօրս ձեռագիր օրագիրը նոր մարդ մը պարզուեցաւ աչքիս առջեւ: Ես որ մինչեւ հիմա զինք պատկերացուցած էի հարուստ ընտանիքի կրտսեր զաւակը, բծախնդիր եւ վճռական, գերժամանակակից, գեղարուեստական տաղանդներ ունեցող, որ զբաղած է նկարչութեամբ եւ փայտի վրայ փորագրութեամբ, երբ տեղեակ եղայ իր ապրած խոշտանգումներուն մասին, շանթահարուածի նման, աւելի ուժեղ ձեւով ըմբռնեցի հիւմըրով պատմուած պատմութիւններուն ետին թաքնուած ցեղասպանութեան չարիքը»:
Հեղինակը մեծ հօրը ձեռագիրը, գրի առնուած 1937-ին, ընթերցելէ ետք ամբողջացուցած է այդ գործը յենելով Արշակ Ալպոյաճեանի «Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ» ծաւալուն գիրքին վրայ:
Հիմա այդ ոչ ծաւալուն հատորը ընդամէնը 92 էջ, մեր սեղանին վրայ է: Խօսինք այդ մասին:
Բայց նախ տանք Էլլէն Բիւզանդի գրիչէն ելած Հայկ Ղազարեանին կենսագրութենէն մէկ քանի տող.- «Հայկ Ղազարեան ծնած է 1878-ին Կեսարիա, նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրին մէջ 1895-ին բժշկութեան հետեւելու փափաքով կը մեկնի Պոլիս, բայց երկու տարի վերջ վիրաբուժ տոքթ. Լարտէի մէկ վիրաբուժութեան ներկայ գտնուիլը պատճառ կը դառնայ, որ վերջնականապէս հրաժարի բժշկութիւն ուսանելէ եւ հետեւի հօրը արհեստին` վաճառականութեան, որուն համար կը յաճախէ Թուրքիոյ բարձրագոյն կրթարանը եղող Ամերիկեան հաստատութեան Ռոպերթ քոլեճի տնտեսագիտութեան դասընթացքներուն»: Կ՛ըլլայ ուսանողը նշանաւոր փրոֆ. Յակոբոս Ճէճիզեանի: Երիտասարդ այդ օրերուն կը խմբագրէ «Սէր» անունով կիսամեայ մը: Գրող խմբագիրը արթնցած էր իր մէջ: 1900-ին զինք կը տեսնենք իր ծննդավայրին մէջ: Հայրը` հիւանդ: Ինք կը ստանձնէ հօրը գործը: 1908-ի սահմանադրութեան հռչակումէն ետք կը սկսի «Շեփոր» անունով խմորատիպ շաբաթաթերթ մը հրատարակել` ազատութեան բարիքները ջատագովելով: 1910-ին, երբ Կեսարիա կը հասնի տպագրութեան մեքենայ մը, պաշտօնապէս պետութենէն արտօնութիւն ստանալով կը սկսի հրատարակել «Առաքեալ» անունով թերթ մը, ուր ազատօրէն կը քննադատէ օրուան դէպքերը, նոյնիսկ կառավարութիւնը: Սկիզբը Դաշնակցութեան յարելուն պատճառով դժուարութեան մատնուած է, ապա գրաւած է չէզոք դիրք, բայց ի վերջոյ մատնուած չարչարանքներու: Անոր «Սեւ օրերու մէջ» գործը 1931-ին, որպէս թերթօն, լոյս ընծայուած է Պէյրութի «Լիբանան» օրաթերթին մէջ: Աշխատակցած է Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող թերթերու մինչեւ 1936:
Հիմա, վստահ եմ ճանչցաք Հայկ Ղազարեանը:
Անցնինք իր այս գիրքին.-
Հայկ Ղազարեանի այս օրագրութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը համատարած փաստաթուղթի մը վերածող ցաւով ու արցունքով գրուած վկայութիւններու անվերջանալի ցանկ մը ըլլայ կարծէք:
Կը կարդաք, յաճախ արցունքով, այս էջերը ու կը մղուիք չհաւատալ եղածներուն, որովհետեւ այս դաժան երեւոյթները ապրած Հայկին ըսածները, գրածները եղելութիւններու անհնարութիւնը հաստատած կ՛ըլլայ:
Թուրքին դաժանութեան հաւատալ անկարելի է: Բայց թուրքը` որպէս պատմութեան դաժանագոյն արարած, իրագործած է անհաւատալին, իր ծրագիրին իրագործումը կապելով բնաջնջել ողջ Արեւմտեան նաեւ Արեւելեան Հայաստանի բոլոր քաղաքներուն եւ հազարաւոր գիւղերուն բոլոր բնակիչները, ընդհուպ լեռնագագաթներու ծերպերուն մէջ գտնուող քանի մը տուն բնակիչ ունեցող հայկական գիւղը:
Հայկ Ղազարեանը որպէս բարձրագոյն ուսումի տէր մտաւորական ու խմբագիր, ընթերցողին ներկայացուցած եղաւ ո՛չ միայն չարչարալից իր կեանքը Կեսարիայէն մինչեւ Հալէպ, Համա, Հոմս, Հաուրան ու Դամասկոս, այլ նաեւ իր կեանքի ընթացքէն նախճիրը Կեսարիոյ ողջ հայութեան:
Ընթերցողը զարմանալի յստակութեամբ, յիշողութեան պայծառութեամբ կը ճանչնայ բազմահազար անուններ` ելած Հայկ Ղազարեանի գրիչէն, անոնց պաշտօններով, նուիրուածութեամբ, որոնք անցած են տառապանքի նոյն ուղիներէն, եւ որոնցմէ հարիւր հարիւրներ պատժուած են կախաղաններով կամ սուր սայր եաթաղաններով:
Այս էջերուն վրայ տասնեակ անգամներ կայ նաեւ վիպակոչումը այն իրողութեան, որ հայերը ծեծի ու չարչարանքի տակ պետութեան յանձնած են ամէն տեսակի զէնքեր, մերթ նոյնիսկ նոր զէնք մը գնելով յանձնած են պետութեան, որպէսզի ազատ կացուցուին բանտարկութենէ: Հայերը ո՞ր օրուան համար ունեցած ու պահած էին այդ զէնքերը անտառներու, լեռներու, իրենց ունեցած այգիներու մէջ, կամ զուգարանի քարերուն տակ, եթէ պիտի չկարողանային օգտագործել այդ զէնքերը: Թուրքը որպէս իշխանութիւն, կրցաւ այդ զէնքերը ունենալ` տուն առ տուն խուզարկումի ենթարկելով հայոց բնակարանները: Այս հատորին մէջ եզկելի հայ դաւաճաններու թիւը քիչ չէ: Անոնք իրենց կաշին ազատելու համար բազմաթիւ անուններու ցանկեր կը ներկայացնեն` յուսալով, որ ազատ ապրիլ պիտի կարենան: Այդ եզկելիներուն պետութեան յանձնած ցանկերուն մէջ կան անունները բժիշկներու, ուսուցիչներու, հայ հասարակական կեանքի մէջ նուիրեալ անձնաւորութիւններու, հարստութեան տիրացած վաճառականներու եւ նաեւ պարզ գիւղացիներու:
Զարմանալին այն է որ, Հայկ Ղազարեանը կրցած է անուն առ անուն թուել այդ բոլորը, նոր փաստաթուղթ մը պատրաստելու պէս:
Ինչ կը վերաբերի կայէններուն, անոնցմէ ոմանք վրիժառուներու ձեռքով մաքրուած են, ոմանք ալ կառավարութեան կողմէ, իշխանութիւնները այլեւս պէտք չունէին այդ դաւաճաններուն:
Ըմբոստութեան դէպքերը քիչ են: Այո՛, հեռուներէն մարդ զարմանք կը յայտնէ չեղածին համար. կուսակցութիւններ ներկայ են: Անոնք, այո՛, զինեալներ եւս ունին, բայց մատնուած են. հերոս տղաք կան այս պատմութեան մէջ: Բայց զէնք գործածող հերոս չկայ. այս իրողութիւնը կ՛ըմբոստացնէ ընթերցողը:
Վկայութիւն մը ահա. «Վերջապէս, մինչեւ առաւօտ 97 հոգի եղանք հազիւ 50 հոգինոց ախոռի մը մէջ», բոլորն ալ նշանաւոր հայեր:
Այլ վկայութիւն. «Վերջին օրերուն կառավարական մարդիկ սկսան կարգ մը հարուստներ իրենց մօտ հրաւիրելով պարզել օրուան կացութիւնը եւ անուղղակի կերպով ըսել, թէ Կեսարիոյ մէջ ալ տեղահանութեան վտանգ կայ, մենք կարող ենք ուզածնիս ազատել այդ անբաղձալի ուղեւորութենէն, այդ ձեւով հազարներ գրպանեցին (ընդգծումը մեր կողմէ Թ. Թ.) ու երբ ատենը եկաւ զիրենք ազատելու, շուտով Սվազի կողմը չէթէական սպանդանոցը ղրկեցին զանոնք` հաշիւը միանգամընդմիշտ փակելու համար»:
Ուրիշ վկայութիւն մը. «Երկու ժամ սպասեցինք մինչեւ որ կառախումբը նորէն ճամբայ ելաւ: Հոս մեր խումբէն քանի մը հոգի առարկութիւն ըրաւ, թէ իրենց մօտ շոգեկառքի դրամ չունին, շուտով հանգանակութիւն մը ըրինք եւ դրամը ապահովեցինք, այս դէպքը առաջինը չէր, Կեսարիայէն ի վեր այդ տեսակ հանգանակութիւններ կ՛ընէինք ամէն օր»: Այո, որպէսզի տարագրեալներուն վերջին դահեկանն իսկ կողոպտեն:
Այս հատորը գեղազարդուած է 68 նկարներով, ուր կը տեսնենք վերապրողները եւ անոնց ժառանգորդներուն կեանքէն դրուագներ, նոյնիսկ ճոխ հարսանիքներ:
Սակայն, տասնամեակ մը առաջ, ջարդի օրերուն, «Ապտիւլ Ղատիր Տէրայի բակին մէջ կանգ առնելով եւ իր խօսքը ուղղելով հայ տարագրեալներուն` կը յայտարարէ. «Զաւակնե՛րս, քանի որ բոլորդ ալ իսլամութիւնը ընդունեցիք, պէտք է որ իսլամական օրէնքը կէտ առ կէտ գործադրէք, ըստ իսլամական օրէնքին, ամուրի մնալը մեղք մըն է, եւ քանի որ դուք բոլորդ ամուրի էք, պէտք է ամուսնանաք ձեր ընտրած անձին հետ, ուստի հիմա մուֆթի էֆենտին ձեզի համար պսակի արարողութիւնը պիտի կատարէ»: Եւ ահա մուֆթին կը կատարէ պսակի արարողութիւնը, եւ յետոյ Ապտիւլ Ղատիր առաջին շարքի վրայ կանգնած մարդու մը կը հրամայէ, որ շուտով ընտրէ դիմացի կողմը կեցող կիներէն կամ աղջիկներէն մին, բայց մարդը կ՛առարկէ ըսելով. «Փաշա՜, ես արդէն ամուսնացած եմ եւ կինս հիմա Տէր Զօր կը գտնուի, ուստի երկրորդ անգամ չեմ ամուսնանար: Այս լսելուն, Ապտիւլ Ղատիր կը զայրանայ եւ կը հրամայէ մերկացնել յիշեալը եւ յիսուն գաւազանի հարուածներ իջեցնել մերկ ոտքերուն: Այս խայտառակ ամուսնութեան «խնճոյքը» տեսնելով, միւս մարդիկը վախերնէն իսկոյն կը յարձակին դիմացի կողմը կեցող կիներուն ու աղջիկներուն վրայ եւ կ՛ընտրեն մէյ մէկ հատ, եւ կը սկսի Բաբելոնի խառնակութիւնը»:
Հատորը կը փակուի հեղինակին յօրինած մէկ բանաստեղծութեամբ` «Ողբ Հայաստանի-Վարդանանցի առաւօտ» խորագիրով, եւ «Յարգանք հայ աշխատաւորին» խորագիրով յօդուածով մը` գրուած Դամասկոս 3 յունիս 1953- ին, հրատարակուած Պէյրութի «Հորիզոն» թերթին 1953 յունիս 3-ի թիւին մէջ: Վերջին յօդուած մը կ՛աւելնայ գիրքին` «Կոտրուած հայելին» խորագիրով` գրուած նոյնպէս Դամասկոս 28 փետրուար 1933-ին, որ հրատարակուած կը գտնենք Պէյրութի Սահակ Մեսրոպ կիսամեայ հանդէսի 1933-ի թիւ 4 (20) մարտ 1-ին մէջ:
Հայկ Ղազարեանը իր դաժան կեանքին պատմութիւնը ժամանակագրելով ծառայած է ազգին եւ յիշատակելի է այս գործին հրատարակութիւնը մեր օրերու Հայաստանի մէջ` վաւերաթուղթ մը ի լուր մեր նորագոյն սերունդին, որ խտացնէ մեր բանակին շարքերը նոր հերոսայնութեամբ, վասն պաշտպանութիւն առայժմ նեղ սահմաններուն, երբ սահմանէն անդին մեր ընդարձակ հողերը` համբերութեամբ կը սպասեն իրենց տէրերուն, որ մեր ժողովուրդն է:
Երեւան, 14 օգոստոս 2016