Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Մարմնակրթութեան Եւ Երիտասարդութեան Հարցերու Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ «100 Գաղափար Հայաստանի Համար» Մրցումին Սկիզբը

$
0
0

ministryofsport_82616

Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական երիտասարդական մրցումի դիմումներու ընդունման հոլովոյթը: «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական երիտասարդական մրցումին կրնան մասնակցիլ 16-30 տարեկան երիտասարդներ կամ հեղինակային խումբեր: Մրցումին նպատակն է զարգացնել երիտասարդներուն նորարարական մտածողութիւնը, ներգրաւել երիտասարդները Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական զարգացման խնդիրներու լուծման հոլովոյթներուն մէջ, խթանել գիտական-արհեստագիտական մշակումներն ու նորարարական նախագիծեր իրականացնելու քաղաքացիական նախաձեռնութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան լրատուական բաժինը, հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ մրցումին հիմնական նպատակները.

1.- Երիտասարդական գիւտարարութեան, նորարարութեան խթանումը եւ զարգացումը:

2.- Երկրի ընկերային-տնտեսական զարգացման համար գործնական նշանակութիւն ունեցող նորարարական նախագիծերու ու գիտական-արհեստագիտական մշակումներու յայտնաբերումը եւ հաւանական ներդրումը:

3.- Ընկերային եւ հասարակական կարեւոր խնդիրներու լուծման հոլովոյթներուն մէջ հասարակական միաւորումներու, տնտեսվարող կառոյցներու եւ կառավարման պետական մարմիններու միջեւ բոլոր մակարդակներուն վրայ համագործակցութեան կատարելագործումը:

4.- Երիտասարդութեան ընկերային գործընկերութեան եւ փոխադարձ պատասխանատուութեան սկզբունքներուն ներդրումը գործնականին մէջ:

Մրցումի կազմակերպչական կոմիտէին կողմէ ընդունուած մրցումի դիմումները գնահատելու նպատակով ստեղծուած մրցումի փորձագիտական յանձնախումբը պիտի գնահատէ այդ դիմումները: Փորձագիտական նախնական գնահատման շնորհիւ ընտրուած լաւագոյն 20 դիմումները պիտի անցնին մրցումի եզրափակիչ փուլ: 2016-ի հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպուի մրցումի եզրափակիչ փուլ անցած 20 լաւագոյն նորարարական նախագիծերու եւ գիտական-արհեստագիտական մշակումներու ցուցահանդէս, ապա պիտի գումարուի յանձնախումբի նիստ, ուր տեղի պիտի ունենայ նախագիծերու պաշտպանութիւն (ներկայացման ձեւով) հեղինակներու (հեղինակային խումբերու) կողմէ եւ նախագիծերու վերջնական գնահատում: Նիստին աւարտին յանձնախումբը, ըստ հաստատուած անուանակարգերուն, պիտի հրապարակէ նախագիծերու վերջնական գնահատականները եւ զանոնք պիտի ներկայացնէ կազմակերպչական կոմիտէին, որ պիտի ամփոփէ յանձնախումբին գնահատականները, որուն հետեւանքով պիտի որոշուին մրցումին յաղթող երեք նախագիծերը:

Մրցումին յաղթած նախագիծերը պիտի ստանան դրամական խրախուսում: Ընդհանուր մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 2 միլիոն դրամ: «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական երիտասարդական մրցումին յաղթած երեք նախագիծերը 2018-ին պիտի մասնակցին «100 գաղափար ԱՊՀ-ի համար» մրցումին: 2016-ին մրցումը տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ անուանակարգերով` 1.- Գիւղատնտեսական գիտութիւններ, 2.- Ռազմական գիտութիւններ, 3.- Քիմիական գիտութիւններ: Նախագիծերը անհրաժեշտ է ներկայացնել թղթային եւ ելեկտրոնային կրիչով (Ուըրտ տոքիւմընթ, մինչեւ 10 էջ) եւ «Փաուըր Փոյնթ»-ով ներկայացում (մինչեւ 25 սլայտ): Չեն բացառուիր ելեկտրոնային ներկայացման այլ յաւելեալ միջոցներ` լսատեսողական նիւթեր, պատկերային ուրուագիծեր, համակարգչային ծրագիրներ եւ այլն: Պիտի կիրարկուին նախագիծի գնահատման հետեւեալ չափանիշները.

1.- Ներկայացուած նիւթին արդիականութիւնը եւ նախագիծի գործնական նշանակութիւնը:

2.- Գաղափարի նորութիւնը կամ ներկայացուած խնդիրի լուծման մօտեցումներու նորարարականութիւնը:

3.- Նորարարական նախագիծի (ուսումնասիրութիւն) նպատակներու, խնդիրներու յստակութիւնն ու տրամաբանական հիմնաւորուածութիւնը եւ անոնց հասնելու ուղիներուն յստակութիւնը:

4.- Նիւթին վերաբերեալ հեղինակային հայեցակարգերու եւ գործնական յանձնարարականներու իւրօրինակութիւնը:

5.- Մրցումի նորարարական նախագիծի իրականացման իրատեսականութիւնը:

Լրացուցիչ առաւելութիւն պիտի ստանան ցուցադրական նիւթով (տեսահոլովակ, մանրակերտ, նմուշներ եւ այլն) ներկայացուած աշխատանքները: Մրցումին դիմումները կ՛ընդունուին 1 օգոստոսէն մինչեւ 9 սեպտեմբեր 2016: Դիմումները պէտք է ներկայացնել  Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles