Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Ոգեկոչումներուն Փակման Համանուագ` Նուիրուած Մեծ Մարդասէր Դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընին. «Մնաք Բարով` Մարիա»

$
0
0

ՍԵԴԱ ԽՏԸՇԵԱՆ
Ատենապետ` Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի
Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի

IMG_4062

Սովորական դասական երաժշտական ունկնդրութեան մը չէ, որուն ներկայ  գտնուեցանք 19 նոյեմբեր 2015-ին «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի շքեղ սրահին մէջ,  եւ ոչ ալ` տաղանդաւոր երաժիշտ-խմբավարի մը կախարդական ճպոտի շարժումներով ստեղծուած համանուագ մը ըմբոշխնելու լոկ առիթ:  Այս բոլորը  եւ առաւել այս երեկոն կը զանազանուէր  Հայոց ցեղասպանութեան առիթով կազմակերպուած բոլոր նախաձեռնութիւններէն իր իւրայատկութեամբ, նշանակութեամբ,  նպատակով եւ հոյակապ կատարողութեամբ:

6 ապրիլ 2015-ին  խմբավար երաժիշտ Վարդան Մելքոնեան ճամբայ պիտի ելլէր իր պապենական հողերէն` Մուշէն, իր քսանամեայ դստեր Վերոնիքային հետ, կատարելու համար միեւնոյն ճանապարհորդութիւնը, որ ասկէ հարիւր տարիներ առաջ իր մեծ հայրն ու ամբողջ գերդաստանը ահաւոր ու դժնդակ օր մը պարտադրուեցան ճամբայ ելլել`  առանց գիտնալու, թէ ո՛ւր պիտի երթային եւ ինչո՞ւ պիտի երթային,  անդարձ մեկնելով հազարամեակներով  արմատացած հողերէն դէպի անորոշութիւն կամ մահ:

Վարդան Մելքոնեան 100 տարիներ ետք միեւնոյն ճանապարհորդութիւնը ուզեց ընել` ցոյց տալու մարդկութեան, թէ ինչպիսի՜ ահաւոր բռնագաղթի ենթարկուած էր ամբողջ ժողովուրդ մը, սպանդի մը, որուն ընթացքին զոհ գնաց աւելի քան 1.5 միլիոն մարդ, կին ու երեխայ, որոնց մէջ` Վարդանին ամբողջ գերդաստանը: Եւ քալելով գաղթի ու կոտորածի ճանապարհէն` պիտի ապրէր միեւնոյն մղձաւանջային օրերն ու ժամերը, միեւնոյն հոգեբանական տագնապի ելեւէջները. պիտի ապրէր  հարազատները կորսնցնելու սարսափն ու առանձնութեան տագնապը, հալածանքի սպառնալիքն ու մահուան սարսուռը ու վերջապէս` վերապրումի հոգոցն ու բերկրանքը:  Եւ հազարաւորներ ճակատագիրին քմայքին յանձնուած պիտի հասնէին  ապահով հանգրուան մը, որ իրենց  միակ տունը պիտի ըլլար: Այդ հազարաւորներէն էին նաեւ Վարդանին հայրը` Մովսէսը եւ մայրը` Հայկանուշը,  դեռատի փոքրիկներ, որոնք պիտի ծուարէին «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ եւ այդ տան մէջ իրենց   հարազատներու ջերմութիւնը պիտի փոխանակուէր օտար, սակայն մարդասիրութեամբ առաքելացած մարդոց կողմէ:  Այդ հանգրուանը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ «Թռչնոց բոյն» կոչուած որբանոցը, որ իր հովանիին տակ  առաւ  Ցեղասպանութենէն վերապրած հազարաւոր որբերը, անոնց համար դարձաւ տուն ու ընտանիք  եւ մայրական ջերմութեան պակասը  փոխարինեց այնքան, որ կարելի էր:

Որբերուն աչքերուն մէջ մարած լոյսն ու հոգիին մէջ ցնդած երազները  հետզհետէ սկսան կրկին  կեանք ու թռիչք առնել, ու անոնք նետուեցան կեանքին`  յաջողելու հաստատակամութեամբ:

Նոյն ճակատագիրին կ՛արժանանար Վարդան եւս իր մօրը մահով 1950-ական թուականներուն, երբ զինք իր քոյրերուն եւ եղբօրը հետ կ՛առաջնորդեն «Թռչնոց բոյն»:   Հազարաւոր այլ անտունիներու նման` Վարդան եւս կը ծուարի այս որբանոցի երդիքին տակ ու կը ստանայ մայրական ջերմութիւնն ու գուրգուրանքը  օտար մարդասէրներու ազնուական վերաբերմունքին ընդմէջէն եւ իր հոգիին պլպլացող յոյսը կը վերականգնէ «Թռչնոց բոյն»-ի  կամարներուն տակ:  Եւ  բախտաւոր օր մը կը նետուի կեանքին` յաջողելու ինքնավստահութեամբ:

23145880515_66ffb800d4_o

Վարդան իր կեանքին երազը կ՛իրագործէ դառնալով յաջող երաժիշտ խմբավար, բայց իր հոգիին ցանկութիւնը` հայրերուն ճանապարէն քալելու, չի յաջողիր  օրուան քաղաքական անբարենպաստ ու վտանգաւոր պայմաններու բերումով: Անգլիական պետութիւնն ու սուրիական դեսպանութիւնը  կը թելադրէին հեռու մնալ նման ծրագիրէ մը, որ կը սպառնար իր ու իր երիտասարդ դստեր կեանքին:

Ուրախ ենք, որ Վարդան անսաց այս զգուշութեան յորդորին` յետաձգելով այս ճանապարհորդութիւնը անորոշ թուականով, վստահ ենք, որ շատեր մեզմէ  պիտի միանան  իրեն ապագային` ամրագրելով իրենց հոգիներուն մէջ հայրենի հողերու պատկերն ու պատկանելիութեան զգացումը:

Բայց հոս չ՛աւարտիր Վարդան Մելքոնեանին ծրագիրը:

Վարդան Մելքոնեան «Թռչնոց բոյն»-էն ետք իր երազը հետապնդեց Անգլիոյ օտար, ցուրտ ու անհիւրընկալ ափերու վրայ ու յաղթեց ճակատագիրին` դառնալով մարդ ու երաժիշտ: Շլացուցիչ ու գեղեցիկ կեանքի հրապոյրը երբեք վարագոյր չքաշեց անոր անցեալին վրայ  եւ ոչ ալ յաջողութեան փառքն ու դափնիները մոռացութեան մատնեցին որբանոցի տխուր, բայց գեղեցիկ յուշերը, ուրկէ սկիզբ առաւ իր կեանքն ու մանկութիւնը:  Վերադարձաւ միշտ իր անցեալին, իր  տունը,   իր սիրելիներուն,  իր մեռելներուն ու անոնց անմար յիշատակով ամբարեց հոգիին ջերմութիւնն ու ուժը` շարունակելու համար իր ճանապարհորդութիւնը դէպի բարձունքները :

Այսօր երաժշտական այս երկոն երախտիքի տուրք  մըն է  հազարաւոր որբերու անունով մատուցուած մեծ մարդասէր ու չմայրացած, բայց յիրաւի մայր դարձած ազնուական ու անզուգական դանիացիին ` Մարիա Ճէյքպսընին, որ արդարօրէն կոչուեցուաւ` Մամա:  Հազարաւոր որբեր, որոնք  չ՛ապրեցան մայրական ջերմութեան ու գուրգուրանքի բախտաւորութիւնն ու ուրախութիւնը ,  անոր մէջ գտան իրենց ապահովութիւնն ու պաշտպանուածութիւնը:

Վարդան Մելքոնեան այսօր իր տուրքն է, որ  հատուցեց   զինք որդեգրած մեծ կնոջ` Մարիա Ճէյքպսընին : Բայց Վարդանին հատուցումը բազմապատիկ աւելի  իմաստաւորուեցաւ,  երբ այդ տուրքը  վճարեց այն հողի վրայ, ուր ինք  հազարաւոր որբերու հետ ծուարեցաւ նոյն մարդասէր  դանիացիին հետ`  մատուցելով նաեւ մեր բոլորիս տուրքը, մեզ որդեգրած ու մեզ համար մայրացած` Մամային, անոր  նուիրելով իր յօրինած յատուկ երաժշտական ստեղծագործութիւնը, որ կը կոչուի` «Տը տրէյք փասէյճ»:

«Տը տրէյք փասէյճ» ստացաւ Անգլիոյ արքայական Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին վաւերացումը եւ անոր պաշտօնական արձանագրութիւնը  պիտի կատարուի յունուար 2016-ին, անցնելով  դասական երաժշտական  նուագացանկին վրայ:  Այսպիսով, Վարդան կ՛անցնի մեծերու անդաստանը: Որբանոցի համեստ տունէն ու Պուրճ Համուտի փողոցներու դարանակալ անկիւններէն ետք,  անգլիական սուր ու դժուարահաճ հասարակութիւնը  նուաճած Վարդան, այսօր  յաղթանակի դափնիներով կը վերադառնայ  տուն` «Թռչնոց Բոյն»,  ուր այլեւս չկայ իր Մաման, որ զինք  դիմաւորէր ուրախութեան արցունքներով, բայց հոս էինք բոլորս, սիրելի՛ Վարդան, բոլոր մամաները, որոնք վարդաններ ունենալու երազներով իրենց զաւակները  օր մը ճամբու կը դնեն դէպի օտար ափեր ու անդուլ կը սպասեն անոնց յաղթական վերադարձին…

H27A8820

Այսօր, այս երկոն համանուագի ներդաշակ ու քաղցրահունչ տաղաչափութեամբ , երաժշտական կշռոյթի ու անոր  տիափազոնի սաստկացող ուժգնութեամբ ու սրտերը  թռթռացնող հնչեղութեան ճոխութեամբ յարութիւն տուին մեր մէկուկէս միլիոն մեռելներու ուրուականները Տէր Զօրի աւազներէն  եւ ուրախութեան քրքիջով ծաղրեցին  թուրքն ու բոլոր ջարդարարները, որոնք տակաւին կ՛ուրանան եւ  պիտի հալածեն զանոնք  երկրագունդի ո՛ր անկիւն ալ որ գտնուին Վարդաններու ստեղծագործական  տաղաչափութեան յաճախանքով:

Մեզի հետ էին  այսօր գոհունակութեան ժպիտով ունկնդրելու, Մարիա ճէյքպսըն-Մաման, «Թռչնոց բոյն»-ի մամաներու ամբողջ  յոյլը, նաեւ` մեր մէկուկէս միլիոն սրբացած մամաներն ու քոյրերը, որոնք այլեւս ոչ իբրեւ կմախքներ յարութիւն կ՛առնեն անապատի աւազներէն, այլ աստղահոյլեր դարձած` երկնքէն կը պսպղան լուսաւորելով մեր ճանապարհը Մուշէն` «Թռչնոց Բոյն», Վանէն,  Սասունէն` դէպի հայրենիք,  դէպի յաւերժական Հայաստան  ու հայութիւն :

Ահա այսպէս մեր վերապրումի ու մեր ստեղծագործական արարումներով  տօնեցինք մեր յաղթանակը Մամային  նուիրուած հոյակապ յուշ-երեկոն,  մեր տաղանդով  կը վիժեցնենք թուրքին հայաջնջումի ծրագիրը ու մեր յաղթանակի տեսիլքով կը շարունակենք ճանապարհը դէպի ամբողջական հայրենիքի վերականգնումը :

19 Նոյեմբեր 2015

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>