Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը

$
0
0

10520846_819333454755045_5919789954209600391_n

Ուրբաթ, 20 նոյեմբեր 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա., իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հայր Միշէլ Ժալըխը: Ընդհանուր քարտուղարը վեհափառ հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց, 3-4 նոյեմբեր 2015-ին Գահիրէի մէջ, իբրեւ խորհուրդին նախագահ, գործադիր վարչութեան ժողովին մասնակցութեան համար:

Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, թէ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած այս տագնապին մէջ ՄԱԵԽ-ը կարեւոր դերակատարութիւն ունի, եւ վստահեցուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատրաստակամութիւնը զօրավիգ կանգնելու խորհուրդի աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն:

Ընդհանուր քարտուղարը տեղեակ պահեց, թէ յառաջիկային Զուիցերիոյ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու նախագահները բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ պիտի այցելեն Լիբանան եւ հանդիպումներ պիտի ունենան Լիբանանի զանազան համայնքներու եւ հոգեւոր առաջնորդներու հետ: Ան կաթողիկոսին ցուցմունքներն ու օժանդակութիւնը խնդրեց այս այցելութիւնը առաւել եւս արդիւնաւոր դարձնելու համար:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>