Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՅԴ-ն ԵՒ ՀՕՄ-ը Տարբեր Ծրագիրներ Կ՛իրականացնեն Արցախի Մէջ
Այս օրերուն Արցախի մէջ տեղի կ՛ունենան ՀՅԴ-ի եւ ՀՕՄ-ի կողմէ իրականացուող տարբեր ծրագիրներ:
«Մեր զինուորներուն հետ» արշաւի ծիրին մէջ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան անդամները, ՀՕՄ-ի Հայաստանի եւ Արցախի միաւորներու ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, մայիսէն մինչեւ օրս այցելած են Արցախի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած 83 զինուորներուն ընտանիքներուն` յայտնելու իրենց երախտագիտութիւնը մեծ զոհողութիւններով Արցախի ազատագրումն ու պաշտպանութիւնը ապահոված մարտիկներուն եւ փոխանցած օժանդակութիւն` իւրաքանչիւր ընտանիքի տրամադրելով 1000 տոլար եւ յաւելեալ 250 տոլար` զինուորի իւրաքանչիւր երեխայի համար:
Երկրորդ ծրագիրը Արցախի մէջ գործող ՀՕՄ-ի 8 մանկապարտէզներն են` Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մեծ Թաղերուն, Տողի, Ակնաբերդի, Աշանի, Խնձրիստանի եւ Քարեգահի մէջ: Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի հին շէնքը անվտանգութեան պայմաններուն չի համապատասխաներ, ուստի կարիք կայ մանկապարտէզի նոր շէնքի կառուցման:
18 յուլիս 2016-ին Աւստրալիոյ մէջ կազմակերպուեցաւ Արցախի զօրակցութեան նուիրուած թելեթոն, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 112 հազար 175 աւստրալիական տոլար, որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի «Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան» ֆոնտին:
Արցախի երեք քաղաքներուն` Շուշիի, Ստեփանակերտի, Ասկերանի մէջ ՀՅԴ Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի եւ Ֆրանսայի երիտասարդականները կը կազմակերպեն արդէն աւանդական դարձած պատանեկան ճամբարներ: Ասկերանի ճամբարը արդէն սկսած է, իսկ միւսները` շուտով:
Սփիւռքահայ 67 Ուսուցիչներ Հաստատագիրներ Ստացած Են
Ա. Մարգարեանի անուան թիւ 29 աւագ դպրոցին մէջ կայացած է Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագրի փակման արարողութիւնը, որուն ընթացքին 18 երկիրներէ սփիւռքահայ 67 ուսուցիչներ ստացած են իրենց հաստատագիրները:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Կրթութեան ազգային հիմնարկի տնօրէն Նորայր Ղուկասեան մասնակիցները ողջունելէ ետք, յոյս յայտնած է` ըսելով, որ դասընթացքները պիտի նպաստեն սփիւռքահայ գաղութներուն մէջ հայապահպանման գործին: Ան նաեւ ուսուցիչները յորդորած է` կազմակերպիչներուն ներկայացնել այն բոլոր առաջարկները, զորս փափաքելի է ներառել վերապատրաստման հետագայի ծրագիրներուն մէջ:
Նշենք, որ ծրագիրը ընթացած է վեց ուսումնական խումբերու մէջ` նախադպրոցական, տարրական ուսուցման, միօրեայ դպրոցներու, հայոց լեզուի ու գրականութեան դասաւանդման, կառավարման եւ լրացուցիչ կրթութեան կազմակերպման: Ուսուցիչները մասնակցած են տարբեր դասընթացքներու, այցելած են դպրոցներ, մանկապարտէզներ, սորված են` ձեռագործ, մանրանկարչութիւն, հայկական երգ ու պար:
Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսումնական խումբին մէջ լեզուի ուսուցումը կատարուած է երկու խումբի դրութեամբ` արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն դասաւանդողներու համար: Բոլոր խումբերուն մէջ ուսուցիչները ունեցած են մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան դասապահեր: Առանձին ներկայացուած են հոգեբանութեան եւ հայապահպանման հարցերը:
Յայտնենք, որ դասերէն բացի, ուսուցիչները կարելիութիւն ունեցած են այցելելու թանգարաններ, ծանօթանալու կրթութեան ոլորտին մէջ առաջատար հրատարակչութիւններուն հրապարակած գիրքերուն, հանդիպում ունենալու «Հայոց ցեղասպանութեան հարցերու դասաւանդում տարբեր տարիքի երեխաներու համար» մեթոտական ձեռնարկի հեղինակ եւ գիրքերու հեղինակ Ռուբինա Փիրումեանին, մասնակցելու Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի ներկայացումներուն եւ այլն:
Արեւմտահայերէնը Վտանգուած Է
«Երկու երես» մամլոյ ակումբին մէջ 28 յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին լեզուաբան Լաւրենտի Միրզոյեան խօսած է ընդհանրապէս լեզուներուն եւ յատկապէս հայերէնին մասին: Այս մասին հաղորդած է Սիրանուշ Հայրապետեան:
Անոր համաձայն, աշխարհի մէջ կան մօտաւորապէս 2500 լեզուներ, որոնցմէ կենսունակ է ընդամէնը 500-ը: Ըստ տարածուածութեան, այսօր ամէնէն աւելի կ՛օգտագործուի չինարէնը, զոր կը խօսին 1 միլիառ 200 միլիոն հոգի: 1 միլիառ 100 միլիոն հոգի կը խօսի անգլերէն, 500 միլիոնէն աւելի անձ` սպաներէն, 247 միլիոն ալ` ռուսերէն:
Առաջին հարիւրակին մէջ ընդգրկուած է նաեւ հայերէնը, զոր կը խօսի մօտաւորապէս 10 միլիոն հոգի: «500 կենսունակ լեզուներէն ընդամէնը 119-ը պետական լեզու է: Առաջին դիրքին վրայ` ֆրանսերէնն է, պետական լեզու է 27 երկիրներու մէջ: 23 երկիրներու մէջ պետական լեզու է` արաբերէնը, 20 երկիրներու մէջ` անգլերէնը, 19 երկիրներու մէջ` սպաներէնը: Հայերէնը եւս տասնեակի մէջ կը մտնէ, որովհետեւ պետական լեզու է երկու երկիրներու մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», դիտել տուած է լեզուաբանը` աւելցնելով, որ այս իմաստով արեւելահայերէնը, արեւմտահայերէնին հետ բաղդատելով, առաւելութիւն ունի, որովհետեւ պետական լեզուի կարգավիճակ ունի, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ նաեւ լեզուի բառապաշարի հարստացման առումով որոշ յաջողութիւններ ունենալու:
Արեւմտահայերէնը այսօր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Վտանգուած լեզուներ»-ու ցանկին մէջ է: Լեզուն կը գոյատեւէ այն պարագային, երբ գործածութեան լայն շրջանակներ, տարածուածութիւն ունի: Մինչդեռ արեւմտահայերէնը այսօր մօտաւորապէս մէկ միլիոն անձի կողմէ կը գործածուի:
«Արեւմտահայերէնը, իբրեւ գրական լեզու, պահպանուած է հիմնականօրէն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ` Սուրիոյ, Լիբանանի եւ հայկական այն գաղթօճախներուն մէջ, ուր հայկական ստուար խումբ եղած է: Ցաւօք, 1975 թուականի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք վտանգուեցաւ արեւմտահայերէնի կարգավիճակը այդ երկրին մէջ. շատ մը լիբանանահայեր արտագաղթեցին այլ երկիրներ: Այսօր ալ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին պատճառով է, որ այնտեղի հայկական համայնքը կ՛արտագաղթէ տարբեր երկիրներ: Այդ բոլորը, բնականաբար, իրենց բացասական ազդեցութիւնը պիտի ունենան արեւմտահայերէնի կարգավիճակին վրայ: Եթէ մարդիկ արեւմտահայերէնը չօգտագործեն, ան դատապարտուած է մահուան», նշած է Լաւրենտի Միրզոյեան:
Լեզուաբանը համոզուած է, որ միայն պետական լուրջ քաղաքականութեան մշակման պարագային կարելի պիտի ըլլայ փրկել արեւմտահայերէնը: Ան նկատել տուած է նաեւ, որ նոր սահմանադրութեան մէջ երեք յօդուած նուիրուած է մայրենի լեզուին: Անոնցմէ մէկուն մէջ կ՛ըսուի, որ հայոց լեզուն եւ մշակութային ժառանգութիւնը կը գտնուին պետութեան պաշտպանութեան եւ հոգածութեան տակ. «Այս ուղղակի քայլերու անցնելու իրական կարելիութիւն կը ստեղծէ մեր պետութեան», ընդգծած է Միրզոյեան:
Լեզուաբանը կ՛առաջարկէ կայացնել համահայկական լեզուական քաղաքականութեան նուիրուած համաժողով, որուն ընթացքին համապատասխան մասնագէտները համակողմանի կերպով պիտի քննարկեն թէ՛ արեւմտահայերէնին եւ թէ՛ արեւելահայերէնին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ապա պիտի մշակեն լեզուներու փրկութեան ծրագիր: «Ի հարկէ, այս ո՛չ միայն լեզուաբաններու, այլեւ պետութեան, առհասարակ լեզուի հարցերով մտահոգ մարդոց հարցն է», շեշտած է Լաւրենտի Միրզոյեան:
Հրատարակուած Է Խաչատուր Դադայեանի «Հայոց Տնտեսական Ցեղասպանութիւն» Գիրքը
Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Խաչատուր Դադայեանի «Հայոց տնտեսական ցեղասպանութիւն. հայերու տնտեսական գործունէութիւնը ներկայիս Թուրքիոյ մէջ մինչեւ 1915 թուականը» գիրքը, որ կը բովանդակէ 516 էջ եւ հրատարակուած է «Էտիթ փրինթ»-ի կողմէ:
Աշխատութեան մէջ ներկայացուած են` 20-րդ դարու սկիզբին հայերու տնտեսական գործունէութիւնը` ներկայի Թուրքիոյ 100 քաղաքներու մէջ, հայ ունեւոր դասի ընչազրկումը եւ սպանդը, տնտեսական բնագաւառի 67 նշանաւոր անձերու կենսագրութիւնները, 48 ֆինանսական վարկային հաստատութիւններ, արտադրական ձեռնարկութիւններ եւ տնտեսական միութիւններ, 100 գովազդապատկերներ, ինչպէս նաեւ` ապրանքատեսակներու, դրամական, վարչական միաւորներու եւ գիրքին մէջ գործածուած այլ եզրերու բացատրական բառարան մը:
Նշենք, որ ժողովածուն կը պարունակէ 482 պատմական համայնապատկերներ եւ դիմանկարներ:
Նկարիչ Շաւարշ Վարդանեանին Ժապաւէնները` Արցախէն Քաղուած Դասեր
Արցախեան պատերազմի առաջին իսկ օրերէն շարժապատկերի նկարիչ Շաւարշ Վարդանեան վերցուց տեսախցիկը եւ մեկնեցաւ ռազմաճակատի առաջին գիծ: Անոր շնորհիւ այսօր մենք ունինք 1200 ժամէ բաղկացած վաւերագրական տեսանիւթ` պատերազմի շրջանէն: Այս մասին կը գրէ Արմէն Վարդանեան:
Մոսկուայի Շարժապատկերի համամիութենական հիմնարկը աւարտած նկարիչ Շաւարշ Վարդանեանի առաջին աշխատանքը վաւերագրական ժապաւէն մըն էր` «Երկրորդ կեանք» անունով, որուն բեմադրիչը Գագիկ Ստեփանեանն էր: Ապա ան նկարեց «Ճանապարհ դէպի Սասունցի Դաւիթ» ժապաւէնը, աշխատեցաւ տարբեր բեմադրիչներու հետ: 1988-ին վերցուց տեսախցիկը եւ գնաց օփերայի հրապարակ, իսկ յետոյ որոշեց մեկնիլ Արցախ:
«Այն ժամանակ հարուստներուն ցեխաւիկներ կ՛ըսէին, քանի մը հոգիի դիմեցի, որպէսզի ինծի տեսախցիկով օգնեն, բայց չեղաւ: Առաջին փոքր տեսախցիկը ինծի տուին, բանաստեղծ Գէորգ Էմինը ըսաւ. «Տղայ՛ ճան, դուն քու կեանքդ կը վտանգես, իսկ քամերան ոչինչ է»: Առաջին նկարահանումները Արցախի մէջ կատարած եմ այդ տեսախցիկով, ետքը վերադարձուցի: պատերազմի դաշտին մէջ հինգ տեսախցիկ կոտրած եմ», պատմած է ան:
Մարտ 1988-ին արդէն Ստեփանակերտ կը գտնուէի: «Ներկայ եղած եմ Արցախի գրեթէ բոլոր թէժ կէտերուն մէջ: Անմիջապէս կը յայտնուէի հոն, ուր որ բան մը պատահէր: Կ՛երթայի էշով, ձիով, ոտքով, մեքենայով, ինչով որ կարելի էր», ըսած է Շաւարշ Վարդանեան:
Հաղորդենք, որ այս նիւթերուն հիման վրայ եօթը վաւերագրական ժապաւէն պատրաստուած է: Բազմաթիւ ժապաւէններու եւ հաղորդումներու մէջ օգտագործուած են եւ կ՛օգտագործուին Շաւարշ Վարդանեանին նիւթերը: «Պատերազմի մէջ շատ տխուր, բայց նաեւ լուսաւոր պատմութիւններ եղած են: Աչքիս առաջ միշտ տղաներու դէմքերն են, անվախ, մահը արհամարհող: Արցախեան պատերազմը մեզի շատ կարեւոր բան մը տուաւ, ո՛չ միայն այն առումով, որ կորսնցուցած տարածքը ետ բերինք: Մօտ մէկ դար խեղճացած ժողովուրդ մը յանկարծ կրցաւ ոտքի կանգնիլ եւ ապացուցել, որ ամէն ինչ աւարտած չէ»:
2016-ին Սեւանի Մակարդակը Բարձրացած Է 25 Սանթիմեթր
Հակառակ անոր որ այս տարուան յունիս-յուլիս ամիսներուն ոռոգման նպատակներով Սեւանայ լիճէն կատարուած է մօտաւորապէս 80 միլիոն խորանարդ մեթր ծաւալի ջրբացթողումներ, սակայն լիճին մակարդակը, նախորդ տարուան 25 յուլիսին հետ բաղդատելով, կը շարունակէ բարձր մնալ 25 սանթիմեթր:
Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան «Հայ-հիտրոմետ» ծառայութիւնը յայտնած է, որ այս տարուան 25 յուլիսի դրութեամբ Սեւանայ լիճը ծովու մակերեսէն 1900 մեթր 73 սանթիմեթր բարձրութեան վրայ է` նախորդ տարուան նոյն օրուան 1900 մեթր 48 սանթիմեթր ցուցանիշին դիմաց:
Արփա-Սեւան փապուղիի ջրատարով այս տարի Սեւանայ լիճ փոխադրուած է 94 միլիոն 816 հազար խորանարդ մեթր ջուր: Ստորերկրեայ հոսքին շնորհիւ Սեւանը լեցուած է 13 միլիոն 809 հազար խորանարդ մեթր ջուրով: Սեւանայ լիճին մէջ ջուրի ջերմաստիճանը կազմած է 21 աստիճան:
Յառաջիկայ Տարի Պիտի Քննարկուի Քոչարի Պարը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցանկին Մէջ Ներառելու Դիմումնագիրը
Այս տարուան յունիսէն Հայաստանը դարձած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» 2003 թուականի հռչակագիրի անդամ: «Շատ լուրջ ձեռքբերում է», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեանը:
Ըստ անոր, կարեւոր է, որ Հայաստանը դարձած է Հռչակագիրի միջկառավարական կոմիտէի անդամ, որովհետեւ կոմիտէն կ՛ընդունի եւ կը հաստատէ տարբեր երկիրներու դիմումնագիրները ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան մէջ: Փոխնախարարը ըսաւ, որ Հայաստանը, կոմիտէի անդամ ըլլալով, կ՛ունենայ բաւական լուրջ իրաւասութիւններ, յատկապէս` քուէարկելու իրաւունքը:
Ա. Յովակիմեան տեղեկացուց, որ Հայաստանը ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուելու համար ներկայացուցած է քոչարի աւանդական խմբապարը, լրամշակուած տարբերակով պիտի քննարկուի 2017 թուականի շրջափուլի ընթացքին:
Ասուլիսին ներկայ գտնուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեանը: Ան տեղեկացուցած է, որ 2017-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ յիշարժան տարեթիւերու շարքին մէջ ընդգրկուած է Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեայ յոբելեանը եւս: Ան նշեց, որ Այվազովսկիի 200-ամեակը պաշտօնապէս ընդունուելէ ետք շատ մը երկիրներ տարբեր նախաձեռնութիւններով հանդէս պիտի գան եւ պիտի կազմակերպեն մեծանուն նկարիչին յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկներ:
«Բնականաբար Հայաստանը, իբրեւ նախաձեռնող, նոյնպէս իր ծրագիրները ունի, որոնք պիտի իրագործուին 2017-ին: Միացեալ ծրագիրներ ունինք նաեւ Ռուսիոյ հետ, ներկայիս կը քննարկուի Լեհաստանի հետ միացեալ ծրագիր մը եւս», տեղեկացուց մշակոյթի փոխնախարարը:
Խօսելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցուցակներուն մէջ ընդգրկուելու դիմումնագիրներուն մասին` ան ըսաւ, որ այժմ կը քննարկուին այլ երկիրներու հետ միացեալ դիմումնագիրներ կազմելու կարելիութիւնը: «Այս ուղղութիւնը վերջին շրջանին նոր թափ ստացած է, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ մեծ հետաքրքրութիւն կայ միացեալ դիմումնագիրներու մասին: Այս գծով տարբերակներ կը քննարկուին Իրանի, Վրաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ»:
Փոխնախարարը խօսեցաւ նաեւ Թուրքիոյ, Իրանի, Ղազախստանի, Խըրխզիստանի, Ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուած հնգակողմ դիմումնագրին մասին, որ կը վերաբերի տափակ հացին:
«Ենթադրելի է, որ այդ դիմումնագիրը ներկայացնելը նախաձեռնուած է Ազրպէյճանի կողմէ», ըսաւ Ն. Տէր Վարդանեանը:
Արտաքին գործերու փոխնախարարը շեշտեց, որ դիմումնագիրին մէջ տափակ հացի պատրաստութեան մշակոյթը սկսած է լաւաշէն:
«Ան ներկայացուած է Ազրպէյճանի կողմէ իբրեւ տափակ հացի տեսակ, հակառակ անոր որ երկար ուսումնասիրութենէ ետք յայտնաբերեցինք, որ Ազրպէյճանի մէջ տափակ հացը տարբեր անուանումներ ունի, թերեւս լաւաշը ամէնէն վերջին տեղը կը գրաւէ: Բայց դիմումնագրին մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ:
Ազրպէյճանի համար նորութիւն չէ դրացի երկիրներու մշակոյթներուն, ժառանգութեան վրայ հիմնել իր պատմական, մշակութային ժառանգութիւնը, դիմումնագիրներ ներկայացնել, որոնք ժամանակ առ ժամանակ, ցաւօք, կը յաջողին: Մենք անպատասխան չձգեցինք դիմումնագիրը, մեր մշտական ներկայացուցիչը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ գլխաւոր տնօրէնին նամակ ուղարկեց, որուն մէջ յստակ նշուած էր, թէ այս դիմումնագիրը քաղաքական դրդապատճառներ ունի` յատուկ լաւաշի անուն նշելը», հաղորդեց ան:
Յայտնենք, որ այս դիմումնագիրը պիտի քննարկուի դեկտեմբերեան նիստի ժամանակ:
Յիշեցնենք, որ հայկական լաւաշը 2014 թուականին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ, թէեւ Ազրպէյճանը ամէն ինչ ըրած է, որպէսզի զայն չներառեն ցուցակին մէջ:
Խօսելով Հայաստանի կողմէ նոր դիմումնագիրներ ներկայացնելու մասին` ասուլիսին ներկայ Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնախումբի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեան ըսաւ, որ նոր դիմումնագիրները մինչեւ ընդունուին, ժամանակ կ՛առնեն 3-4 տարի: Ըստ անոր, այս պահուն բազմաթիւ դիմումնագիրներ կը քննարկուին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկերուն մէջ ընդգրկուելու համար:
«Ներկայիս աւելի կը կեդրոնանան համաշխարհային ժառանգութեան ցանկի համալրման ուղղութեամբ: Այս աւելի նիւթական եւ շօշափելի է ու կը նպաստէ զբօսաշրջութեան զարգացման», նշեց ան:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ արդէն ներառուած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած չորս մշակութային արժէքներ` «Տուտուկն ու իր երաժշտութիւնը», «Խաչքարի արուեստ. խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը», «Սասնայ ծռեր» կամ «Սասունցի Դավիթ» դիւցազնավէպը, «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ»:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Մարդկային յիշողութիւնը» ցանկին մէջ ընդգրկուած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած երեք մշակութային արժէքներ` «Արամ Խաչատրեանի ձեռագիր նոթաները եւ կինոերաժշտութիւնը», Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի ամբողջ հաւաքածոն, «Բենիամին Մարգարեանի կալաքթիքաներու մասին ուսումնասիրութիւն»:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ- ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ցայսօր ընդգրկուած են Հաղբատի եւ Սանահինի վանական համալիրները, Գեղարդավանքը Ազատ գետի հովիտով, Էջմիածինի եկեղեցիներն ու մայր տաճարը, ինչպէս նաեւ` Զուարթնոց հնավայրը: