Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Ազդակ» Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ստեփանակերտի Ռմբակոծումը Եւ Ազերիական Լայնածաւալ Յարձակում Արցախի Վրայ

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

4_80316

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազերիներու կողմէ ծայր տուած բռնարարքները կը շարունակուէին, իսկ Ազրպէյճան վճռած էր հայերը արտաքսել շրջանէն, եւ այդպիսով միանգամընդմիշտ լուծել տագնապը:

Ազրպէյճանի կողմէ հաստատուած պաշարումը չափազանց ծանր տառապանք ու չարչարանք կը պատճառէր արցախցի ժողովուրդին. ելեկտրականութիւն չկար, Ստեփանակերտէն կտրուած էր ըմպելի ջուրը, առողջապահական լուրջ հարցեր ծագած էին, իսկ ջուրի համար բնակիչները երկար ժամեր պէտք է սպասէին դոյլերով: Ալիւր, շաքար եւ անհրաժեշտ այլ նիւթեր գոյութիւն չունէին այլեւս, տաքնալու միջոցներ չկային, իսկ հիւանդանոցը կը ռմբակոծուէր, հետեւաբար, քաղաքային բնակչութիւնը ստիպողաբար գետնայարկ վայրերու մէջ կը պահպանուէր, որովհետեւ շրջանը անդադար կը ռմբակոծուէր:

Զինուորական գործողութիւնները 1992 յունուարին լայն թափ ստացած էին: Շահումեանի շրջանին վրայ «Կրատ» հրթիռներու գործածութիւնը լուրջ հարց էր եւ Ազրպէյճան «Կրատ»-ի արձակման խարիսխ մը հաստատած էր Շահումեանի շրջանին մէջ:

Յունուար 26-ին ազերիներ մեծ յարձակողական մը շղթայազերծեցին Շուշիի մօտակայ ձորին մէջ գտնուող Քարինտակ գիւղին ուղղութեամբ: Ամբողջ օրը եւ մինչեւ առաւօտ արիւնահեղ կռիւներ մղուեցան. ազերիներ տուին 60 սպաննուած, հայերը` 20 զոհ, ինկան նաեւ մեծաթիւ վիրաւորներ:

Հայ ազատամարտիկները միաժամանակ գործողութիւններ կատարեցին, քանդելու համար այն խարիսխները, ուրկէ հրթիռարձակում եւ ռմբակոծում կը կատարուէր դէպի Ստեփանակերտ:

Արցախի հայկական շրջաններ մեկուսացուած ու պաշարուած էին ազերիներու կողմէ, որոնք հետեւողական կերպով կ՛ահաբեկէին հայ բնակիչները, ուղղաթիռներով յաճախակի թռիչքներ կը կատարէին հայկական գիւղերու վերեւ, ահ ու սարսափի մատնելով բնակիչները:

Հայ ազատամարտիկները յաջորդական յարձակումներ գործեցին Շուշիի եւ ազերիական այլ շրջաններու վրայ, իբրեւ հակահարուած` ազերիկան ճնշումներուն: Անոնք պայթեցուցին Շուշիի ջրատար խողովակն ու ելեկտրականութեան մայր գիծը: Բացի Լաչինէն անցնող ճամբէն, որ արդէն կը գտնուէր հայ ազատամարտիկներու հասողութեան մէջ, Շուշտ խզուած էր այլ շրջաններէ: Իսկ ազերիական Քէօսալար եւ Մալիբէյլի գիւղերը պաշարուած էին:

Ազերիները մեծ ուժերով կը պաշտպանէին ջուրի եւ ելեկտրականութեան ցանցերը:

***

Ազրպէյճանական բանակը յունուար 31-ի առաւօտուն յարձակման անցաւ Արցախի վրայ, գործածելով հրասայլեր, թնդանօթներ եւ հրթիռներ:

«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ այն պահուն, երբ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը Նիւ Եորքի մէջ կը գումարէր իր պատմական` առաջին գիտաստիճանը, այն պահուն, երբ Եւրոպայի ապահովութեան եւ գործակցութեան խորհուրդը պատմական այլ խորհրդաժողով մը կը գումարէր Փրակայի մէջ, ընդունելով նոր անդամներ – ներառեալ` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը – եւ կը մշակէր միջազգային ապահովութեան եւ խաղաղութեան պահպանման մէջ իր նոր ու աւելի ազդու դերակատարութիւնը: Ազրպէյճան իր բանակն ու զինեալ խմբակները Աղտամէն կ՛արձակէր Արցախի վրայ:

Ազրպէյճանական յարձակումը ծայր առաւ Աղտամէն եւ կը նպատակադրէր մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Յարձակման թիրախ դարձան Խրամորթ, Նախիջեւանիը, Խանապատ եւ Փիրշամալ գիւղերը, որոնք կը գտնուին Արցախի արեւելեան սահմանագիծի կեդրոնական գօտիին մէջ, Աղտամի դիմացը, Ստեփանակերտ – Աղտամ ճամբու կիսուն: Խրամորթը մեծ մասամբ քար ու քանդ եղաւ, իսկ միւս գիւղերը ռմբակոծուեցան:

Հայկական ուժերը ինքնապաշտպանութեան դիմեցին, սակայն յարձակողները գերակշիռ ուժ ունէին եւ ուղղաթիռներու հովանաւորութեամբ նեղ կացութեան մատնեցին հայկական ուժերը: Ինկան զոհեր եւ վիրաւորներ:

Ազերի նախայարձակներու եւ հայկական պաշտպանութեան ուժերու միջեւ բախումները շարունակուեցան յաջորդող օրերուն:  Գլխաւոր դաշտերն էին սահմանային գօտիներն ու Շուշիի շրջանը:

7_80316

Առաջին օրերուն գրաւուած հայկական քանի մը գիւղեր ազատագրուեցան հայ ազատամարտիկներու կողմէ:

Հայկական ուժերը սեղմ պաշարման տակ առին ազերիաբնակ դարձած Շուշին, որ զրկուած էր ջուրէ, ելեկտրականութենէ եւ պարենաւորման կարելիութիւններէ: Ազերիները կը վախնային ուղղաթիռով Աղտամէն դէպի Շուշի թռիչք կատարել, իսկ ցամաքային ճամբաները բռնուած էին հայկական ուժերուն կողմէ:

«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ հողին վրայ տեղի ունեցող ճակատումներուն դիմաց, քաղաքական գետնի վրայ կը սկսին ի յայտ գալ Պաքու – Անգարա դաւադրութեան մը ընդհանուր գիծերը. Անգարա կը փորձէր իբրեւ հաշտարար միջնորդ ներկայանալ, իսկ Պաքու կ՛ըսէր, որ այդ ընտրանքին մասին կարելի էր մտածել միայն հայ-ազերի բանակցութիւններէ ետք:

***

Քանի մը օրուան համեմատական հանդարտութենէ ետք, Արցախ վերստին ռազմադաշտ դարձաւ, երբ փետրուար 10-ին Ստեփանակերտն ու այլ շրջաններ թիրախ դարձան ազերիական հրետանիի ռմբակոծումներուն:

Կրկջան գիւղին շուրջ սաստիկ բախումներ ծայր առին. ամբողջ օրը գօտեմարտեր մղուեցան. ինկան 26 զոհեր:

Քանի մը օր ետք հայկական ուժերը յարձակում գործեցին ազերիաբնակ Խոջալու գիւղին վրայ:

Ստեփանակերտի մէջ, օրեր տեւող սաստիկ ռմբակոծումները զոհեր, վիրաւորներ եւ ահագին վնաս պատճառեցին. մեծաթիւ բնակարաններ քանդուեցան, վնասուեցաւ նաեւ գլխաւոր հիւանդանոցը:

Շուշիէն հետեւողական կերպով «Կրատ» տիպի հրթիռներ կ՛արձակուէին դէպի Ստեփանակերտ:

Ստեփանակերտի ռմբակոծման դիմաց, հայ ազատամարտիկները համապատասխան հակահարուած տալով գրաւեցին Ղարադաղլու գիւղը, որ կը գտնուի Ստեփանակերտէն Մարտունի ճամբուն վրայ: Ղարադաղլու այդ շրջանի ազերիաբնակ փոքրաթիւ գիւղերէն մէկն էր:

«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ Արցախի եւ առհասարակ Հայաստանի դէմ նիւթուած դաւադրութեան մը ծալքերը կը բացուին հանգրուան առ հանգրուան, ի յայտ բերելով դերերու յստակ բաժանում մը` Ազրպէյճանի իշխանութեան եւ ընդդիմադիրներուն, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Մէկ կողմէ Ազրպէյճանի իշխանութիւնն ու ընդդիմադիրները կը ներկայացնէին խաղաղութեան ծրագիրի բեմադրութիւն մը, իսկ Թուրքիա, ռազմափորձի մը պատրուակով, բանակներ կը շարժէր Հայաստանի սահմանին մօտ:

***

«Ազդակ», 20 փետրուար 1992-ի թիւով եւ «Միացեալ ո՛չ»` Արցախի ազերիացումէն» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Արցախի ժողովուրդը եւ անոր արդար իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար անհաւասար կռիւի դաշտ նետուած բուռ մը ազատամարտիկներ մեր նորագոյն պատմութիւնը կը գրեն արիւնով եւ կրակով:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ 20 փետրուար 1988-ին, Արցախի հայութիւնը վճռական ու անդառնալի ոչ մը ըսաւ հայկական այդ հողամասին ազերիացման հետեւողական քաղաքականութեան, որ անաղմուկ կը կիրարկուէր տասնամեակներէ ի վեր:

Երեւանէն մինչեւ հայկական բոլոր օճախները, հայութիւնը համապատասխան վճռակամութեամբ արձագանգեց արցախեան ոչ-ին եւ իր կարգին, իրեն համար կարելի բոլոր միջոցներով միացաւ այդ պայքարին: Այլ խօսքով, 20 փետրուար 1988-ի ոչ-ով բացուած էջին վրայ, ողջ հայութիւնը միացաւ արձանագրելու մեր նորագոյն պատմութեան իրերայաջորդ դրուագները:

«Ազդակ» կը նշէր, որ Արցախի հայուն բարձրացուցած պահանջատիրական դրօշը շարունակեց ծածանիլ բոլոր հողերուն դիմաց, Ստեփանակերտի եւ արցախեան բոլոր շրջաններուն մէջ բարձրացած փարոսներ շարունակեցին ու կը շարունակեն լուսաւորել անսակարկելի մեր իրաւունքներու հետապնդման միակ ուղին մեր արդար իրաւունքներուն հետապնդման պայքարի ուղին:

«Ազդակ» կ՛աւելցնէր ըսելով որ գլխաւորաբար Պաքուի վարիչներուն կողմէ ստեղծուած մեծ ու փոքր փոթորիկներ բազմաթիւ հատուածներու բաժնած են մեր պատմութեան այս ժամանակամիջոցը: Կարճատեւ ու երկարատեւ այդ հատուածները ունեցան մէկ հասարակ յայտարար. Արցախը առանց հայու տեսնելու տասնամեակներու ազերիական երազը եւ զայն խանգարող աննկուն կամքը Արցախի հայուն: Արցախցին ոչ միայն քաջաբար դիմակալեց ու վիժեցուց այդ հատուածները, այլ նաեւ տուաւ արդար հակահարուած, լռութեան մատնելով յարձակող ուժերու հրետանիին կարգ մը կեդրոնները: Ճիշդ է, որ այդ բոլորին համար արցախցին վճարեց իր արիւնով ու կեանքով, սակայն այդ բոլորը կատարեց անսակարկ, որովհետեւ հայապատկան հողերը սակարկելի չեն եւ ոչինչ կայ այնքան թանկարժէք` որքան հայրենի հողը:

«Ազդակ» կ՛ընդգրկէր ըսելով, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ըստ էութեան ոչ մէկ փոփոխութեան ենթարկած է իրենց ծրագիրները եւ կը փորձէին իրագործել նախահաշիւները:, Արցախի հայուն աննկուն կամքն ու անյողդողդ բազուկով բեկանելու համար Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ձեռնարկած էին նոր մարտավարութեան մը, որ արտայայտութիւն կը գտնէր զանազան ձեւերով: Անոնք կը փորձէին միջազգային ընտանիքին ներկայանալ իբրեւ զոհ, իսկ իրենց տունն ու մարդկային ամէնէն տարրական իրաւունքները պաշտպանող, տնտեսական խիստ ու երկարաշունչ պաշարումի ենթակայ արցախցի հայն ու հայ ազատամարտիկը որակելով «խափանարար» եւ «ահաբեկիչ»:

Տակաւին, Ազրպէյճանի վաղեմի դաշնակիցը` ինքզինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ իբրեւ թէ հաշտարար միջնորդ ներկայացնող Թուրքիան, շարժման մէջ կը դնէր իր բանակները, «ընթացիկ ռազմափորձ»-ի մը պատրուակով, անուղղակիօրէն ցոյց տալու համար թէ ո՛վ է իր իսկական դաշնակիցը եւ ուր ուղղուած են իր աչքերը: Եւ պարզ պատահականութեան արդիւնք չէր, որ Պաքուի իշխանաւորները կը մերժէին ՄԱԿ-ի կամ եւրոպացի քննիչներու կամ դէտերու Արցախ առաքումը, որովհետեւ հայ ժողովուրդին դէմ իրենց ծրագրած ոճրային դաւերուն կիրարկումը պէտք է հեռու մնար ականատեսներու աչքերէն, այնպէս` ինչպէս որ օսմանեան Թուրքիոյ ժառանգորդները փորձեցին ականատեսներու աչքերէն հեռու իրականացնելու հայութեան ու Հայաստանի լուծարքը:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Արցախը կը մնայ մեր արդար իրաւունքերուն հետապնդման պայքարի միջնաբերդը: Աւարայրէն թռիչք առած եւ Սարդարապատ կերտող սրբազան խենթերուն ժառանգորդներն են Արցախի այսօրուան պաշտպանները, անոնք ըլլան պարզ ժողովուրդ թէ քաջ ազատամարտիկ: Անոնք կը մղեն նաե՛ւ հայաստանցի ու սփիւռքցի հայուն պահանջատիրական կռիւը, աննահանջ ու սրբազան պայքարը, այն խոր համոզումով, որ ոչինչ կայ այնքան թանկարժէք, որքան հայրենի հողը:

* * *

Ազերիներ կը շարունակէին սաստկօրէն ռմբակոծել Ստեփանակերտը, խլելով նորանոր զոհեր ու վիրաւորներ: 19 փետրուարի ռմբակոծումներուն ինկան 30 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ.քանդուեցաւ  խորհրդարանի շէնքն ու քաղաքապետարանը ծանր վնասներու ենթարկուեցաւ, իսկ պատկերասփիւռի հաղորդման կեդրոնը վնասուեցաւ:

Արցախի խորհրդարանը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն, Ազրպէյճանը ամբաստանելով բնակչութիւնը բնաջնջելու ծրագիր մը հետապնդելու յանցանքով:

Միւս կողմէ, ազերիական ուժերը լայնածիր յարձակում մը գործեցին Շահումեանի Բուզլուխ, Էրքէջ, Մանաշիթ եւ Ղարաչինար գիւղերու ամբողջ ճակատի երկայնքին, գործածելով ծանր զէնքեր: Յարձակման առաջին ժամերուն, Մանաշիթի կէսը գրաւուեցաւ ազերիական ուժերուն կողմէ, որոնք այրեցին բազմաթիւ բնակարաններ: Հայ ազատամարտիկներու հակայարձակումը ետ մղեց յարձակող ուժերը եւ ազատագրեց Մանաշիթը:

Ստեփանակերտն ու արցախեան այլ շրջաններ կ՛ապրէին ազերիական սաստիկ ռմբակոծումներուն ստեղծած մղձաւանջային պայմաններուն մէջ, իսկ հրշէջները անկարող էին մարելու հրդեհները:

* * *

43-9-1-3

«Ազդակ», 27 փետրուար 1992-ի թիւով եւ «Աւարայրի պատգամը կը կիրարկուի այսօր» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ իր կամքը պարտադրել ուզող թշնամին զինուորական յաղթանակ մը տարաւ Աւարայրի ճակատամարտին, սակայն նաեւ ստացաւ ահեղ պատգամ մը, որ խորքին մէջ հայուն պատգամն է, զինք բռնադատելու ելլող ոեւէ թշնամի. հայ ժողովուրդին համար, անհատական կեանքէն աւելի թանկարժէք բան մը կայ` անվտանգութիւնը եւ իբրեւ ինքնուրոյն ազգ գոյատեւելը:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ մերօրեայ այդ ճակատամարտը դարձած է մեր ամէնէն նուիրական տօներէն մէկը եւ մենք ամէն տարի կ՛ոգեկոչենք միջազգային պատմութեան մէջ արձանագրութիւն մը իսկ չունեցող այդ «փոքր ճակատամարտն» ու այդ օրը ինկող մեր նահատակներուն յիշատակը:

«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով, որ Աւարայրին մէջ բիւրեղացած պատգամը անժամանցելի է ու ճշմարիտ` իր ինքնութիւնը, սեփական հայրենիք ու դիմագիծ ունենալու վճիռը տուող ոեւէ ժողովուրդի համար, պատմութեան որեւէ մէկ պահուն ու եթէ Աւարայրի մէջ վերահաստատուած այդ ճշմարտութիւնը, բարոյականէ աւելի` իսկական յաղթանակի վերածուեցաւ Նուարսակի դաշնագիրով, հայ ժողովուրդին ապահովելով  ինքզինք ըլլալու իրաւունքը, այդ յաղթանակն ու անկէ բխած պատգամը, իբրեւ նոյնքան անժամանցելի հանգանակ, աւանդ մնաց հայ ժողովուրդի զաւակներուն ու փոխանցուեցաւ դարէ դար:

«Ազդակ» կ՛աւելցնէր ըսելով, որ Աւարայրն ու Նուարսակի դաշնագիրը, իբրեւ զիրար ամբողջացնող պատգամներ, աննախընթաց չէին իբրեւ դէպք, ոչ ալ մնացին անկրկնելի: Հայ ժողովուրդը այդ պատգամին հաւատարիմ մնաց արաբական տիրապետութեան, բագրատունիներու եւ կիլիկեան թագաւորութեան շրջաններուն, ապա նաեւ` վեց դարերու թրքական դաժան լուծէն ետք:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ հայ ժողովուրդը այդ պատգամին հաւատացած է նաեւ այսօր. վկա՛յ արցախեան շարժումը: Հայ ժողովուրդը ուրախ է եւ հպարտ` Հայաստանի անկախ պետականութեան վերականգնումով, սակայն կը զգայ, խորապէս կ՛ըմբռնէ, որ Արցախի մէջ, բուռ մը ժողովուրդ եւ ազատամարտիկներ օրհասական պայքար կը մղեն մերօրեայ բռնադատողներու սադրանքներուն դէմ: Այսօր ալ հայ ժողովուրդին կ՛առաջարկուի զիջումներու ընտրանքը, սակայն անյեղլի խաղին օրէնքէն ծանօթ արցախցին ու հայ ազատամարտիկը, նոր Նուարսակ մը նուաճելու կամքով նետուած է անհաւասար նոր Աւարայրին մէջ, որ արդէն կու տայ իր շօշափելի արդիւնքները:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ ճակատամարտներ կրնան կորսուիլ, սակայն արցախցին է, որ պիտի վճռէ այս գօտեմարտին ելքը, հայ ժողովուրդը` Հայաստանէն մինչեւ արտերկրի ափերը, միացեալ ճիգերով պիտի միանայ այդ պայքարին, հետեւելով Աւարայրի նահատակներուն արիւնով արձանագրուած բիւրեղացած պատգամին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>