Յարգա՛նք ձեզի, ընկերներ` Վաչէ Տաղլեան, Սագօ Աբրահամեան, Արա Քըրճլեան, Սեդրակ Աճեմեան եւ Սիմոն Եահնէեան:
Մենք անգամ մը եւս հաւաքուած ենք ձեր շիրիմներուն կողքին, ո՛չ թէ սգալու, ո՛չ թէ սովորական հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարելու եւ ո՛չ ալ ձեզ փառաբանելու կամ մեծարելու: Դուք այդ տղաքը չէիք: Դուք ձեր կեանքը մահի չվերածեցիք, այլ ձեր մահը` կեանքի: Դուք ձեր եսը արհամարհեցիք եւ առաջնահերթ դասեցիք հաւաքական շահը, ազգին շահը, ձեր ժողովուրդին շահը: Ձեր գաղափարական կեանքը յաղթեց նիւթականին, եւ դարձաք հերոսներ: Հերոսներ ոչ միայն ձեր ապրած ժամանակաշրջանին, այլ` հայ ժողովուրդի դարաւոր արիւնատար պատմութեան մէջ:
Եղաք նոր «Նեմեսիս», մարնաւորեցիք վրէժխնդիր հայու տիպարը: Վերակենդանացուցիք Արշաւիր Շիրակեանի եւ Սողոմոն Թեհլիլեանի դիակները` յիշեցնելով համայն աշխարհին, որ «Նեմեսիս» գործողութիւնը անցողակի եւ պատահական բան մը չէր, այլ իր դատին հաւատարիմ եւ յանձնառու մարդոց ծրագրաւորուած աշխատանքն է: Տկարացած հայու կերպարը ճզմեցիք ձեր բազուկներով, մեր ժողովուրդին ձայնը բարձրացուցիք ձեր գնդացիրներով: Դուք եկաք վերջակէտ դնելու հայու ճակատագիրը օտար, հզօր պետութիւններու կողմէ պարտադրուած գործելաձեւին: Ամրապնդեցիք, որ միայն ու միայն հայը իրաւունք ունի իր ապագան ճշդելու, որովհետեւ վերցուցիք երկաթէ շերեփը եւ ոչ թէ թուղթէ: Նուաճեցիք բարձունքը, բարձունք մը, որուն մեզմէ շատեր կ՛երազեն հասնիլ, եւ մենք ձեր ճամբով, ձեր կատարած սխրագործութեան ընդմէջէն տեսանք մենք զմեզ: Դուք կ՛ապրիք մեր սրտերուն, մեր հոգիներուն, մեր մտքերուն մէջ եւ պիտի ապրիք, ինչպէս որ մեր ժողովուրդին ցաւերը ապրեցան ձեր մէջ: Դուք եղաք այն Աստուածային շունչը, որ մխրճուեցաւ երիտասարդներու էութեան մէջ, եւ դարձաք անոնց առօրեայէն բաժին մը, անոնք առանց ձեզ տեսնելու` հաւատացին ձեր գործունէութեան, ինչպէս որ կը հաւատան երկնային ուժին` առանց զայն տեսնելու:
Ձեզմով տոգորուեցան արցախեան պատերազմի բոլոր հերոսները: Ձեր շունչով քալեցին Մհերն ու Վիգէնը: Ձեր գովքը հիւսեցին Կարօտն ու Պետոն, եւ բոլորն ալ ձեզի նման արժանացան երկնային արքայութեան, ու հոնկէ հսկեցիք հայ ժողովուրդի փշոտ ուղիին:
Մինչեւ օրս շատ բան չէ փոխուած, թուրքը կը մնայ նոյն թուրքը, որ կը շարունակէ ուրանալ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, կը շարունակէ իր մշակութային եղեռնը, մերթ ընդ մերթ «քաղաքակիրթ» ձեւանալով եւ օգտուելով իր աշխարհաքաղաքական դիրքէն` կը համոզէ մեծ պետութիւնները եւ անոնց կեդրոնացումը կը շեղէ իր դրացիներուն հետ ունեցած հարցերէն: Կը շարունակէ ոտնակոխել մարդկային իրաւունքները եւ փոքրամասութիւններուն արդար պահանջները:
Իսկ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ պայքարիլ իր ամբողջ ուժականութեամբ` յանուն գերագոյն նպատակին: Ճիշդ է, որ ունինք անկախ պետականութիւն, սակայն արտագաղթի ցաւալի աճը փաստ է, թէ` ինչ-որ բան սխալ է: Հայաստանի պետական եւ ժողովրդային խաւերը շատ լաւ պէտք է գիտակցին, որ արեան գնով ձեռքբերումները, ըլլան անոնք հողային թէ սկզբունքային, երբեք սակարկութեան առարկայ պէտք չէ դառնան:
Օրին թրքական եւ հակահայ շարժումները ձեզ չվախցուցին, դուք այդ բոլորը արհամարհելով քալեցիք ձեր արեամբ կերտած ուղիով: Վստահաբար այսօր ալ պիտի չտատամսէիք երթալու Արցախ, պաշտպանելու Թալիշը, Մարտունին ու Մարտակերտը, ուր ազերի զօրքերը օրական դրութեամբ կը խախտեն միջազգայինօրէն ընդունուած սահմանը: Պիտի չտատամսէիք վրէժը լուծելու վայրագօրէն սպաննուած ծերունիներուն, նենգաբար կացինահարուած սպաներուն:
Այսօր մեզի ի՛նչն է որ պիտի արգիլէ Լիզպոնի տղոց ճամբով քալելը: ՈՉԻՆՉ: Աւելի՛ն. անոնց թողած պատգամը մեզ պէտք է մղէ ըլլալու արդար ժառանգորդները այդ աքթին: Պէտք է դէմ դնենք մեր շրջապատը խաթարող ամէն տեսակ անարդարութեան, նիւթապաշտութեան, հայութեան վնաս հասցնող եւ անոր ձուլման նպաստող որեւէ գործունէութեան:
Մենք պէտք չէ բաւարարուինք Լիզպոնի տղոց մասին խօսելով կամ յիշելով: Պէտք է իրենց նման խօսքը վերածենք գործի, գործը` առաքելութեան, եւ նպաստենք մեր գերագոյն նպատակին` հասնելու ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանի, ուր կ՛ապրին ազատ մտածող, անկախ գործող եւ միացեալ աշխատանքի լծուած հայորդիներ: Մեր ազգին պէտք չեն մանկլաւիկներ եւ խրտուիլակներ: Մեր ազգը կարիք ունի յանձնառու ու արի մարդոց:
Այսօր, երբ մեր շուրջը կը նայինք, կը տեսնենք օրէ օր աճող անտարբեր երիտասարդներ, որոնք բազմիցս քննարկումներու նիւթ կը դառնան. բայց պէտք է տեսնել գաւաթին լեցուն բաժինը եւս: Բոլոր ժամանակաշրջաներուն մէջ կ՛ըլլայ անտարբերներու խաւ մը: 1980-ականներուն կային անհոգներ եւ անպատասխանատուներ, սակայն կային նաեւ Սարգիսներ, Վաչէներ, Սիմոններ, Արաներ եւ Սեդրակներ: Ուրեմն վստահ եղէք, որ այսօր ալ կան նոյնանման տղաք: Նոյն դպրոցը յաճախած, նոյն արեամբ լիցքաւորուած եւ նոյն ճամբով քալելու պատրաստ տարրեր: Ճիշդ է, որ ժամանակները փոխուած են, միջազգային քաղաքականութիւնը նոյնը չէ, եւ երբեմն պահանջատէրն ու ահաբեկիչը կը դիտուին նոյն ակնոցով: Սակայն նման մտահոգութիւններ պէտք չէ արգիլեն մեզի` մեր ազգին պահանջները գոհացնելու թէկուզ զէնքի ուժով:
Թերեւս այսօրուան տաքարիւն երիտասարդներուն կողքին կը պակսին գործը համադրողներ, կը պակսին այդ երիտասարդներուն նեցուկ կանգնողներ: Պէտք չէ միայն բաւարարուինք երիտասարդութիւնը քննադատելէ, այլ ցուցմունք տանք, մղենք մերթ ընդ մերթ ծայրահեղութիւններու, չէ՞ որ «խենթերն են գտնում հնար»:
Ժողովուրդը պէտք է գիտակցի եւ համոզուի, որ մատղաշ սերունդը կ՛աշխատի` մեկնակէտ ունենալով զուտ եւ մաքուր գաղափարական սկզբունքներ, առանց ակնկալութիւններու: Իսկ եթէ պատահի հակառակը յանցաւորը պէտք է փնտռել այլուր եւ այդ սերունդը դաստիարակողներուն մէջ, ոչ թէ` երիտասարդութեան:
Մենք այսօր եւս կրնանք ունենալ նոր Լիզպոններ, եթէ համախմբուինք: Եթէ մեր ուժերը միացնենք սփիւռքէն միչեւ Արցախ ու Հայաստան եւ մեր թիրախ ըլլայ միմիայն մեր դարերու ոխերիմ թշնամին` թուրքը: Եթէ հեռու մնանք մանրուքներէ, որոնք մեզ կը տկարացնեն, մեր կեդրոնացումը կը շեղեն եւ մեր շարքերը կը պառակտեն: Եթէ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն, երիտասարդութիւն-տարեց կապերը հիմնուած ըլլան փոխադարձ յարգանքի փոխըմբռնման վրայ, եթէ մեր ներքին հարցերը դնենք սեղանի վրայ եւ բանականութեամբ լուծումներու հասնինք:
Սիրելի՛ երիտասարդներ, դաշտը այսօր եւ միշտ ձերն է, եւ ոչ թէ` ալեհերներուն: Դուք էք մեր ներկան ու ապագան, եղէք Սագոներ, զինուեցէք գիտելիքներով եւ զանոնք ներդրէք յանուն Հայ դատին: Եղէք Վաչէներ,անտեսեցէք աթոռամոլները եւ մի՛ ըլլաք անոնց ծառան: Եղէք գուրգուրոտ, համեստ եւ ժպտուն Արաներ: Եղէք լուռ ու ինքնագովաբանութենէ հեռու Սիմոններ: Եղէք ինքնաշխատութեամբ մոլորուած եւ մարդկային արժէքներով լեցուն Սեդրակներ:
ԵՂԷՔ ՆՈՐ ԼԻԶՊՈՆՆԵՐ, ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԲԱԶՈՒԿՈՎ ԶԱՐԿԷՔ ԹՈՒՐՔԻՆ ՃԱԿԱՏԷՆ:
Անդրադառնալով «հիմա, որ ՀՅԴ-ն դէմ է պատանդառութեան եւ բռնութեան, ո՞նց է Լիզպոնի տղոց նահատակութիւնը նշում» հարցումին, որ մեծ իրարանցում ստեղծեց համացանցի վրայ, կ՛ուզեմ ետդարձ մը կատարել եւ յիշեցնել, թէ մենք ինչպէս կը նշէինք եւ կը նշենք: Երբ մենք գլխաբաց հողին կը յանձնէինք մեր տղոց մարմինները, իրենք ծնրադիր կ՛աղօթէին Լենին ու Ստալին պապիկներուն համար: Երբ մենք եռագոյնով կը ծածկէիք Լիզպոնի տղոց դագաղները, իրենք կը ճօճէին պոլշեւիկեան կարմիր դրօշը: Երբ մենք կ՛ըսէինք` «Լիզպոնի ճամբով դէպի երկիր», իրենք միջոցներ կ’որոնէին դուրս գալու հայրենիքէն, դիւանագիտութիւն կը կատարէին տարբեր երկիրներու մէջ եւ պետութեան հաւաքած տուրքերով բարեկեցիկ կեանք կը վայէլէին: Իսկ այսօր, երբ մենք կը փորձենք քաղաքական, դիւանագիտական եւ երբեմն ռազմական միջոցներով Լիզպոնի տղոց երազները իրականացնել, ուրիշներ կը զբաղին իրենց շահերը յառաջ քշելով եւ սեփական գրպանները լեցնելով: