Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ազնաւուրի Հրապարակը Համալրուեցաւ Շարժապատկերի Գործիչներուն Յիշատակը Յաւերժացնող Երեք Յաւելեալ Աստղերով

$
0
0

Golden-apricot_80216

«Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի միջագային փառատօնի ծիրին մէջ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ, որպէս շարժապատկերի գործիչներուն մատուցուող յարգանքի տուրք, բացուեցան շարժապատկերի գործիչ Ալպերթ Եաւուրեանի եւ շարժապատկերի բեմադրիչներէն Էտմոն Քէօսայեանի եւ Տմիթրի Քեսայեանցի յիշատակը յաւերժացնող աստղեր:

Աստղերուն բացումը կատարեցին «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանը եւ Երեւանի թատրոնի ու շարժապատկերի պետական հիմնարկի վերատեսուչ, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր գործիչ Դաւիթ Մուրադեանը:

Հայ անուանի երաժշտահան, Հայաստանի Խորհրդային ժողովրդական արուեստագէտ, մայեսթրօ Տիգրան Մանսուրեանը նաեւ ելոյթ ունեցաւ աստղերու բացման արարողութեան` մատնանշելով, որ պատիւը ունեցած է աշխատիլ Ալպերթ Եաւուրեանի, Էտմոն Քէօսայեանի եւ Տմիթրի Քեսայեանցի հետ:

Albert-Yavuryan_80216Edmond-Keosayan_80216Dimitry-Kesayants_80216

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>