Բրիտանական «Տը Կարտիըն» պարբերականը իր «Իմ լաւագոյն լուսանկարս» շարքին մէջ այս անգամ ներկայացուցած է 55-ամեայ ֆրանսահայ լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեանի լուսանկարը, ուր հայրը կը պարէ` ի յիշատակ կորսնցուցած զաւակին:
«Ես կը պարէի նախքան լուսանկարիչ ըլլալս: Ծնած եմ Ֆրանսա` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու ընտանիքի յարկին տակ, ինծի համար պարը այն քիչ կարելիութիւններէն մէկն էր, որով կրնայի կապուիլ իմ հայրենիքիս հետ, ուր երբեք չէի այցելած: Ատիկա ճամբայ մըն էր` վերակենդանացնելու այն պատմութիւնները, որոնք ինծի հասած էին իմ մեծ ծնողներէս: Պարը պատահականօրէն զիս տարաւ դէպի լուսանկարչութիւն, սակայն այդ երկուքը շատ աւելի ընդհանրութիւններ ունին, քան կարելի է պատկերացնել: Երկուքն ալ արուեստի տեսողութեան եւ թեքնիքի համադրում են: Երկուքն ալ պատմութիւն մը կը պատմեն», ըսած է լուսանկարիչը` նշելով, որ լուսանկարչութիւնը շատ աւելի է, քան` պարզապէս նկարելը:
«1988 թուականին, երբ Գիւմրիի երկրաշարժը ցնցեց Հայաստանը, եւ 40 հազար մարդ զոհուեցաւ, հարիւրաւորները անտուն մնացին, ես հոն էի մարդասիրական կազմակերպութեան մը հետ: Լուսանկարչութիւնը դարձաւ աւելին, քան` պարզապէս այդ աղէտին մասին վկայութիւններ ցուցադրելը: Անիկա 1915 թուականէն ի վեր հայկական ինքնութեան, մշակոյթի եւ յիշողութեան հնագիտական հետազօտութիւն մըն էր լրիւ: Ես շատ շուտով հասկցայ, որ տեսագրութիւնները չեն կրնար ներկայացնել այն պատմութիւնները, որոնք ես կ՛ուզէի պատմել: Լուսանկարչութիւնը զիս կը հետաքրքրէր, սակայն` ո՛չ լուսանկարչական լրագրութիւնը, քանի որ այդպէս չէի կրնար ուսումնասիրել այն, ինչը ես կը պատկերացէի որպէս Հայաստանի ինքնութիւն` բանաստեղծութիւնը, կապը սեփական հողիս հետ, հին բանահիւսական աւանդոյթներ: Ամէն անգամ, երբ նկարեմ, կ՛առերեսուիմ պատմութեանս: Այդ պայմաններուն մէջ առարկայականութիւնը պարզապէս թիւր է», ըսած է Անթուան Ակուճեան:
Իր լաւագոյն լուսանկարին մէջ պատկերուած տղամարդուն հանդիպած է Ապարանի մէջ:
«1998 թուականին ես Ապարան կը գտնուէի` մայրաքաղաք Երեւանէն ոչ շատ հեռու մեծ քաղաք մը: Տեղական պարի խումբը ելոյթ կ՛ունենար այդ երեկոյ` բաց երկինքի տակ: Ծեր ու երիտասարդ հաւաքուած էին: Առաջին պատկերը նկարելէս ետք` ծեր տղամարդ մը մօտեցաւ ինծի` արցունքները աչքերուն: Ան ըսաւ, որ իր որդին մահացած է ելեկտրահարութենէն, որ` ան իր հպարտութիւնն ու ուրախութիւնն էր, եւ որ ես անոր շատ նման եմ: Ան հեծկլտալով գրկեց զիս: Անոր անունը Իշրան էր: Ես անկէ խնդրեցի պարել ինծի համար, եւ ան սկսաւ պարել: Ատիկա գեղեցիկ էր, ոչ որովհետեւ այդ տղամարդը գեղեցիկ էր, այլ որովհետեւ ան կը ներկայացնէր հայերուն գիտակցութեան մէջ առկայ խոր երեւոյթ մը. ան տօնական շունչով կը յաղթահարէր այդ ահաւոր կորուստը», պատմած է լուսանկարիչը:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առումով լուսանկարիչը վստահ է, որ աւելի ու աւելի երկիրներ պէտք է դիմեն այդ քայլին: «Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք աշխարհը աւելի ու աւելի իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ «ցեղասպանութիւն» բառին վրայ: Որքան Էրտողանը հերքէ այդ իրողութիւնը, այնքան աւելի ուժեղ կը դառնանք մենք: Մենք գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ անհետանալ, եւ մենք կը դիմանանք ատոր` անկախ ամէն ինչէ», եզրափակած է ֆրանսահայ լուսանկարիչը: