ՇԱՆԹ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Ինքնութիւն` իսկութիւն- էութիւն իմաստով.
Այս յօդուածը հայ մշակոյթին ուղղուած ակնարկ մըն է միայն. շատ հաւանաբար բացթողումներ, չափազանցումներ եւ յատուկ անուններով ծանրաբեռնուած ըլլայ` հայ մշակոյթի խորունկ եւ բազմածաւալ ըլլալուն: Լաւ կ՛ըլլայ, որ հայ մշակոյթի տարբեր մարզերուն մէջ մասնագէտներ կատարեն ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ, որոնց հաւաքագրումը վստահաբար բազմաթիւ հատորներ խլէ:
Յօդուածը կ՛ընթանայ հետեւեալ բովանդակութեամբ.-
1.- Մշակոյթ` սահմանում եւ արուեստներու դասաւորում
2.- Հայ հեթանոսական մշակոյթ,
3.- Հայ քրիստոնէական շրջան, գիրերու գիւտ, ոսկեդար
4.- Հայ միջնադարեան մշակոյթ,
5.- Հայ մշակոյթը Օսմանեան կայսրութեան շրջանին
6.- Հայ ազգային նախազարթօնք եւ զարթօնք
7.- Հայ յեղափոխական շարժում
8.- 1850-1950 ազգային-մշակութային դարաշրջան
Ա.- Գրականութիւն
Բ.- Երաժշտութիւն
Գ.- Գեղանկարչութիւն
Դ.- Պարարուեստ
Ե.- Քանդակագործութիւն
Զ.- Ճարտարապետութիւն
9.- Եզրակացութիւն եւ առաջադրանք
10.- Վերջաբան
11.- Մատենագիտութիւն
1.- Մշակոյթ` Սահմանում Եւ Արուեստներու Դասաւորում
Կ՛ենթադրեմ` ընդունելի կ՛ըլլայ մշակոյթը սահմանել` իբրեւ արուեստներու, գիտութիւններու, արհեստագիտութիւններու եւ իմաստասիրութեան ամբողջական ինքնութիւն. ինքնութիւն մը, որ յատուկ է ազգութեանց: Իսկ մշակոյթը, ըստ էութեան, խորքային իմաստով, անսահմանելի է. մշակոյթը կարելի չէ սահմանափակել պարունակի մը մէջ. մշակոյթը ստեղծագործական իսկութիւն-էութիւն ունի: Այս պարագային մշակոյթը զուտ մարդկային ընկերութեան կը վերաբերի:
Ուրեմն մշակոյթը աւելի քան ռազմավարական արժէք կը ներկայացնէ. ժողովուրդ մը ազգ կը դառնայ, եթէ մշակոյթ ունենայ, այլապէս ամբոխի կը վերածուի. ուրեմն այս իմաստով ազգութեան մը գոյութեան նախապայմանը մշակոյթն է. մշակո՛յթն է, որ ամբոխը ազգի կը վերածէ: Յօդուածին մէջ «հայ ժողովուրդ» կամ «հայ ազգ» եզրերը նոյն իմաստով կը գործածուին:
Վերջին հնագիտական եւ պատմագիտական հետազօտութիւններու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ հայ ժողովուրդի ծագումը կը հասնի մինչեւ Քրիստոսէ առաջ շուրջ 3000-3500 թուականները. նոյն ուսումնասիրութեանց հիման վրայ հնդեւրոպական ցեղերու օրրանը Փոքր Ասիան եղած է (Անատոլիա), ուր կը գտնուի Հայկական Բարձրաւանդակը: Հայ ժողովուրդը հնդեւրոպական ցեղէն ճիւղ մըն է եւ ծագում առած է Հայկական Լեռնաշխարհին վրայ (Ռաֆայէլ Իշխանեան «Հայերի ծագումը եւ հնագոյն պատմութիւնը», էջ 22, տպարան Ալթրափրես, Պէյրութ): Եթէ «ծագում» բառով պէտք է հասկնանք հայ ազգի սկիզբը, կարելի չէ զայն յստակ թուականով ճշդել, որովհետեւ անիկա ընթացք (process) մըն է, արտագայութիւն մը (emergence):
Հայ մշակոյթի նախապատմութեան մասին տեղեկութիւն չկայ` բացի հնագիտութեան ընձեռած տեղեկագրութենէն: Հայ ժողովուրդի մշակութային պատմութիւնը պէտք է ծագում առած ըլլայ Հայասա-Նայիրի-Ուրարտու ժամանակաշրջաններուն: Պարզ է, որ այն ատեն հայ ժողովուրդը հեթանոս է եղած` ունենալով իր չաստուածներն ու կուռքերը. հայր աստուածը` Արամազդ, մայր աստուածուհին Արամազդի դուստրը` Անահիտ, պատերազմի եւ քաջութեան` Վահագն, տիտանեան ուժի աստուածը` Տորք Անգեղ, գարնան վերազարթնող բնութեան աստուածը` Արա Գեղեցիկ, հայ ժողովուրդի նախահայրը` Հայկ Նահապետ, գիտութեան եւ դպրութեան` Տիր, սիրոյ եւ գեղեցկութեան` Աստղիկ, պարկեշտութեան եւ ողջմտութեան` Նանէ, լոյսի եւ ճշմարտութեան` Միհր: Յիշեալ հեթանոսական պանթէոնէն զատ, հայերը պաշտած են նաեւ օտար` հնդկական, ասորեստանեան եւ յունական չաստուածներ («Հայոց պատմութիւն», Է. հատոր, էջ 164-165, Երուանդ Փամպուքեան-Վլադիմիր Բարխուդարեան, տպ. Համազգային, 1998):
Փաստօրէն հայ մշակոյթը սկզբնապէս եղած է կրօնական: Ուրիշ ժողովուրդներու պարագային ալ այդպէս է. մշակոյթը, ուրեմն, ծագում կ՛առնէ կրօնէն` իր ամբողջական առումով:
Իմաստասէր Շահան Պէրպէրեան արուեստները դասաւորած է երկուքի` աւագի եւ կրտսերի` ըստ անոնց տարողական կարեւորութեան («արժէքաբանութիւն», Շահան Պէրպէրեան, էջ 32, կթղկսթ. Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Լիբանան, 1976):
Աւագ արուեստները վեց են` ճարտարապետութիւն, քանդակագործութիւն, նկարչութիւն, պարարուեստ, բանահիւսութիւն եւ երաժշտութիւն. իսկ Կրտսեր արուեստները` բազմաթիւ, որովհետեւ երկրորդական տեղ մը ունին եւ կախեալ են գեղեցկութեան ճաշակէն` բրուտագործութիւն, ոսկերչութիւն, կահագործութիւն, դերձակութիւն եւ այլն:
Արդարեւ, կրնանք խորհիլ, թէ արուեստները, գիտութիւնները, արհեստագիտութիւնները եւ բարոյագիտութիւնը կը համադրուին իմաստասիրութեան կողմէ. միաժամանակ իմաստասիրութիւնն ալ, իր կարգին, ինքնազարգացում կ՛ունենայ:
2.- Հայ Հեթանոսական Մշակոյթ
Ա.- Ճարտարապետութիւն
Նախաքրիստոնէական հայկական ճարտարապետութիւնը, իր ճարտարաշինութեամբ, բարձրացած է կառուցման արուեստի մակարդակի. Արամազդի, Անահիտի, Վահագնի, Աստղիկի, թէ Տիրի մեհեանները անոր վկաներն են: Այդ շրջանէն տակաւին կանգուն կը մնայ Գառնիի տաճարը, որ Տրդատ թագաւորի քրոջ` Խոսրովիդուխտի խնդրանքով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ քանդել չէ տուած, երբ վերջինս Հայաստանի տարածքին բոլոր մեհեանները կործանել կու տար` անոնց տեղ եկեղեցիներ կառուցելով:
Բ.- Քանդակագործութիւն
Հայկական քանդակագործութիւնը նոյնպէս իր նախնական կերպին մէջ եղած է կուռքերու քանդակաշինութիւն. այդ ժամանակէն մնացած` Նեմրուտ լերան վրայ կը գտնուին Արամազդի, Վահագնի, Աստղիկի եւ Միհրի արձաններու հսկայ գլուխները: Նաեւ, այժմ, Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանին մէջ պահ դրուած է Անահիտ դիցուհիին պրոնզեայ գլուխը (գտնուած` Երզնկայի մօտ):
Գ.- Պարարուեստ, բանահիւսութիւն, երաժշտութիւն
Հայկական պարարուեստը սկիզբ առած է կրօնական յատուկ արարողութիւններով: Բանահիւսութիւնը դարձեալ կրօնական առասպելախօսութեամբ մոգական արուեստ է եղած, մինչ երաժշտութիւնը` նոյնպէս մոգական արուեստի միջոց:
Հետեւաբար հայ ժողովուրդը կռապաշտութեան շրջանին անմասն չէ մնացած վերոյիշեալ արուեստներու մշակումէն: Փաստօրէն, հայ մշակոյթի հիմը դրուած է նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանին` հետագայ դարերուն զարգանալու խոստումով` հասնելու իր ինքնուրոյնութեան, եւ վերջապէս` ինքնութեան կամ իսկութեան: Նախաքրիստոնէական շրջանի մշակոյթին մասին պատմաբաններ, բազմաթիւ արուեստներու կողքին, յիշատակած են նաեւ Արտաշիսեան թագաւորութեան Արտաւազդ արքայի թատրերգական գործերուն մասին:
3.- Հայ Քրիստոնէական Մշակոյթ, Գիրերու Գիւտ, Ոսկեդար
Վաղ քրիստոնէութեան ժամանակ, Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի Հայաստան մուտքով, գաղտնօրէն կը հաստատուի Հայ Առաքելական եկեղեցին, որ հետագային կը հանդիսանայ հայ մշակոյթի խարիսխներէն մէկը: Քրիստոնէութիւնը կը բացայայտուի 301 թուականին` իբրեւ հայ ազգային պետութեան պաշտօնական կրօն, Տրդատ թագաւորի որոշումով եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռամբ:
Հայաստան կը հռչակուի քրիստոնէութիւնը ընդունող աշխարհի առաջին պետութիւնը. Տրդատ թագաւոր եւ Աշխէն թագուհի կը հանդիսանան աշխարհի առաջին քրիստոնեայ արքունի ամոլը: Այնուհետեւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իր զաւակներով եւ խումբ մը աշակերտներով կը ձեռնարկեն հեթանոսական տաճարներու ու մեհեաններու քանդումին` անոնց տեղ կառուցելով եկեղեցիներ, որոնք հիմը կը դնեն հայ եկեղեցական ճարտարապետութեան, որուն յատկանիշներուն մասին կ՛անդրադառնանք հետագային:
Այնուհետեւ, շուրջ մէկ դար անց, 405-ին, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց հայկական այբուբենին գիւտը կ՛իրագործէ: Մաշտոց եւ իր աշակերտները կը ձեռնարկեն օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանութեան աշխատանքին` սկսեալ Աստուածաշունչէն մինչեւ պատմական, գիտական եւ իմաստասիրական բազմաթիւ գործեր: Իրականին մէջ կատարուածը պարզ թարգմանութիւն չէ եղած միայն, այլ` հայացում:
Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը բնագիրին այնքան հարազատ կը կատարուի, որ զայն «Թագուհի թարգմանութեանց» կը կոչեն: Անկէ թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը կ՛ըլլայ` «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:
Մէկ դարու մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը եւ հայ գիրերու գիւտը պատմական անհրաժեշտութիւն են եղած` հայ ազգային ինքնապահպանումին: Չենք կարծեր նաեւ, որ պատահական ըլլայ, Հայկական Այբուբենին առաջին գիրը Ա.ը Աստուած խորհրդանշէ, եւ վերջին գիրը Ք.ն` Քրիստոս. ահաւասիկ կապ մը` հայկական այբուբենին եւ քրիստոնէութեան միջեւ:
405-էն մինչեւ Վարդանանց պատերազմ 451 տեւող յիսնամեակը հայ ազգային, պատմագրական, թարգմանական ու գիտական որակ կը զգենու. եւ արդարօրէն, այդ ժամանակաշրջանը որակուած է ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՈՍԿԵԴԱՐ: Կը նախընտրենք կոչել առաջին ոսկեդար, որովհետեւ կրնայ նախընթաց ըլլալ հետագայ արժանաւոր այլ ոսկեդարերու:
Ինքնագիր եւ թարգմանական աշխատութիւններ կատարող գլխաւոր մատենագիրները, իրենց երկերով, հետեւեալ դէմքերն են.
– Եզնիկ` «Եղծ աղանդոց»
– Կորիւն` «Վարք Մաշտոցի»
– Ագաթանգեղոս` «Պատմութիւն հայոց-քրիստոնէութեան մուտքը Հայաստան»
– Փաւստոց Բիւզանդ` «Պատմութիւն հայոց», 4-րդ դար.
– Պատմահայր Մովսէս Խորենացի` «Պատմութիւն հայոց», սկիզբէն մինչեւ 4-րդ դար
– Ղազար Փարպեցի` «Պատմութիւն հայոց», 384-էն մինչեւ 485, Գայլ Վահան
Յիշատակենք նաեւ հետագային ապրած փիլիսոփայ Դաւիթ Անյաղթը, փիլիսոփայական տրամաբանութեան հակաճառութեան մէջ` անպարտելի. գիտնական Անանիա Շիրակացին` իր «Աշխարհացոյց»-ով, որ կողմնակից եղած է Երկրին գնդաձեւ ըլլալուն (այդ ժամանակ աստղագիտութեան մէջ տակաւին չհիմնաւորուած):
Իսկ ազգային, քաղաքական եւ կրօնամշակութային ճակատին վրայ, 428 թուականին Հայաստան կորսնցուցած Արշակունեաց պետականութիւնը, 451-ին կը գտնուի պարսկական կրակապաշտութիւնը ընդունելու պարտադրանքին առջեւ: Մինչ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ հայկական բանակը քրիստոնէութեան պահպանումին առաջին ճակատամարտը կը մղէ, անդին աշխարհի քրիստոնեայ եկեղեցական ղեկավարները Քաղկեդոնի մէջ աստուածաբանական խնդիրներու շուրջ իրարու գլուխ կը ջարդեն եւ Յիսուսի ծնունդը կը փոխադրեն դեկտեմբերի 25, որովհետեւ քրիստոնեայ ժողովուրդները տակաւին այդ օր կը տօնեն հեթանոսական կուռքի մը ծննդեան օրը, քանզի այդպէս աւելի դիւրին կ՛ըլլայ ԵՂԵՐ ժողովուրդները համախմբել քրիստոնէութեան շուրջ (անհեթեթ տրամաբանութիւն): Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստանեայց եկեղեցին պահպանած է Քրիստոսի ծննդեան իսկական օրը` 6 յունուարը: Այս ալ հայ ազգային-մշակութային ինքնութեան երեւոյթներէն մէկն է:
Ճարտարապետութիւն
Հայկական եկեղեցական ճարտարապետական շինարարութեան հիմը դրուած է, ուրեմն, 4-րդ եւ 5-րդ դարերու հայ ճարտարապետներուն կողմէ: Հայկական եկեղեցական ճարտարապետական ոճը ինքնատիպ կ՛ըլլայ եւ անշփոթելի. առաջին ակնարկով իսկ արդէն մարդիկ կը կարողանան հայկական եկեղեցին զատորոշել այլ կրօնական կառոյցներէ. հայ եկեղեցաշինութիւնը կը յատկանշուի հետեւեալ սկզբունքներով.
Ա.- Հայկական եկեղեցին քարեղէն կառոյց պէտք է ըլլայ` անոր տալով հաստատուն կերպ:
Բ.- Հայ ճարտարապետը պէտք է ըլլայ քարագործ ու տրամաբանական կառուցող եւ, ուրեմն, յստակ ու բանական միութեան նկարագիրը հայկական ոճին:
Գ.- Անհրաժեշտ է, որ հայկական եկեղեցիին յատակագիծին (design) կանգնոյթի մեծագոյն առանցքը (principle vertical axis) գետնին հորիզոնական չըլլայ, ինչպէս է պարագան ընդհանրապէս շինութիւններու, այլ ուղղահայեաց` տաճարին տալով վսեմական ոգին հայկական ճարտարապետութեան. ասիկա հայ եկեղեցական շինարարական ոճին առաջնային յատկանիշն է:
Հետագային հայկական եկեղեցիին վսեմութեան մասին Վահան Թէքէեան կը գրէ.
Եկեղեցին հայկական մէն մի քարին տակ գետնի,
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի:
Դ.- 4-րդ եւ 5-րդ դարերու սկզբնական ճարտարաշինարարական ոճին հաւատարիմ մնալով հանդերձ, հետագայ դարերուն հայկական եկեղեցին չէ եղած միօրինակօրէն ինքզինք կրկնող արուեստ մը, այլ` ստեղծագործական ճկունութիւնը արտայայտող հայկական ոճը:
Այս սահմանափակ յօդուածին մէջ, թէեւ քիչ մը մասնագիտական, կ՛արժէ արձանագրել, որ Թորոս Թորամանեան հայկական
ճարտարապետութեան պատմութեան մասին մէկ աշխատութեան մէջ (հրատարակուած` 1942-ին, Երեւան) հայ եկեղեցաշինարարական պատմութիւնը բաժնած է «չորս վերածնունդներու». իսկ Շ. Պէրպէրեան, իր կարգին, անոնցմէ իւրաքանչիւրին շնորհած է ոճային բնութագրում մը.
1.- Առաջին շրջան` 4-5 դարեր
– հայ քրիստոնէացման սկզբնական թուականները
2.- Երկրորդ շրջան` 7-րդ դար. յատկապէս` Կոմիտաս կաթողիկոսի օրով
– Արարատեան շրջանին մէջ, Ս. Հռիփսիմէ եւ Ս. Գայեանէ
– Շ Պ.-ի բնութագրում` զուսպ-զանգուածազօրը
3.- Երրորդ շրջան` 10-11 դարեր
– Բագրատունեաց թագ. ժամանակ, Անիի վանքերն ու եկեղեցիները
– Շ Պ-ի բնութագրում` նուրբ-վայելչականը
4.- Չորրորդ շրջան` 13-15 դարեր, Զաքարեաններու ժամանակ.
– Շիրակի եւ Սիւնիքի մէջ
– Շ Պ-ի բնութագրում` Պերճ-ճոխականը
Քանդակագործութիւն
Հայ քրիստոնէական քանդակագործութիւնը յայտնաբերած է ամբողջ աշխարհի մէջ իւրայատուկ` ԽԱՉՔԱՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ արուեստը: Խաչքարագործութիւնը տակաւին մինչեւ այսօր կը շարունակուի նմանատեսակ, բայց ոչ կրկնօրինակ, այլ` նորարար ստեղծագործութեամբ, հայկական եկեղեցիին նման:
(Շար. 1)