Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Ապրիլեան Պատերազմը Արցախի Շուրջ Համախմբած Է Հայ Երիտասարդութիւնը. Ըստ Շարմազանովի

$
0
0

Sharmazanov_73016

Արցախ աշխատանքային այցելութիւն տուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութեան ղեկավար եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը, որուն կ՛ընկերակցէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայրենիք» խմբակցութեան նախագահ Արթուր Թովմասեանը: 13 յուլիսին ան հանդիպում մը ունեցած է Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ բանակումի մասնակիցներուն հետ:

Էդուարդ Շարմազանով հանդէս եկած է դասախօսութեամբ մը` հայոց ազգային գաղափարախօսութեան եւ նժդեհեան հայրենասիրական դասերուն մասին: Ան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է հայապահպանման եւ ազգային ինքնագիտակցութեան պահպանման առումով հայկական երկու պետականութիւններուն շուրջ համախմբման գործօնն ու հայրենակերտումը, որ իւրաքանչիւր հայորդիէ կը պահանջէ այդ առաքելութեան առնչուած սեփական դերի եւ անձնուիրութեան անհրաժեշտ գիտակցութիւն:

Դասախօսութենէն ետք, ճամբարականները կարելիութիւն ունեցած են հասարակական-քաղաքական, տնտեսական բնագաւառներուն եւ սփիւռքի մէջ հայապահպանման ուղղութեամբ տարուող պետական քաղաքականութեան վերաբերեալ հարցումներ ուղղելու փոխնախագահին:

«Մենք յաճախ տարբեր հարթակներու վրայ ու տարբեր ձեւաչափերով հանդիպումներ կ՛ունենանք երիտասարդներուն հետ, սակայն մեզի համար սրբացած արցախեան հողին վրայ առաջին անգամ ըլլալով կը կայանայ նման հանդիպում մը, որ շատ ոգեւորիչ է: Այստեղ վերստին համոզուեցայ, որ հայութեան համար կարեւորագոյն հարցերուն վերաբերեալ, անկախ տարիքային տարբերութիւններէն, սերունդներուն միջեւ կայ ընդհանուր մօտեցում մը, որ կը վերաբերի ազգային գաղափարախօսութեան, քրիստոնէական, ընտանեկան արժէքներու պահպանման եւ կրթութեան դերի կարեւորութեան: Այս բանակումը նաեւ կը վկայէ, որ ապրիլեան պատերազմը ո՛չ միայն չէ ընկճած հայութիւնը, այլ համախմբած է հայ երիտասարդութիւնը Արցախի շուրջ: Նման նախաձեռնութիւններու ականատես ըլլալով` համոզուած ենք, որ մեր երիտասարդները իրենց հայրերուն եւ աւագ եղբայրներուն սուրբ գործին արժանի շարունակողներն են», ըսած է Շարմազանովը:

Նշենք, որ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողական 3-րդ բանակումը` Հայաստանի տարբեր մարզերու, Արցախի եւ Ջաւախքի շուրջ 120 երիտասարդներով, սկսած է 12 յուլիսին եւ տեւած` մինչեւ 18 յուլիս:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>