Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Երիտասարդական Խորհրդարանի Անդամները Հանդիպած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մշակոյթի Եւ Երիտասարդութեան Հարցերու Նախարարին Հետ

$
0
0

Narinee-Aghabalian_73016

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կից երիտասարդական խորհրդարանի անդամները 12 յուլիսին Շուշի քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած են Ղարաբաղի  մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանին հետ: Այս մասին հաղորդած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը:

Ողջունելով նորընտիր երիտասարդական խորհրդարանի անդամները` մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարը ներկայացուցած է պետական երիտասարդական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններն ու առկայ մարտահրաւէրները: Խօսելով հասարակութեան ու պետութեան զարգացման գործին մէջ երիտասարդութեան դերին մասին` Նարինէ Աղաբալեան նշած է, որ երիտասարդ սերունդը պէտք է լաւ ճանչնայ երկիրը եւ իրազեկ ըլլայ, որպէսզի կարենայ արդիւնաւէտ մասնակցութիւն ունենալ անոր զարգացման ու բարգաւաճման:

Նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ Շուշիի` տարածաշրջանային մշակութային կեդրոնի, արուեստի ու արհեստի քաղաքի երբեմնի փառքի վերականգնումը եւ` նշած, որ այս ուղղութեամբ արդիւնաւէտ քայլ կը համարէ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան տեղակայումը:

Երիտասարդական խորհրդարանի անդամները հետաքրքրուած են ընթացիկ ծրագիրներով, համագործակցութեան հնարաւոր ուղղութիւններով, երիտասարդութեան ու մշակոյթի մարզին առնչուող այլ հարցերով:

Այնուհետեւ, նախարարին ընկերակցութեամբ, անդամները շրջագայած են Շուշիի նախկին Մարիամեան օրիորդաց դպրոցի շէնքին մէջ, ուր այսօր տեղակայուած է նախարարութիւնը: Նարինէ Աղաբալեանը հետաքրքրական դրուագներ ներկայացուցած է կառոյցի պատմութենէն եւ երիտասարդները ծանօթացուցած է շէնքին մէջ տեղակայուած արհեստանոցին:

Օրուան ծրագիրը աւարտած է 1918-ին կառուցուած Շուշիի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ (Կանաչ ժամ) եկեղեցի այցելութեամբ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>