ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Վերջին տասնամեակներուն, յատկապէս` վերջին երկու տարիներուն, Ինճիրլիք ռազմակայանը միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ. կ՛արժէ այս մասին լրացուցիչ ու հիմնական տեղեկութիւններ ունենալ:
Կիլիկիոյ Ատանա քաղաքէն 10 քիլոմեթր դէպի արեւելք, Միջերկրական ծովէն 32 քիլոմեթր դէպի հիւսիս, Ինճիրլիք շրջանին մէջ 1951-ին հաստատուեցաւ ամերիկեան օդային ռազմակայան, որ նաեւ կը ծառայէ ՕԹԱՆ-ի` շուրջ 13,4 քառակուսի քիլոմեթր հողի վրայ, վարձակալութեան համաձայնութեամբ:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտէն ութ տարի ետք, ամերիկեան բանակի ճարտարագիտական գումարտակը շինարարութիւնը սկսաւ 1951-ի գարնան, որ աւարտեց 21 փետրուար 1955-ին, որ կոչուեցաւ Ատանայի օդային ռազմակայան, թէեւ կը գործածուի Ինճիրլիք անուանումը (1): Այս ռազմակայանին կառուցման որոշումը արդէն տրուած էր դեկտեմբեր 1943-ին` Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին, Գահիրէի երկրորդ համաժողովին (2):

Ինճիրլիքի ամերիկեան գլխաւոր կեդրոնը

Ինճիրլիքի ամերիկեան ռազմակայանը
1975-ի կէսերուն թրքական կառավարութիւնը որոշեց փակել եւ իր հսկողութեան ենթարկել Թուրքիոյ տարածքին գտնուող ամերիկեան բոլոր խարիսխներն ու ռազմակայանները` իբրեւ հակադարձութիւն Ամերիկայի Քոնկրեսին կողմէ ռազմական պատժամիջոցներուն, երբ Թուրքիա ամերիկեան ռազմամթերք գործածեց հիւսիսային Կիպրոսի դէմ կատարած յարձակումին եւ անոր բռնագրաւումին ընթացքին: Բացառութիւն էին ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւնները, որոնց համար արտօնուած էր գործածել միայն Ինճիրլիքի եւ Զմիւռնիոյ ռազմակայանները:
1978 սեպտեմբերին Ամերիկայի Քոնկրեսը դադրեցուց այս պատժամիջոցները` վերսկսելով ռազմական օժանդակութիւնը Թուրքիոյ: Բնականոն յարաբերութիւնները վերսկսան, երբ Միացեալ Նահանգները եւ Թուրքիան ստորագրեցին պաշտպանութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան նոր համաձայնագիր` 29 մարտ 1980-ին (2): Ընդհանրապէս ամերիկացի 1465 բանակայիններ եւ 365 քաղաքային պաշտօնեաներ (յուլիս 2016-ին` 2700) կը գտնուին խարիսխին մէջ, մինչ զինուորականներու ընտանեկան պարագաներուն կեցութիւնը արգիլուած է (1):

Ինճիրլիքի ամերիկեան ռազմական խարիսխը

Հայապատկան կալուածագիր մը
Ժամանակագրական կարգով, Ինճիրլիք ռազմակայանը Ամերիկայի եւ իր գլխաւորած դաշնակիցներուն կողմէ գլխաւորաբար գործածուած է հետեւեալ նպատակներուն (2).
Ա.- Առաջին օրերէն սկսեալ, Խորհրդային Միութիւնը լրտեսելու նպատակով` երկրադիտութեան (reconnaissance) թռիչքներու համար, գործածելով օդապարիկներ եւ «Եու 2» տիպի լրտեսութեան օդանաւեր:
Բ.- 1958 թուականի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին` իբրեւ ամերիկեան բանակի զինուորներ կեդրոնացնելու խարիսխ:
Գ.- Օդաչուներու, օդանաւերու եւ հրթիռներու մարզումի ու փորձարկումի խարիսխ:
Դ.- 1990-էն սկսեալ, Ծոցի պատերազմին (Իրաք-Քուէյթ) եւ ապա (1991-ին) Իրաքի հիւսիսային շրջանի օդային տարածքը արգիլեալ գօտի հաստատելու նպատակով (որմէ օգտուեցաւ Թուրքիան, որ օդանաւերով անարգել կերպով ռմբակոծեց անպաշտպան քրտական շրջանները):
Ե.- 2001-ին Աֆղանիստանի վրայ յարձակումին եւ յարակից բոլոր գործողութիւններուն համար` իբրեւ գլխաւոր խարիսխ:
Զ.- 2003-ին Իրաքի դէմ շղթայազերծուած միջազգային դաշինքի յարձակումին` Թուրքիան ռազմական գործողութիւններ չարտօնեց Ինճիրլիքէն, սակայն խարիսխը օգտագործուեցաւ «ոչ յարձակողական» նպատակով թռիչքներու…
Է.- 2005-ին ծառայեց իբրեւ միջազգային մարդասիրական օգնութեան տարանցման կեդրոն` Քաշմիրի երկրաշարժին:
Ը.- 2006-ին Իսրայէլի` Լիբանանի դէմ շղթայազերծած պատերազմին ամերիկահպատակ բնակիչները տեղափոխելու իբրեւ առաջին հանգրուան:
Թ.- Միայն 23 յուլիս 2015-ին է, որ Թուրքիա արտօնեց խարիսխը գործածել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յարձակումներու, այն պայմանով, որ Ամերիկա որեւէ ձեւով պիտի չօժանդակէ սուրիացի քիւրտերուն:
Ժ.- 25 ապրիլի 2016-ին Գերմանիոյ դաշնակցային զինուած ուժերը, որոնք արդէն ներկայութիւն են այնտեղ, յայտարարեցին, որ 65 միլիոն եւրօ պիտի յատկացնեն մնայուն ներկայութիւն հաստատելու համար Ինճիրլիքի մէջ` իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին Գերմանիոյ յանձնառութիւնը: Յաւելեալ պիւտճէ պիտի յատկացուի վեց ամսուան ընթացքին, մնայուն կերպով բազմաբնոյթ ռազմական կարողութեամբ, «Փանաւիա Թոռնատօ» տիպի վեց եւ «Էրպաս Ա310 ՄՌԹԹ» տիպի օդին մէջ վառելանիւթ մատակարարող մէկ օդանաւ պահելու այնտեղ, ինչպէս նաեւ` 200 զինուոր: Յաւելեալ 34 միլիոն եւրօ պիտի յատկացուի սեփական հրամանատարութեան նոր կեդրոնին, 10 միլիոն եւրօ` բնակարաններու եւ 4,5 միլիոն եւրօ` զբօսավայրի, որոնց շինարարութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 2017-ի աւարտը:

Գերմանական «Փանաւիա Թոռնատօ» օդանաւը

Օդին մէջ վառելանիւթ մատակարարող «Էրպաս»-ը
Ահա այս պատճառով է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը ապրիլ ամսուն չքննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, քանի որ Թուրքիան այդ օրերուն` ապրիլ 24-ի շաբաթը, ժամադրութիւն ճշդած էր վերեւ նշուած (Ժ.) բանակցութիւններուն համար, այն յոյսով, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը ինչպէս անցեալ տարի, նոյնպէս այս տարի եւս Հայոց ցեղասպանութեան հարցը չի քննարկեր…
Իսկ ներկայիս, համաձայնութեան գոյացումէն միայն երկու ամիս ետք, Թուրքիան արգիլեց Գերմանիոյ խորհրդարանական յանձնախումբին այցը Ինճիրլիքի մէջ տեղակայուած իրենց զինուորներուն եւ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն` իբրեւ հակադարձութիւն Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ 2 յունիս 2016-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին: Ահա այստեղ հայկական գործօնը բացայայտ կերպով դրսեւորուեցաւ Ինճիրլիք ռազմակայանի կապակցութեամբ:
Նոյն տրամաբանութեամբ, յստակ կը դառնայ, որ Թուրքիա յաճախ իբրեւ ճնշումի միջոց կ՛օգտագործէ Ինճիրլիք ռազմակայանը` փակելով զայն կամ գործածութիւնը սահմանափակելով, իր կամքը կը պարտադրէ Ամերիկայի եւ Արեւմուտքին վրայ` իրեն համար նպաստաւոր պայմաններ կորզելով անոնցմէ: Այսպէս, առաջին անգամ, վերեւ նշուած 1975-1980 ռազմակայանի գործածութեան սահմանափակում` Կիպրոսի հիւսիսային շրջանը բռնագրաւելուն պատճառով ամերիկեան պատժամիջոցներուն իբրեւ հակազդեցութիւն:
Յետադարձ ակնարկով յստակ կը դառնայ նաեւ, որ Թուրքիա պայմանաւորեալ արտօնութիւն տուած էր (Դ.) Ինճիրլիքը գործածելու 1990-2003, Իրաքի առաջին պատերազմին, 36 հորիզոնականէն դէպի հիւսիս օդային տարածքը ՄԱԿ-ի որոշումով Ամերիկա-Անգլիա-Ֆրանսա դաշնակիցներուն կողմէ իրաքեան բանակին համար արգիլեալ գօտի հռչակելուն` իբր թէ հիւսիսային Իրաքի քիւրտերը պաշտպանելու համար իրաքեան բանակէն:
Հեգնական է, որ Թուրքիա ազատօրէն եւ ապահով կերպով օդանաւերով կը ռմբակոծէր քրտական անպաշտպան այս շրջանները: Կարծէք` ՄԱԿ-ը որոշած էր քիւրտերը պաշտպանել միա՛յն իրաքեան բանակէն… Առաջին այսպիսի լայնածաւալ յարձակումը տեղի ունեցաւ 1 մարտ 1992-ին` Հաքուրքի վրայ, ապա 1995-ին` Մուսուլի եւ 1997-ին` Քերքուքի վրայ (3): Ուրեմն, բացայայտ է այստեղ, որ Ինճիրլիքի գործածութեան դիմաց Թուրքիա «արտօնութիւն» ստացած էր յարձակում գործելու հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջաններուն վրայ:
Նոյն տրամաբանութեամբ, 2003-ին Իրաքի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին, Թուրքիա Ինճիրլիքի գործածութիւնը չարտօնեց, քանի որ, ըստ երեւոյթին, իրեն յատուկ պահանջներուն եւ ծրագիրներուն` քրտական հարց եւ քարիւղ, այս անգամ ընթացք չտրուեցաւ…
Իսկ 15 յուլիս 2016-ի յեղաշրջումի փորձէն ժամեր ետք, մինչեւ օրս, ութ օր է արդէն, ելեկտրական հոսանքը խզուած է ռազմակայանէն, եւ անոր օդային տարածքը արգիլեալ գօտի հռչակուած` վարչակարգին կողմէ (5): Ըստ «Նիւ Եորքըր Մակազին»-ի, Ինճիրլիքի ընդյատակեայ ամրոցներուն մէջ կը պահուին շուրջ 50 հատ Պ-61 տիպի ջրածնային ռումբեր` ՕԹԱՆ-ի պահեստին քառորդը (5): Կ՛ենթադրուի, որ այս անգամ սոյն խաղաքարտը օգտագործուի ստիպելու համար Ամերիկա հաստատուած Էրտողանի հակառակորդ Ֆաթհուլլա Կիւլենի յանձնումը թրքական իշխանութիւններուն:

Ջրածնային Պ-61 ռումբեր

Ինճիրլիքի ամերիկեան անօդաչու ռմբակոծիչ մը
Ահա այս ժամանակամիջոցին էր, որ 2010-ին երեք ամերիկահայեր` ժառանգորդները Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներու` Ռիթա Մահտեսեան, Անայիս Յարութիւնեան եւ Ալեքս Պաքալեան, Ամերիկայի Դաշնակցային դատարանին մէջ իրաւատիրութեան դատ բացին փաստաբան Վարդգէս Եղիայեանի միջոցով: Անոնք կալուածաթուղթեր ունին Ատանայի Ինճիրլիք ռազմակայանի 4 տոկոսին` շուրջ 500 հազար քառակուսի մեթր հողին եւ կը պահանջեն նիւթական հատուցում թէ՛ հողի 2010-ի արժէքին` 63,9 միլիոն տոլար, եւ թէ՛ ալ վարձակալութեան 60 տարուան շահաբաժինին` հաւանաբար հարիւրաւոր միլիոն տոլար: Նշենք, որ այս դատի հրապարակումէն ետք, 30 այլ ժառանգորդներ եւս ներկայացած են Եղիայեանին իրենց կալուածագրերով:
Այս դատը կրցաւ ընթացք առնել Ամերիկայի մէջ, քանի որ կալուածը բռնագրաւողները` Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը եւ «Զիրաաթ» դրամատունը, տնտեսական գործառնութիւններ կը ծաւալեն եւ մասնաճիւղեր ունին Ամերիկայի մէջ (Թուրքիոյ Հանրապետութեան պարագային` պետական «Թրքիշ էրլայնզ»-ի եւ պետական զբօսաշրջութեան գրասենեակներ): Թրքականի կողքին, նաեւ ամերիկեան շարք մը ընկերութիւններ, ինչպէս` «Մաք Տոնալտզ», «Փիցցա հաթ», «Սթար պաքս» եւ այլն, որոնք մասնաճիւղեր ունին ռազմակայանին մէջ, ընդգրկուած են դատին մէջ, քանի որ անոնք նիւթապէս կ՛օգտուին այս կալուածէն (4): Այս դատը յաջողութեամբ անցաւ առաջին հանգրուանը եւ կը սպասէ Ամերիկայի Գերագոյն ատեանի վճիռին:
5 տարի ետք, յուլիս 2015-ին, Եղիայեանի միջոցով նոյն դատը բացուեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի 9-րդ շրջանի դատարանին մէջ` ապօրինի կերպով բռնագրաւուած իրենց կալուածներու վերատիրացման դիմումով: Յատկանշական է, որ այս դատը սկսելէ անմիջապէս ետք, 23 յուլիս 2015-ին թրքական իշխանութիւնները, որոնք ցարդ արգիլած էին ռազմակայանի գործածութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ «պատերազմին», արտօնութիւն տուին ամերիկեան եւ ՕԹԱՆ-ի օդանաւերուն` գործածելու Ինճիրլիքի ռազմակայանը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:
Հայկական գործօնը նաեւ իր դերակատարութիւնը ունեցաւ այստեղ, քանի որ թրքական բոլոր պայմանները մերժուեցան ամերիկեան կողմէն, մանաւանդ երբ ամերիկեան օժանդակութիւնը շարունակուեցաւ հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտերուն, որոնք «դաշնակից» անուանուեցան, ինչպէս նաեւ օդային տարածքը արգիլեալ գօտի հաստատելու թրքական փափաքը մերժուեցաւ:
Տակաւին Ինճիրլիքը նոր զարգացումներու թատերաբեմ է, Գերմանիան սպառնացած է իր համաձայնութիւնը չեղեալ համարել, մինչ Ամերիկա կը սպասէ, որ անջատուած ելեկտրականութեան հոսանքը վերահաստատուի… Միւս կողմէ` ամերիկեան ընկերային ցանցեր մտահոգ են շրջափակման մէջ գտնուող իրենց 2700 բանակայիններու ապագայով, եւ մանաւանդ` մտահոգ, որ թուրքերը տիրանան ջրածնային ռումբերու…
22 յուլիս 2016
(2) (https://en.wikipedia.org/wiki/Incirlik_Air_Base#History)
(3) (https://ais.ku.edu.tr/course/18873/OPTIONAL%20READING-%20cross-border%20operations.pdf )
(4) ( http://www.huffingtonpost.com/entry/armenians-sue-turkey-clai_b_800003)