Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Լեռնական Սասունցիներու Վերջալոյսը Հալէպի Մէջ

Սիմոն Սիմոնեան, 40-ական թուականներու կէսերուն, երբ տակաւին Հալէպ կ՛ապրէր ու հազիւ բոլորած էր իր կեանքին առաջին երեք տասնամեակները, սկսաւ գրի առնել Սասունէն Հալէպ գաղթած հայ պարզունակ մարդոց կեանքէն վերցուած հետաքրքրական պատումներ: Իր տիպարները չարքաշ ու պատուախնդիր անձեր էին, հայրենի իրենց երկրին հին բարքերով ու մտայնութեամբ կոփուած, որոնք սակայն դժուարութիւն ունէին հաշտուելու իրենց նոր միջավայրին ու սովորութիւններուն հետ: Ամէն ինչ կը բաղդատէին «Էրկրի» բարքերուն ու կենցաղին հետ: Իրենց գաւառային տարազն անգամ չէին ուզեր փոխել. կը շարունակէին հագնիլ շալվար, ակիլ ու փուշի, ոտքերնուն` չարուխներ, դէմքերնուն վրայ` մկրատ չդպած պեխեր… Ու այս պարագաները, շատ յաճախ, ծիծաղելի կացութիւններու կը մատնէին զիրենք:

Սիմոնեան հակեցաւ այս հետաքրքրական տիպարներուն վրայ (որոնցմէ մէկն ալ իր հայրն էր` ջաղացպան Օվէն) ու վարպետօրէն գծեց անոնց կեանքէն ինչ-ինչ յուզիչ կամ զուարճաբեր դրուագներ: Այս հերոսները իր անմիջական շրջապատին մէջ էին, կը ճանչնար զանոնք անձամբ, ժամերո՜վ խօսեցուցեր էր զիրենք, արձանագրեր էր անոնց կեանքի պատմութիւնը` իբրեւ մշակելի գրականութեան մը հանքն ու թթխմորը:

Իր գրառումները ան շարունակեց հետագային ալ, երբ Լիբանան փոխադրուեցաւ:

Այնքա՜ն անուշ կը պատմէր, այնքա՜ն աղուոր լեզու մը կը գործածէր այդ տարագիր լեռնականները նկարագրելու համար, ու այնքա՜ն հմայիչ ոճով մը կը հիւսէր իր պատումները, որ ընթերցողը ուղղակի կը յափշտակուէր,  մանաւանդ որ այդ տիպարները կեղծ չէին, իրական միս ու ոսկոր էին, կ՛ապրէին ու կը շնչէին Հալէպի մէջ, ծանօթ էին բոլորին: Սիմոնեան նոյնիսկ զանոնք կը խօսեցնէր Սասնոյ բարբառով` պահելով այդպիսով կատարեալ հարազատութիւն մը:

Երբեք կարիքը չեմ զգացած դիմելու երեւակայութեան ու «գրական» հնարքներու,- կը գրէր Սիմոնեան` ակնարկելով իր այս գործին,- վասնզի անոնց կեանքերը ինքնին աւելի գեղեցիկ էին, լի  ու իրաւ, աւելի անօրինակ ու յուզիչ, քան` որեւէ տաղանդաւոր երեւակայութիւն ու վերստեղծում: Այնպէս որ, յաճախ կարծած եմ, թէ ես չէ, որ գրած եմ այս պատմուածքները. անոնք իրենք զիրենք գրած են իմ հոգիիս գրամեքենային վրայ…

Ահա այսպէս, մեր գրականութեան մէջ մտան բեռնակիր Քեռի Օհանը, եօթը աղջիկներու հայր Երկէն Արթինը, Ձիաւոր Աւէն (որ մահացաւ Հալէպի մէջ 1973-ին, 110 տարեկանին…), փռապան Մանոն, Հօրքուր Խանէն, տխեղծ մարմնով Թոփալ Սահակը, հին հայդուկ եւ վարպետ մեղուաբոյծ Քեռի Մակարը (Քեռի Ղազար), Պելաւայ Յակոն, Հնակարկատ Լեւոնը, Մկրոն ու Խուլ Լուսինը, Մշգեղցի Ծուռ Շեփէն, Տալւորիկցի Խարզոն, Կոզլուկլու Մակարը եւ միւսները…

Simon-Simonian-4_726161915-ի Մեծ եղեռնը հայրենազուրկ դարձուցած էր այս մարդիկը ու զանոնք դժբախտացուցած` անվերականգնելիօրէն: Հիմա, օտար երկինքի տակ, անոնք կ՛ապրէին իրենց յետմիջօրէն ու վերջալոյսը…

Սիմոնեան իր գրած բոլոր պատմուածքները հետագային (1968-ին) ժողվեց առանձին հատորի մը կողքին տակ: Այդ գիրքը կոչուեցաւ «Լեռնականներու վերջալոյսը» ու արժանացաւ բարձր գնահատականներու: Եւ զարմանալի չէր,  որ առաջին խանդավառուողները եղան հայրենաբնակ սասունցի գրողները: Օրինակ, վիպագիր Խաչիկ Դաշտենց Սիմոնեանին ուղղեալ անձնական նամակի մը մէջ կը գրէր. «՛՛Վերջալոյսը՛՛, ըստ իս, քո բոլոր գրութիւնների արշալոյսն է գեղարուեստական առումով»: Իսկ բանաստեղծ Վաղարշակ Նորենց, իր կարգին, կը հաստատէր. «՛՛Լեռնականներու վերջալոյսը՛՛ գրական ճշմարիտ արուեստի գործ է: Սասունցիների այդպիսի կերպարներ դեռ ոչ ոք չի պատկերել: Ես հիացած եմ այդ դէմքերով, որոնք այնքան պարզ ու կենդանի յիշեցնում են շատ հարազատ դէմքերի, որոնց մէջ անցել է իմ մանկութիւնը»:

Գրադարանիս մէջ, անկիւն մը, իր պատուոյ տեղը ունի այս հատորն ալ` «Լեռնականներու վերջալոյսը», մանաւանդ որ ատիկա մակագրուած է անձամբ Ս. Սիմոնեանի կողմէ, եւ ուղղուած է նոյն այս գիրքին հերոսներէն մէկուն` Հնակարկատ Լեւոնին:

Ու Հնակարկատ Լեւոնը, Սասնոյ Սեմալ գիւղէն, ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ իմ հօրենական հարազատ մեծ հայրս (մահացած` 1982-ին):

Սիմոնեանին Մայրը Երբեք Չկրցաւ Մոռնալ «Իր Պետոն»…

Սիմոն Սիմոնեանի «Լեռնականներու վերջալոյսը» հատորին առաջին գրութիւնը կը կրէ «Ան ուրիշ էր…» խորագիրը: Գեղարուեստական արժանիքներով յագեցած իրապատում յուզիչ պատմուածք մըն է ասիկա, ուր Սիմոնեան կը պատմէ, թէ ի՛նչպէս իր մայրը (որ ստիպուեր էր ամուսնանալ երկու անգամ), բնաւ չկրցաւ մոռնալ իր առաջին ամուսինը ու սրտին մէջ անմար կարօտ մը պահեց միշտ անոր նկատմամբ…

Այդ առաջին ամուսինը կը կոչուէր Պետօ: Սասնոյ Տալւորիկի շրջանէն էր: Գեղադէմ, յանդուգն ու առատաձեռն ջաղացպան մը: Եկած ու հաստատուած էր Այնթապ, ուր 25 տարեկանին ամուսնացեր էր Սիմոնեանի 17 տարեկան ապագայ մօրը` Մանուշին հետ:

Անոնք միասին կ՛ապրին երջանիկ եօթը տարիներ` առանց սակայն զաւակով մը բախտաւորուելու:

Simon-Simonian-5_72616Ու օր մըն ալ (1912-ին) Պետոն յանկարծամահ կ՛ըլլայ իր ջաղացքին մէջ:

Այրիացած հարսը յաջորդ տարի կը վերամուսնանայ իր հանգուցեալ ամուսնոյն մտերմագոյն գործընկերոջ` սասունցի ջաղացպան Օվէին հետ, որ պիտի դառնար հայրը Սիմոն Սիմոնեանին…

Սիմոնեան կը պատմէ, որ մայրը մինչեւ իր վերջին շունչը (1964) ապրեցաւ «իր Պետոյին» յիշատակով: Ան մինչեւ իսկ համոզուած էր, որ իր Բ. ամուսնութեան պտուղը եղող զաւակները… մեռնող Պետոյին զաւակներն էին, «վասնզի մեզմէ իւրաքանչիւրին իր յղիանալու նախորդ գիշերը մի՛շտ իրեն երեւցած է Պետոն, եւ առանց Պետոյի երեւումին երբեք չէ յղիացած… Այսինքն Պետոն եղած է Սուրբ Հոգին…»:

Պետոն, այսպիսով, անդրշիրիմեան գաղտնի այցելութիւններ եւ միջամտութիւններ կը կատարէր Սիմոնեաններու տան մէջ` խռովելով անշուշտ թէ՛ ջաղացպան Օվէին (մահացած է Պէյրութ, 1957-ին), թէ՛ ալ ընտանիքի միւս անդամներուն հոգեկան անդորրութիւնը:

Օր մը Սիմոնեան կը հարցնէ իր մայրիկին.

– Պետոն քեզի զաւակներ չպարգեւեց: Մեզ ունեցար ա՛յս ամուսինէդ: Պետո՞ն կ՛ուզես առանց մեզի, թէ՞ մեզմով` հայրս…

Մայրը կը լռէ: Յետոյ մեղմագին կը յարէ.

– Ան ուրիշ էր…

Սիմոնեան այս նիւթին շուրջ, հետագային, կը գրէ նաեւ երեք արարնոց սիրուն ու կարճ թատրերգութիւն մը, որ տեղ կը գտնէ «Լեռնականներու վերջալոյսը»-ին մէջ:

Տեղին է յիշել նաեւ, որ «Ան ուրիշ էր…» պատմուածքը նախկին հալէպահայ Հրաչ Քալսահակեանի կողմէ արաբերէնի թարգմանուելով` լոյս ընծայուած է Դամասկոսի «Ալ-Ատաապ Ալ-Աժնապիէ» («Օտար գրականութիւններ») հանդէսի ամառ 2005-ի յատուկ թիւին մէջ (թիւ 123), որ ամբողջովին նուիրուած էր հայ գրականութեան:

Երբ Սիմոնեան Իր Կուրծքը Կը Բանար Հայ Դպրոցին Ու Հայ Ուսանողին…

Սիմոն Սիմոնեան թէեւ Այնթապ ծնած էր (1914), բայց, ինչպէս դիտել տուինք արդէն, արմատներով սասունցի էր, Սասնոյ Կերմաւ գիւղէն ջաղացպան Օվէի որդին:

Մանուկ տարիքին ականատես եղաւ Այնթապի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն: Քաղաքին հայաթափումէն ետք (1921), հազարաւորներու նման, իր ընտանիքն ալ ապաստան գտաւ Հալէպ, հայկական հիւղաւանին մէջ: Այստեղ ան փոխն ի փոխ աշակերտեց քանի մը վարժարաններու` Հայկազեան, Կիլիկեան Գաղթականաց, երեք տարի ալ` լատին-կաթոլիկ դպրոցներ, ուր դասաւանդման լեզուն… թրքերէնն էր:

Դաժան տարիներ էին, ու Հալէպը լեցուած էր կիլիկեցի գաղթական բազմահազար հայերով: Այդ գաղթականներուն զաւակները, յաճախ` ոտաբոպիկ ու ցնցոտիներով, հայեցի կրթութիւն կը ստանային եւ գրաճանաչութիւն կը սորվէին նոր-նոր հիմնուող մեր համեստ ու չքաւոր դպրոցներու երդիքին տակ:

Սասունցի Օվէն կրնա՞ր հանդուրժել, որ իր տղան աճէր ու մեծնար թրքախօս միջավայրի մէջ: Ուստի, հանեց զայն լատինաց դպրոցէն ու արձանագրել տուաւ նորաբաց Կրթասիրաց վարժարանը: Տարին 1926-ն էր:

Չորս տարի անց, 1930-ին, Սիմոն Սիմոնեան շրջանաւարտ եղաւ այդ վարժարանէն, երբ 16 տարեկան էր արդէն:

Ուսումնառութեան գնացքը հոս կանգ չառաւ:

Նոյն տարին իսկ բախտորոշ շրջան մը բացուեցաւ իր առջեւ: Ան ընդունուեցաւ Անթիլիասի նորահաստատ դպրեվանքը` Հալէպէն եկող խումբ մը պատանիներու հետ միասին: Այստեղ իրեն դասակից ունեցաւ 15-ի չափ տղաք, որոնց մէջ էին ապագայ Զարեհ Ա. կաթողիկոսը, Դերենիկ եպս. Փօլատեանը, Արմէն Տէր Պետրոսեանը (տնօրէն Հալէպի Կրթասիրաց վրժ.ի), Նշան Խոշաֆեանն ու Պարգեւ Պարսումեանը (մամլոյ աշխատակիցներ), Լեւոն Ագխաչերեանը (գրական անունով` Զարեհ Զարգուն, կրթական եւ կուսակցական գործիչ ու մամլոյ սպասաւոր), Կարապետ Սապունճեանը (երկարամեայ դաստիարակ Հալէպի Քարեն Եփփէ Ճեմարանի) եւ այլն:

Սիմոնեան աւարտեց դպրեվանքին կրթական լրիւ ընթացքը (5 տարի) ու վկայուեցաւ հոնկէ 1935-ին:

Simon-Simonian-6_72616

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԽՄԲԱՆԿԱՐ Նստած, ձախէն աջ` Յովսէփ Մատենեան, Ստեփան Գարակէօզեան, Հայկ Փոլատեան (Դերենիկ եպիսկոպոս), Կարապետ Սապունճեան, Յոբելեարը, Փանոս Նաճարեան: Ոտքի, Ա. շարք.- Արմէն Ճերեճեան, Յակոբ Պուպուշեան, Լեւոն Ագխաչերեան (Զարեհ Զարգուն), Գրիգոր Պեքերեճեան, Նշան Խօշաֆեան: Բ. շարք.- Նշան Սահակեան, Եղիշէ Վարդերեսեան, Արմէն Տէր Պետրոսեան, Պարգեւ Պարսումեան, Սիմոն Փայասլեան (Զարեհ կաթողիկոս):

Այլեւս կատարելապէս զինուած էր հայերէնագիտական լուրջ պաշարով: Դպրեվանքը տուա՛ծ էր իրեն հարկաւոր թթխմորն ու նախանիւթերը: Ակնյայտ էին մանաւանդ իր բանասիրական հակումները: Դպրեվանեան շրջանէն կու գան իր երկու ընդարձակ ուսումնասիրութիւնները` Է. դարու պատմիչ Մովսէս Կաղանկատուացիի «Աղուանից պատմութիւն» երկին աշխարհաբար թարգմանութիւնն ու քննութիւնը (1933-35, «Տարեկան աւարտաճառ», ցարդ անտիպ) եւ ԺԹ. դարու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներէն Գէորգ Դ.ի նուիրուած մենագրութիւնը (1935): Վերջինը կը բաղկանար ձեռագիր 100 էջէ ու գրի առնուած էր իբրեւ «Մանկավարժական աւարտաճառ»: Անիկա իր վերջնական ձեւին մէջ լոյս տեսաւ Անթիլիասի «Հասկ» ամսագրի նոյեմբեր 2010-էն մինչեւ յուլիս-օգոստոս 2011 երկարող եօթը յաջորդական թիւերուն մէջ` «Կրթութեան մարդը Գէորգ Դ.ի մէջ» խորագրին տակ:

* * *

Դպրեվանքը Սիմոնեանի ուսումնառութեան վերջին փուլը եղաւ: Այնուհետեւ սկսաւ իր կեանքին յաջորդ փուլը` դասատուութեան շրջանը:

1935-ին Սիմոնեան կը վերադառնայ Հալէպ եւ ուսուցիչ կը կարգուի Ազգ. Հայկազեան վարժարանին մէջ` 11 ս.ո. ամսականով, 11 ամիսներու համար (12-րդ ամսուան ամսականը չէր վճարուեր…): «Ատոր համար շատ լաւ գիտեմ,  թէ 11 անգամ 11` կ՛ընէ 121», կը պատմէ ան, Կ. Փօլատեանի հետ իր «Զրոյց»-ին մէջ:

Հայկազեանի մէջ կը դասաւանդէ նախ երեք տարի` 1935-38, ապա եւս հինգ տարի` 1941-46: Միջանկեալ, 1938-41 կը դասաւանդէ Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ: Ուրեմն, լրիւ 11 տարի կ՛ուսուցչագործէ Հալէպ` աւանդելով հայոց լեզու եւ  պատմութիւն: Այս շրջանին ակամայ կը ստիպուի մերժել Լեւոն Շանթի պաշտօնական մէկ առաջարկը` դասաւանդելու Պէյրութի Հայ ճեմարանին մէջ:

Սիմոնեանի բազմահարիւր աշակերտներէն շատեր կը վկայեն, թէ ան խո՛րապէս կը տպաւորէր զիրենք, մանաւա՛նդ` հայոց պատմութեան դասերուն, երբ կը խօսէր Մամիկոնեան քաջերու սխրագործութիւններուն կամ հայ արքաներու մաքառումներուն մասին: Բայց «Հայոց պատմութիւն» շարքը, արդէն, լաւագոյն վկան է այս առնչութեամբ: Ատոր սոսկական ընթերցումն իսկ, այսօ՛ր, կը յաջողի ոգեւորել մեզ` մեծով-պզտիկով…

«Սեւան» Պարբերագիրքին Երկու Թիւերը

Սիմոն Սիմոնեանի հալէպեան գործունէութեան մէջ տեղ կը գրաւեն «Սեւան» անունով տպարան մը եւ նոյնանուն պարբերաթերթ մը:

Ընդհանրապէս, երբ կը տրուի Սիմոնեանի անունը, անմիջապէս մեր միտքը կու գայ Պէյրութի «Սեւան» հրատարակչատունը, որուն հիմնադիրն ու սեփականատէրն էր ինք` տասնամեակներ շարունակ, 1954-էն սկսեալ:

Բայց եթէ քիչ մը խորանանք Սիմոնեանի կենսագրութեան մէջ, պիտի տեսնենք, որ ան «Սեւան» անունով տպարան մըն ալ հիմնած էր նախապէս Հալէպի մէջ, 1945-ին: Այս նախաձեռնութեան մէջ ան իրեն գործակից ունէր քանի մը ընկերներ, որոնց հետ կազմած էր «Սեւան հրատարակչական մարմին»-ը: Լոյս ընծայած էին գրական ժողովածուներ, ինչպէս` Լեւոն Բաշալեանէն պատմուածքներու հատոր մը, բանաստեղծ Վահան Տէրեանէն հատընտիր մը եւ այլն: Բայց, ասոնց կողքին, կային նաեւ «Սեւան» անունով պարբերագիրքի մը երկու թիւերը, որոնք լոյս ընծայուած են 1946-ին, Հալէպահայ ուսուցչական միութեան հովանաւորութեամբ:

Simon-Simonian-7_72616Սիմոնեան երբ հրապարակ կը հանէր «Սեւան» պարբերագիրքին անդրանիկ թիւը, Հալէպի մէջ կային արդէն գրական երկու այլ հրատարակութիւններ: Մին Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» ամսագիրն էր (1941-էն), միւսը` Խորհրդային Հայաստանի բարեկամ տղոց «Դէպի  Երկիր»-ը (1945-էն): Ուրեմն, 3 իրերանման պարբերաթերթեր` նոյն քաղաքին մէջ:

Ձեռքի տակ ունիմ «Սեւան»-ի զոյգ թիւերը: 120-124 էջանի բովանդակալից պարբերաթերթեր են ասոնք, ուր իրենց ստորագրութիւնը դրած են ժամանակաշրջանի սփիւռքահայ երեւելի բազմաթիւ դէմքեր` Յովսէփեանց Գարեգին կաթողիկոս, Նիկոլ Աղբալեան, Վահան Թէքէեան, Յակոբ Օշական, Եղիվարդ, Արամ-Արման, Զարեհ Մելքոնեան, Սմբատ Փանոսեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Սահակ Պալըգճեան, Արիս Շաքլեան, տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան, Վահէ-Վահեան, Սեզա, Ներսէս Յ. Պարսումեան, Եղիա Քասունի եւ այլն, եւ այլն: Իսկ Սիմոն Սիմոնեան, որ խմբագիրն էր պարբերաթերթին, հո՛ս է որ սկսած է գրի առնել սասունցի լեռնականներու վերջալոյսը դրուագող իր սիրուն պատմուածքները: Այդ շարքէն նշանաւոր «Ան ուրիշ էր…»-ը լոյս տեսած է պարբերաթերթին Ա. թիւին մէջ, տարբեր վերնագրով մը:

«Գրականութեան եւ արուեստի» նուիրուած այս պարբերագիրքը, դժբախտաբար, ունեցաւ ասուպային կեանք մը: Ակնարկուած երկու թիւերէն զատ, ուրիշ թիւ լոյս չտեսաւ, որովհետեւ Սիմոնեան նո՛յն տարին իսկ պարտաւորուեցաւ թողուլ Հալէպը ու վերջնականապէս փոխադրուիլ Պէյրութ, ուր պարտականութիւններ պիտի յանձնուէի իրեն դպրեվանքին ու կաթողիկոսարանի շրջանակին մէջ:

(Շար. 2)

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>