Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Գաղտնիք չէ, որ Միջին Արեւելքի հայրենամերձ գաղութները կ՛ապրին ոչ նախանձելի կացութեան մէջ, յատկապէս` ապահովական ու տնտեսական դիտանկիւնէն: Նաեւ` հաղորդակցութեան թէ այլ մարզերու համաշխարհայնացման հոսանքով ուրուագծուող մարդկային նոր խճանկարը օրինակներ են այն բազմաթիւ արգելակիչ գործօններուն, որոնց կուտակումը անուղղակիօրէն հայը կը մղեն հեռանալու հայակերտման այս ամրոցներէն, արտագաղթելու, աւելի ապահով ու ապրուստի բարեկեցիկ պայմաններու փնտռտուքով: Ահա այս մթնոլորտին մէջ եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն ստեղծած վերանորոգ յոյսով լիցքաւորուելու վճռակամութեան մէջ, տակաւին սփիւռքահայութեան սիրտը նկատուող լիբանանահայ գաղութի Պուրճ Համուտի համեստ թաղամասերուն կից Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան նախաձեռնած «Ազգային միացեալ վարժարան»-ի կառուցումը կու գայ ազգաբոյր վերանորոգ աւիշով ամրագրելու հայու, յատկապէս լիբանանահայ նոր սերունդի վաղուան ինքնուրոյն դիմագիծն ու ազգային առաքելութիւնը:
«Ազգային միացեալ վարժարան»-ի կառուցման փուլերուն մօտէն ծանօթանալու համար հարցազրոյց մը ունեցանք վարժարանի շինարարական յանձնախումբի անդամներէն` համալիրի պատասխանատու ճարտարապետ Մկրտիչ Եափուճեանին եւ Ազգային իշխանութեան շինարարական յանձնախումբի ներկայացուցիչ` գործարար Յակոբ Լուսարարեանին հետ:
Ստորեւ` հարցազրոյցին հիմնական մասերը:
«ԱԶԴԱԿ».- Որոշ ատենէ ի վեր կը լսենք «Ազգային միացեալ վարժարան»-ի կառուցման մասին, կրնա՞ք որոշ բացատրութիւններ տալ, թէ ե՞րբ սկսած եւ ո՞ւր հասած են շինարարական աշխատանքները: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս համալիրին ցարդ իրագործուած կառուցումները:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Աշխատանքները սկսան օգոստոս 2013-ին եւ այսօր գրեթէ վերջնական փուլին մէջ են: Ընդհանուր առմամբ, մեծ մասամբ ամբողջացած են գրեթէ, ըլլայ ելեկտրական կազմածները, սարքաւորումները եւ այլ աշխատանքները ամբողջացած են, թէեւ կան տակաւին վերջնական քայլերու դասաւորումները, ինչպէս` սրահներու կամ տարածքներու յատուկ ծածքը եւ յարակից աշխատանքներ: Սակայն կրնամ ըսել, թէ մօտ 2-3 ամիսէն կարելի է վերջնականապէս աւարտած նկատել համալիրի կառուցումը: Կառուցման աշխատանքի որակին գծով կրնանք հաստատել, որ ո՛չ միայն գաղութին, այլ նաեւ տեղական մակարդակով արդիական բարձրագոյն չափանիշներով իրագործուած են:
«Ա.».- Այսինքն կրնա՞նք յայտարարել, թէ յառաջիկայ 2016-17 կրթական վերամուտին արդէն իսկ դասընթացքները բնական ձեւով կը սկսին այս համալիրէն ներս:
Պ.- Ուսումնական բաժնի կառուցումները գրեթէ աւարտած են, սակայն դասընթացքները ինչպէս որ Ազգային վարչութիւնը յայտարարած էր, կը նախատեսուին 2017-18 կրթական տարեշրջանի վերամուտին: Սակայն մինչ այդ համալիրի սրահները այս վերամուտէն սկսեալ իսկ տրամադրելի կ՛ըլլան եւ կարելի է օգտագործել արտադպրոցական հաւաքական աշխատանքներու եւ առնչակից ծրագիրներու գործադրութեան համար: Առաջին քայլը արդէն իսկ առնուեցաւ 20 յուլիսին, պըրըվէի եւ պաքալորէայի քննութեանց յաջողած աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութեամբ:
«Ա.».- Ընդհանրապէս ո՞ր տարիքի կամ դասարաններու աշակերտութեան համար նախատեսուած է այս համալիրը եւ ի՞նչ բաժանմունքներ կ՛ընդգրկէ: Ընդհանուր որքա՞ն է տարածութիւնը:
Պ.- Մանկամսուրի երեխաներէն սկսեալ մինչեւ երկրորդականի աւարտական դասարանի 800-էն հազար աշակերտ ընդունելու յատուկ բաժանմունքներ եւ դասարաններ կան: Կան նաեւ 600 եւ 200 քառակուսի մեթր տարածութեամբ յատուկ սրահներ, արտադասարանային աշխատանքներու յատուկ բաժիններ եւ մարզական թէ այլ աշխատանքներու յատուկ բաժանմունքներ: Ընդամէնը` 22 հազար քառակուսի մեթր տարածութեամբ, բնական կանաչութեամբ, ծառերով օժտուած ու զարդարուած տարածքներ, գոց, ծածկուած թէ բացօթեայ դաշտեր ու խաղավայրեր եւս կան: Կայ մեծ գրադարանը, բազմակողմանի յատկութիւններով օժտուած, բառին բուն իմաստով համալիր է:
«Ա.».- Կառոյցը իր արտաքին տեսքով արդիական բնոյթ ունի, սակայն անոր ներքին բաժանումներն ու դասաւորումները որքանո՞վ կը համընկնին կրթական-մանկավարժական արդիական մթնոլորտ ստեղծելու չափանիշներուն, օրինակ` շինանիւթերու որակը, բաւարար դասարաններու գոյութիւնը, կլիմայական անհրաժեշտ մթնոլորտի, ջեռուցման թէ զովացման ապահովումը, յարակից թաղերու աղմուկը, ինքնաշարժներու խճողումի հարցը եւ այլն:
Պ.- Այո՛, գրեթէ ամբողջացած են զովացման թէ ջեռուցումի սարքաւորումները, վերելակները, որոնք սակայն աշակերտներուն համար չեն: Շինանիւթերը բոլորն ալ բարձրորակ են, սերտուած ու բաղդատուած են տեղական շուկայի գիներով: Եւրոպական թէ չինական լաւագոյն եւ յարմարագոյն սարքաւորումները օգտագործուած են: Շէնքերու բարձրութիւնը կը տարուբերի հինգէն եօթը յարկերու միջեւ: Աղմուկի, խճողումի թէ այլ կարիքները ամբողջութեամբ նախատեսուած, սերտուած ու ապահովուած են: Ինքնաշարժներու գծով 150 ինքնաշարժի կայանման յատուկ տեղեր կան:
«Ա.».- Դարձեալ շինարարական իմաստով, աշակերտներու համալիր մուտքն ու ելքը ինչպէ՞ս դասաւորուած է. օրինակ, երբ ծնողներ ուզեն իրե՛նք համալիր հասցնել իրենց զաւակները, ինքնաշարժի կայանման բաւարար յարմարութիւններ կա՞ն:
Պ.- Աշակերտներու հանգստաւէտութեան, ապահովութեան եւ առհասարակ դասաւանդութեան բնականոն ընթացքին համար անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները նախատեսուած ու ապահովուած են յարմարագոյն դասաւորումներով: Ծնողները կրնան իրենց ինքնաշարժներով մուտք գործել համալիրէն ներս եւ գոց, ծածկուած բաժիններու մէջ իջեցնել իրենց զաւակները, նոյն ձեւով ալ ետ կը ստանձնեն զանոնք: Յիշենք նաեւ, որ կայ միջազգային կազմակերպութեան յատուկ գրասենեակը («Պիւրօ տը քոնթրոլ»), որ մօտէն կը հետեւի շինարարական աշխատանքներուն եւ իր հակակշիռին տակ է համալիրի ամբողջ կառոյցին ընդհանուր ապահովութիւնը:
«Ա.».- Համալիրը եւ առհասարակ նման համալիրներու իրագործումը հսկայական պիւտճէ կ՛ենթադրեն, դուք ինչպէ՞ս կը հայթայթէք այս համալիրին ֆինանսաւորումը, եւ այս գծով կա՞ն դժուարութիւններ կամ նիւթականի հայթայթման նախաձեռնութիւններ, օրինակ` կառուցումէն ետք կահաւորման ծախսերը ապահովուա՞ծ են:
Պ.- Կահաւորումի գծով նախապատրաստական ծրագրումը կատարուած է, եւ կը ջանանք լաւորակ չափանիշներով, առաւելագոյն արդիական ոճերու կիրարկումով իրականացնել զանոնք: Բնական է` դժուարութիւններ կային եւ կա՛ն, սակայն շնորհիւ Ազգային իշխանութեան նիւթաբարոյական զօրակցութեան ու կարգ մը ազգասէր բարերարներու աջակցութեան` յաջողեցանք իրագործել այս ծրագիրին գլխաւոր բաժինը: Վստահաբար այս գծով յառաջիկային կը կազմակերպուին դրամահաւաքի ձեռնարկներ եւս: Յոյսով ենք, որ մեր ազգայինները կ՛աջակցին մեզի իրենց ներդրումով: Սակայն ընդհանուր առմամբ գիտենք, որ երբ հարցը ազգային կառոյցի կը վերաբերի, բոլորս ինքնաբերաբար բարոյապէս պարտաւոր կը զգանք օժանդակելու:
«Ա.».- Այս առթիւ իբրեւ վերջին խօսք` ի՞նչ ունիք ըսելիք:
Պ.- Պարզապէս կը յուսանք, որ մեր գաղութի ազգայինները, ինչպէս միշտ, այս գծով եւս նեցուկ կը կանգնին մեզի: Նաեւ կ՛ուզենք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այն անձերուն, որոնք ինքնաբուխ, կամաւոր աշխատանքով շինարարական յանձնախումբի ծիրէն ներս գործակցեցան եւ օժանդակեցին մեզի:
Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք դերակատար եղան ցարդ իրագործուած ծրագիրին, եւ վստահ ենք, որ ասկէ ետք ալ պիտի յաջողինք հաւաքական աշխատանքով ծրագիրը հասցնել իր լրումին: