Թէեւ ժամանակը մեզի համար կարճ եղաւ տոքթ. Զարեհ Մալճեանին հետ աւելի մօտէն յարաբերելու համար, սակայն կրնանք անվարան ըսել, որ այդ կարճ ժամանակը բաւարար էր լաւ ճանչնալու զինք եւ գնահատելու իր արժանիքները:
Քաղաքացիութեամբ լիբանանցի` ան ծնած է Հալէպ, 1956-ին եւ յաճախած` քաղաքի Քարէն Եփփէ ճեմարանը: Բարձրագոյն ուսման հետեւած է Հալէպի համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած է ընդհանուր բժշկութեան եւ ապա ընդհանուր վիրաբուժութեան մասնագիտական վկայականները: Յաւելեալ մասնագիտական կազմաւորում ստացած է Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ, որմէ ետք ասպարէզի բեղուն գործունէութիւն ունեցած է Սուրիոյ զանազան հիւանդանոցներուն մէջ:
Սուրիոյ պատերազմին պատճառով տոքթ. Մալճեան հաստատուեցաւ Լիբանան, եւ շնորհիւ Լիբանանի բժշկական կարգի (սենտիքա) իր անդամակցութեան` ան կրցաւ իր ասպարէզը կիրարկելու իրաւունքը պահել: Ան անմիջապէս դարձաւ գործօն անդամ Լիբանանահայ բժշկական միութեան:
Հակառակ իր ունեցած բազում մտահոգութիւններուն, երբ հարկադրուած էր իր ասպարէզը ոչինչէն վերսկսիլ, տպաւորիչ էր տեսնել իր յարատեւ ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը միութեան բոլոր ձեռնարկներուն ` դասախօսութիւններ, սենտիքայական ընտրութիւններ եւ այլն:
Յատուկ կերպով արժէ անդրադառնալ «Վանայ ձայն»-ի հետ գործակցաբար կազմակերպուած բժշկական յայտագիրին` «Առողջութիւնը ոսկի գանձ է», ուր անկախ իր մասնագիտութենէն, ան կը ներկայացնէր բազմաթիւ այժմէական նիւթեր:
Միութենէն դուրս` կ՛արժէ նաեւ անդրադառնալ ԱՖՀԻԼ-ի հրատարակած առողջապահական «Զգուշ» պարբերաթերթին, ուր առանց բացառութեան, իւրաքանչիւր թիւի մէջ յօդուած ստորագրած էր :
Գործունեայ եւ համեստ ան արագօրէն շահեցաւ իր պաշտօնակիցներուն վստահութիւնը եւ մօտ 2 տարի առաջ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ անդամ Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութեան:
Վարչութեան մէջ ան շարունակեց նոյն յանձնառու գործունէութիւնը, նոյն թափով: Սակաւախօս` ան միաժամանակ յստակ եւ օգտակար տեսակէտներ կ՛արտայայտէր եւ իր մօտեցումը միշտ դրական էր:
Տոքթ. Մալճեան հեռու էր ցուցամոլութենէ եւ եսակեդրոնութենէ: Վարչական ընտրուելէն ետք պատահաբար եւ անուղղակի ձեւով իմացանք նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ հասարակական բեղուն գործունէութիւն ունեցած էր:
Աւա՜ղ, դաւադիր եւ անողոք հիւանդութիւնը դարանակալած էր իր մէջ, եւ կանխահաս մահը պիտի գար մեզմէ խլելու այս ազնիւ , գործունեայ եւ անանձնական բժիշկը:
Սոյն գրութեամբ պիտի ուզէինք նաեւ հրապարակաւ արտայայտել մեր խորին ցաւակցութիւնները իր կողակիցին` Սեւանին եւ իր զաւակներուն:
Յարգա՛նք իր յիշատակին:
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ