Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման ձախող փորձին մասին հայ եւ օտար քաղաքական գործիչներու, մեկնաբաններու, լրատու միջոցներու, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերու միջոցով արտայայտուողներու կարծիքներէն հատուածներ: Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ մէջ յաջող բեմադրութիւններ կ՛ըլլան, օրինակ` Էրտողան կամուրջին վրայ «պատահմամբ» կը փրկէ անձնասպանութիւն «փորձող» մարդ մը, քիչ չեն անոնք, որոնք կ՛ենթադրեն, թէ յեղաշրջումը բեմադրուած էր…
Նախ` հայ քաղաքական գործիչներու եւ թրքագէտներու կարծիքներ:
Ն.
Սելինա Տողան (Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան). Ասիկա դասական յեղաշրջում չէր, որովհետեւ անոնք պէտք էր խոչընդոտէին համացանցը, պատկերասփռումը, բայց հակառակ ատոր` անոնք կը ձգտէին մարդոց ցոյց տալ, որ ինչ կը կատարուի: Բոլորն ալ կը հրաւիրէին փողոց` կռուելու զինուորներուն հետ: Յեղաշրջման փորձին մասին տարբեր վարկածներ կան: Ըստ ատոնցմէ մէկուն, յեղաշրջման կազմակերպիչները աջակցութիւն պիտի ստանային Միացեալ Նահանգներէն, սակայն չստացան, այդ պատճառով ալ չյաջողեցան: Ինծի համար առաւել իրատեսական է այն վարկածը, որ յեղաշրջումը իրականացուած է նոյնինքն երկրի ղեկավարութեան կողմէ` թուրք հասարակական գործիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենի կողմնակիցները ռազմական համակարգէն «մաքրելու համար»: Ժամանակին Ֆեթուլլահ Կիւլեն կազմակերպութիւն հիմնեց իր կողմնակիցներուն հետ: Կազմակերպութեան անդամները շատ լաւ յարաբերութիւններու մէջ էին Էրտողանի հետ, սակայն վերջին տարիներուն անոնց միջեւ խնդիրներ յառաջացան. Էրտողան ամէն ձեւով կը փորձէր զանոնք վտարել պետական համակարգերէն, նախ զանոնք մաքրեց դատական համակարգէն, հիմա ալ կ՛երեւի փորձ կ՛ըլլայ զանոնք մաքրել բանակէն: Իմ բնակարանէս ամէն բան շատ լաւ կը տեսնուէր եւ կը լսուէր: Ինծի համար շատ տարօրինակ էր ամէն բան. ամէնէն վտանգաւորը այն էր, որ գիշեր մը առաջ մզկիթներուն մէջ իմամները Ղուրան կը կարդային, իսկ յետոյ շատ կազմակերպուած մարդիկ` ժիհատականներու խումբ, բացագանչելով «Ալլահու աքպար» (Աստուած մեծ է), սկսան կռուիլ զինուորականներու հետ, կտրել մարդոց գլուխներ: Ասիկա ամէնէն վտանգաւորն էր: Յետոյ անոնք կը հրաւիրէին բոլոր մարդիկը փողոցներ, որպէսզի կռուին զինուորներուն դէմ: Ասիկա շա՜տ շա՛տ վտանգաւոր էր եւ բնական չէր: Եթէ յեղաշրջման փորձ ընողները զինուորականներու փոքր խումբ մըն էին, ինչո՞ւ աւելի մեծ խումբը զինուորականներու դուրս եկաւ փողոց կռուելու: Ո՞ւր էին ոստիկանները: Ինչո՞ւ այդ զինուորականները կը ռմբակոծէին խորհրդարանը, եթէ խորհրդարանը պետական մարմին է: Ամէն բան տարօրինակ է: Կարեւոր բան մըն ալ. իշխանութիւնները շահեցան. հիմա անոնք շատ աւելի մեծ իշխանութիւն ունեցան, կ՛ազդեն հասարակական կարծիքին, տրամադրութիւններուն վրայ: Միւս կողմէ ալ յոյս ունիմ, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածը օգնէ, որպէսզի ժողովրդավար մարդիկ դառնան աւելի կազմակերպուած ու միասնական եւ պաշտպանեն խորհրդարանական համակարգը»:
Հայկ Դեմոյեան (Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն). «Արտառոց եւ անբնական իրադարձութիւն էր: Նման գործողութիւններ իրականացնելու համար բանակը նախ պէտք էր ունենար հանրութեան աջակցութիւնը, ինչպէս ատիկա եղած էր նախորդ զինուորական յեղաշրջումներու պարագային: Անցեալին եղած է, երբ բանակը վերջնագիր ներկայացուցած է քաղաքացիական իշխանութիւններուն, իսկ վերջիններս ալ տեսնելով, որ այլեւս շարունակելու կարելիութիւն չկայ, հեռացած են իշխանութենէն: Սակայն այժմ, երբ Էրտողան կը վայելէ հանրութեան գերակշռող մեծամասնութեան համակրանքը, բանակը կարելիութիւն չունէր թէ՛ հին ոճի, թէ՛ այժմէական ոճի յեղաշրջումներ իրականացնելու համար:
Տուեալ պարագային պարզ է, որ այստեղ ներքին շերտերու բախում եղած է եւ, վստահաբար, արտաքին ազդակներ եղած են, որ բանակը ըրած է նման գործողութիւն, որ ըստ երեւոյթին, ընդհանուր զինուորական հրամանատարութեան դիրքորոշումը չէր, ինչպէս եղած էր նախորդ յեղաշրջումներու պարագային: Ասիկա բանակը չէր ուղղակի, զինուորականութեան խումբ էր: Կարելի չէ բացառել, որ Էրտողանի կողմնակիցները յեղաշրջումը կազմակերպած ըլլան` քաղաքացիական իշխանութեան ձեռքին մէջ կեդրոնացնելու ամբողջական զինուորական իշխանութիւնը, որովհետեւ Էրտողան շատ լաւ կը հասկնայ, որ ինք պիտի վայելէ Թուրքիոյ բնակչութեան մեծ մասին համակրանքը: Սակայն ամբողջ հարցն այն է, որ բանակը այդ քայլով իսկապէս գնաց ժողովրդավարութեան դէմ: Էրտողան ստացած էր բնակչութեան մեծամասնութեան քուէն, ատիկա ակներեւ էր»:
Գէորգ Դարբինեան (Երկիր Էյ.Էմ.). «Հիմա ամբողջ հարցն այն է, որ երկրին մէջ իրականացուելիք մաքրագործումները ինչպէս կը կազմակերպուին, որո՞նք կը յայտնուին Էրտողանի արիւնոտ մամլիչին տակ: Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ նախորդ յեղաշրջումներու փորձը ցոյց կու տայ, որ հետեւանքներու վերացումը կ՛ընկերանայ արիւնահեղութեամբ, դաժանութիւններով, մարդկային իրաւունքներու ամբողջական ոտնակոխումով, որոնք ուղղակի կ՛առնչուին նաեւ այդ երկրի ազգային-ցեղային փոքրամասնութիւններուն: Անկասկած, ե՛ւ քրտական, ե՛ւ հայկական շրջանակները այս յեղաշրջումէն ետք իշխանութեան համար կը դառնան յարմար թիրախներ: Միակ գործօնը, որ կրնայ քիչ թէ շատ նուազեցնել քիւրտերու եւ հայերու հաւանական հալածանքներու կարելութիւնը, այն իրողութիւնն է, որ Էրտողան կարծես թէ յեղաշրջման փորձի թիկունքին կը տեսնէ արտաքին, արեւմտեան ուժեր:
Նախագահը իրադարձութիւններու ծաւալման առաջին իսկ ժամերուն սկսաւ կատարուածին մէջ մեղադրել թուրք յայտնի այլախոհական, մտաւորական, քաղաքական գործիչ, «Հիզմեթ» շարժման հիմնադիր եւ իշխող վարչակազմի ամէնէն կատաղի հակառակորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենը: Վերջինս այսպէս կոչուած կամաւոր վտարանդիի կարգավիճակով ներկայիս կը բնակի Ամերիկայի Փենսիլվանիա նահանգը: Գրեթէ կասկած չկայ, որ եթէ յեղաշրջման փորձը կապուի Կիւլենի, Էրտողան Միացեալ Նահանգներէն պիտի պահանջէ յանձնել զայն եւ շատ հաւանաբար մերժում կը ստանայ: Այս հանգամանքը պատճառ կը դառնայ` Միացեալ Նահանգները, արեւմտեան երկրները մեղադրելու Թուրքիոյ մէջ անկայունութիւն հրահրելու, իշխանութեան տապալում նախաձեռնելու յանցանքին համար: Ասիկա ալ իր կարգին կը ծառայեցուի Ռուսիոյ հետ մերձեցումը աւելի արագացնելու եւ աւելի համոզիչ դարձնելու համար: Ամէն պարագայի, Թուրքիա հիմա մեծ փոփոխութիւններու, վտանգաւոր ցնցումներու փուլ կը տեղափոխուի, որ շրջանային երկրները, որոնց շարքին` նաեւ Հայաստանը, պէտք է չափազանց զգօն դարձնէ»:
Յակոբ Չաքրեան. «Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձը ոչ մէկ էական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանի վրայ: Զինեալ յեղաշրջման փորձը չէր կրնար վերածուիլ քաղաքացիական պատերազմի, որովհետեւ քաղաքացիները ինքնակամ դուրս չեն գար փողոց, քաղաքացիները ոտքի կը հանեն մութ ուժեր: Բանակը դժգոհ է, բոլորը հանգստեան կոչած են, բանտարկած են, մարդիկը զրկած են կոչումներէ, պաշտօններէ եւ ընդհանուր դժգոհութիւն կայ: Էրտողանն ալ անընդհատ կը նսեմացնէ բանակը, որպէսզի յանկարծ չվերականգնի նախկին ուժը, թրքական բանակը Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին միջամտած է: Խորհրդարանի, կառավարութեան եւ դատական իշխանութիւններու վրայ ալ ազդեցութիւն տեղի ունեցած է, Էրտողանն ալ կ՛աշխատի բանակը հեռու պահել եւ միայն ոստիկանական ուժերը կը հզօրացնէ: Թուրքիա շուտով կը դառնայ ոստիկանական պետութիւն: Այսինքն Էրտողան անոնց վրայ պիտի յենի, հետեւաբար ոստիկանութիւնը աւելի կը հզօրանայ: Իսկ Ֆեթուլլահ Կիւլենին ուղղուած Էրտողանի մեղադրանքներուն մասին ոչ մէկ բան կարելի է յստակ ըսել, բայց Կիւլենը Թուրքիոյ մէջ կը մեղադրեն Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (Սի.Այ.Էյ.) գործակալ ըլլալու մէջ: Կիւլեն տեղէ մը կը ստանայ աջակցութիւն եւ առանձին չի կրնար գործունէութիւն ծաւալել: Էրտողանի իշխանութիւնները կը պահանջեն Միացեալ Նահանգներէն` Թուրքիոյ արտայանձնել Կիւլենը, բայց անոնք կը հրաժարին: Ասիկա արդէն որոշ բանի մը մասին կը խօսի»:
Լեւոն Յովսէփեան (Թրքագէտ). «Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինեալ յեղաշրջման փորձը շատ անակնկալ էր: Հակառակ անոր որ յեղաշրջման փորձը ձախողեցաւ, սակայն ապագային լուրջ զարգացումներ կը սպասուին:Ասիկա լուրջ մարտահրաւէր էր Էրտողանի համար: Մասնաւորապէս հակառակ անոր որ բանակի բարձրագոյն հրամանատարութիւնը հաւատարիմ է Էրտողանի, սակայն ակներեւ դարձաւ, որ բանակին մէջ կան խմբաւորումներ, որոնք պատրաստ են նման գործողութիւններու: Փորձը կանխուեցաւ, որովհետեւ բարձրագոյն հրամանատարութիւնը Էրտողանին հաւատարիմ էր, բացի ատկէ, զինեալ յեղաշրջում իրականացնողները զրկուած էին քաղաքական եւ քաղաքացիական աջակցութենէ, լայն հնարաւորութիւններէ եւ լծակներէ: Բացի ատկէ, Էրտողանի կոչով հազարաւոր մարդիկ դուրս եկան փողոց: Թուրքիոյ իշխանութիւնները զինեալ յեղաշրջման փորձի իրականացումը կը կապեն Ֆեթուլլահ Կիւլենի, մինչ չի բացառուիր, որ իրադարձութիւններու ետին արտաքին ուժեր կան: Տակաւին կանուխ է ըսել, բայց ակներեւ է, որ ասոր ետին կրնան ըլլալ որոշ արտաքին ուժեր: Եթէ Թուրքիոյ նախագահը յաջողի այս իրավիճակէն դուրս գալ, ատիկա կ՛ըլլայ Էրտողանի նոր յաղթարշաւ մը, իշխանութիւնը աւելի կ՛ամրապնդէ, երկրին մէջ կարելիութիւնները աւելի կ՛ընդարձակուին: Երկրին մէջ այս մթնոլորտը տակաւին կը պահպանուի, Էրտողանի կողմնակիցները տակաւին կը մնան փողոցին մէջ: Իրադարձութիւնները իրենց հետեւանքը կ՛ունենան երկրի տնտեսական վիճակին վրայ: Լիրան արագ կշռոյթներով այս պահուն ալ կ՛արժեզրկուի, տնտեսութիւնը անշուշտ կը տուժէ: Իրադարձութիւնները բացասաբար կ՛ազդեն այդ երկրի տնտեսական գրաւչութեան վրայ: Բացի ատկէ, Թուրքիոյ մէջ տակաւին որոշ ժամանակ կ՛ըլլան լարուած հոլովոյթներ, որոնք կ՛ազդեն զանազան միջպետական եւ շրջանային նախագիծներու իրականացման վրայ»:
Սուտէոչ Ժաթունկ. «Թուրքիոյ մէջ զինուորականները բնակչութեան մէջ այնպիսի բարձր հեղինակութիւն կը վայելեն, ինչպիսին չունին ՕԹԱՆ-ի անդամ միւս երկրներու զինեալ ուժերը: Սակայն այն միաձայնութիւնն ու եռանդը, որով Թուրքիոյ հասարակութիւնը այս անգամ ռազմական յեղաշրջման դէմ դուրս եկաւ, զարմանալի էր: Զինուորականները. Պարզուեցաւ, որ յեղաշրջման փորձը աջակցութիւն չէ գտած բոլոր զինուորականներու շրջանակին մէջ: Ընդհակառակը, խռովարարները օդուժի խարիսխին մէջ փակած էին գլխաւոր սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարը, որ Էրտողանի վստահելի անձերէն է: Զօրավարներուն մեծ մասը բացայայտ դէմ դուրս եկաւ յեղաշրջման: Էֆ-16 կործանիչները կրակ բացին յեղաշրջման առաջնորդներու հրասայլերուն վրայ, ռազմական ուղղաթիռ խոցեցին: Հրամանատար Աքար իրականացուած գործողութիւններու շնորհիւ ազատ արձակուեցաւ: Նախագահ Էրտողանի եւ վարչապետ Եըլտըրըմի` զինուորականներուն ուղղուած կոչեր հնչեցին: Ընդդիմութիւնը. Քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան, Ազգայնական շարժման ներկայացուցիչները, քեմալականները, որոնք իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ աւելի քան 10 տարի բախումներու մէջ են, մերժեցին յեղաշրջումը: Քաղաքացիական հասարակութեան բոլոր կազմակերպութիւնները, ընկերային տեղեկատուական միջոցներու ներկայացուցիչները Էրտողանը բռնի տապալելու դէմ արտայայտուեցան: Պատկերասփիւռի կայանի ոչ մէկ հաղորդավար, կամ թերթի լրագրող, այսինքն` անոնք, որոնք բոլորէն շատ կը տուժեն Էրտողանի բռնապետական վարչակարգէն, չանցաւ ապստամբներու կողմը: Ընդհակառակը, համացանցին մէջ յայտնուած տեսանիւթի մը մէջ կը տեսնուի, թէ ինչպէս անոնք կը համոզեն խմբագրութիւնը գրաւած զինուորները հրաժարելու յեղաշրջման գաղափարէն: Մզկիթները. Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ կէս գիշերէն ետք երկար ժամանակ մինարէներէն Էրտողանին հաւատարիմ մնալու կոչեր կը հնչէին: Քաղաքացիները փողոց ելած էին եւ զինուորներուն կը ստիպէին լքել ռազմավարական կարեւոր կէտերը, որոնք անոնց հսկողութեան տակ էին: Բազմաթիւ պարագաներու մարդիկ կը խոշտանգէին խռովարարները: Էրտողան իր ճառերէն մէկուն ժամանակ յեղաշրջումը Աստուծոյ պարգեւ անուանեց: Հիմա ան կարելիութիւն ունի մաքրելու զինուորական շրջանակները` կիւլենական շարժման ազդեցութիւնը չէզոքացնելու համար: Էրտողան ժամանակ չի կորսնցներ. Թուրքիոյ մէջ պաշտօնանկ եղած եւ ձերբակալուած են դատական համակարգի հազարաւոր աշխատակիցներ, զօրավարներ, զինուորներ: Արիւնոտ գիշերուան յաջորդ առաւօտեան պարզ դարձաւ` Թուրքիոյ մռայլ ժամանակներ կը սպասեն:
Քըրթ Ուոքըր (ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան). «Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողան կրնայ յեղաշրջման փորձը օգտագործել` իր բռնատիրական կառավարման հետագայ ամրապնդման համար: Էրտողան, որ արդէն մինչեւ յեղաշրջումը բաւարար չափով ցուցադրած է հակաժողովրդավարական միտումները, կ՛օգտագործէ այս դաւադրութիւնը` հանրութեան դէմ հետագայ բռնաճնշումները արդարացնելու համար: Կը կարծեմ, որ մենք Թուրքիոյ մէջ իրավիճակի վատթարացում կը տեսնենք. աւելի նուազ մամլոյ ազատութիւն, աւելի քիչ` բաց քաղաքականութիւն»:
Ժան-Մարք Էրոլտ. «Տապալած յեղաշրջումը պէտք չէ «քարտ պլանշ» դառնայ Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողանի համար: Ան պէտք չէ յեղաշրջումը օգտագործէ իր հակառակորդները լռեցնելու համար: Թուրքիոյ մէջ պէտք է հետեւին օրէնքի գերակայութեան: Վերջին իրադարձութիւնները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Թուրքիոյ յուսալիութիւնը հարցականի տակ առին: Որոշ կասկածներ կան, եւ անհրաժեշտ է ընդունիլ ատիկա:
Ալ.Մոնիթըր.– «20-րդ դարուն Թուրքիոյ մէջ զանազան խումբերու կողմէ տեղի ունեցան իշխանութեան տապալման քանի մը փորձեր, բայց ատոնցմէ ոչ մէկը այնքան ինքնաբուխ եւ թոյլ ծրագրուած էր, որքան` պետական յեղաշրջման վերջին փորձը: Տեղեկանալով, որ Էրտողան կը հանգստանայ Միջերկրական ծովու ափին` Մարմարիսի մէջ, ինչո՞ւ յեղաշրջման մասնակիցները չփորձեցին առեւանգել զայն: Անոնք նախագահին կարելիութիւն տուին Մարմարիսէն հասնիլ Տալամանի մօտակայ օդակայան, ուրկէ ան ժամ մը չանցած` Պոլիս ժամանեց: Յստակ չէ նաեւ, թէ ինչո՛ւ ապստամբները օգտագործեցին թրքական քիչ հեղինակաւոր պատկերասփիւռի կայաններէն մէկը` Թէ.Ար.Թէ.-ն, այլ չփորձեցին գրաւել երկրի գլխաւոր լրատու միջոցները: Հետեւաբար իշխանութիւններու շահերուն ի նպաստ գործեցին ամէնէն տարածուած պատկերասփիւռի կայանները, որոնք ուժերը վերախմբաւորելու կարելիութիւն ստացան եւ ժողովուրդին դիմեցին ոչ միայն ընկերային ցանցերու, այլեւ պատկերասփիւռի միջոցով: Վարչապետ Պինալը Եըլտըրըմ Էն.Թէ.Վէ.-էն ելոյթ ունեցաւ, իսկ Էրտողան Սի.Էն.Էն.Թուրք կայանէն` «Ֆէյսթայմ» բջիջային յաւելուածի միջոցով: Վոսփորի կամուրջին երթեւեկը դադրեցուցին միայն մէկ ուղղութեամբ` ասիական հատուածէն եւրոպական: Կասկածելի կը թուի իշխանութիւններու վարկածը` յեղաշրջման փորձի հնարաւոր կազմակերպիչի մասին: Անգարա կը մեղադրէ Միացեալ Նահանգներ բնակող ընդդիմադիր եւ յայտնի հոգեւոր գործիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենը, սակայն կասկածելի է, որ թրքական բանակի առանցքային դիրքերը կը վերահսկեն իսլամականները»:
Նիւ Եորք Թայմզ. «Թուրքիոյ բնակչութեան մեծ մասը աւելի շատ կը համաձայնի նախագահ Էրտողանի իշխանութեան պահպանման, քան` ռազմական յեղաշրջման: Թուրքիոյ ազատականները երկար ժամանակ կը յայտարարէին, որ Էրտողան երկիրը կը տանի անորոշ ուղղութեամբ, կ՛ընդարձակուին անոր լիազօրութիւնները, կը հարստացնէ դաշնակիցները եւ կը մեծցնէ հասարակական կեանքին մէջ կրօնի դերը: Սակայն անոնցմէ գրեթէ ոչ մէկը պաշտպանեց ռազմական յեղաշրջման փորձը: «Վատ ժողովրդավարութիւնը լաւ յեղաշրջումէն լաւ է», կ՛ըսէ երիտասարդ ազատական Քորայ Սիւզեր: Ըստ անոր, երկրի քաղաքական կեանքին մէջ ռազմական միջամտութեան ժամանակները անցած են: Յեղաշրջումէն ետք հարցախոյզի մը մասնակցած թուրքերուն փոքրամասնութիւնը յայտնած է, որ կ՛ուզէր յեղաշրջում իրականացնել Էրտողանի իշխանութեան ընդարձակումը թոյլ չտալու համար: Ըստ անոնց, Էրտողան, ըլլալով խորամանկ քաղաքական խաղացող, կրնար ինք բեմադրել յեղաշրջումը, որպէսզի արդարացնէ ընդդիմադիրներու նկատմամբ իր կոշտ գործողութիւնները: Թուրքերու մեծամասնութիւնը Էրտողանը տապալելու փորձը չէ պաշտպանած, ասիկա կը վկայէ այն մասին, որ ժողովուրդը հաւատարիմ է ժողովրդավարութեան հոլովոյթներուն, նոյնիսկ եթէ ատոնք միշտ չէ, որ ցանկալի արդիւնք կու տան: Նման իրադարձութիւններու նկատմամբ վերաբերմունքի փոփոխութեան վրայ ազդած են բարձրաստիճան զինուորականներու աղմկոտ դատավարութիւնները եւ տնտեսական վիճակի բարելաւումը: Բացի ատկէ, բազմաթիւ թուրքեր սկսած են հպարտանալ իրենց ժողովրդավարական երկիրով` շրջանի մը մէջ, ուր միապետներու եւ բռնապետներու իշխանութիւն կը տիրէ: «Յեղաշրջումներու փուլը աւարտած է: Դուք չէք կրնար ուժով իշխել: Դուք պէտք է լսէք ժողովուրդին ձայնը», կ՛ըսէ թուրք պաշտօնեայ Նուրի Տոնեն:
Յեղաշրջման ձախողութենէն ետք Թուրքիոյ նախագահը ամրապնդած է իր դիրքերը կողմնակիցներու շրջանակին մէջ: Անոնք յեղաշրջման փորձը կը դիտարկեն իբրեւ վտանգ` կորսնցնելու այն լաւը, որ ստացած են Էրտողանի օրով:
Սթրաթֆոր. «Էրտողանի կառավարութիւնը զինուորական յեղաշրջման փորձին կապակցաբար կը սկսի զինեալ ուժերու նկատմամբ իրականացնել բռնաճնշումներ, որոնք կրնան բացասական անդրադառնալ անոնց մարտունակութեան վրայ:
Քանի որ յեղաշրջման գաղափարը ծնած է որոշ ստորաբաժանումներու մէջ, նախագահ Էրտողանի կառավարութիւնը եւ անոր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը հիմա կը ներառուին լայնածաւալ բռնաճնշումներու մեջ:
Այդ կապակցաբար անհրաժեշտութեան պարագային Անգարայի մէջ այլեւս կարելի չ՛ըլլար կիրարկել զինեալ ուժեր: Զինուորականներու շարքերուն մէջ ձերբակալութիւնները կ՛ազդեն բանակի կազմակերպուածութեան վրայ: Բանակի տկարացումը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Թուրքիոյ` ներկայի մարտահրաւէրներու դէմ պայքարին մէջ»:
Տէյլի Մէյլ. «Եւրոպական Միութիւնը կը վախնայ, որ Թուրքիոյ մէջ ձախողած ռազմական յեղաշրջումը կրնայ յանգեցնել ներգաղթեալներու նոր ալիքի: 2016-ի գարնան Եւրոպական Միութիւնը եւ Թուրքիա կնքեցին համաձայնութիւն, ըստ որուն` Յունաստան ժամանող բոլոր ներգաղթեալները պէտք է ետ ուղարկուին Թուրքիա: Ծրագիրին համաձայն, Անգարային 6 միլիառ եւրօ պիտի յատկացուէր, իսկ Եւրոպական Միութեան` Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները պէտք էր վերահաստատուէին: Կը հաղորդուի, որ ներգաղթի գործարքի կնքման պահէն Պրիւքսել կրցած է կասեցնել հոսքը մարդոց, որոնք կը հատէին Միջերկրական ծովը: Սակայն գործարքի հետագայ ճակատագիրը հարցականի տակ է: Յեղաշրջման փորձին կը յաջորդեն հալածանքներ, հաւանաբար կը վերահաստատուի մահապատիժը: Այժմ ներգաղթեալները կրնան յայտարարել, որ Թուրքիա այլեւս անվտանգ երկիր չէ այնտեղ մնալու համար: Բացի ատկէ, Թուրքիոյ մէջ հաւանական քաոսը ինքնին կը մեծցնէ Եւրոպա անցնիլ ուզողներու թիւը: Մահապատիժը վերադարձնելու Անգարայի ծրագիրները զայն կը զրկեն Եւրոպական Միութեան անդամակցելու կարելիութենէն:
Ուիքիլիքս. «Յայտարարութիւն. Պատրաստ եղէք պայքարի այն ժամանակ, երբ մենք մօտիկ ապագային աւելի քան 100 հազար փաստաթուղթ կը հրապարակենք Թուրքիոյ քաղաքական իշխանութեան կառոյցի մասին»:
Յեղաշրջման փորձի առաջին ժամերուն Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Պրատ Շերման (Քալիֆորնիայէն, դեմոկրատական եւ արտաքին յարաբերութիւններու Քոնկրեսի յանձնախումբի անդամ) «Թուիթըր»-ի մէջ ըրած է արձանագրութիւն մը, որ ըստ երեւոյթին, պատգամ մըն է անոնց, որոնք յեղաշրջումի ձեռնարկած են: Պրատ Շերման. «Կը յուսանք, զինուորական յեղաշրջումը Թուրքիոյ մէջ կը յանգեցնէ իսկական ժողովրդավարութեան, ո՛չ Էրտողանի մենատիրութեան»:
Զանազան Կայքերու Եւ Ընկերային Ցանցերու Մէջ Անհատներու Կարծիքներ:
Նախ` հայկական.
Վլատ Յովհաննիսեան. «Շատ եըլտըրըմ բան եղաւ»:
Ստեոպա Սաֆարեան. «Ա՜խ, ինչպէ՛ս կ՛ուզեմ Կիւլենը Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան գայ… Իլհամը հիւնքիւր-հիւնքիւր պիտի լայ:
Զոհրապ Եկանեան. «Արոռայի հերոսը չի փրկեր Էրտողանը»
Տիգրան Քոչարեան. «Առի՞ր, Էրտողա՛ն, անհոգ կ՛ապրէիր, ներում խնդրելդ ի՛նչ էր»: #putinVSputin
«Դուք հոս կը խնդաք, իսկ հեռաւոր Պոլսոյ անկիւնի մը մէջ անորոշութենէն գլուխը պատին կը զարնէ Արամ Աթեշեան մը»:
Վաձ Ղազարեան. «Յեղաշրջման կրկնութիւնը կրնաք դիտել վաղը, նոյն ժամուն»:
Ստորեւ` խառն.
Մարիա Սթանեք. «Ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած Թուրքիոյ առաջնորդին հանդէպ կը տեսնեմ աշխարհի ղեկավարներու մեծ զօրակցութիւն, որ շատ լաւ է, բայց ո՞ւր է զօրակցութիւնը ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած Սուրիոյ նախագահին, որ կը պատերազմի զինք տապալել փորձող բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ»:
Ճասթին Սթարք. «Սրտաշարժօրէն հաշմանդամ. «կառավարութեան» յօրինած, հովանաւորած եւ ղեկավարած «յեղաշրջում»: Ի դէպ, ցուցադրուած նկարները շատ ծիծաղելի են»:
Անանուն. «Էրտողան սուղ պիտի վճարէ իսլամական օրէնքները անտեսելուն համար: Առաջին. ան կ՛աջակցի Սուրիոյ մէջ զինեալ ապստամբութեան, մինչ Աստուած կը դատապարտէ զինեալ ապստամբութիւնը: Երկրորդ. Էրտողան ապաստան տուաւ Իսլամ եղբայրներուն, մինչ այդ խմբաւորումը իբրեւ ահաբեկչական կ՛ամբաստանուի Եգիպտոսի կողմէ: Երրորդ. Էրտողան խոցեց ռուսական կործանիչը եւ սպաննեց 2 օդաչուները: Չորրորդ. ան արգիլեց խօսքի ազատութիւնը: Ուշ կամ կանուխ Թուրքիոյ ժողովուրդը սուղ գին պիտի վճարէ, բազմաթիւ անմեղներ զոհուցան, երբ Թուրքիա սկսաւ աջակցիլ Սուրիոյ մէջ ապստամբներուն:
Սէյֆուլլահ. «Թուրքիոյ ասպետական ժողովուրդը իր մարմնով խեղդեց ահաբեկիչներու հրասայլերը եւ զրահապատ կառքերը: Առանց զէնքի եւ զինուած միայն Աստուծոյ սիրով ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներով, բարեկիրթ Թուրքիոյ ժողովուրդը յաղթահարեց ահաբեկչական յարձակումները` նեղմիտ եւ ուղեղները լուացուած քանդիչներու: Թուրքիա աշխարհի ամրոցն է` ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան: Աշխարհի բոլոր մարդիկ թող ողջունեն հերոսները` ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան»:
Մելիստա. «Ինչպէս որ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, ասիկա վերջաւորութեան սկիզբն է. Թուրքիոյ դիմագրաւած խնդիրները ժամանակի ընթացքին անոնց տնտեսութիւնը արտաքնոց պիտի թափեն, եւ նախագահ Էրտողան հրաժեշտ պիտի տայ»:
Անանուն. «Երբ ՏԱՀԵՇ կը պայթեցնէր Արաբ Բունարը, Պի.Պի.Սի. կը պատկերասփռէր նկարներ, ուր կը տեսնուէին թրքական հրասայլեր սահմանին վրայ: «Մենք պիտի չձգենք, որ Արաբ Բունարը իյնայ», յայտարարեց Թուրքիա` ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ քաղաքին գրաւումէն կարճ ժամանակ առաջ…»:
Ատոլթ Ս. «Օպամա կրկին սխալ կողմին հետ է:Ան Քլինթընի, Քարթըրի եւ այլոց հետ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն վատ նախագահներէն է: Միացեալ Նահանգներ Հիթլերին հետն ալ Էին, երբ ան ժողովրդավար կերպով ընտրուեցաւ… նոյն ձեւով այժմ Էրտողանի հետ են»:
Ճերեմի Հոռն. «Էրտողան իսլամական է: Ան արտօնեց Թուրքիայէն մատակարարումը ՏԱՀԵՇ-ի: Նաեւ Էրտողան լրջօրէն Իսլամ եղբայրներու ճամբարին մէջն է: Ես ամէն պարագայի կը հաւատամ, որ ատիկա կառավարութեան գործն էր»:
Ճիւտ Ճիւտ. «Անհաւատնե՛ր, Աստուած Թուրքիոյ ցոյց տուած է ուղին. որեւէ վատ պատահար իր դրական կողմը ունի: Ալլա հու աքպար»:
Ֆիլլ. «Էրտողան այժմ պիտի գործադրէ երկար ատենէ իր տենչացածը` առկախել ժողովրդավարութիւնը կայութիւն ունենալու համար»:
Անանուն. «Անշուշտ Թուրքիա պառակտուած է, յեղաշրջումը ցոյց տուաւ, որ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի քաոս… ասիկա միայն սկիզբն է Թուրքիոյ մօտալուտ, անխուսափելի անկումին… աւելին ակնկալեցէ՛ք»:
Մայք Օր. « Ես կը սիրեմ Էրտողանը: Ինչո՞ւ չդադրեցնել անմիտ փոքր ճառերը` նախքան երկրին վնասելը: Միակ պատճառը, որ բանակը յեղաշրջումի փորձը ըրաւ, որովհետեւ դուք տկարութիւն դրսեւորեցիք` համբուրելով Փութինի, Իսրայէլի եւ Ասատի ոտքերը»:
Փիթըր Ք. «Նոյնիսկ եթէ Էրտողանի կուսակցութիւնը ժողովրդավարական չէ, անհանդուրժող է, փտած է եւ սահմանադրութիւնը փոփոխութեան կ՛ենթարկէ, որպէսզի իշխանութեան վրայ մնայ, ուրեմն պէտք է ընդունի՞լ»: Եան Լոսըն. «Պէտք է ընդունիլ, որովհետեւ Ամերիկա կ՛ըսէ ընդունեցէ՛ք իշխող կուսակցութիւնը»: