ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ կատարուած յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք, երկրին մէջ շղթայազերծուած ձերբակալութիւններու ալիքի ծիրին մէջ ձերբակալուածներուն թիւը հասաւ 6000-ի: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր յեղաշրջումի զոհերուն յուղարկաւորութեան ընթացքին ժողովուրդին կոչ ուղղեց` ամբողջ շաբաթը չհեռանալու փողոցէն, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ ձերբակալութիւններու արշաւի առնուազն ներկայ փուլը պիտի երկարի մէկ շաբթուան վրայ:
Այն ինչ որ այսօր Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, թրքական տարբերակն է 1934-ին Նացի Գերմանիոյ մէջ 30 յունիսէն 2 յուլիս երկարած «Նախթ տեր լանկն մեսեր»-ին (Երկար դաշոյններու գիշերը), երբ «Էս.Էս.»-ներն ու Կեսթափոն ձերբակալեցին ու մահապատիժի ենթարկեցին «Էս.Էյ»-ներն ու Հիթլերի ընդդիմախօսները:
Այո՛, տակաւին յստակ չէ, թէ ո՛վ կը կանգնէր Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձին ետին, սակայն եթէ նպատակը մենատիրութեան կանխարգիլումն էր, ապա յեղաշրջումի հեղինակները սկուտեղի վրայ նուէր մը պարգեւեցին Էրտողանին: Վերջինս այդ փորձը նկատեց «Աստուծմէ պարգեւ մը… որովհետեւ ասիկա պատճառ պիտի ըլլայ մեր բանակը մաքրագործելու»: Ձերբակալութիւնները, սակայն, ներառեցին նաեւ 2700 դատաւորներ, որոնց յեղաշրջումին գործնական մասնակցութեան համեմատութիւնը կրնայ միայն զերոյական ըլլալ: Պաշտօնազրկուեցան 8000 ոստիկաններ եւ 30 նահանգապետներ: Թուրքիոյ իշխանութիւնները նաեւ յեղաշրջումի փորձին համար ամբաստանեցին Ֆեթհուլլա Կիւլենի շարժումը, իսկ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յեղաշրջումի փորձը կատարած զինուորները կոչեց ահաբեկիչներ:
Այլ խօսքով` այս շաբթուան ընթացքին Էրտողանի բազմաթիւ ընդդիմախօսներ «ահաբեկիչ» եւ «կիւլենական» կոչուելով պիտի ձերբակալուին, դատուին, թերեւս նոյնիսկ մահապատիժի ենթարկուին: Այսուհետեւ «ահաբեկիչ» եւ «կիւլենական» կոչուելու մտավախութիւնը շատերը պիտի մղէ հնազանդութեան կամ առնուազն խիստ զսպուածութեան, որովհետեւ այդ պիտակները կրելու վտանգը կրնայ մաքրագործման ներկայ արշաւին Էրտողանի ճշդած պաշտօնական ժամկէտէն ետք ալ շարունակուիլ: