ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ
Նախանցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մարդասպանութեան դէպքով մը Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան հարցը դարձեալ լուսարձակի տակ առնուեցաւ:
Ուրբաթ, 8 յուլիսին, Վլադիկ Մարտիրոսեան անունով քաղաքացի մը կացինահարած էր իր կինը, աներն ու զոքանչը` սպաննելով վերջինս եւ ծանրօրէն վիրաւորելով միւսները:
Ըստ շրջանառութեան մէջ եղող նախնական տեղեկութիւններուն, Վլադիկ, որ քանի մը տարիէ բաժնուած է իր կնոջմէ`Թագուհիէն, Արցախէն Երեւան կու գար պարբերաբար, որպէսզի իր երկու տարեկան զաւկին այցելէ, սակայն որոշ արգելքներու հանդիպելով` չէր յաջողեր զայն տեսնել:
«Նիուզ»-ը 8 յուլիսին մէջբերած էր Վլադիկին ընկերոջ վկայութիւնը: Անոր համաձայն, «երեխային տեսնելու օրէնքով սահմանուած օրերը Դատական ակտերի հարկադիր կատարման (ԴԱՀԿ) ծառայութեան ալիմենտի բռնագանձման բաժինն էր որոշում, սակայն պատշաճ չէր կազմակերպում տեսակցութիւնները: Էդ տղեն Ղարաբաղից գալիս հասնում էր ըստեղ, իր տեսակցութիւնը չէր կայանում, ամէն անգամ դատարկ, առանց երեխային տեսնելու գնում էր: Ու միշտ վիճաբանութիւններ էին առաջանում: Կարելի է ասել, որ իրականում նրան հասցրել են էդ վիճակին, որ նման քայլի է գնացել: Արցախում էր աշխատում, բայց ամէն անգամ գործը թողնում էր, խաղալիքներ առնում, գալիս էր, որ տեսնի երեխային, բայց ԴԱՀԿ-ի ալիմենտի բաժինը ասում էր` զանգել ենք, տունը չեն, հիւանդ է երեխան, կամ այլ պատճառաբանութիւններ էին բռնում. այնպէս որ, տեղի ունեցածի մէջ միայն Վլադիկի մեղքի բաժինը չէ»:
Լրատու աղբիւրներ նշեցին , որ միջադէպին վայրը յայտնաբերուած են արեան հետքեր, արեան հետքերով կացին մը, գարեջուրի պարապ շիշ եւ այլ առարկաներ:
Բարեբախտաբար այս ոճիրը անպատիժ չէ մնացած, քանի որ Հայաստանի Հանրապետութեան Քրէական օրէնսգիրքի 104-րդ յօդուածի 1-ին մասով (սպանութիւն) եւ 112-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով (դիտաւորութեամբ առողջութեան ծանր վնաս հասցնել) ամբաստանուեցաւ Վլադիկ Մարտիրոսեանը :
Այս միջադէպը սովորական մարդասպանութեան ծիրէն դուրս կու գայ, տրուած ըլլալով, որ դէպքէն անմիջապէս ետք մամուլով եւ ընկերային ցանցերու վրայ բացայայտուեցաւ, որ նախկին կինը` Թագուհի Մանսուրեան, նախապէս ընտանեկան բռնութեան ենթարկուած կին է եւ «Կանանց ռեսուրսային կենտրոն»-ին քով կազդուրման հանդիպումներու կը մասնակցէր` իբրեւ ընտանեկան բռնութենէ փրկուած կին:
Թագուհին մէկն է մեծ թիւով հայաստանցի կիներէն, որոնք ընտանեկան բռնութեան զոհ կը համարուին: Փաստօրէն ընտանեկան բռնութիւնը լայնօրէն տարածուած է հայաստանեան իրականութեան մէջ: Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) պատուէրով «Պրօակտիւ հասարակութիւն» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան կողմէ 2011 թուականին կատարուած հետազօտութեան արդիւնքներուն համաձայն, մինչեւ հետազօտութեան կատարման ատեն պարզուած է, որ հարցախոյզին մասնակցող կիներուն 60 տոկոսը իրենց կեանքին ընթացքին ենթարկուած են մէկ կամ քանի մը տեսակի ընտանեկան բռնութեան, իսկ գրեթէ 40 տոկոսը` վերջին երկու տարիներուն ընթացքին: 2015 թուականին Հայաստանի անվտանգութեան մարմինները 784 ընտանեկան բռնութեան դէպք արձանագրած են: Նաեւ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին ներկայ կամ նախկին զուգընկերոջ կողմէ առնուազն 30 կին սպաննուած է Հայաստանի մէջ` անմայր ձգելով իրենց երեխաները:
(http://coalitionagainstviolence.org/wp-content/uploads/2016/05/Femicide_Report_ARM.pdf?be05b6):
Ծանրօրէն վնասուած Թագուհի Մանսուրեանը 14 յուլիսին medialab.am-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին մանրամասնօրէն պատմած է իր եւ իր նախկին ամուսինին միջեւ անցուդարձերուն մասին` իրենց ծանօթանացման օրէն մինչեւ չարաբաստիկ արարքը: Ան յայտնած է, որ նախքան այս դաժան ոճիրը` ինք բազմիցս դիմած է իրաւապահ մարմիններուն : Թագուհիին խօսքով, Վլադիկը «Դատական ակտերի հարկադիր կատարման» ծառայութեան առջեւ բացէ ի բաց սպառնացած է Մանսուրեաններուն` ըսելով, որ ռումբ պիտի նետէ, պիտի վառէ (մանսուրեաններուն) ընտանիքը: Սակայն Վլադիկին դէմ միայն խոշտանգման ամբաստանութիւնը քրէականացուած էր: Ըստ այնմ, մեղաւորը վեց ամիս ժամկէտով պէտք էր բանտարկուէր, սակայն ան մնացած էր ազատ ու անպատիժ` մինչեւ փորձանքին պատահիլը:
Ան կալանաւորուեցաւ միայն ողբերգական մարդասպանութենէն ետք. ասիկա ցոյց կու տայ, որ ընտանեկան բռնութիւնը` ամուսիններու կին ծեծելը , պէտք եղած լրջութեան չ՛արժանանար պետական մարմիններուն կողմէ:
Վերոնշեալ տուեալները կը խօսին այն իրողութեան մասին, որ Հայաստանի մէջ կայ ընկերային լուրջ խնդիր մը, որ նուազ կարեւոր չէ, քան` երկիրը յուզող ընկերային , տնտեսական եւ քաղաքական զանազան-զարմանազան խնդիրները:
Ըստ երեւոյթին, այս խնդիրին մասին աղաղակողները առաւելապէս կիներու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններն ու գործիչներն են, մինչ ընտանեկան բռնութեան դէմ պատժիչ օրէնքը պետութեան կողմէ տակաւին չէ վաւերացուած:
Այսինքն, մինչեւ օրէնքին վաւերացումը, վլադիկները անպատիժ պիտի մնան, թագուհիները կա՛մ պիտի լռեն ու հնազանդ մնան իրենց «հօրենական բարքերուն» (արժանապատուութեան) եւ կա՛մ գրգռելով իրենց ամուսիններուն առնականութիւնը` պիտի դիմեն բարոյական, սակայն ոչ ֆիզիքական ապահովութիւն տրամադրող կառոյցներու:
Յամենայն դէպս, Հայաստանի հիմնահոսանք (mainstream) ընկերութեան հայրիշխանական եւ աւանդապաշտ ըլլալու հանգամանքի նիւթը արծարծելը թերեւս վիրաւորական թուի շատերու, սակայն անոր խոցելի կէտերը ազգի ամենափոքր բաղկացուցիչ տարրերն են, որոնք կը խոցեն առաջին հերթին հայ ընտանիքը:
Ազգի ի՞նչ բարօրութիւն կը սպասենք, ինչպէ՞ս զարգացած ընկերութիւն մը կ՛ուզենք ունենալ, երբ խախուտ է հայ մօր, հայ քրոջ, հայ դստեր անձեռնմխելիութիւնը, երբ չկայ սեռային հաւասարութեան համոզում Հայաստանի լայն զանգուածներու մտայնութեան մէջ, ու կայ հայրիշխանական յետադիմական մտայնութեան ամրապնդում:
15 յուլիս 2016