Ս.Մ.
Չորեքշաբթի, 13 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին պատկերասփիւռիս դիմաց տեղաւորուած եմ, ըստ սովորութեանս, կը սպասեմ Հայաստանէն օրուան լուրերու հաղորդումին, որ սովորաբար կը տեւէ շուրջ 30 վայրկեան:
Իբրեւ առաջին լուր, ու մօտաւորապէս երեք վայրկեան, խօսնակը կը ցուցադրէ ու կը խօսի Երեւանի մէջ միջազգային ընկերութեան մը կողմէ նոր պանդոկի մը բացման մասին. շփոթի կը մատնուիմ. առեւտրական ծանուցո՞ւմ է, թէ՞ լուր…: Ուրեմն, այսօր, Հայաստանի տարածքին, կամ` անոր վերաբերեալ, ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնը եղած է պանդոկի մը բացումը (յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեմ արձանագրեր, որպէսզի միացած չըլլամ չնաշխարհի՜կ պանդոկին մասին գովազդին):
Հարցը հոն չէ միայն, բացումը կատարած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, պետական այլ այրերու հետ միասին (հըմմ… լրատուութեան փրոթոգոլը, ուրեմն, կ՛ենթադրէ, որ լուրերուն մէջ առաջին տեղը գրաւէ նախագահը, ի՜նչ փոյթ, որ լուրը կը վերաբերի պանդոկի մը բացման):
Լուրերը կը շարունակուին, ու կը տեսնեմ, որ Հայաստանի ու Արցախի մէջ աւելի կարեւոր դէպքեր ու իրագործումներ արձանագրուած են (թէեւ անոնց հաղորդումին մէջ ալ նկատելի է… ընտրապայքարի լուռ միտում մը):
Կը մտածեմ. աշխարհի որեւէ այլ երկրի մէջ, ուր մարդիկ իրենք զիրենք եւ զիրար կը յարգեն, նախագահ մը պիտի գլխաւորէ՞ր պանդոկի մը բացումը, իսկ յարգանք վայելող լրատու որեւէ աղբիւր նման տեղեկութիւն պիտի հաղորդէ՞ր այլազան լուրերու սիւնակէն դուրս…
***
Նոյն հաղորդումին ընթացքին, քանի մը վայրկեան ետքե միջազգային լուրերու բաժինին մէջ, կը ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներու նախորդ նախագահ Ճորճ Պուշի նորագոյն այլանդակութիւնը: Տալասի մէջ սպաննուած հինգ ոստիկաններու նուիրուած պաշտօնական յուշահանդէսի մը պահուն, ան կ՛երեւի նախագահ Օպամայի եւ տիկնոջ կողքին, ճօճելով ու պարային թեթեւ շարժումներ կատարելով` լրջութեամբ համակուած բազմութեան շարքերուն: Լուրը հաղորդող խօսնակին ձայնի ելեւէջներուն մէջ արդար հեգնանքը բացայայտ է, բառերն ալ կը հետեւին ձայնին ոճին:
***
Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ յարգանքի կորուստը:
Չեմ կարծեր, թէ յաւելեալ մեկնաբանութիւններ անհրաժեշտ են: