ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
ՏԱՆԻԷԼ ՕՀԱՆԵԱՆ
Այն բոլոր պատմական միջավայրերը, որոնց հետ կ՛առնչուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան 19-րդ ու 20-րդ դարերը վստահաբար ամէնէն կարեւորներն են: Իբրեւ ուշագրաւ քաղաքական կուսակցութիւն` ՀՅԴ-ն ներօսմանեան քաղաքական դաշտին մէջ յառաջատար դեր խաղցաւ յատկապէս 1908-ի երիտթուրքերու սահմանադրական յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք: Հակառակ անոր որ, մինչեւ այդ, ՀՅԴ-ն ունէր իր գաղտնի ու ընդյատակեայ կազմակերպական ցանցն ու հաւաքատեղիները, Պոլսոյ մէջ իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրերէն` 1890 թուականին, 1908-ին ձեռք բերուած ազատ քաղաքական իրաւունքներն էին, որոնք արտօնեցին ՀՅԴ-ի բացայայտ գործունէութիւնը կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ:
Սոյն յօդուածը կը վերարտադրէ երկու ուսանողներու ՀՅԴ-ի 1908 թուականի առաջին հանրային գրասենեակի հետքերը գտնելու փորձը: Յօդուածագիրներուն կարծիքով եւ հետազօտութեամբ, շատ հաւանական է, որ կուսակցական այս գրասենեակը բացուած է նոյն տարուան յուլիս կամ օգոստոսին: Սոյն յօդուածը կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս պատմական եւ ժամանակակից սկզբնաղբիւրներու տրամադրած տեղեկութիւնները միացուած են Պոլսոյ փողոցներու փորձառական (empirical) պատկերին` աւարտին յանգելով որոշ եզրակացութիւններու, որոնց կրնան հետեւիլ նաեւ ուրիշներ:
Այս յօդուածին պատմութիւնը կը սկսի, երբ յօդուածագիրներէն մէկը Ռէյմոնտ Յարութիւն Գէորգեանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը» («Le génocide des Armeniéns») աշխատութեան մէջ կը հանդիպի «Sakiz Agac, 51, a Pera» հասցէին` իբրեւ ՀՅԴ Պոլսոյ գրասենեակի վայրի: Գէորգեանը իր կարգին այս տեղեկութիւնը առած էր Վահան Փափազեանի (Կոմս) 1950-ին հրատարակուած յուշերէն: Երբ երկու յօդուածագիրները միաժամանակ առիթը ունեցան գտնուելու Պոլիս, որոշեցին կատարել հետաքննութիւն մը` ստուգելու համար, թէ վերոյիշեալ հասցէն տակաւին գոյութիւն ունի՞:
![Սաքիզ Աղաճը փողոցը այսօր կիսափակ է վերանորոգմանպատճառով: Ցանկապատին միւս կողմը ժամանակին կը գտնուէին Անարատ յղութիւն իգական վարժարանը, Ս. Աննա կաթողիկէ մանկատունը եւ Մխիթարեան կաթողիկէ արական վարժարանը: (Նկարը` Վարագ Գեթսեմանեան)](http://i1.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/07/DSC01030b_71916.jpg?resize=680%2C429)
Սաքիզ Աղաճը փողոցը այսօր կիսափակ է վերանորոգման պատճառով: Ցանկապատին միւս կողմը ժամանակին կը գտնուէին Անարատ յղութիւն իգական վարժարանը, Ս. Աննա կաթողիկէ մանկատունը եւ Մխիթարեան կաթողիկէ արական վարժարանը: (Նկարը` Վարագ Գեթսեմանեան)
Արդէն գիտէինք, որ այն, ինչ որ ժամանակին եղած է Բերայի շրջանը, ներկայիս որոշ չափով կը համընկնի Պէյօղլույի քաղաքապետարանի զբօսաշրջական հատուածներու հետ: Առաջին փորձ մը կատարելով «Կուկըլ մեփս»-ի վրայ` տեղեկացանք, թէ Սաքիզ Աղաճը փողոցը կը գտնուի քաղաքին գլխաւոր զբօսավայր` Իսթիքլալ պողոտայի ուղիղ հիւսիսը: «Որքան դիւրին է եղեր» մտածեցինք: Սակայն գետնի փորձառական ճշմարտութիւնը բաւականին տարբեր էր: Շուտով պարզուեցաւ, որ ներկայ Սաքըզ Աղաճըն այն չէ, ինչ եղած է 1908 թուականին: Բացի այդ, անիկա ամբողջութեամբ փակուած է շինարարութեան համար: Հետեւաբար դիմեցինք տարբեր տեսակի քարտէսի մը` Ժաք Փերվիթիչի 1922-1945 թուականներու Պոլսոյ կալուածագրական նկարներուն` բաւականին օգտակար գործիք մը քաղաքային հնագիտութեան համար:
Փերվիթիչի քարտէսները ապացուցեցին, որ 2016-ի Սաքըզ Աղաճը միայն փոքր հատուած մըն է այն նախկին երկար պողոտայէն, ինչ եղած է 1908 թուականին: Այս ճշմարտութիւնը յետոյ նաեւ ճշդուեցաւ 1905 եւ 1913/1914-ի այլ քարտէսներու միջոցով: Ժամանակին անիկա կ՛երկարէր մինչեւ Իսթիքլալ պողոտան` իր մէջ առնելով այսօրուան Աթիֆ Եըլմազ փողոցը:
![Այս տարածքը 1905-1982 թուականներուն հիմնական փոփոխութիւններ չէ կրած: (Նկարները` Տանիէլ Օհանեան)](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/07/V-71916.jpg?resize=680%2C143)
Այս տարածքը 1905-1982 թուականներուն հիմնական փոփոխութիւններ չէ կրած: (Նկարները` Տանիէլ Օհանեան)
Երբ մտանք Աթիֆ Եըլմազ փողոցը, այս անգամ դէմ յանդիման եկանք նոր խնդիրի մը` միաւոր 51-ի բացակայութիւնը: Այսօրուան դրութեամբ, Թարլապաշի պողոտան միաւոր 33-էն կը հատէ Աթիֆ Եըլմազ փողոցը: Վերադարձանք մեր կալուածագրական քարտէսներուն ու փորձելով համապատասխանեցնել թուղթի վրայ եղած իրականութիւնը ներկայ փողոցներու անուանափոխութիւններուն հետ` եկանք այն եզրակացութեան, որ մեր փնտռած շէնքը դադրած է գոյութիւն ունենալէ:
Մեր ենթադրութիւնը, որ Թարլապաշին ընդարձակելու նպատակով պողոտայի ամբողջ երկայնքով որոշ շէնքեր քանդուած են, հետագային ճշդուեցաւ: 1980-ականներու վերջերուն շրջանին տեղագրութիւնը ենթարկուած է արմատական փոփոխութիւններու` արտասահմանեան դրամագլուխ ներգրաւելու նպատակով:
![Թարլապաշի պողոտան 1986-ի շուրջ: (Նկարը` Քատիր Ճան)](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/07/Tarlaba%C5%9F%C4%B1-c_71916.jpg?resize=680%2C403)
Թարլապաշի պողոտան 1986-ի շուրջ: (Նկարը` Քատիր Ճան)
Աւարտելով մեր տեղանքային աշխատանքը` նկատեցինք, որ տակաւին շատ պակաս տեղեկութիւններ ունինք: Ինչպէ՞ս կրնայինք համոզուիլ, որ այս փողոցը չէր փոխուած 1908-1945 թուականներուն ընթացքին, երբ Փերվիթիչը կազմած էր իր քարտէսները: Ինչի՞ համար կը գործածէր ՀՅԴ այս գրասենեակը: Ամբո՞ղջ շէնքն էր, թէ՞ միայն մէկ յարկ: Արդեօք ՀՅԴ-ն ունէ՞ր ուրիշ գրասենեակներ Պոլսոյ մէջ: Արդեօք այս շէնքը եւ «Ազատամարտ»-ի խմբագրատունը, որուն մասին լսած էինք, նո՞յնն էին:
Առաջին հարցին պատասխանելու համար այս անգամ դիմեցինք քարտէսներու, որոնք կազմուած էին 1905 եւ 1913-1914 թուականներուն: Բարեբախտաբար այս քարտէսները բաւարար մանրակրկիտ էին` ճշդելու համար, թէ միաւորներուն թիւերը անփոփոխ մնացած էին 20-րդ դարու առաջին կիսուն: Համոզուած էինք ուրեմն, որ գտած էինք ճիշդ շէնքը:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ հարցումին, անդրադարձ կատարեցինք Վահան Փափազեանի յուշագրութեան: Այնտեղ վայրը գտանք պիտակաւորուած` իբրեւ «մեր տունը» եւ նկարագրուած` որպէս հետաքրքրական ժամադրավայր, որ կ՛արտացոլացնէր տօնական այն մթնոլորտը, որ տարածուած էր սահմանադրութեան հռչակումէն ետք: Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ Փափազեան.
«Մեր կեդրոնն էր այդ տունը: Ամբողջ օրը կը ժողվուէին տարեց ու երիտասարդ ընկերներ եւ ընկերուհիներ. կուսակցական-կազմակերպական կեանքի հնոց մըն էր հոն, ուր կեդրոնացած էր մեր ղեկավարութիւնը, եւ ուրկէ կը տրուէին հրահանգներ ու կը համադրուէին ընկերներու աշխատանքի արդիւնքը: Հոն առիթ ունեցայ հետզհետէ հանդիպելու կուսակցական հին ու նոր ընկերներուն, որոնք գաւառներէն, Եւրոպայէն կամ Կովկասէն շարան-շարան կու գային` աշխատանքի լծուելու սահմանադրօրէն ազատ Թուրքիոյ մէջ եւ «ազատ օդ» շնչելու, ինչպէս կ՛արտայայտուէին ոմանք: … Պոլիս արդէն հասած ընկերներէն կը յիշեմ Յ. Շահրիկեանը, Հրաչեայ Թիրեաքեանը, Յ. Գալֆաեանը, բանաստեղծներ` Սիամանթոն, Վարուժանը, Ռ. Զարդարեանը, տոքթ. Կ. Փաշայեանը, որոնց շրջապատած էին կրտսեր ընկերներ եւ գրագէտներ` Շ. Միսաքեան, Գեղամ Բարսեղեան, Չէօկիւրեան, Սեւակ, Սիրունի, Հ. Համբարձումեան եւ նման շատեր»:
Թէեւ չկարողացանք ճշդել, թէ ամբողջ շէ՞նքը կ՛օգտագործուէր որպէս կուսակցութեան գրասենեակ, թէ՞ ՀՅԴ-ն ընդամէնը վարձակալ էր, բայց մէկ բան յստակ էր, որ այդ շէնքը տարբեր էր «Ազատամարտ»-ի խմբագրատունէն: «Ազատամարտ» անունը շատ յաճախ կ՛օգտագործուէր որպէս Արեւմտեան Բիւրոյի օրկան: Անիկա կը գործէր հետեւեալ հասցէներով. 32 Ենի Չարշի փողոց` 23 յուլիս 1909-էն մինչեւ 29 յունիս 1910, 76 ապա 74 Համալպաշի փողոց` 30 յունիս 1910-էն մինչեւ 23 հոկտեմբեր 1914, եւ 37 Քապրիստան փողոց, բոլորը` Բերայի մէջ, 21 նոյեմբեր 1918-էն մինչեւ 21 օգոստոս 1919: Նոյեմբեր 1922-ին ՀՅԴ-ն կը գործէր Հասքէօյ (Հասգիւղ) թաղամասին մէջ: Այս հատուկտոր տեղեկութիւններն են, որոնք թոյլ կու տան մեզի հաստատելու, որ այս գրասենեակն ու «Ազատամարտ»-ի խմբագրատունը տարբեր շէնքերու մէջ էին: Զարմանալի չէ անշուշտ, որ ՀՅԴ-ն Պոլսոյ մէջ կը գործէր տարբեր վայրերէ, տրուած ըլլալով, որ Պոլիսը Արեւմտեան Բիւրոյի, Կեդրոնական կոմիտէի եւ Ուսանողաց միութեան նստավայրն էր:
Նկարագրուած ՀՅԴ գրասենեակի այս դրուագը ընդամէնը մէկն է բազմաթիւ այն դրուագներէն, որոնք կը վերաբերին պոլսահայերու օսմանեան ժամանակաշրջանին աշխուժ պատմութեան: Հակառակ անոր որ այս յօդուածը միայն համեստ փորձ մըն էր գտնելու մէկը այն հարիւրաւոր շէնքերէն, որոնք կ՛առնչուին նախացեղասպանեան օսմանեան Պոլսոյ հայկական համայնքին, կը յուսանք, որ կը նպաստէ քաջալերելու ուրիշները` նմանօրինակ հետազօտութիւններու ձեռնարկելու: Քաջ գիտակցելով, որ մեր աշխատանքը տակաւին կը մնայ անկատար, նպատակ չունինք պնդելու, թէ գտած ենք մոռցուած ճշմարտութիւն մը, այլ կը հաւատանք, որ համեստ ներդրումով մը մասնակցեցանք այն աշխատանքին, որ արդէն մեկնարկած էր մեզմէ առաջ, եւ որն է` ուսումնասիրութիւնն ու ցուցակագրումը այն բոլոր վայրերուն, որոնք խորապէս կ՛առնչուին քաղաքին հայկական պատկանելիութեան հետ: Կ՛ակնկալենք ուրիշներէ, որ օգնեն մեզի լրացնելու այս բացերը:
————————————-
Սոյն յօդուածը անգլերէնով լոյս տեսած է «Armenian Weekly»-ի մէջ, 1 փետրուար 2016-ին:
Յօդուածին ամբողջական յետագրութիւնները տեսնելու համար այցելել` http://armenianweekly.com/2016/02/01/arf-1908-istanbul-headquarters/: Նկարագրուած վայրերը երեւակայութեամբ (virtually) պտտելու համար այցելել` http://sehirharitasi.ibb.gov.tr/?lat=41.0363763322264&lon=28.9800458753748&zoom=18&angle=255/