Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի 35-Ամեակի Հանդիսութեան Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

MARZIG400-(506)ff

Հայ մամուլի որեւէ ներկայացուցիչի հիմնադրութեան նշումը, մանաւանդ այս օրերուն, խորիմաստ պատգամներով, այժմէական թելադրականութեամբ ու ժամանակակից հնչեղութեամբ կը ներկայանայ մեզի: Այսօր մամուլը ընդհանրապէս կը գտնուի մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց: Օրէ օր նահանջ կ՛արձանագրէ հայ մամուլի ծառայողներու, աշխատակիցներու, խմբագիրներու եւ ընթերցողներու թիւը: Առկայ է չափանիշներու յստակ անկում եւ միջազգային մամուլը հետաքրքրական ու քաշողական դառնալու իր ճիգին մէջ այսօր սկսած է շեղիլ իր հարազատ հունէն  եւ շուկայի կանոններուն ու պահանջներուն հետեւելով` դառնալ անդիմագիծ ու անողնայար ներկայութիւն մը հասարակութեան մէջ: Աւելի՛ն. իր այդ աժան քարոզչական ճիգին մէջ ան կը խախտէ մարդկային ու ազգային սկզբունքներ եւ ըմբռնումներ` դառնալով սպառողական արտադրութիւն մը` առանց դիմագիծի: Մամուլը տակաւին կը փորձէ իր այս վարքագիծով ապականել մարդկային միջավայրը: Խեղաթիւրումներով ու ապատեղեկատուութեամբ ապաքաղաքականացնել զանգուածները` յագուրդ տալու համար կասկածելի նպատակներու եւ սադրանքներու:

Եթէ այս բոլոր երեւոյթները կը բնորոշեն այսօր  միջազգային մամուլի պարզած իրավիճակը, հայ մամուլը եւ մանաւանդ անոր գաղափարական ներկայացուցիչները կը փորձեն հոսանքն ի վեր թիավարել եւ հայ կեանքը ոռոգել,  որպէսզի ան շարունակէ մնալ թարմ ու կենսատու: Գաղափարական մամուլի երիտասարդ բայց հարուստ կենսափորձ նուաճած մէկ վաւերական ներկայացուցիչին` «Մարզիկ»-ի հիմնադրութեան երեսունհինգերորդ տարեդարձն է, որ կը նշենք այսօր եւ այս յոբելեանին նուիրուած «Մարզիկ»-ի խմբագրականը լաւագոյնս կը սահմանէ անոր առաքելութիւնը եւ կը հունաւորէ անոր ապագայ երթը: Այո՛, «Մարզիկ» գործեց եւ պիտի շարունակէ գործել իր խմբագրականի իսկ հաստատումով` «ի խնդիր նորահաս սերունդներու քաղաքացիական օրինակելի կրթութեան եւ ազգային առողջ դաստիարակութեան: Ան պիտի շարունակէ  գործել «ի սպաս մեր ժողովուրդի վաղուան լուսաւոր ապագայի կերտումին»:

«Մարզիկ»-ի երեսունհինգամեակի նշումին առիթով արժէ հետեւեալ քանի մը մտածումները բաժնեկցիլ ձեզի հետ, որոնք իբրեւ հաւաքական վկայութիւն եւ տեսլական` այսօր կը դրուին մեր դիմաց.

Առաջին` «Մարզիկ»-ի հրատարակութեան եւ հետեւողականութեան շարունակականութիւնը կարելի պիտի չըլլար երաշխաւորել, եթէ երբեք այս գործին հաւատացող ու այդ գործը ստանձնող նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականները անկարելին կարելիի չվերածէին: Իրերայաջորդ նուիրեալ սերունդներու ճիգին ու աշխատանքին արգասիքը մենք կը տեսնենք այս նուաճումին մէջ: Նուիրեալներ, որոնք խմբագրական, վարչական եւ այլ ծառայութիւններով համեստօրէն, անաղմուկ ծառայեցին ու կը շարունակեն ծառայել այս առաքելութեան: Անոնք կրնային հաւաքական կեանքի առնչուած ուրիշ որեւէ աշխատանքային ոլորտ ստանձնել եւ յաճախ ծափահարութիւններ խլել. սակայն նախընտրեցին այս առաքելութիւնը, որովհետեւ հաւատացին, որ մնայուն արժէքներու հաւաքագրման եւ հայ կեանքը հարստացնող հիմնական գործօն է իրենց ստանձնած պարտականութիւնը:

Միութենականի այս յանձնառու ու նուիրեալ մօտեցումը կը գտնուի այսօր ինքզինք պարտադրելու անհրաժեշտութեան դիմաց, երբ յատկապէս մեր կեանքի կարգ մը բնագաւառներուն մէջ խիստ կարիքը կը զգանք նուիրեալ ու անշահախնդիր ծառայողներու եւ ազնուօրէն ու առանց հաշուենկատ մօտեցումի գործող միութենականներու: ՀՄԸՄ մի՛շտ ալ կը փորձէ միութենականի այդ ապրումը, համոզումը եւ յանձնառութիւնը դարձնել դաստիարակութեան հիմնական առանցք, որովհետեւ այդ ապրումով պայմանաւորուած է անոր գոյութիւնը, եւ նոյն այդ ապրումը ՀՄԸՄ-ականը կ՛օժտէ իւրայատուկ նկարագրով, եւ այդ դաստիարակութիւնը ան կ՛իւրացնէ ցմահ:

Երկրորդ մտածումը, որ այս պահուն կ՛ուրուագծուի, ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին աշխատանքի արգասիքին արտայայտութիւնը եւ այդ բոլորին հարազատ հայելին  դառնալու «Մարզիկ»-ի ստանձնած կոչումն է, որ երեսունհինգ տարիներու ընթացքին մնաց անխախտ եւ հաստատուն: Առանց ՀՄԸՄ-ի հարուստ գործունէութեան` մասնաճիւղերու, միաւորներու եւ մարզական խումբերու լայնատարած աշխատանքին, «Մարզիկ»-ի էջերը պիտի չկարենային շնչել, ու անկարելի պիտի ըլլար անոր թիւերը հարստացնել: Փաստօրէն, այսօր երեսունհինգ տարիներու ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնն է, որ ամփոփուած է «Մարզիկ»-ի էջերուն մէջ, եւ այս մէկը ինքնին ազգային անսպառ հարստութեան աղբիւր է անկասկա՛ծ: Այս առիթով արժէ շեշտադրել,  որ բոլոր ժամանակներէ աւելի ՀՄԸՄ-ի մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութիւնը այս օրերուն կը ստանայ շեշտակի իմաստ եւ նշանակութիւն: ՀՄԸՄ-ի ջամբած դաստիարակութիւնը, փոխանցած ազգային ոգին ու հպարտանքը հրամայական անհրաժեշտութիւն են մեր հաւաքական կեանքին համար, երբ քիչ մը ամէն տեղ արժէքներէ հեռացումը եւ օտարացումը կը դառնան ճնշիչ ու մտահոգող: Այս իմաստով առանցքային, անշրջանցելի ու անփոխարինելի է ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը:

Յաճախ կ՛ըսենք, բայց այս պարագային իրաւա՛մբ հարց կու տանք, թէ ի՛նչ պատկեր պիտի պարզէր մեր կեանքը, եթէ երբեք չըլլար ՀՄԸՄ-ը: ՀՄԸՄ-ը միայն մարզախաղ չէ, սկաուտական շարժում չէ, այլ ան ամէն բանէ վեր եռագոյնի ու հայրենիքի պաշտամունք է: ՀՄԸՄ-ականը եռագոյնի պաշտպան անկեղծ զինուորն է եղած բոլոր ժամանակներուն, եւ մանաւա՛նդ երբ այդ եռագոյնը հալածուած է շատերու կողմէ: Այո՛, ՀՄԸՄ Արամ Մանուկեաններու Երեւանը չդատարկելու վճռական որոշումին հարազատ արձագանգումը տուաւ, երբ անդրանիկ հանրապետութեան անկումէն ետք բարձրաճակատ պահեց այդ անկախութեան խորհրդանիշ եռագոյնը` իբրեւ հայութեան արժանապատուութեան եւ անոր գոյերթին երաշխիք: Նահատակ ցեղի անմահներով ՀՄԸՄ յաղթեց ու այսօր ալ կը շարունակէ իր յաղթարշաւը: Ներկայ ժամանակներուն մէջ ՀՄԸՄ կը գտնուի իր առաքելութիւնը ընդարձակելու անհրաժեշտութեան դիմաց, որպէսզի նորահաս սերունդները աւելի խուռներամ շարքերով ապրին այս անփոխարինելի ու յաճախ անբացատրելի հպարտանքը ու դառնան բովանդակ հայութեան, անոր ամբողջական հայրենիքի տեսլականին, եռագոյնին ու հայու ինքնութեան արժանաւոր պահապանները:

Երրորդ մտածումը բնականաբար կ՛առնչուի «Մարզիկ»-ի ստանձնած վաւերական ու առարկայական արժեւորումի դերակատարութեան: Ան յաջողեցաւ դառնալ այն ապահով բեմը, ուր ՀՄԸՄ-ականի խօսքը եւ կեցուածքները հարազատօրէն արտացոլան: «Մարզիկ» կատարեց ՀՄԸՄ-ի բոլոր աշխատանքներու գնահատումը, որպէսզի այդ աշխատանքները յառաջիկային աւելիով արդիւնաւորուին: Կատարեց քննարկում, որպէսզի միշտ վառ մնայ աւելի լաւին ու կատարեալին ձգտելու ՀՄԸՄ-ականի տեսիլքը, եւ մեր կեանքը յուզող ու տագնապեցնող հարցերուն փորձեց տալ առանց տատանումի եւ մարզական բարձր ոգիով պատասխաններ ու լուծումներ:

Վերջապէս, «Մարզիկ» յաջողութեամբ իրագործեց համահայկական մտածողութեան դարբնումը ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ, երբ տարբեր շրջաններու ՀՄԸՄ-ականներ իրենց յօդուածներով եւ արտայայտած գաղափարներով մնայուն կերպով հաղորդակից մնացին իրարու: Համահայկական այդ մտածողութեան շնորհիւ է, որ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը համահունչ ընթացաւ հայ կեանքին: Հայ ժողովուրդի պատմութեան նորօրեայ փուլերուն ՀՄԸՄ դարձաւ հիմնական ներկայ, վերադարձաւ հայրենիք, մասնակից դարձաւ արցախեան պայքարին ու կարեւոր դերակատար` նորահաս սերունդներու մօտ վերանկախացած հայրենիքի յանձնառու քաղաքացիի ու քաջարի պաշտպանի կազմաւորման աշխատանքին մէջ բերելով իր նուիրական մասնակցութիւնը:

Ահաւասիկ այս բոլորին հանգանակն է «Մարզիկ»-ը, որուն 400 թիւերու խմբագրականները արդէն բաւարար են դառնալու ներշնչման աղբիւր սերունդներուն եւ հունաւորելու անոնց գործը, կամրջելու անցեալը ներկային եւ հաստատ քայլերով առաջնորդուելու դէպի ապագայ:

«Մարզիկ» արժանապատիւ կերպով ժողովուրդի բոլոր տարիքային շերտերուն եւ խաւերուն թերթը դառնալու հարազատ կոչումին արժանացաւ: Հայ ծնողը կը թերթատէ «Մարզիկ»-ը ու կը հպարտանայ իր փոքրիկին առաջին տողանցքով: Հայ մարզիկը կը թերթատէ «Մարզիկ»-ը ու կը հպարտանայ իր արձանագրած մարզական նուաճումներով: Հայ սկաուտը կը թերթատէ «Մարզիկ»-ը եւ ուրախութեամբ կ՛արձանագրէ, որ իր սկաուտական ձեռային աշխատանքը եւ ընդհանրապէս ծաւալած գործունէութիւնը կը դառնայ յաւերժական: Եւ անշուշտ շարքը կարելի է երկարել: Հայ կեանքէն ներս արժէքներու եւ ըմբռնումներու նահանջին մէջ «Մարզիկ» կը շարունակէ մնալ կայունութեան ամուր երաշխիք` ցոյց տալով ճիշդ ընտրանքը կամ ընտրանքները, որպէսզի մեր մտածումները չթափանցուին ու չաղաւաղուին, մեր հոգիները չայլանդակուին ու միութենականի կրակը մնայ անմա՛ր ու ձայնը` շենշող: Այո՛, մենք կարիքը ունինք «Մարզիկ»-ին, երբ պատասխանատու խօսքի, միութենականի անկեղծ մտահոգութիւններու դրսեւորման միջավայրերու պակաս կը զգացուի երբեմն: Այդ առողջ միջավայրի ձեւաւորման համար մեր նախնիները իրենց անձնականէն ամէն ինչ զոհեցին, եւ մեզի կը մնայ հաւատարիմ մնալ անոնց կոչումին եւ զոհաբերութեան: «Մարզիկ» այսօր այդ միջավայրի ընդարձակման համար ունի յստակ դերակատարութիւն, որպէսզի օտարացնող եւ կասկածելի հողմեր չխուժեն մեր կեանքէն ներս:

Չորրորդ մտածումը, որ կը քանդակուի մեր տեսադաշտին մէջ, «Մարզիկ»-ի լիբանանահայ միջավայրի ծնունդ ըլլալու իրողութիւնն է: Ան շատ բան կը պարտի լիբանանահայ գաղութի ներուժին: 35-ամեայ յոբելեանին առիթով նաեւ մենք պարտաւոր ենք գիտակցելու այս մարզին մէջ եւս կեդրոնական այս գաղութի ունեցած դերին ու նշանակութեան, որ հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու, ահաւասիկ, Լիբանանի քաղաքացիական ու եղբայրասպան պատերազմի այդ թէժ հանգրուանին, երբ կը տիրէր խուճապ ու անորոշութիւն, ահաւասիկ արի-արանց խումբ մը նուիրեալներ գաղութին մէջ նոր թերթ մը հիմնեցին եւ նոր ու խրախուսիչ վիճակ ստեղծեցին: Այս առումով նաեւ «Մարզիկ»-ի երեսունհինգամեակը ունի իր թելադրականութիւնը եւ այժմէականութիւնը, եւ մենք հաւաքաբար պարտաւոր ենք գուրգուրալու այս գաղութի ներուժին, մարդուժի պատրաստութեան կարելիութեանց եւ ճառագայթումի անհրաժեշտութեան, որովհետեւ այս բոլորը մեր ճիտին պարտքն են եւ մենք ոչ մէկ ձեւով բարոյական իրաւունքը ունինք ձեռք բերուած նուաճումները անզգուշ ու անխոհեմ վարքագծով կորսնցնելու:

Վերջապէս, «Մարզիկ»-ի անցած ուղին արժեւորելու համար անհրաժեշտ է նաեւ առանձնացնել հայ մամուլի պատմութեան ու առաքելութեան մէջ իր ինքնուրոյն տեղը ամրագրելու անոր վճռակամութիւնը, երբ մանաւանդ մեր կեանքէն ներս ամէն օր ականջալուր ու ականատես կը դառնանք թերթերու եւ պարբերականներու թիւի նօսրացումին եւ, դժբախտաբա՛ր, փակումին: «Մարզիկ» գիտակցելով բոլոր դժուարութեանց` չ՛երթար դիւրին լուծումներու, այլ ՀՄԸՄ-ականի անկոտրում կամքով կը փորձէ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները:

Վերջապէս, վարձքը կատա՛ր «Մարզիկ»-ի համար «Մի՛շտ պատրաստ» ՀՄԸՄ-ի նշանաբանով առաջնորդուած ու առաջնորդուող բոլոր սերունդներուն:

Կը մաղթենք միշտ ՅԱՌԱՋ եւ ՅԱՌԱՋ ընթացք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին:

Փա՛ռք նահատակ ցեղի անմահներուն: Կեցցէ՛ հայ սկաուտի ու մարզիկի հարազատ ու անբաժան եղբայրը` «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը: Ապրի՛ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>