Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հետաքրքրուած Են Գիւմրիի Պատմական Շինութիւններու Վերականգնումով

$
0
0

Gyumri_71816

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հետաքրքրուած են Գիւմրիի պատմական շինութիւններու վերականգնումով:

Ուաշինկթընի նահանգապետի օգնական Լիզա Հարփըրը վերջերս այցելած էր Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը` ուսումնասիրելու «Կումայրի» արգելոց թանգարանի պատմական շէնք-շինութիւնները:

«Գիւմրիի մասին ընդհանրապէս չէի լսած: Այցելութենէս առաջ իմացած եմ մասնաւորապէս «Կումայրի» արգելոց-թանգարանին մասին: Ինչ կը վերաբերի արգելոցի վերակառուցման, ապա անիկա շատ իրատեսական է», ըսաւ նահանգապետին օգնականը:

Գիւմրիի պատմական կեդրոնը, որ հիմնականօրէն կ՛ընդգրկէ «Կումայրի» արգելոցը, անմխիթար վիճակի մէջ է եւ տարիներ առաջ ընդգրկուած է «Աշխարհի  յուշարձաններու հիմնադրամ» կազմակերպութեան 100 ամէնէն վտանգուած յուշարձաններու ցուցակին մէջ:

Թէեւ Գիւմրիի մէջ կ՛ակնկալէին, որ կազմակերպութիւնը միջոցներ կը յատկացնէ որոշ յուշարձաններու վերականգնման համար, բայց եւ այնպէս որեւէ շինութիւն չվերականգնեցաւ:

Տարիներ առաջ քանի մը անգամ Գիւմրիի մէջ մշակոյթի նախարարութիւնը քննարկումներ կազմակերպեց Եւրոպական Միութեան «Գիւմրիի պատմական միջուկի վերականգնման» ծրագիրի շրջանակներուն մէջ, սակայն այս նախաձեռնութիւնն ալ քննարկումներէն անդին չանցաւ:

«Կումայրի» արգելոցը կազմաւորուած է 1980-ին` կառավարութեան որոշումով: Նպատակը եղած է Գիւմրիի տարածքին 19-րդ դարէն պահպանուած պատմական նշանակութիւն ունեցող 1800 կառոյցներու պահպանումը:

Պատմամշակութային շինութիւն վերականգնելը բաւական մեծ նիւթականի կը կարօտի: Լիզա Հարփըրը կ՛ըսէ, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կան բազմաթիւ անձեր, որոնք կը ցաւին այս տարածաշրջանին համար եւ պատրաստ են իրենց օգնութիւնը ցուցաբերելու:

«Քանի մը միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք կ՛աշխատին հին արժէքներու պահպանման ուղղութեամբ, կապուած են յայտնի բարերարներու, գործարարներու, նաեւ` շատ մեծահարուստ հայերու, որոնք ուշադրութիւն կը դարձնեն այս տարածքին: Նկատի առնելով, որ անոնք հայ են, ատիկա կրնայ պատճառ դառնալ այս նպատակին օգնելու, իսկ այլ անձեր տեղեակ չեն, որ այդպիսի բան գոյութիւն ունի», ըսաւ Լ. Հարփըր:

Ան նշեց, որ «Կումայրի» արգելոց-թանգարանի շինութիւնները ուսումնասիրելու համար այս տարի մասնագէտներու խումբ մը կը մեկնի Գիւմրի: Ըստ անոր, ներկայիս կը պատրաստուի դրամաշնորհային ծրագիր մը` յատուկ արգելոցի շէնքերու վերականգնման համար:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>