Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հարցազրոյց` Դոկտ. Սվանթէ Լունտկրենի Հետ

$
0
0

vahram-hartsazruits_71316

Երէկ «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց «Քրիստոնեաներու օսմանեան ցեղասպանութիւն» շուէտերէն գիրքի հեղինակ, Շուէտի Լունտ համալսարանէն աստուածաբանութեան դոկտոր Սվանթէ Լունտկրենին հետ:

Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմն է կարեւոր, թէ՞ յիշողութեան պահպանումը` դոկտ. Լունտկրեն յայտնեց, որ երկուքն ալ կարեւոր են եւ իրարու զուգահեռ կ՛ընթանան: Ան նշեց, որ պարտաւոր ենք յիշել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը, սակայն ատոր կ՛ընկերակցի քաղաքականը` ճանաչումը` աւելցնելով, որ հարցը ճանաչումով չ՛աւարտիր: «Ես անոնցմէ եմ, որոնք արդարութիւն կը պահանջեն», ըսաւ ան` ընդգծելով փոխհատուցման կարեւորութիւնը:

Դոկտ. Լունտկրեն ըսաւ, որ ճանաչումէն ետք պէտք է նաեւ փոխուի վերաբերումը, «որովհետեւ միայն խօսքով ներումի հայց մը բաւարար չէ»:

Ինչ կը վերաբերի ներումին` դոկտ. Լուտկրեն նշեց, որ այդ հարցը շատ բարդ է` դիտել տալով, որ ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդէն շատերու համար դժուար է այդ հարցին ընկալումը` նկատի ունենալով, որ լաւ քրիստոնեաներ էին եւ իրենցմէ կ՛ակնկալուէր ներել: Ան հարց տուաւ, որ ինչպէ՛ս կարելի է ներել, երբ յանցագործը ներում չէ հայցած:

Խօսելով ժխտողականութեան մասին` դոկտ. Լունտկրեն յայտնեց, որ բարոյական առումով չէ, որ միայն ոճիրը վատ է, այլ նաեւ զայն ժխտելը: Ան ըսաւ, որ Ժխտողականութեան յաղթահարումը կարեւոր է թէ՛ ցեղասպանութեան զոհերուն, թէ՛ ալ Թուրքիոյ համար` աւելցնելով, որ ժխտողականութեան պատճառով Թուրքիան ներկայիս կ՛ընթանայ սխալ ուղղութեամբ` դէպի բռնապետութիւն: Ան նշեց, որ պատմութեան հետ առերեսուելու քաջութիւնը առիթ կ՛ընծայէ աւելի ուժեղ կերպով յառաջանալու:

Ինչ կը վերաբերի ժխտողականութեան քրէականացման հարցին, դոկտ. Լունտկրեն նշեց, որ ինք չ՛աջակցիր այդ քայլին, որովհետեւ մարդիկ կրնան շատ անհեթեթ բաներ ըսել, օրինակ` աշխարհը կլոր չէ, այլ տափարակ, սակայն այդ մէկը ընելը ոճիր մը չէ: Ան աւելցուց, որ ցեղասպանութեան մը ժխտումը, սակայն, հակառակ ոճիր մը չըլլալուն, կը վիրաւորէ վերապրողներուն ու անոնց ժառանգորդներուն զգացումները եւ անհեթեթութիւն մը ըլլալուն կողքին բարոյական առումով անընդունելի է:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>