Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Եկեղեցւոյ Կեանքին Ժողովուրդին Աճող Մասնակցութիւնը Դրական Երեւոյթ Է»

$
0
0

1-2_62016

Քաջալերական վերոյիշեալ խօսքով դիմեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Անթիլիասի մէջ հաւաքուած հարիւրէ աւելի կիներուն, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին` ամէն երեքշաբթի, մասնակից դարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած Հայ կանանց հոգեւոր լսարանին: Բաժանմունքի այս ծրագրին տարեշրջանի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 14 յունիս 2016-ի առաւօտուն, վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ կաթողիկոսին:

4-3_62016

Իր հայրական պատգամին մէջ վեհափառը` գնահատելէ ետք բաժանմունքի պատասխանատու միաբան հայրերուն տարած աշխատանքը, անդրադարձաւ քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութեան ու անոր խիստ անհրաժեշտութեան ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետը նկատել տուաւ, թէ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու պահպանման համար քրիստոնէական դաստիարակութիւնը նորանոր ձեւերով ու կերպերով պէտք է փոխանցուի մեր ժողովուրդին` մանուկներէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն տարեցը: Ապա ան շարք մը գործնական երեւոյթներու անդրադարձաւ եւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ կէտերը.

Ա) Եկեղեցին Աստուծոյ տունը համարելու գիտակցութեամբ ճիշդ ժամուն ներկայ գտնուիլ արարողութեանց:

Բ) Աստուծոյ տունը պատշաճ զգեստներով մտնել ու ճիշդ ձեւով խաչակնքել:

Գ) Եկեղեցւոյ մէջ բջիջային հեռաձայնները չգործածել, ինչպէս նաեւ արարողութեանց ընթացքին իրարու հետ չզրուցել:

Դ) Եկեղեցի յաճախել Քրիստոսի մարմինին եւ արեան հետ հաղորդակից դառնալու` հաղորդուելու միտումով ու պատրաստակամութեամբ:

Ե) Եկեղեցական արարողութիւններուն ու յատկապէս Ս. եւ անմահ պատարագին մասնակցիլ երգեցողութեամբ ու պատարագամատոյցին հետեւելով:

Իր խօսքի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս յորդորեց կիները, որ տէր կանգնին իրենց երիտասարդ զաւակներուն, հսկեն անոնց քայլերուն, որպէսզի մոլութիւններու հետեւելով չկորսուին, այլ Աստուծոյ ճամբուն մէջ շարունակեն իրենց կեանքը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>