Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Սլաք. Ձերբազատիլ Պոլսոյ Պատրիարքական Ս. Աթոռի Տեղապահ Արամ Արք. Աթեշեանէն

$
0
0

Ateshian_60816

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ

Այլեւս ժամանակն է, որ Պոլսոյ պատրիարքական Ս. Աթոռի տեղապահ Արամ արք. Աթեշեանը ո՛չ միայն պաշտօնազրկուի, այլ նաեւ կարգալոյծ ըլլայ:

Ան Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին իր ուղղած նամակով ոտնակոխած է իր գրաւած Ս. Աթոռին ամէնէն հիմնական պահանջներն ու նուազագոյն պայմանները` թէ՛ քաղաքացիական, թէ՛ կրօնական հիմքերով:

– Ան ոչ միայն պոլսահայ գաղութը կը ստորնացնէ Թուրքիոյ միւս ազգութիւններու քաղաքացիներուն դիմաց, այլ ամբողջ հայ ժողովուրդին բարօրութիւնը կը դնէ իր նմաններուն ստրուկ մտածելակերպի բովանդակութեան սահմաններուն մէջ: Ան չի տեսներ, թէ պոլսահայութիւնը այլեւս թեւակոխած է քաղաքացիական հաւասարութեան պահանջատիրութեան փուլ` «Ակօս», Հրանդ Տինք, «Արմէն» ճամբար:

– Ան չի հետեւիր այլ եկեղեցիներու կրօնապետներուն կեցուածքներուն: Չի տեսներ, թէ Աստուծոյ այլ, բայց իսկական ծառայ մը` Վատիկանի Ֆրանչիսկոս պապը ի՛նչ կեցուածք որդեգրեց ու ի՛նչ յորդորեց Աստուծոյ միւս ծառաներուն եւ երկիրներու իշխանաւորներուն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:

– Ան համաշխարհային քաղաքականութեան տեսողութիւնն իսկ չունի: Ո՛չ թէ  Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրները իրենց «կայսերապաշտական» նպատակներուն համար կը գործածեն զայն, այլ իրականութիւնը շատ լաւ գիտցող, սակայն աշխարհաքաղաքական իրենց շահերուն պատճառով տակաւին չճանչցող երկիրները, ինչպէս` Միացեալ նահանգներն ու Անգլիան, հակառակ իրենց այդ օրերու Թուրքիոյ մէջ դեսպաններուն ու ցեղասպանութեան վայր նահանգներու հիւպատոսներուն ականատեսի վկայութիւններուն եւ տեղեկագիրներուն:

– Ան չունի նուազագոյն հեռատեսութիւն ու անցեալի փորձի գիտակցութիւն, որ նման կեցուածք իր ծանր հետեւանքները պիտի ունենայ նոյնինքն պոլսահայութեան հաւասարութիւն տենչացող խաւին վրայ: Ամէն անգամ որ Թուրքիոյ աթոռակալները որեւէ տեսակի յարձակում շղթայազերծեն հայութեան դէմ Պոլսոյ մէջ, առաջ պիտի քաշեն այս տեղապահին նամակը (նամակները)` որպէս պոլսահայութեան մեծամասնութեան ներկայացուցիչի եւ դատապարտեն հաւասարութեան ձգտողները` որպէս նուազագոյն պարագային թրքականութեան վարկաբեկիչներու, իսկ ծայրագոյն պարագային` ահաբեկիչներու: Տակաւին չխորանանք այն հետեւանքներուն մասին, զորս թրքական քարոզչական մեքենան հայութեան գլխուն պիտի տեղացնէ աշխարհի տարածքին` ի պահանջել հարկին:

– Ան չունի իր Ս. Աթոռին արժանավայել ողնաշար: Եթէ նոյն Ս. Աթոռին պաշտօնավարած պատրիարք Մկրտիչ Խրիմեանը (Հայրիկ), հայ ժողովուրդի կեղեքումի ու հալածանքի դժուարին օրերուն, այն ալ «կարմիր» սուլթան Ապտիւլ Համիտի գահակալութեան շրջանին, տուաւ «Երկաթէ շերեփ»-ի իր ազատատենչ քարոզը, այս տեղապահէն, այս պարագային, կ՛ակնկալուէր նուազագոյնը ԼՌԵ՛Լ եւ ո՛չ մէկ արտայայտութիւն ունենալ:

Տեղապահին նամակին իւրաքանչիւր հատուածը ստրկամտութիւն կը բուրէ եւ հայութեան վնասակար է պոլսահայ թէ այլ: Անհասկնալի է նոյնիսկ իր ծուխին ֆիզիքական անվտանգութեամբ «մտահոգ» կրօնաւորի պարագային: Անվտանգութիւնը չ՛ապահովուիր հայ ղեկավարին ծնրադրութեամբ` որեւէ երկրի մէջ, որեւէ գաղութի պարագային, ընդհակառա՛կը, այդ արարքը դուռ կը բանայ շարունակական հայավնաս ճնշումներու եւ պահանջներու: Իսկ ատիկա կատարել  մեր ժողովուրդի ցեղասպանին առջեւ` այդ արդէն մարդկային նոր նկարագրի կերտում է, ժխտական տարածքի մէջ:

Նման անձերու աթոռներու վրայ գտնուիլը եւ Ս. միւռոնի պաշտպանութիւնը վայելելը արգելք կը հանդիսանան մեր ժողովուրդի իւրաքանչիւր պահանջատիրական քայլին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում ըլլայ, թէ կորուստներու հատուցում, այլ խօսքով` Հայ դատի հայանպաստ վերջնական իրականացումին: Առ այդ, հեռացնել եւ կարգալուծել նմանները:

8 յունիս 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>