Չորեքշաբթի, 25 մայիս 2016-ի երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ «Անդրանիկ» մշակութային մարմինի նախաձեռնութեամբ` տեղի ունեցաւ հայրենի արուեստագէտ Արսէն Յակոբեանի «Արարատից Երեւան» վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը «Ասպետներու սրահ»-ին մէջ:
Յանուն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» մշակութային մարմինի վարչութեան` Գրիգոր Տագեսեան ամփոփ տողերու մէջ ներկայացուց Արսէն Յակոբեան մարդն ու արուեստագէտը եւ տեղեկութիւններ տուաւ ժապաւէնին պատրաստութեան մասին. «Ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմէն ետք, երբ կրկին անգամ մենք զմեզ մինակ գտանք եւ կրկին անգամ փաստեցինք, որ միայն հայն է հայուն դաշնակիցը, կ՛արժէ ասկէ ետք մտածել մեր մարդկային, իմացական, տնտեսական ներուժը համախմբելու եւ մէկտեղելու հայրենիքի քառասիւն կեդրոնաձեւ սլացող գմբէթին ներքեւ: Երազ ունենալը եւ ցանկութիւնը հրաշքներ կը գործեն, փաստը այս ժապաւէնն է», իր խօսքը աւարտեց Գրիգոր Տագեսեան:
Արսէն Յակոբեան հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ «Արարատից Երեւան»-ի մասին, ապա ցուցադրուեցաւ ժապաւէնը, որ նախապէս ցուցադրուած էր` Միացեալ Նահանգներու, Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Մալթայի, Քանատայի եւ Հոլանտայի մէջ: 2011-ին երկրորդ մրցանակի արժանացած է Լեհաստանի Համաշխարհային հոգեւոր ժապաւէններու փառատօնին:
«Աստուած հայկական լեռնաշխարհին մէջ արարած է համաշխարհային պատմութեան նախաբանը: Առասպելներու եւ հերոսապատումներու, Հին Կտակարանին մէջ Հայաստանը կը յիշատակուի իբրեւ Արարատի երկիր, Աւետեաց Երկիր, ուր կը գտնուէր դրախտը», այս խօսքերով կը սկսի Արսէն Յակոբեանի ժապաւէնը:
Ժապաւէնին առաջին տասը վայրկեանները կը պատմեն վաղնջական օրերէն Արարատի երկրի (Հայաստան) մասին, որպէսզի հանդիսատեսը իբրեւ հիմք ընդունի զայն` ժապաւէնը լաւ հասկնալու համար: Այնուհետեւ ժապաւէնը կը պատմէ Եւրոպայի մէջ սրբացուած հայերու, ինչպէս նաեւ կեդրոնագմբէթ եկեղեցիներու ստեղծման ու տարածման ճարտարագիտութեան մասին, Հայաստանէն Եւրոպա հաղորդուած քրիստոնէական մշակոյթին մասին: Հանդիսատեսը իրազեկ կը դառնայ Գառնիի հեթանոսական տաճարի եւ Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարի պատմութիւններուն` անոնց միջոցով կամրջուելով այդ ժամանակաշրջաններու ճարտարապետութեան:
«Արարատից Երեւան» ժապաւէնը առաւել կ՛իմաստաւորուի ժամանակակից եւրոպական մշակոյթին վրայ հայկական մշակոյթին ունեցած ներդրումներով: Ժապաւէնը կը պատմէ Հայաստանի ու Եւրոպայի մէջ սրբացուած հայերու եւ Լէոնարտօ տա Վինչիի Հայաստան կատարած ճամբորդութեան մասին, Հայաստանի մասին տա Վինչիի նամակները, որոնք իտալացի պատմագէտները բնորոշած են իբրեւ «Հայկական նամակներ»: Այդ այցելութիւններուն շնորհիւ` Եւրոպայի մէջ եկեղեցաշինութիւնը ստացած է հայկական դիմագիծ:
Ժապաւէնին մէջ ներառուած են փաստեր, որոնք առաջին անգամ կը ներկայացուին հանրութեան: Յատկապէս այս օրերուն եւրոպական ցամաքամասի վրայ ապրող քաղաքացիներուն համար շատ կարեւոր է իմանալ եւ ճիշդ պատկերացում կազմել հայկական մշակոյթին մասին:
Ժապաւէնին մէջ առկայ են հետաքրքրական փաստեր այն մասին, թէ ինչպէ՛ս հայկական մշակոյթը ազդած է եւրոպականին վրայ եւ ոչ` հակառակը: Տա Վինչի իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ կը յիշատակէ Հայաստանը, կը խօսի Տաւրոս լերան եւ Եփրատ գետին մասին: Ժապաւէնին մէջ կը տեսնենք տա Վինչիի ձեռքով Հայաստանի քարտէսը:
Ժապաւէնին նկարահանումներուն եւ պատրաստութեան համար Արսէն Յակոբեան այցելած է եւրոպական ոստաններ: Ան այցելած է Միլանոյի «Ամպրոզիանա» գրադարանը, ուր կը պահպանուի Լէոնարտօ տա Վինչիի ձեռագրային ժառանգութիւններուն մեծ մասը:
Ժապաւէնին բեմագիրներէն են Արսէն Յակոբեան, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Գինոսեան, բեմադրիչը` Արտակ Աւտալեանը, արտադրիչները` Արսէն Յակոբեանը եւ Սարգիս Պետրոսեանը: Ժապաւէնը նկարահանուած է` Հայաստանի, Վրաստանի, Պելճիքայի, Հոլանտայի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ մէջ: Ժապաւէնը արտադրուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Հայկ» ժապաւէններու սթիւտիոյին հետ համատեղ: Ժապաւէնը կարելի է դիտել հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ ռուսերէն լեզուներով:
Արսէն Յակոբեան յայտնեց, թէ ժապաւէնին նկարահանումները սկսած են 2010-ին: Զայն ստեղծելու գաղափարը ծագած է այն պահուն, երբ կարդացած է հայերու մասին Ալեքսանտր Ամֆիտիարովի` 1911-ին գրուած մէկ յօդուածը, ուր հայերը ներկայացուած են վաշխառու առեւտրականներ… «Ճիշդ այդ պատճառով որոշեցի ժապաւէն նկարահանել եւ ցոյց տալ, որ հայերը յաջողակ եղած են, ոչ միայն առեւտուրի, այլեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ», յայտնեց Արսէն Յակոբեան:
Ցուցադրութիւնը աւարտելէ ետք Արսէն Յակոբեան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:
Առ ի երախտագիտութիւն Արսէն Յակոբեանի նուիրական աշխատանքին, յանուն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արա Տագեսեան միասնաբար յուշանուէր մը յանձնեցին Արսէն Յակոբեանին: