Չորեքշաբթի, 1 յունիս 2016-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնուհին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան եւ տեսակցութիւն ունեցան նորընտիր քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Ներկայ էր նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նելլի Վէքիլեանը:
Այցելութեան ընթացքին քաղաքապետը ծանօթացաւ Շրջանային վարչութեան կազմին, ապա արծարծուեցան քաղաքապետութեան նախատեսած յառաջիկայ տարիներու իրագործելի կարգ մը ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան հետ առնչուող նիւթեր:
Քաղաքապետը յաջողութիւն մաղթեց Շրջանային վարչութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նեցուկ կանգնելու ԼՕԽ-ի բոլոր ծրագիրներուն:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ